«ԲԻՒՐԱՊԱՏԻԿ». ԶՈՒԳԱՀԵՌՆԵՐ ԵՒ ՎԵՐՅԻՇՈՒՄ

Սուրիահայ բանասէր, պատմաբան, ազգագրագէտ Յակոբ Չոլաքեան վերջին տարիներուն իր կարեւոր մասնակցութիւնը ունի Հայաստանի գիտական, գրական, պատմագրական, լեզուական միջավայրի կերտման: Վերջերս, Գարեգին Սրուանձտեանի 180-ամեակին նուիրուած գիտաժողովին Յակոբ Չոլաքեան հանդէս եկաւ հետաքրքրական ելոյթով՝ «Գարեգին Սրուանձտեանցի գրի առած «Բիւրապատիկ» հեքիաթին քանի մը տարբերակները» խորագրով:

Յակոբ Չոլաքեան իր զեկոյցին մէջ կը հաստատէ, որ Գարեգին Եպիսկոպոս Սրուանձտեանցի գրի առած «Բիւրապատիկե»ը («Մանանայ», 1876թ.) կը նկատուի հայ ժողովրդական շատ սիրելի հեքիաթներէն մէկը, թարգմանուած շարք մը լեզուներու: Չոլաքեան նկատած է, որ հեքիաթը տեղ գտած է արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ բազմաթիւ դասագիրքերու մէջ։ «Անիկա հայ մարդուն բարեպաշտութիւնը բացայայտող հեքիաթ մըն է։ Քեսապի բարբառով իմ գրառումներուս մէջ հանդիպած եմ քանի մը իրապատում հեքիաթներու, որոնք խորքի եւ ձեւի առընչութիւններ ունին այս հեքիաթին հետ։ Անոր դրուագներէն ոմանք, ինչպէս՝ փառք տուող ծերունին, ապաշխարող գողերը, պարտիզպանը, մինչեւ մէջք պատին մէջ թաղուած տէրտէրը, կարասի ոսկիին՝ դեղին հողի վերածուիլը, կը կրկնուին տարբեր հեքիաթներու մէջ։ Ուղղակի տարբերակ կարելի է նկատել՝ «Աստուած մէկ տուողին՝ հարիւր կու տայ» հեքիաթը (արեւմտահայերէնի վերածումով հանդերձ, «Քեսապ», Բ. հատոր, Հալէպ, 1998, էջ 415), որ գրի առած եմ 1970-ին Քեսապի Վերի Պաղճաղաս գիւղէն Շաշ Մինաս Սարամազեանէն (շուրջ 65 տարեկան), Չալմա կոչուող արօտավայրին մէջ, մեր հանդիպման ընթացքին», կը նշէ Չոլաքեան:

Զուգահեռներ անցընելով Քեսապի մէջ իր գրի առած հեքիաթին եւ «Բիւրապատիկ»ին միջեւ, Չոլաքեան կը նկատէ, որ Սրուանձտեանցի հեքիաթին գլխաւոր դերակատարները մարդն ու գիւղի քահանան են, Շաշ Մինասի հերոսները՝ մարդը եւ բողոքական պատուելին. «Ասիկա պայմանաւորուած է անով, որ շրջանին մէջ 1850-ականներէն ետք կազմաւորուած են աւետարանական եկեղեցւոյ քանի մը մեծ համայնքներ։ Հոս գործողութեան վայրերը տեղայնացած են յատուկ տեղանուններով։ Մարդը ամէն կիրակի Վերի Պաղճաղաս գիւղէն պաշտամունքի կ՚երթայ Գարատուրանի աւետարանական եկեղեցին։ Օր մըն ալ մարդը կը բողոքէ պատուելիին, թէ «Ո՞ւր է, կ՚ըսէիր, որ Աստուած մէկի տեղ հարիւր պիտի տայ, ես բոլոր ունեցածս տուի, ա՛լ բան չունիմ տալու, բան մը չտուաւ»։

-Համբերէ՛, որդիս,- կ՚ըսէ պատուելին,- հաւատա՛, պիտի տայ»,- կը նշէ Չոլաքեան, ըսելով, թէ «Բիւրապատիկ»ին մէջ մարդը կ՚երթայ Բիւրապատիկին հանդիպելու եւ այդ ճամբան հաւատքի ու բարեպաշտութեան ճամբան է՝ եկեղեցւոյ ցոյց տուած ճամբան.

