ԱՐՈՒԵՍՏ. ԱԶԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՑՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վաս­տա­կա­ւոր նկա­րիչ Շմա­ւոն Շմա­ւո­նեան ա­միս­ներ ա­ռաջ վե­րա­դար­ձած է Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն, ուր յա­ճախ կ՚այ­ցե­լէ ցու­ցա­հան­դէ­սով կամ բա­րե­սի­րա­կան ծրագ­րե­րով: Ա­նոր նկար­նե­րը ցու­ցադ­րուած են աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու զա­նա­զան ցու­ցաս­րահ­նե­րու մէջ, բայց գե­ղան­կա­րի­չը յատ­կա­պէս կ՚ա­ռանձ­նաց­նէ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն իր եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու «Փրո­վի­տեն­ս» ա­ռող­ջա­պա­հա­կան կեդ­րո­նի մի­ջեւ ստեղ­ծուած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը: Այդ գոր­ծակ­ցու­թամբ հայ նկա­րի­չը գե­ղան­կար­ներ ըն­ծա­յա­բե­րած է կեդ­րո­նի ցան­ցին մէջ գտնուող ա­մե­րի­կեան քա­նի մը յայտ­նի հի­ւան­դա­նոց­նե­րու։ Այս ըն­ծա­յա­բե­րու­մը ար­ժա­նա­ցած է ա­մե­րի­կա­ցի գոր­ծիչ­նե­րու կող­մէ մեծ գնա­հա­տան­քի: Շմա­ւո­նեան կ՚ը­սէ, որ ա­տի­կա մարդ­կա­յին սի­րոյ, նուի­րու­մի, իր ա­րուես­տի դրա­կան լոյ­սը ա­մէն մար­դու բաժ­նե­լու օ­րի­նակ մըն է, զոր հա­ճոյք կը պար­գե­ւէ ի­րեն:

Շմա­ւոն Շմա­ւո­նեան բա­ցի Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վաս­տա­կա­ւոր նկա­րիչ ըլ­լա­լէ (ո­րուն ար­ժա­նա­ցած է 2011 թուա­կա­նին), տէր է այլ կո­չում­նե­րու եւ մրցա­նակ­նե­րու։ 2007 թուա­կա­նին ան ստա­ցած է Ֆրիտ­եոֆ Նան­սէ­նի ոս­կեայ մե­տայ­լը, 2009 թուա­կա­նին՝ Հա­յաս­տա­նի Մ­­շա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան ոս­կեայ մե­տայ­լը, իսկ 2012 թուա­կա­նին՝ «Սուրբ Մես­րոպ Մաշ­տոց» մե­տայ­լը: Ան կտաւ­ներ նուի­րա­բե­րած է նաեւ Հա­յաս­տա­նի մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­նե­րուն, օ­րի­նակ, իր «Երգ եր­գո­ց» կտա­ւը՝ Մա­տե­նա­դա­րա­նին:

2013 թուա­կա­նին լոյս տե­սած է նկար­ի­չին հե­ղի­նա­կած «Ա­րա­րա­տ» ե­ռա­լե­զու պատ­կե­րա­գիր­քը, ո­րու մէջ ներ­կա­յաց­ուած են նկար­ի­չի այն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, զորս ան կեր­տած է 1993-2013 թուա­կան­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ հայ ու հա­մաշ­խար­հա­յին քեր­թո­ղու­թեան նմոյշ­ներ՝ նուի­ր-ւած Ա­րա­րա­տին: Գիր­քը 2014 թուա­կա­նին Մինս­քի մէջ կա­յա­ցած ԱՊՀ-ի մաս­նա­կից պե­տու­թիւն­նե­րու «Գրքա­րուես­տ» մի­ջազ­գա­յին 11-րդ մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ժա­մա­նակ ար­ժա­նա­ցած է մրցա­նա­կի:

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ Եր­ե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Շմա­ւոն Շմա­ւո­նեա­նի գոր­ծե­րը ներ­կա­յաց­նող ցու­ցաս­րա­հին մէջ, ուր նկա­րի­չը մե­զի պատ­մեց իր տա­րի­նե­րու յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու մա­սին եւ կի­սեց այն մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը, զորս այ­սօր ու­նի հայ նկա­րի­չը՝ Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ ըն­կե­րա­յին պայ­ման­նե­րուն մէջ:

