ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԴԷՄՔԸ ՏԵՍԱԾ ԿԻՆԵՐ. ՌՈԶԱԼԻԱ ԱԲԳԱՐԵԱՆ

Հայաստանցի Ռոզալիա Աբգարեան յունիսի 17-ին կը դառնայ 100 տարեկան: Ան երեւի թէ Հայաստանի մէջ միակ ողջ մնացած կինն է, որ մասնակցած է Երկրորդ աշխարհամարտի մաս կազմող պատերազմներէն մէկուն՝ Հայրենական մեծ պատերազմին: 1941-1945 թուականներուն, Խորհրդային Միութեան բնակիչ հազարաւոր հայ կիներ, տղամարդոց կողքին մեկնեցան ռազմաճակատ: Անոնց մէկ մասը բժիշկներ եւ հիւանդապահուհիներ էր, բայց կային նաեւ զէնքը վերցուցած եւ կռուած կիներ: Օդաչուներու մէջ նոյնպէս կային կիներ, Խորհրդային Միութիւնը ունեցած է հրետանաւոր, հրասայլ գործածող, դիպուկահար, շարքային զինուորական կիներ: Պատերազմը մեծ ու պզտիկ, կին եւ տղամարդ չի հարցներ եւ կիներու մէջ նոյնպէս եղած են շատ զոհեր: Սխրանք գործած հազարաւոր կիներ ալ պատերազմէն տուն դարձած են հերոսացած: Պատերազմին մասնակցած Խորհրդային բազմազգ կիներու մէջ նաեւ հայեր կային: Ըստ տեղեկութիւններու, Երկրորդ աշխարհամարտին եւ Հայրենական մեծ պատերազմին մասնակցած է աւելի քան 10 հազար հայ կին, որոնցմէ 4 հազարը Խորհրդային Հայաստանէն, միւսները՝ Խորհրդային Միութեան այլ հանրապետութիւններէն եւ սփիւռքէն:

Ռոզալիա Աբգարեան այդ հազարաւորներէն մէկն էր, ան կապաւոր եղած է Հայրենական մեծ պատերազմի ժամանակ: Մասնակցած է Ուքրայնայի, Լեհաստանի, Հունգարիոյ, Չեխոսլովաքիայի եւ ռուսական Ռոսթով, Նովոսիպիրսկ, Քրասնոտար քաղաքներու ազատագրման: Մայիսի 9-ը Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ժամանակ ֆաշական Գերմանիոյ դէմ Խորհրդային Միութեան տարած յաղթանակի օրն է, որ տօն դարձած է յաղթանակը կերտած եւ անոր պտուղները վայելած միլիոնաւոր մարդոց համար։ Ռոզալիա Աբգարեանի համար նոյնպէս արդէն 78 տարիէ ի վեր՝ մայիսի 9-ը իր կեանքի ամենակարեւոր տօնն է:

Ասկէ օրեր առաջ 100-ամեայ հայուհին հրաւիրուեցաւ Մոսկուա՝ մասնակցելու յաղթանակի 78-րդ տարեդարձին նուիրուած զօրահանդէսին, որ ամէն տարի շուքով կը նշուի Մոսկուայի մէջ: Մոսկուա Խորհրդային Միութեան մայրաքաղաքն էր յաղթանակի օրերուն եւ ատկէ ետք երկար տարիներ նոյնպէս: Յաղթանակի օրուայ տօնական հանդիսութիւնները միշտ ամենափառաշուքը կը նշուին Մոսկուայի մէջ՝ Կարմիր հրապարակը: 100-ամեայ Ռոզալիա Աբգարեան չզլացաւ, ընդունեց Մոսկուա մեկնելու հրաւէրը՝ իր հետ տանելով զինուորական հագուստը եւ շքանշանները, որոնք ստացած է պատերազմին մասնակցելու եւ սխրանքներ գործելու համար:

