ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հա­յե­րէն է­ջե­րու հան­գու­ցեալ խմբա­գիր Սար­գիս Սե­րո­վբեան շա­բա­թա­վեր­ջին ո­գե­կո­չուե­ցաւ իր մա­հուան Ա. տա­րե­լի­ցին առ­թիւ։ «Ա­կօս»ի խմբագ­րա­տան դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ Շա­բաթ յետ­մի­ջօ­րէին ող­բա­ցեալ Սար­գիս Սե­րո­վբեան վեր­յի­շուե­ցաւ՝ ի­րեն հա­մար կազ­մա­կեր­պուած հա­ւա­քոյ­թով մը։ Ներ­կայ էին իր այ­րին՝ բազ­մա­վաս­տակ կրթա­կան մշակ Մա­նի­շակ Սե­րով­բեան, դուստ­րը՝ Կա­րի­նէ Սե­րո­վբեան, որ­դին՝ Վա­ղար­շակ Սրկ. Սե­րո­վբեան, Ռա­քել Տինք, ինչ­պէս նաեւ բազ­մա­տաս­նեակ դէմ­քեր, ո­րոնք փու­թա­ցած էին հեր­թա­կան ան­գամ եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ հա­մախմ­բուե­լու Սար­գիս Սե­րո­վբեա­նի ազ­նիւ ու ան­թա­ռամ յի­շա­տա­կին շուրջ։

Հա­ւա­քոյ­թի բաց­ման ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ «Ա­կօս»ի հրա­տա­րա­կու­թեան տնօ­րէն Ե­դուարդ Տան­ձի­կեան։ Հան­գու­ցեա­լին կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ պատ­րաս­տուած փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նի (հե­ղի­նակ՝ Էր­հան Ա­րըք­լը) ցու­ցադ­րու­թե­նէն վերջ ա­սու­լի­սի մը ձե­ւա­չա­փին մէջ ար­ժեւո­րուե­ցաւ Սար­գիս Սե­րո­վբեա­նի վաս­տա­կը։ Ա­տե­նա­խօս­ներն էին՝ Բագ­րատ Էս­դուգեան, Գա­րին Քա­րա­քաշ­լը, Նա­զար Պի­նաթ­լը եւ Մա­հիր Էօզ­քան։ Այս ա­սու­լի­սէն վերջ զա­նա­զան ներ­կա­ներ ինք­նա­բուխ ներ­կա­յա­ցու­ցին Սար­գիս Սե­րով­բեա­նի վե­րա­բե­րեալ յու­շեր։ Գալ­ֆաեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Տիա­նա Գամ­բա­րո­սեանն ալ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ այս հանգ­րուա­նին։

Ձեռ­նար­կի տե­ւո­ղու­թեան ե­րաժշ­տա­կան յայ­տա­գիր մը գոր­ծադ­րեց «Ո­մանք» նուա­գա­խում­բը։

Եզ­րա­փա­կիչ փու­լին ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ Կա­րի­նէ Սե­րով­բեա­նի կող­մէ պատ­րաս­տուած պար­քո­վի­զիո­նի ցու­ցադ­րու­թիւն մը։ Հան­գու­ցեա­լի հա­րա­զատ­նե­րուն՝ Վա­ղար­շակ Սե­րով­բեա­նի եւ Կա­րի­նէ Սե­րո­վբեա­նի սրտի խօս­քե­րով եզ­րա­փա­կուե­ցաւ ձեռ­նար­կը։

Ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նա­կից­նե­րուն ար­ձակ­ման ժա­մա­նակ բաժ­նուե­ցաւ հրու­շակ։

Միւս կող­մէ, ե­րէկ ալ հան­գու­ցեալ Սար­գիս Սե­րով­բեա­նի հա­մար մաս­նա­ւոր հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն կա­տա­րուե­ցաւ Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տան շիր­մին վրայ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2016