«Մինասին պատմածին մէջ «Բիւրապատիկ»ին փառք տուող մարդուն, քառասուն գողերուն եւ պարտիզպանին դրուագները չկան։ Մարդը կը շարունակէ եկեղեցի յաճախել ու կը շարունակէ հաւատալ պատուելիին խօսքին, թէ Աստուած մէկի տեղ հարիւր պիտի տայ... Կարելի է եզրակացնել, որ Գարեգին Սրուանձտեանցի հեքիաթը իր տեսակին մէջ առանձին չի մնար. հայ ժողովրդական հեքիաթներուն մէջ կարելի է գտնել նաեւ այլ տարբերակներ»,- «Բիւրապատիկ»ին նուիրուած իր վերլուծութիւնը այսպէս կ՚եզրափակէ Չոլաքեան:

Գիտաժողովն ու Յակոբ Չոլաքեանին ելոյթը առիթ եղան, որ կրկին անդրադառնանք Սրուանձտեանցի անմահ հեքիաթին: «Մանանայ» ժողովածոյէն կը ներկայացնենք «Բիւրապատիկ»ը՝ Վանի բարբառով գրի առնուած:

ԲԻՒՐԱՊԱՏԻԿ

ԳԱՐԵԳԻՆ ՍՐՈՒԱՆՁՏԵԱՆՑ

Կ՚էլնի‚ կ՚էլնի մէկ մարդ, մէկ կնիկ։ Էսա մարդ շատ ժամասէր կ՚ըլնի, զմէն օր կ՚երթայ ժամ, օր մէկ ղուրուշ կուտայ տէրտէրոջ։ Տէրտէրն էլ զըմէն օր ինոր կ՚ասի.

-Օշնած, Բիւրապատիկ մէկին տեղ հազար տայ քե։

Մարդ կ՚ուրախանայ, ուրն ուր կ՚ասի. «Էս աղէկ բան ի, մէկ կուտամ, հազար պիտի առնեմ»։

Երթալով գալով՝ ինչ որ ունի‚ կուտայ տէրտրոջ, կ՚աղքըտնայ։ Կնիկն ի կ՚ասի էս մարդուն.

-Էլի՛ գնա մօտ տէրտէր, հազար մը բե տանք մե հացի մացի, չում էն մէկէլ հազարներն էլ եաւաշ եաւաշ թող տայ։

Մարդ կ՚երթայ.

-Օշնեա՛ ի տէր։

-Աստուած օրհնէ։

-Տէրտէր ջան, ես քե ըսկում տուի, որ հազար հազար տաս, մըկայ բե մէկ հազար տու‚ տանեմ, էն մէկէլներն էլ սօրայ կուգամ տու։

-Օրհնա՛ծ, - կ՚ասի տէրտէր, - դու ձիկ տուիր, որ Բիւրապատիկը քե մէկին հազար տայ։

-Բիւրապատի՞կ որն ի։

Ճամբահ մը նշանց կուտայ։

-Էսայ էրկէն ճամբահ կը բռնես կ՚երթաս։ Մէկ ճոչ մարդ ռաստ կուգայ, որ ոսկի աթոռի վէրէն նստուկ կ՚ըլնի, Բիւրապատիկն էն ի։ Կ՚ասես. «Ձիկ տէրտէրն օրօխկեց, մէկ տուեր եմ՝ հազար պիտի տաս»։

Մարդն էն էրկէն ճամբահ կը բռնի կ՚երթայ։ Կ՚երթայ, մէկ էրի մը ռաստ կուգայ։ Կը մտնի ներս, կը տիսնայ‚ որ ի՞նչ, քառսուն հոգի ջալալի գող շարուեր են, իսոր պատիւ կ՚անեն, տեղ կը բանան, կ՚առնեն ուրենց մէջ, կը նստեն։ Կը դառնան կը հարցուցեն.