Առաջին անգամ չէ, որ պատերազմի վեթերան հայուհին կը մասնակցի Մոսկուայի այդ զօրահանդէսին: Թէ՛ Խորհրդային տարիներուն եւ թէ անցած մօտակայ քանի մը տարիներուն ան իր մարտական ընկերներու եւ ընկերուհիներու հետ հրաւիրուած է տօնական այդ հանդէսին: Պատերազմի վեթերանները միշտ առանձնայատուկ ուշադրութեան կ՚արժանանան այդ օրը, անոնց կը մօտենայ երկրի ղեկավարը, շնորհակալութիւն կը յայտնէ յաղթանակի համար: Հայաստանի մէջ նոյնպէս անթիւ անգամ Ռոզալիա Աբգարեան պատիւներու եւ գնահատանքներու արժանացած է: Մոսկուայի մէջ Ռոզալիա Աբգարեանը եւ անոր հետ Մոսկուա մեկնած պատերազմի մէկ ուրիշ հայ վեթերանը ընդունած է նոյն օրը Մոսկուա գտնուած եւ զօրահանդէսին ներկայ եղած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Ռուսաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանատան երդիքին տակ ընդունելութիւն կազմակերպուած է անոնց ի պատիւ: Նկատելի է, որ երկու անգամ վիրաւորուած եւ ծանր օրեր ապրած հայուհին մէկ դարեայ կեանքի իր մայրամուտին տակաւին պահած է առոյգութիւնը, կեանքի հանդէպ սէրը եւ լաւ օրերու յոյսը: Մոսկուա մեկնելէ օրեր առաջ ալ Ռոզալիա Աբգարեան հրաւիրուած էր «Սփութնիք» ռատիօկայանի գրասենեակը, ուր հարցազրոյց մը տալով պատմած է իր պատերազմական կեանքը:

Միշտ լսելով պատերազմին մասնակցած կիները, կը փորձեմ գուշակել, թէ ի՞նչ կը զգայ կինը մարտի դաշտը՝ ընտանիքէն հեռու, զէնքը ձեռքին, տղամարդոց հետ հաւասար պայքարի մէջ մտած: Դժուար է գուշակել, որովհետեւ նախ պէտք է գիտնալ, թէ ի՞նչ կը զգայ պատերազմի կրակներուն դէմ մնացած մարդը առհասարակ՝ ըլլայ կին թէ տղամարդ: Պատերազմի անողոք դէմքը բոլորին հաւասար կը ներկայանայ եւ կը կարծեմ, որ բոլորն ալ նոյն զգացողութիւնները ունին:

Ռոզալիա Աբգարեան պատերազմ մեկնած է 18 տարեկանին՝ 1941 թուականին: Երբ Գերմանիա յարձակեցաւ Խորհրդային Միութեան վրայ, ամբողջ երկրին մէջ կին թէ տղամարդ պատրաստ էին պաշտպանելու հայրենիքը: Խորհրդային Միութիւնը մէկ միասնական հայրենիք էր անոր մէջ մտնող 15 հանրապետութիւններու համար: Եղած են բազմաթիւ կամաւորներ, որոնք իրենց որոշումով գացած են պատերազմի: Ռոզալիա Աբգարեան նոյնպէս կամաւոր մեկնած է ռազմաճակատ: Ան պատերազմի գացած է Թիֆլիզէն: Իր հօր՝ Սերկէյի առաջին ընտանիքը զոհուած է Կարսի մէջ եւ հայրը երկրորդ անգամ ընտանիք կազմած է Թիֆլիզ, ուր ալ ծնած է Ռոզալիա Աբգարեան: Տակաւին դպրոցի մէջ ուսանելու տարիներուն ան կապի միջոցներու հանդէպ սէր ունէր եւ յաճախած է դասընթացքներու, Մոսկուայի մէջ մասնակցած է պատանի կապաւորներու հանրապետական մրցոյթին եւ յաղթող ճանչցուած: Երբ պատերազմը սկսած է, պատանի Ռոզալիայի 18 տարին ընդամէնը չորս օր առաջ լրացած էր: Ան ու ընկերուհիները երազանքներ ունէին՝ ընդունուիլ համալսարան, դառնալ լաւ մասնագէտ, աշխատիլ երկրի բարգաւաճման համար: Դպրոցը գերազանց կը սորվէր: Սակայն պատերազմը փոխեց բոլոր ծրագիրները: 18 տարեկան աղջիկները այնքան ալ լաւ չէին պատկերացներ, թէ ի՛նչ է պատերազմը, բայց նայելով շուրջը եւ լսելով լուրերը, իրենք նոյնպէս կ՚ուզէին երթալ:

Ռոզալիա Աբգարեան քանի մը դասարանցիներու հետ գացած եւ արձանագրուած է՝ ճակատ մեկնելու համար: Ծնողքը տեղեակ չէ պահած եւ անոնք միայն յետոյ գիտցած են, որ իրենց աղջիկը նման քայլի մը դիմած է, բայց արդէն ուշ էր, հազարաւոր աղջիկներ տղաներու հետ միասին կ՚երթային կռուելու կամ բանով մը օգնելու: Ռոզալիա Աբգարեան կը պատմէ նաեւ, որ ինք եղբայր չունէր եւ չունեցած եղբօր փոխարէն կ՚ուզէր, որ իրենց ընտանիքը իր պարտքը այդ կերպով կատարէ հայրենիքի հանդէպ: Հայրը չեն զինակոչած, որովհետեւ զինագործ էր եւ պահած են թիկունքի վրայ անոր հմտութիւնն ու գիտելիքները գործածելու համար:

Մինչեւ պատերազմը Ռոզալիա Աբգարեանը տարած են պատերազմական կապի միջոցները գործածելու դասընթացքներու եւ այդպէս, ան, կտրելով երկար վարսերը եւ հագնելով զինուորական համազգեստ՝ մտած է պատերազմի դաշտ: Պատերազմի մասնակից կինը կը պատմէ, որ բեռնատար ինքնաշարժներով կը տանէին զիրենք եւ անոնք ալ չէին գիտեր, թէ ո՛ւր կը տանին: Թիֆլիզէն կը հասնի մինչեւ ռուսական հեռաւոր քաղաքներ եւ կը սկսի կապաւորի իր գործը: Նոյն տարին ալ կը վիրաւորուի առաջին անգամ, իր վիրաւորուած պահուն կը կորսնցնէ մտերիմ ընկերուհին: Կը վիրաւորուի գլուխէն՝ 1941 թուականի վերջերը՝ Սթալինկրատի մէջ եւ կը փոխադրուի զինուորական հիւանդանոց: Ապաքինելէ ետք կը ղրկուի այլ ուղղութեամբ եւ երկրորդ անգամ կը վիրաւորուի դէմքէն: Երկու անգամ վիրաւորուած՝ Ռոզալիա Աբգարեան կը մասնակցի ամբողջ պատերազմին եւ Փրակի մէջ 1945 թուականին կ՚առնէ յաղթանակին լուրը: Իր ամուսինին հետ ան ծանօթացած է պատերազմի ընթացքին: Հայ սպայ մըն էր՝ Եզնիկ անունով, որ սիրահարուած է երիտասարդ հայուհիին եւ իրարու խօսք տուած են պատերազմէն ետք գտնել զիրար եւ ամուսնանալ: Եզնիկ Նալպանտեան Ռոզալիա Աբգարեանը գտած է պատերազմի աւարտէն ետք՝ Թիֆլիզ եւ 1945 թուականի վերջերուն անոնք ամուսնացած են։ Ամուսինը զինուորական էր եւ զինք կը գործուղեն Լեհաստան եւ երբ ամուսինը կը զօրացրուի, կը վերադառնան Հայաստան, ուր Ռոզալիա Աբգարեան ռուսերէն լաւ գիտնալուն համար աշխատանքի կ՚ընդունուի ուսումնարանի մը մէջ՝ որպէս ռուսերէնի ուսուցչուհի: Կ՚ունենան երկու որդի, որոնց խնամքին զուգահեռ, երիտասարդ կինը կ՚իրականացնէ իր երազանքներէն մէկը եւ ուսում կը ստանայ Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ: Երկար տարիներ Ռոզալիա Աբգարեան աշխատած է իբրեւ ուսուցչուհի եւ իր աշակերտներուն դասերու զուգահեռ, ներարկած է նաեւ հայրենիքին հանդէպ սէրը: Խորհրդային Միութեան Վաստակաւոր ուսուցիչ կոչումը անոր տրուած է 1967 թուականին, իսկ շքանշանները, զորս կը կախէ համազգեստին վրայ՝ մարտական են. «Մարշալ Բաղրամեան», «Մարտական սխրանքի համար», «Կովկասի պաշտպանութեան համար», «Փրակի ազատագրման համար», «Հայրենական պատերազմ» Ա. աստիճանի շքանշան, «Գերմանիոյ դէմ տարած յաղթանակի համար» շքանշաններ:

Կապի գործիքները գործածելով, ան նախ սորված է գաղտնագրուած հաղորդագրութիւններ տարածելու ձեւերը եւ բոլոր հաղորդագրութիւնները քաղաքէ քաղաք կը փոխանցէր գաղտնագրուած կերպով: Նոյնիսկ վարէն օդաչուներուն կը հաղորդէին, թէ ի՛նչ հեռաւորութենէ նետեն ռումբը, որպէսզի հակառակորդը վնաս կրէ եւ ռումբը չպայթի ուրիշ տեղ մը: Օդաչուները կը սպասէին մանաւանդ կապաւորներու հրամաններուն, քանի որ կապաւորները կը տիրապետէին տեղեկութիւններու: Բայց եղած են նաեւ ծանր, շատ ծանր պահեր: Անոնք նահանջներն էին, երբ տասնեակ քաղաքներ, գիւղեր յանձնած են հակառակորդին, որ սպաննած է մարդիկը, աւերած անոնց տուները: Ծանր եւ անբացատրելի էին նաեւ ընկերներու զոհուիլը: Իրենց ընկերները անոնք կը ձգէին զոհուած վայրը եւ կը հեռանային՝ յոյսով, որ կը վերադառնան եւ կը յուղարկաւորեն: Բայց յետդարձը միշտ հնարաւոր չէր ըլլար:

Իր հարցազրոյցներու ընթացքին արդէն 100 տարեկան Ռոզալիա Աբգարեան շատ պատմած է մարտի դաշտին կրած դժուարութիւններուն մասին, թէ ինչպէս ցրտահարուած են իր ոտքերը եւ բժիշկները կօշիկները կտրելով հանած են ոտքէն, ինչպէս առանց տաք ջուրի եւ այլ միջոցներու ապրած են ամառ ու ձմեռ՝ յաճախ քալելով ոտքով, շալկած կապի միջոցները եւ զէնքերը: Մէկ շաբաթ նաեւ շրջափակումի մէջ անցուցած են՝ առանց ջուրի եւ սնունդի: Պատերազմը մէկ դէմք ունի եւ այսօր ալ, շուրջ ութսուն տարի յետոյ, նոյն կերպով կարելի է պատկերացնել այն տառապանքները, որոնք կրած են պատերազմի դաշտը գտնուած միլիոնաւոր մարդիկ: Երբ կ՚որոտան ռումբերը, կը թռչին կործանիչ օդանաւերը եւ կը սաստկանայ վտանգը, զգացումները եւ մահուան հանդէպ վախը նոյն կերպով կ՚այցելեն ամէն մարդու: Ռոզալիա Աբգարեան կ՚ըսէ, որ ինք պատերազմի դաշտին մէջ ունէր երազանք մը. նախ՝ ողջ մնալ, ապա հասնիլ տուն, լոգնալ եւ ուտել մօր պատրաստած տաք ապուրը: Իր ամուսինին հետ երբ հանդիպած է պատերազմէն անմիջապէս ետք, տակաւին երկուքն ալ զինուորական աղտոտ բաճկոններով եղած են եւ կը յիշէ, որ ամբողջ երկիրը շաբաթներ շարունակ կը տօնէր յաղթանակը, իրենք ալ, չնայելով, որ յոգնած, ուժասպառ եւ աղտոտ են, անծանօթ մարդոց հետ կը պարէին փողոցները: Իրենց հանգրուանը անոնք կը պատկերացնէին միայն Հայաստանի մէջ, ուր ալ ամուսինին հետ ապրած է 58 տարի: Ամուսինը պատերազմի ընթացքին վիրաւորուած է հինգ անգամ եւ աւելի վաղ հեռացած է կեանքէն: Աբգարեան այսօր ալ կը փորձէ ապրիլ նոյն կանոնակարգով, ինչպէս՝ առաջ: Վաղ կ՚արթննայ, տունին գործերը կը ջանայ ինք ընել, կը մասնակցի հաւաքներու, կը հանդիպի պատերազմի մասնակիցներուն հետ: Արդէն շատ քիչ թիւով մասնակիցներ մնացած են Երեւանի մէջ, մեծ մասը հեռացած է կեանքէն: Ժամանակին ինք կը կանոնակարգէր Երեւանի Կեդրոն համայնքի մէջ ապրող վեթերաններուն կեանքը, անոնք պտոյտներու եւ այլ ձեռնարկներու կը տանէր, պարբերաբար կը յաճախէին թանգարաններ, համերգներ, թատրոններ: Այժմ Ռոզալիա Աբգարեան երիտասարդներուն խորհուրդ կու տայ աւելի շատ շարժիլ, ըլլալ աշխոյժ եւ լաւատես, ինչ որ երկար ապրելու գրաւականը կը նկատէ: Արդէն 80 տարուայ հեռուէն ան կ՚ափսոսայ միայն մէկ բանի համար, որ իր մայրը չգրկեց պատերազմէն առաջ եւ առանց սիրելի մայրիկին ըսելու եւ հրաժեշտ տալու գնաց մահուան ընդառաջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 11, 2023