-Պա­րոն Շմա­ւո­նեան, ան­կա­խու­թիւ­նը ի՞նչ տուաւ ստեղ­ծա­գոր­ծո­ղին, նկա­րի­չին, Դուք ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ա­ռու­մով տար­բե­րու­թիւն կը զգա՞ք:

-Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը ա­մէն հա­յու ե­րա­զանքն էր։ Ե­րազ մըն էր, զոր դա­րե­րով կը փա­փա­քէինք եւ ի վեր­ջոյ մենք ու­նե­ցանք զայն։ Բայց ը­սել, թէ ան ստեղ­ծա­գոր­ծո­ղին ան­կա­խու­թիւն բե­րաւ, չեմ կար­ծեր, քա­նի որ ի­րա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծո­ղը ին­քը միշտ ա­զատ է, ու­նի իր ներ­քին ան­կա­խու­թիւ­նը, եւ կար­ե­ւոր չէ, թէ ին­քը ի՞նչ հա­սա­րա­կար­գի, ի՞նչ վար­չա­ձե­ւի, ի՞նչ պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ կ՚ապ­րի: Ե­թէ ու­նիս ներ­քին ա­զա­տու­թիւ­ն, ներ­քին ան­կա­խու­թիւ­ն, ա­պա կը ստեղ­ծա­գոր­ծես ո­րե­ւէ հա­սա­րա­կար­գի մէջ: Նոյն լաւն ու վա­տը այն ժա­մա­նակ ալ կը զգաս, այս ժա­մա­նակ ալ կը զգաս, գե­ղե­ցիկն ու տգե­ղը այն ժա­մա­նակ ալ կը զա­նա­զա­նէիր, հի­մա ալ կրնաս զա­նա­զա­նել: Բայց այդ մէ­կը ին­ծի հա­մար ը­սել չէ, թէ ես կրնամ Հա­յաս­տա­նէն դուրս ապ­րիլ եւ ես զիս նոյն­քան լաւ զգալ, որ­քան որ հոս կը զգամ հի­մա, այս ժա­մա­նակ: Ա­մէն մարդ հա­րուստ է, երբ իր հո­ղին վրայ է եւ կը սնուի այն ար­մատ­նե­րով, զորս ու­նի իր ժո­ղո­վուրդն ու եր­կի­րը: Ես իմ եր­կիրս, իմ գիւղս, իմ ժո­ղո­վուրդս շատ կը սի­րեմ:

-Ուր­կէ՞ կը սե­րին Ձեր ար­մատ­նե­րը, ո՞ր գիւ­ղի մա­սին է խօս­քը:

-Մեծ ու ծա­նօթ գեր­դաս­տան ե­ղած են Տէր-Շմա­ւո­նեան­նե­րը, որ Հա­յաս­տան ե­կած են Խո­յէն ու Սալ­մաս­տէն՝ 1828 թուա­կա­նին եւ հաս­տա­տուած են Ա­րա­րա­տեան դաշ­տի գիւ­ղե­րէն մէ­կուն՝ Ար­տա­շա­տի Վե­րին Ար­տա­շատ գիւ­ղին մէջ:

Իմ մեծ­հօրս հայ­րը քա­հա­նայ ե­ղած է ՝ Տէր Ղու­կա­սը, իսկ ըն­տա­նի­քի ե­րէ­ցը՝ Տէր Շմա­ւոնն էր, ո­րու ա­նունն ալ տուած են ին­ծի: Քա­նի որ Ար­տա­շա­տի նո­րաս­տեղծ գիւ­ղը քա­հա­նայ չէ ու­նե­ցած, Տէր Շմա­ւոնն ալ դար­ձած է գիւ­ղի քա­հա­նայ: Ես ալ այդ գիւ­ղին մէջ ծնած, հա­սակ ա­ռած, դպրոց գա­ցած եմ: Այս է իմ գիւ­ղիս եւ ըն­տա­նի­քիս հա­կիրճ պատ­մու­թիւ­նը, ո­ր ան­շուշտ եր­կար ու հե­տաքրք­րա­կան պատ­մու­թիւն մըն է, ո­րով­հե­տեւ մինչ Հա­յաս­տան գա­լը եւ ան­կէ ետք շատ դի­պուած­ներ ու­նե­ցած է, մին­չեւ որ ի վեր­ջոյ հաս­տա­տուած եւ ար­մատ­ներ նե­տած է:

-Նկա­րիչ­ներ ե­ղա՞ծ են Տէր-Շմա­ւո­նեան­նե­րուն մէջ:

