ԻՒՐՕՐԻՆԱԿ ՊԱՏՈՒՀԱՆ

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դի­սա­ւո­րա­պէս բա­ցուե­ցաւ «Ոս­կէ ծի­րան» շար­ժան­կա­րի մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նը, որ այս տա­րի կը կազ­մա­կեր­պուի 13-րդ ան­գամ։ Ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան, Ե­րե­ւա­նի Ս. Զօ­րա­ւոր Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ա­ռա­ւօ­տուն կա­տա­րուե­ցաւ ծի­րա­նօրհ­նէք եւ այս խորհր­դան­շա­կան փու­լը բնո­րո­շեց ձեռ­նար­կին մեկ­նար­կը։

Բաց­ման բուն հան­դի­սու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն, «Մոս­կուա» շար­ժան­կա­րի դահ­լի­ճին մէջ։ Նախ Շարլ Ազ­նա­ւու­րի հրա­պա­րա­կին վրայ հան­դի­սա­ւո­րա­պէս զե­տե­ղուե­ցան հայ­կա­կան շար­ժան­կա­րի աշ­խար­հի նուի­րեալ­նե­րէն՝ Ալ­պերթ Եաւ­րուեա­նի, Էտ­մոն Քէօ­սաեա­նի եւ Տի­միթ­րի Կե­սաեան­ցի աստ­ղե­րը։ Ա­պա հիւ­րե­րը կար­միր գոր­գի վրա­յով սկսան ա­ռաջ­նոր­դուիլ սրահ։ Ներ­կա­նե­րու շար­քին էին Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան, Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեան եւ բա­զում յայտ­նի ա­րուես­տա­գէտ­ներ։ Ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան փա­ռա­տօ­նի հիմ­նա­դիր-նա­խա­գահ Յա­րու­թիւն Խա­չատ­րեան եւ գլխա­ւոր հո­վա­նա­ւոր «Վի­վա­սէլ»ի ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ռալֆ Եի­րի­քեան։

Փա­ռա­տօ­նը այս տա­րի ձօ­նուած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կի յո­բե­լեա­նին։ Դա­տա­կազ­մը կը գլխա­ւո­րէ հռչա­կա­ւոր ա­րուես­տա­գէտ Տիգ­րան Ման­սու­րեան։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան փա­ռա­տօ­նի սկիզ­բին առ­թիւ հրա­պա­րա­կեց պատ­գամ մը, ո­րու մէջ «Ոս­կէ ծի­րան»ը հա­մա­րեց ա­րուես­տով հարս­տա­նա­լու ար­դիւ­նա­ւէտ ճա­նա­պարհ։ Ըստ ի­րեն, փա­ռա­տօ­նը իւ­րօ­րի­նակ պա­տու­հան մըն է դէ­պի աշ­խարհ՝ ոչ միայն հայ հան­դի­սա­տե­սին, այլ նաեւ՝ մաս­նա­գէտ­նե­րուն հա­մա­ր։

Երկուշաբթի, Յուլիս 11, 2016