-Դու ո՞վ ես։ Էս քանդար ժամանակ մարդ մանա չէր իկե ըստայ։ Ո՞ւստ կուգաս, դո՞ր կ՚երթաս։

Մարդ կ՚ասի.

-Կ՚երթամ Բիւրապատիկին, մէկ տուեր եմ, հազար կ՚առնեմ։

Գողեր կ՚ասեն.

-Աղբէր, էդ խելք՝ խելք չէ, ականջ մ՚անե։ Արէ՛ ըստեղէն քե լըփ մը ոսկի տանք, դարձի գնա քո տուն։

-Չէ, - կ՚ասի մարդ, - էդա փարէն հալալ չի։

Գողեր կ՚ասեն.

-Որ ըսկունի‚ դու արդար մարդ ես։ Կ՚երթաս՝ Բիւրապատիկին հարցու՝ մե համար մէկէլ աշխարհ տեղ կա՞յ։

-Վէր իմ գլխուն, - կ՚ասի մարդ։

Կ՚երթայ։ Կ՚երթայ‚ հալիւորի մը ռաստ կուգայ, որ նստե քարի մօտ, հա՛ կ՚ասի.

-Փառք քեզ Աստուած, փառք քեզ Աստուած։

Քանի էն կ՚ասի, քարից հա ոսկի կը բխայ։ Հալւոր կը հարցուցի էս մարդուն.

-Աղբէր, դո՞ր կ՚երթաս։

Կ՚ասի.

-Կ՚երթամ Բիւրապատիկին մէկ տուեր եմ, հազար կ՚առնեմ։

Հալւորն ի կ՚ասի.

-Արի էսա ոսկւոց կուց մը տամ, առ ետ դարձի։

-Չէ՜, - կ՚ասի մարդ‚- էդա ոչ իմ տուածն ի, ոչ իմ վաստկածն ի, ձիկ հալալ չի։

Հալւոր կ՚ասի.

-Որ ըսկուն ի, կ՚երթաս Բիւրապատիկին հարցու, ե՞բ պիտի կըտրի ոսկին էս քարից։

-Վէր աչիցս‚ - կ՚ասի մարդ ու կ՚երթայ։

Կ՚երթայ ճամհի վէրէն մէկ բաղչապան մը կը տիսնայ։ Կը հարցուցի.

-Հողածի՛ն դո՞ր կ՚երթաս։

Մարդ կ՚ասի.

-Կ՚երթամ Բիւրապատիկին. մէկ տուեր եմ, հազար կ՚առնեմ։

Բաղչապան կ՚ասի.

-Կ՚երթաս՝ հարցու Բիւրապատիկին՝ ինչի՞ իմ բաղչի պատը որ քաշեմ, պըտըղներ կանանչներ ըմէն կը չորնան. պատը որ քակեմ՝ կը կանչընան։

-Վէր իմ իրիսին‚- կ՚ասի մարդ ու կ՚երթայ։

Կ՚երթայ, կը տիսնայ, որ տէրտէր մը մէջքէն հետ դրեր են պատի մը մէջ, կը տըքտըքայ։ Տէրտէր կը հարցուցի, կ՚ասի.

-Որդի, դո՞ր կ՚երթաս։

Մարդ կ՚ասի.

-Կ՚երթամ Բիւրապատիկին, մէկ տուեր եմ, հազար կ՚առնեմ։

Տէրտէրն ի կ՚ասի.

-Կ՚երթաս Բիւրապատիկին հարցու. ես ե՞բ էսա պատից պիտի ազատուեմ։

-Աղէկ կ՚ըլնի, - կ՚ասի մարդ ու կ՚երթայ։

Կ՚երթայ, կը տիսնայ, որ մէկ ճոչ մարդ մը ոսկի աթոռի մը վէրէն նստե։ Իսոր կը հարցուցի.

