ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Սա­մա­թիոյ «Ա­ճա­ռեան» սրա­հին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ Սա­հա­կեան սա­նուց միու­թեան թա­տե­րա­խում­բին այս տա­րուան ներ­կա­յա­ցում­նե­րու շար­քի կա­լան։ Միու­թեան թա­տե­րա­խում­բը այս տա­րի կը բե­մադ­րէ «Այս ալ իմ կինս է» խո­րագ­րեալ խա­ղը, ո­րու բե­մադ­րիչն է Վոլ­քան Սա­րըէօզ։ Դե­րա­կա­տար­ներն են՝ Լիա­նա Իւ­նալ, Սե­ւան Սել­վի­լէր, Գա­րօ­լին Պեն­լի, Գրի­գոր Պա­լօղ­լու եւ Սե­լին Իլ­կէն։

Ե­րե­կոյ­թին ներ­կայ գտնուե­ցան Սա­մա­թիոյ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ե­սա­յի Տե­միր եւ իր ըն­կեր­նե­րը, վար­ժա­րա­նի լի­սէի եւ միջ­նա­կար­գի բա­ժին­նե­րու տնօ­րէ­նու­հի­նե­րը՝ Թա­լին Մա­թո­սօղ­լու եւ Ժա­նէթ Ներ­կիզ, Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քէն ծա­նօթ դէմ­քեր եւ հիւ­րեր։

Եր­կու ա­րար­նե­րէ բաղ­կա­ցալ այս զա­ւեշ­տի ներ­կա­յաց­ման ա­ւար­տին հան­դէս ե­կան դե­րա­կա­տար­նե­րէն Լիա­նա Իւ­նալ եւ միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Հեր­ման Պը­չաք­ճը։

Ա­ւե­լի վերջ սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին ներ­կա­նե­րը ջեր­մօ­րէն շրջա­պա­տե­ցին թա­տե­րա­խում­բի ան­դամ­նե­րը՝ յղե­լով ի­րենց շնոր­հա­ւո­րու­թիւ­նը։ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 11, 2016