-Ոչ: Բժիշկ­ներ ե­ղած են, վար­ժա­պետ­ներ ե­ղած են, բայց նկա­րի­չը միայն ես եմ: Նկա­րել սկսած եմ եօ­թ տա­րե­կա­նէն սկսեալ։ Այդ տա­րի­քէն ար­դէն ակ­նա­ռու էին իմ գե­ղա­րուես­տի հա­կում­նե­րը, ըն­դու­նուած եմ Փա­նոս Թեր­լե­մե­զեա­նի ա­նուան ու­սում­նա­րան, ուր ալ ստա­ցած եմ իմ մաս­նա­գի­տա­կան կրթու­թիւ­նը։ Սա­կայն ան­շուշտ իմ վրայ մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ձգած են իմ գիւ­ղը, ըն­տա­նի­քը, գիւ­ղի մար­դիկ ի­րենց պատ­մու­թիւն­նե­րով, իմ ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րը բազ­մա­թիւ եր­կիր­ներ, ուր ա­մե­նա­տար­բեր հան­դի­պում­նե­րէ, ցու­ցա­հան­դէս­նե­րէ, այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հետ շփում­նե­րէ տուն կը վե­րա­դառ­նամ հարս­տա­ցած տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով, պատ­կեր­նե­րով: Այդ բո­լո­րը, ան­շուշտ, իբ­րեւ զգա­ցո­ղու­թիւն­ներ հե­տա­գա­յին տեղ կը գտնեն նկար­նե­րուս մէջ:

Շատ կը սի­րեմ իմ գիւ­ղը, հայ­րա­կան տու­նը, ուր յա­ճախ կ՚եր­թամ՝ ա­ռանձ­նա­նա­լու եւ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու: Ին­ծի հա­մար ներշն­չան­քի մեծ աղ­բիւր է բնու­թիւ­նը: Նկար­նե­րուս գլխա­ւոր նիւթն ալ, կրնամ ըսել, որ հայ­րե­նի չքնաղ բնու­թիւնն է: Նկա­րիչ մը ա­ռանց բնու­թեան ո­չինչ է: Բնու­թիւնն է, որ կը կեր­տէ ստեղ­ծա­գոր­ծո­ղը, իսկ ե­թէ ա­տի­կա հայ­րե­նի բնու­թիւնն է, քու ապ­րածդ եր­կիրն է, ա­ռա­ւել զօ­րա­ւոր կ՚ըլ­լաս: Ես յա­ճախ Եր­ե­ւա­նէն գի­շե­րը գիւղ կ՚եր­թամ, որ­պէս­զի հոն դի­մա­ւո­րեմ լու­սա­բա­ցը, զգամ այն աս­տուա­ծա­յին գոյ­նե­րը, ո­րոնք կ՚ե­րե­ւին այ­գա­բա­ցին:

-Իսկ այ­սօր կը բնա­կիք Եր­ե­ւան: Ի՞նչ է Եր­ե­ւա­նը Ձե­զի հա­մար, ի՞նչ գոյ­նե­րով եւ պատ­կեր­նե­րով կրնաք բնո­րո­շել մեր մայ­րա­քա­ղա­քը:

-Եր­ե­ւա­նի մէջ կը գտնուի իմ տու­նը, ա­րուես­տա­նո­ցը, այս ցու­ցաս­րա­հը, որ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու վայր մըն է շատ-շա­տե­րու հա­մար: Եր­ե­ւա­նը ես միշտ կը տես­նեմ պայ­ծառ գոյ­նե­րով եւ ապ­րեց­նող պատ­կեր­նե­րով: Ե­թէ դուն քու ներսդ ու­նիս գե­ղեց­կու­թիւ­նը ըն­կա­լե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը, ա­պա կը տես­նես ա­մէն մէկ գե­ղե­ցիկ պատ­կե­րը, գոյ­նը: Եր­ե­ւա­նը ին­ծի հա­մար մար­դիկ են, իմ ըն­կեր­ներս, իմ սերն­դա­կից­ներս, ո­րոնց հետ յա­ճախ կը հան­դի­պիմ, կը վի­ճինք, ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան հար­ցեր կը քննար­կենք։ Կ՚ը­սեմ, որ ես չեմ ու­զեր մար­դի­կը, նկա­րիչ­նե­րը տես­նել յու­սա­հա­տած վի­ճա­կի մէջ: Որ­քան որ ալ վի­ճա­կը, կա­ցու­թիւ­նը դժուար ըլ­լայ, ստեղ­ծա­գոր­ծո­ղը եր­բեք պէտք չէ դժգո­հի, մռայլ տրա­մադ­րու­թիւն սփռէ, ընդ­հա­կա­ռա­կն, ան յոյ­սի, լոյ­սի բա­ժա­նա­րարն է, եւ պէտք է միշտ ստեղ­ծէ, դի­մա­ցինն ալ ո­գեշն­չէ: Մենք այդ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ու­նինք մեր մէջ: Ես ին­չո՞ւ իմ նկար­ներս հի­ւան­դա­նոցնե­րուն կ՚ըն­ծա­յեմ, ո­րով­հե­տեւ արուեստը բու­ժիչ է: Մեծ փա­փաք ու­նիմ՝ ա­մէն մար­դը դար­մա­նուած, ա­պա­քի­նած տես­նել։ Բայց եւ այն­պէս, ես բժիշկ չեմ, ես կրնամ գծել ա­մե­նաու­րախ պատ­կեր­նե­րը եւ զա­նոնք գոյ­նե­րու տես­քով տալ հի­ւանդ­նե­րուն կամ ա­ռողջ­նե­րուն, կար­ե­ւոր չէ: Վստահ եմ, որ ա­յդ մէ­կը թէ­կուզ իր չնչին դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւ­նը կ՚ու­նե­նայ մար­դու նե­րաշ­խար­հին վրայ:

Ես Եր­ե­ւա­նը կը տես­նեմ յոյ­սի քա­ղաք եւ վստահ եմ, որ ա­նոր ա­մե­նա­լաւ օ­րե­րուն ես ա­կա­նա­տես պի­տի ըլ­լամ:

-Ի դէպ, Ձե­զ եր­բեմն չե՞ն մե­ղադ­րեր, որ ա­մե­րի­կեան հի­ւան­դա­նոց­նե­րուն կը նուի­րա­բե­րէք Ձեր կտաւ­նե­րը, երբ կա­րե­լի է նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ ծրագ­րեր ի­րա­կա­նաց­նել:

-Նկա­րի­չը ա­զատ է, ան ա­զատ մարդ մըն է, ո­րու մտքի թռիչ­քը, գոյ­նե­րու ճամ­բոր­դու­թիւ­նը ա­զա­տու­թեան մէջ կրնայ ինք­զինք փաս­տել: Միւս կող­մէ ալ ը­սեմ, որ ի­րենք՝ ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րը գտան զիս: Ի­րենք իմ նկարս տե­սած էին եւ այդ ձե­ւով գտան, ես ալ նուի­րա­բե­րե­ցի իմ գոր­ծե­րէս: Ա­տի­կա ին­ծի հա­մար օ­տար աշ­խար­հի մէջ ինք­զինքս տես­նե­լու, իմ ա­րուես­տին հան­դէպ օ­տար­նե­րու գնա­հա­տա­կա­նը զգա­լու ճա­նա­պարհ մըն էր: Հա­յաս­տա­նի մէջ ալ մաս­նա­կից ե­ղած եմ զա­նա­զան ծրագ­րե­րու, նկար­ներ նուի­րած եմ:

-Իսկ ինչ­պէ՞ս կը վե­րա­բե­րիք մռայլ գոյ­նե­րով ստեղ­ծուած ա­րուես­տին կամ տխուր պատ­կեր­ներ նե­րա­ռող ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն, ի վեր­ջոյ կեան­քը միայն ու­րա­խու­թիւ­ն չէ, այլ կան նաեւ տխուր ի­րա­վի­ճակ­ներ:

