ԵՐԵՒԱՆԻ «ԳԱՖԷՍՃԵԱՆ» ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ «ԱՐԹՕ ՉԱՔՄԱՔՃԵԱՆ. ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ»
Երեւանի մէջ նախընթաց օր յատուկ երեկոյթ մը կազմակերպուեցաւ հայկական ժամանակակից գեղարուեստի մեծանուն վարպետներէն քանդակագործ ու նկարիչ Արթօ Չաքմաքճեանի ի պատիւ։ «Արթօ Չաքմաքճեան. վերածնունդ» նորաբաց այս ցուցադրութեան շրջագծով ապրուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնի համալիրէն ներս բացուած ցուցահանդէսին շրջագծով ներկայացուած են վեց տասնամեակէ աւելի ժամանակէ մը ի վեր ստեղծագործական աշխատանք ծաւալած արուեստագէտի նկարներն ու քանդակները, որոնք գեղարուեստասէրներուն կողմէ անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնան։ Մինչեւ Օգոստոսի 30-ը բաց պիտի մնայ այս եզակի ցուցահանդէսը, որու առթիւ Արթօ Չաքմաքճեան ըսաւ. «Ժամանակները փոխուած են, այսօր աւելի ազատ կը ցուցադրուինք։ Ուրախ եմ, որ արուեստը հետզհետէ աւելի մեծ ազատութիւն կը ստանայ, որովհետեւ արուեստն է, որ պէտք է մարդուն՝ ոչ թէ ուտելիքը։ Հարիւրէ աւելի արձան ունիմ, սակայն գէթ մէկ հատը չէի կրցած բերել։ Այստեղ ներկայացուած է ան։ Ինչ կայ Հայաստանի մէջ, իմ անձնական եւ մասնաւոր հաւաքածոներէն»։ Արթօ Չաքմաքճեան ուշադրութիւն հրաւիրեց «Հայաստանի մուտքը» արձանին վրայ, որ կը ցոլացնէ դրուագ մը, ուր ձեռքերը դէպի երկինք պարզած մարդը կանգնած է ոչխարի մը վրայ։ Քանդակագործը մտադիր է զայն տեղաւորել օդակայանի ճանապարհին։
Ցուցահանդէսին շրջագծով ներկայացուած են իր զանազան տարիներու ջրաներկով, թանաքով եւ այլ նիւթերով աշխատանքները, ինչպէս նաեւ շարժումով ու կեանքով լի պրոնզէ արձանները։
Այս ցուցահանդէսին շարժառիթով, Արթօ Չաքմաքճեանի արուեստով երկար տարիներ զբաղած արուեստաբան Շուշան Վարդանեան եւս ներկայացուց հեղինակի ստեղծագործական ուղին եւ անդրադարձաւ անոր փիլիսոփայութեան։ «Երբ նոր կը փորձէի գրել Արթօ Չաքմաքճեանի մասին, տեսայ իր՝ Նարեկացիի արձանը ու հասկցայ, թէ պէտք է վերընթերցեմ Նարեկը, այնուհետեւ նման կերպով մօտեցայ իր բոլոր ստեղծագործութիւններուն։ Շատ արագ հասկցած էի, որ Չաքմաքճեանի ստեղծագործութիւններուն ծանօթանալու համար պէտք է տիրապետել, ներսուզուիլ այն ամբողջ փիլիսոփայական, հետաքրքրութիւններու բնագաւառներուն մէջ, զորս հետաքրքրած են արուեստագէտը։ Չաքմաքճեանէն կարելի է սորվիլ աշխատութեան իւրայատուկ տեսակ մը. առաջին օրէն իսկ Եգիպտոսէն Հայաստան գալով ան կը փնտռէ ու կը գտնէ նկարչական ուսումնարանը, ուր ալ կ՚ընդունուի»։
Շուշան Վարդանեան աւելցուց, թէ շատեր չեն գիտեր, որ վարպետը նաեւ մեծ տեսաբան մըն է, հեղինակ՝ արուեստաբանական եւ տեսաբանական գրարումներու։
Արթօ Չաքմաքճեան, որ ծնած է Գահիրէի մէջ, տասներկու տարեկանէն սկսած է զբաղիլ քանդակագործութեամբ։ 1948 թուականին իր ընտանիքին հետ եղած է հայրենադարձ եւ խորհրդային տարիներուն աւարտած է Երեւանի Գեղարուեստի ուսումնարանը եւ Երեւանի Գեղարուեստաթատերական կաճառի քանդակագործութեան բաժինը։ 1975 թուականին ան հաստատուած է Գանատա եւ միայն անկախութենէն վերջ է, որ վերադարձած է Հայաստան։