ՅՈՒՍԱԴՐԻՉ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ ՄԸ՝ ՔՈՐՈՆԱՅԻ ՕՐԵՐՈՒՆ
Անսպասելիօրէն ի յայտ եկած քորոնաժահրը կը շարունակէ իր ազդեցութիւնը գործել նոյնիսկ աշխարհի ամենէն յառաջադէմ ու բարգաւաճ երկիրներուն մէջ։ Ներկայ արտակարգ ու անորոշ իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ մարդիկ կը ջանան պահել բարձր տրամադրութիւնն ու չմատնուիլ յուսահատութեան։ Քորոնաժահրը թէեւ աշխարհի բնակչութեան մեծ մասը կը պահէ «կալանք»ի տակ թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ հոգեպէս, սակայն համաճարակի դէմ ձեռնարկուած պայքարը հետզհետէ կ՚արդիւնաւորուի յուսադրիչ տուեալներով։ Զուգահեռաբար, աշխարհի բազում երկիրներու մէջ սկսած է համաճարակի պարտադրանքով հաստատուած սահմանափակումներու «թուլացում» եւ աստիճանաբար բնականոն կեանքի վերադարձ, անշուշտ նոր պայմաններով։
Մինչ մարդիկ փակուած են իրենց բնակարաններուն մէջ, սկսած է աշխարհի «վերակենդանացման» փուլը։ Բնութիւնը օժտուած է ինքնավերականգնման ու վերանորոգման կարողութեամբ։ Երբ բնութեան վրայ մարդ արարածի ազդեցութիւնը չնչին էր, բնութիւնը ինքնըստինքեան կը «բուժէր» մարդու հասցուցած վնասները եւ կը պահպանէր իր գեղեցկութիւնները։ Դարեր շարունակ մարդիկ միշտ օգտագործած են բնութեան բարիքները եւ, անոնք հակառակ ազդարարութիւններու, նոյնիսկ անոնք չեն անդրադարձած, թէ այդ պաշարները կրնան սպառիլ։ Քաղաքակրթութեան զարգացման եւ կատարելագործման զուգահեռ՝ մարդիկ փորձեցին բացայայտել բնութեան անսահման ուժը՝ զայն օգտագործելով իրենց բարօրութեան եւ զարգացման համար։ Սակայն բնութեան վրայ մարդոց ներգործութիւնը հասաւ ահռելի չափերու եւ սկսաւ դրսեւորուիլ անոնց բնութեան նկատմամբ անտարբեր, անխնայ եւ անհեռատես վերաբերմունքի հետեւանքները։ Կարգ մը երկիրներ շատ արագ հասկցան կացութեան լրջութիւնը եւ սկսան սահմանել օրէնքներ, որոնք կը կարգաւորեն եւ խստիւ կը սահմանափակեն բնահամակարգի ապականումն ու շահագործումը։ Բնական պաշարներու անխնայօրէն շահագործումը եւ մանաւանդ հանքարդիւնաբերութեան զարգացմամբ յառաջացած թունաւոր կազերը կ՚ապականեն Երկրի ջրային պաշարները եւ պատճառ կը դառնան մոլորակի օզոնի շերտի քայքայման, կլիմայի համաշխարհային տաքացման, քաղցկեղի եւ շնչառական հիւանդութիւններու մակարդակի աճի…
Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներով մարդիկ փակուեցան իրենց բնակարաններու մէջ եւ այսպէսով դադրեցաւ անոնց ներգործութիւնը բնութեան վրայ։ Ըստ Nature պարբերականին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը, վերջերս կատարուած ուսումնասիրութեան մը արդիւնքին յայտնաբերուած է, թէ քորոնաժահրի համաճարակի շրջանին Անթարքթիքայի վրայ օզոնի շերտի խոռոչը աստիճանաբար վերականգնուած է եւ մօտաւոր ապագային ան կրնայ բոլորովին փակուած ըլլալ։
Օզոնի շերտի քայքայումը մերօրեայ բնապահպանական առաջնահերթ խնդիրներէն մին է։ Օզոնի շերտի քայքայումը կրնայ աղէտալի հետեւանքներ ունենալ եւ սպառնալ աշխարհի բոլոր շնչաւորներու գոյութեան։
Արեգակը Երկրի վրայ կեանքի աղբիւր է, սակայն ան միեւնոյն ժամանակ կրնայ վնասել իր անտեսանելի անդրմանիշակագոյն ճառագայթներով։ Կենսոլորտը այդ ճառագայթներէն կը պաշտպանէ օզոնի շերտը։ Վերջինս կը կլանէ վտանգաւոր ճառագայթները՝ պահպանելով կեանքը Երկրի վրայ։
Երկար ժամանակ արեւու տակ մնալը կամ մթնոլորտէն ներս թափանցող վնասակար ճառագայթներու ազդեցութեան տակ մնալը կրնան պատճառ դառնալ մաշկի քաղցկեղի նման հիւանդութիւններու եւ սա օզոնի շերտի քայքայման հետեւանքներէն միայն մէկն է։
Օզոնի շերտի քայքայումը մասամբ նուազած է ՄԱԿ-ի Շրջակայ միջավայրի ծրագրի նախաձեռնութեամբ 1987-ին բազմաթիւ երկիրներու կողմէ ընդունուած օզոնի շերտը ոչնչացնող նիւթերու մասին Մոնրէալի արձանագրութեամբ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