-Նկա­րի­չը ա­ռա­քե­լու­թիւն ու­նի՝ ա­րուես­տի մի­ջո­ցաւ փո­խել իր շրջա­պա­տը, որ­քա­նով որ ինք կրնայ: Իսկ մռայլ պատ­կեր­նե­րը չեմ սի­րեր, տխուր տրա­մադ­րու­թիւն ստեղ­ծող գոյ­նե­րէ կը խու­սա­փիմ: Ե­թէ նա­յիք՝ ես սեւն ալ հա­զուա­դէպ կը գոր­ծա­ծեմ: Իմ հո­գիին գոյ­նե­րը միայն լու­սա­ւոր են: Այ­ցե­լու­ներն ալ, երբ հոս գան, բնազ­դա­բար ա­ռա­ջին ակ­նար­կով կը մօ­տե­նան դէ­պի ու­րախ պատ­կեր­նե­րուն, վառ ու լու­սա­ւոր գոյ­նե­րով նկար­նե­րուն: Ա­տի­կա պա­տա­հա­կան չէ, կը փնտռեն այն, ինչ որ կ՚ու­զեն, որ­պէս­զի շրջա­պա­տէ զի­րենք: Տու­նին մէջ կամ գրա­սե­նեա­կը պի­տի կա­խուի նկա­րը, որ միշտ պի­տի խօ­սի, ապ­րի, ապ­րեց­նէ: Երբ նոյն նկա­րին ա­մէն օր նա­յիս, նոր բան մը կը տես­նես, ա­մէն օր տե­սակ մը տրա­մադ­րու­թիւն կ՚ու­նե­նաս նոյն նկա­րէն: Հա­կա­ռակ ա­նոր՝ ես չսի­րած գոյն չու­նիմ, բո­լոր գոյ­ներն ալ սի­րե­լի են ին­ծի հա­մար: Ա­մէն մէկ գոյն միւս գոյ­նին քիչ մը կ՚օգ­նէ, որ­պէս­զի այդ գոյ­նը եր­ե­ւի:

-Պե­տու­թե­նէ՞ն սպա­սե­լիք­ներ ու­նիք:

-Ես կ՚ու­զէի, որ պե­տու­թիւ­նը մա­նա­ւանդ ե­րի­տա­սարդ նկա­րիչ­նե­րուն ա­ջակ­ցի: Նկա­րիչ մը պե­տու­թեան դէմքն է, ե­թէ կա­րե­նան գտնել լա­ւա­գոյն­նե­րը եւ զա­նոնք յա­ռա­ջաց­նեն, շատ լաւ կ՚ըլ­լայ: Նկար­չու­թիւ­նը նիւ­թա­կան ծախս պա­հան­ջող բնա­գա­ւառ մըն է, ա­ռանց նիւ­թա­կան ա­ջա­կու­թեան ո­չինչ կ՚ըլ­լայ: Բայց այդ, մար­դը, որ ա­րուես­տի նուի­րուած է, նաեւ պի­տի ապ­րի, չէ՞, ու­նի ըն­տա­նիք, շրջա­պատ, ըն­կեր­ներ: Ե­թէ պե­տու­թիւ­նը տէր կանգ­նի լա­ւա­գոյն նկա­րիչ­նե­րուն, մենք այ­սօր ա­մե­նա­հա­րուստ եր­կիր­նե­րէն մին կ՚ըլ­լանք: Մեր սե­րուն­դը ձե­ւով մը իր ճամ­բան հար­թեց, ես կը խօ­սիմ նո­րա­հաս­նե­րու մա­սին: Ու­րիշ բան մըն ալ կայ. կա­յա­ցած նկա­րի­չը կրնայ կե­նալ պե­տու­թեան կող­քին եւ ա­ջակ­ցիլ իր մտա­ւոր ու­ժով:

-Ո՞րն է Ձեր յա­ջո­ղու­թեան գաղտ­նի­քը:

-Աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը: Թե­րեւս նաեւ այն շնոր­հը, որ Աս­տուծ­մէ տրուե­ցաւ ին­ծի, ու ես գա­ցի այդ շնոր­հի ետ­ե­ւէն: Մեր ժա­մա­նակ այն­քան ալ պա­տուա­բեր չէր նկա­րիչ դառ­նա­լը։ Մար­դիկ առ­հա­սա­րակ կ՚ե­րա­զէին դառ­նալ ի­րա­ւա­բան, բժիշկ կամ այլ լաւ նկա­տուող մաս­նա­գէտ, բայց ես փա­փա­քե­ցայ ա­րուես­տա­գէտ ըլ­լալ եւ տէր դար­ձայ իմ ե­րա­զան­քին: Ես կոչ կ՚ը­նեմ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն՝ չեր­թալ դրա­մի կամ փառ­քի ետ­ե­ւէն, այլ՝ հո­գիի ձայ­նը լսել՝ ինչ կ՚ու­զէ քու հո­գին, ը­րէ ա­յդ մէ­կը, ե­թէ ազ­նուու­թեամբ ը­նես, ա­պա կը հաս­նիս դրա­մի ալ, փառ­քի ալ: Յա­ջո­ղու­թեան հաս­նե­լու հա­մար բան մըն ալ կայ՝ ճանչ­նալ աշ­խար­հը եւ այդ աշ­խար­հին մէջ ճանչ­նալ ինք­զինքդ, քու տեղդ: Ե­րի­տա­սար­դնե­րը թող շատ ճամ­բոր­դեն, թող քա­ղա­քակր­թու­թեան կեդ­րոն­նե­րը, թան­գա­րան­նե­րը եր­թան, շատ կար­դան, ու­սում­նա­սի­րեն ա­րուեստ՝ լայն ի­մաս­տով: Արուեստը կը բա­րիաց­նէ, կ՚ազ­նուաց­նէ: Ա­մէն մարդ թող ջա­նայ ա­րուես­տի մի­ջո­ցաւ բա­րիա­նալ: Բա­րու­թիւ­նը յա­ջո­ղու­թիւն կը բե­րէ:

