ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԳՈՐԳԵՐԸ

Գոր­գա­գոր­ծու­թիւ­նը ա­րուես­տի ա­ւան­դա­կան տե­սակ մըն է՝ տա­րա­ծուած Հա­յաս­տա­նի բո­լոր շրջան­նե­րուն մէջ, բայց Ղա­րա­բա­ղի գոր­գե­րը ի­րենց իւ­րա­յատ­կու­թեան եւ ճանչ­ցուած ըլ­լա­լու պատ­ճա­ռով կը զա­նա­զա­նուին մնա­ցեալ­նե­րէն:

Ղա­րա­բա­ղի, ինչ­պէս նաեւ Հա­յաս­տա­նի տար­բեր շրջան­նե­րու մէջ կար­պետ­ներն ու գոր­գե­րը վա­ճառ­քի հա­մար չէին պատ­րաս­տուեր, ա­նոնք կը հա­մա­րուէին կեն­ցա­ղա­յին ի­րեր եւ ըն­տա­նե­կան մա­սունք­ներ, բայց ոչ՝ ապ­րանք: Գոր­գը տու­նէն դուրս հա­նե­լը կը հա­մա­րուէր վատ նա­խան­շան: Մա­սունք հա­մա­րուող գոր­գե­րը պաշտ­պա­նա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նէին եւ յա­ճախ բեր­րիու­թիւն կը խորհր­դան­շէին: Գոր­գը հան­դի­սա­ցած է լա­ւա­գոյն եւ թան­կա­գին նուէր բա­րե­կամ­նե­րուն, ըն­կեր­նե­րուն, նոյ­նիսկ՝ դրա­ցի եր­կիր­նե­րու թա­գա­ւոր­նե­րուն նուի­րե­լու հա­մար:

Ար­ցա­խի գոր­գե­րը ի­րենց նախ­շե­րով ծա­նօթ են որ­պէս «Վի­շա­պա­գոր­գեր», «Օ­ձա­գոր­գեր», «Ա­րե­ւա­գոր­գեր», «Ար­ծուա­գոր­գեր» եւ այլն…

Եր­կար տա­րի­ներ ատր­պէյ­ճան­ցի գոր­գա­հա­ւաք­ներ Ար­ցա­խի գիւ­ղե­րէն հա­ւա­քած են հին՝ հա­րիւ­րա­ւոր տա­րի­նե­րու պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող գոր­գե­րը, ո­րոնք ներ­կա­յիս ցու­ցադ­րուած են Պա­քուի թան­գա­րան­նե­րուն մէջ՝ որ­պէս «ատր­պէյ­ճա­նա­կան հին գոր­գեր»:

19-րդ եւ 20-րդ դա­րե­րուն Շու­շիի գոր­գե­րը որ­պէս լա­ւա­գոյն­նե­րը ճանչ­ցուած էին շրջա­նին մէջ եւ կը վա­ճառուէին հա­րե­ւան քա­ղաք­նե­րուն մէջ:

Այ­սօր ձե­ռա­գործ կար­պետ­ներն ու գոր­գե­րը կ՚ար­տադ­րուի ոչ միայն Ստե­փա­նա­կեր­տի եւ Շու­շիի, այ­լեւ շրջա­կայ գիւ­ղե­րուն, մաս­նա­ւո­րա­պէս Ծաղ­կա­շատ գիւ­ղի ազ­գագ­րա­կան թա­ղա­մա­սին մէջ գտնուող Նի­կոլ Դու­մա­նի տուն-թան­գա­րա­նին մէջ: Հիմ­նա­կան գոյ­նե­րը, ո­րոնք կ՚օգ­տա­գոր­ծուին ղա­րա­բա­ղեան գոր­գե­րու պատ­րաս­տու­թեան մէջ կար­մի­րի, կա­պոյ­տի եւ շա­գա­նա­կա­գոյ­նի մութ ե­րանգ­ներն են:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2016