ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Մշակութային ժառանգութեան պահպանման միութեան (KMKD) նախաձեռնութեամբ հաստատուած նոր մատենաշարէն լոյս տեսած առաջին վեց գիրքերու շնորհանդէսը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Խասգիւղի Ապուտարա սինակոկին մէջ։ Թուրքիոյ վտանգի ենթակայ ճարտարապետական ժառանգութեան վրայ ուշադրութիւն կը կեդրոնացնեն այս գիրքերը, որոնց շնորհանդէսը իսկապէս շահեկան հաւաքոյթ մըն էր եւ համախմբեց նաեւ երկրի փոքրամասնութիւններու շրջանակներէ ներկայացուցիչներ։ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները կը հետեւին երկրի մշակութային ժառանգութեան պահպանման խնդիրներուն եւ անտարբեր չեն մնար համապատասխան զգայնութիւններու հետամուտ նախաձեռնութիւններու։ Արդարեւ, երկրի վտանգի ենթակայ ճարտարապետական ժառանգութիւնը շատ յաճախ ուղղակիօրէն կ՚առընչուի անոնց հաւաքական յիշողութեան, ազգային արժէքներուն հետ։

 

Երէկուան երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Հրէից խախամապետ Ռաւ Իսհաք Հալեւա, Թուրքիոյ հրեայ համայնքին նախագահ Իսհակ Իպրահիմզատէ եւ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեան հաւաքականութիւններէ ներկայացուցիչներ։ Բնականաբար ներկայ էին նաեւ KMKD-ի ծրագրին ներգրաւուած մասնաագիտական կամ հասարակական կառոյցներու ներկայացուցիչները։

Ձեռնարկի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ հրեայ համայնքէն Սիլվիօ Օվատիա։ Հիւրընկալ սինակոկի ղեկավարութեան անունով ներկաներուն խօսք ուղղեց Մորիս Պեհար։ «Ըշըք» համալսարանի Գեղարուեստից ֆաքիւլթէի տեսուչ Էվա Շարլաք բացատրութիւններ տուաւ KMKD-ի գործունէութեան եւ ծրագրերուն շուրջ։ KMKD-ի նախագահ Եավուզ Օզգայա եւս ելոյթով մը դիմեց ներկաներուն։ Ան մասնաւորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Սիլվիօ Օվատիային եւ Լաքի Վինկասին, որոնք լուրջ նպաստ մը բերած էին սոյն գիրքերու հրատարակութեան։

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Ռաւ Իսհաք Հալեւա, որ մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ հոգածութիւնը կարեւորեց Թուրքիոյ հարուստ խճանկարի պահպանման տեսանկիւնէն։ Ան շեշտեց, որ ճարտարապետական ժառանգութեան նմոյշները մնայուն արժէքներ են։

Շնորհանդէսի աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018