-Գո՞հ էիք Իս­թան­պու­լի մէջ բացուած ցու­ցա­հան­դէ­սէն:

-Ես ուր ալ եր­թամ, գոհ կը մնամ, քա­նի որ իմ ա­րուես­տը ազ­գու­թիւն չու­նի, ան բո­լո­րի սր­­տին կը խօ­սի: Ես ե­րեք ան­գամ ցու­ցա­հան­դէ­սով ե­ղած եմ Իս­թան­պու­լի մէջ, վեր­ջի­նը եր­կու տա­րի ա­ռաջ էր, երբ իմ ցու­ցա­հան­դէ­սը կա­յա­ցաւ Թաք­սի­մի հրա­պա­րա­կին մօտ Յու­նաս­տա­նի հիւ­պա­տո­սու­թեան շէն­քէն ներս: Շատ մարդ ե­կաւ, թուր­քեր, յոյ­ներ, հա­յեր, բազ­մա­թիւ ազ­գու­թիւն­նե­րու ա­րուես­տա­սէր­ներ: Բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեա­ն ներ­կայ էր նաեւ Յու­նաց Պար­թո­լո­մէոս Ա. Պատ­րիար­քը: Թուր­քե­րը նոյն­պէս հիա­ցած էին, ին­ծի կ՚ը­սէին՝ ե­րա­նի թէ սահ­ման­նե­րը բա­ցուէին: Ես ան­գամ մը եւս հա­մո­զուե­ցայ, որ գե­ղեց­կու­թիւ­նը, ա­րուես­տը ազ­գու­թիւն եւ սահ­ման­ներ չեն ճանչ­նար:

Պոլ­սոյ հա­յու­թիւնն ալ շատ խոր տպա­ւո­րու­թիւն ձգեց իմ վրայ, հրա­շա­լի մար­դիկ են, ի­րենց աշ­խա­տան­քով զբա­ղած, անվ­նաս:

-Պա­րոն Շմա­ւո­նեան, այ­սօր, երբ ար­դէն շատ կո­չում­ներ եւ պար­գեւ­ներ ու­նիք, տաս­նեակ ցու­ցա­հան­դէս­ներ սար­քած էք, մեծ ճա­նա­չում ձեռք բե­րած էք, հա­րիւ­րա­ւոր կտաւ­ներ ստեղ­ծած էք, ու­րիշ ի՞նչ բա­նի կը սպա­սէք, ին­չի՞ կա­րիք ու­նիք:

-Ես խա­ղա­ղու­թեան կա­րիք ու­նիմ: Եւ այդ խա­ղա­ղու­թիւ­նը ո՛չ թէ ին­ծի հա­մար, այլ կ՚ե­րա­զեմ Հա­յաս­տա­նի հա­մար: Մենք կար­ծես ա­մէն վայր­կեան վտան­գի մէջ կ՚ապ­րինք եւ այս եր­կի­րը այ­սօր խա­ղա­ղու­թեան պէտք ու­նի: Մնա­ցեա­լը ինքն ի­րեն կ՚ըլ­լայ: Երբ խա­ղա­ղու­թեան եր­կա­րա­տեւ շունչ մը կը զգամ, ա­ւե­լի լաւ կը ստեղ­ծա­գոր­ծեմ, ա­ւե­լի հե­տաքրք­րա­կան պատ­կեր­ներ կը ծնին: Իսկ երբ աշ­խարհն ու Հա­յաս­տա­նը ի­րար ան­ցած է, ա­տի­կա իմ վրայ շատ կ՚ազ­դէ: Միշտ կը մաղ­թեմ այդ խա­ղա­ղու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նին եւ հա­մայն աշ­խար­հին:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015