-Դո՞ր կ՚երթաս։

Մարդ կ՚ասի.

-Բիւրապատիկ դո՞ւ ես։

Կ՚ասի՞.

-Հա, ես եմ, ի՞նչ կ՚ուզես։

Կ՚ասի.

-Մեր տէրտէրն է ձիկ օրօխկե։ Ես քե մէկ տուեր եմ, դու ձիկ հազար պիտի տաս։

Բիւրապատիկ կ՚ասի.

-Կ՚երթաս քո տուն, բակիդ մէջ թըթի ծառ մը կայ, ինոր տակ կը փորես, կարասմ՚ իլին ոսկի կ՚ելնի, կ՚առնես քո մէկի տեղ հազար հազարոց։

Էն մարդ կը դառնայ‚ ինչ որ ապսպրեր էին, կ՚ասի Բիւրապատիկին ու զըմէնի ջուղաբն էլ կ՚առնի, կը դառնայ։

Կուգայ‚ պատի մէջի տէրտէրին կ՚ասի.

-Ինչ գահ որ Աստծուն մեղայ գաս, էդա տեղից կ՚ազատուես։

Տէրտէր կ՚ասի.

-Ես ի՜նչխ մեղայ գամ Աստծուն։

Խօսքը բերան, մէկէցմէկ պատով-մատով կ՚երթայ գետնի տակ։

Մարդ կ՚երթայ, կը հասնի բաղչապանին, կ՚ասի.

-Քո բաղչի պատեր քակի, որ ընցնող-դարձողն ուտի, բաղչէդ կը կանանչի։

Տէլ խօսք բերան էր, բաղչապան հասաւ‚ պատեր քակեց, բաղչէն կանանչաւ։

Մարդ կ՚ընցնի կ՚երթայ մօտ հալւոր կ՚ասի.

-Քանի Աստուած քո բերնից չես պակսըցուցե, քարից ոսկի չը պակսե։

Հալւորն ի կ՚ասի.

-Ըսկի մարդ Աստուած ուր բերնից կը պակսըցո՞ւ։ Փառք Աստծու։

Կ՚ասի, չասե, քարի մէկէլ իրեսէն էլ ոսկի կը բխայ, քանձ առջին շատ։

Մարդ կուգայ գողերու յէրի մէջ, գողերաց կ՚ասի.

-Թէ որ ձեր գողութեն թարկէք, էն մէկէլ աշխըրի մէջ ձե տեղ կ՚ըլնի։

Գողեր կը թարկեն ուրենց էրը, ու կ՚երթան ուրենց մեղքեր կուլան, կը փրկուեն։

Մարդն ի կուգա՜յ‚ կը հասնի ուրենց տունը։ Կնկան կը կանչի, կ՚ասի.

-Կնիկ, բահ ու փէտատ բե։

Կ՚առնեն բահն ու փէտատ, թըթի ծառի տակ կը փորեն, կարասմ՚ իլին ոսկի կը գտնեն։ Իրիկուն կը մըթնի, կը թողեն առաւտուան կարաս հանել։ Գիշեր դրկըցներ կ՚իմնան, կուգան կարաս գողնան, տանեն։ Կը տիսնան, որ դեղին հող ի մէջը։ Կը վերուցեն կարաս, շուռ կուտան էն մարդու բաղչէն։ Կարաս կը կոտրի, հողեր կը ցրուեն։ Առաւտուն կ՚ելնեն որ ի՞նչ, իգին չորս դեհ ոսկի ի փռուե։ Իրիկ կը բօռայ.

-Քա՛, կնիկ, ցախաւել բե, իգին ըմէն ոսկի ի բուսե։

Կ՚աւելեն կօլօն-կօլօն ոսկիք, մէկի տեղ հազար չէ, անդար հազար կ՚առնեն, կը զանգիննան, Աստծուն փառք կուտան։

Ինոնք հասան ուրենց մուրատին, դուք հասնէք ձեր մուրատին։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Մայիս 11, 2021