ԱՃԱՌԵԱՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ

«Ամբողջ կեանքիս ընթացքին ուսուցչութիւն ըրի». Այսպէս կ՚ըսէ մեծանուն լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեան իր յուշագրութեան մէջ առաջին ուսուցչական պաշտօնին մասին պատմելով: Վարժարանը գերազանցութեամբ աւարտելէ ետք Աճառեան սկսած է ուսուցչական պաշտօն փնտռելու եւ հանդիպած է մեծ դժուարութիւններու:

Այդ օրերուն զայն մտահոգած է մանաւանդ իր հօրը խօսքերը, թէ՝ «այսքան տարի դպրոց ղրկեցի, օգուտ մը չտեսայ»: Հայրը ափսոսած է, որ արհեստի մը չէ տուած որդին: Սակայն, 1893 թուականի աշնան, Աճառեան, ի վերջոյ, գտած է աշխատանք եւ այդպէս սկսած է ուսուցչութիւն ընել ամբողջ կեանքին ընթացքին:

Պոլսոյ մէջ իր ուսուցչութեան մասին ան կը գրէ շատ սիրով եւ մանրամասնօրէն:

Յուշագրութենէն կը թուայնացնենք այդ հատուածը.

ՊԱՇՏՕՆԻ ՓՆՏՌՏՈՒՔ

Շրջանաւարտ ըլլալէս ետք, իմ երազս Վիեննա երթալ էր, Մխիթարեան միաբանութեան վանքը: Հայր Գաբրիէլ Մենեւիշեանը օր մը հետաքրքրուեցաւ ապագայի ծրագիրներովս: Երբ իմացաւ որ Վիեննա կ՚ուզեմ երթալ, հարցուց.

-Հապա՞ կրօնական տարբերութիւնը:

-Ես կրօնական տարբերութեան արժէք չեմ տար,- պատասխանեցի, - կ՚ընդունիմ կաթոլիկ դաւանանքը:

Խոստացաւ գրել Վիեննա: Խօսեցայ նաեւ Յովհաննէս Շահնազարին եւ կրօնի մասին անոր նոյն հարցումին նոյն պատասխանը տուի: Ա՛ն ալ խոստացաւ միջնորդել:

Այս երկու նշանաւոր մարդոց խոստումին վստահելով՝ ուրիշ դիմում չըրի: Երկու շաբաթ ետք նորէն այցելեցի Շահնազարին: Ըսաւ թէ պատասխան չէր ստացած եւ նորէն խօսք ըրաւ կրօնական տարբերութեան մասին: Շահնազարը մեր մէջ ճանչցուած էր իբրեւ կրօնական խտրութիւն չընդունող մարդ: Ես միամտաբար ըսի.

-Կ՚երթամ Վիեննա, կաթոլիկութիւնը կ՚ընդունիմ, ուսումս կ՚աւարտեմ, կու գամ ու կը վերադառնամ իմ դաւանանքիս:

Միեւնոյն սխալը կրկնեցի Մենեւիշեանին հետ խօսած ատենս:

Անկէ ետք քանի մը անգամ եւս գացի թէ՛ Շահնազարին, թէ՛ Մենեւիշեանին, բայց դրական պատասխան չստացալ: Ի վերջոյ Մենեւիշեանը ըսաւ.

-Կ՚ուզեն որ աշակերտը մանկութենէն կաթոլիկ վանքի մէջ մեծցած ըլլայ. քեզ չեն ընդունիր:

Իմ գործս իմ ձեռքովս քանդած էի: Դիմեցի Մոստիչեանին եւ Աբիկեանին: Առաջինը յայտնեց, թէ տեղ չունի, երկրորդն ալ խոստացաւ գրել Չոռլու՝ զիս այնտեղ ուղարկելու համար իբրեւ թրքերէնի ուսուցիչ, ամսական 2 ոսկի վճարումով:

Բազմաթիւ անգամներ գացի իր գրասենեակը, բայց կամ դուռը գոց գտայ, կամ ալ միեւնոյն խօսքը լսեցի. «Վա՛ղը եկէք»: Ամէն մարդ գործ գտած էր, դպրոցները բացուած էին, իսկ ես անգործ կը թափառէի: Յուսահատութենէս չէի գիտեր ի՛նչ ընել: Զիս կը նեղէր մանաւանդ հօրս խօսքը.

-Այսքան տարի դպրոց ղրկեցի, օգուտ մը չտեսայ: Եթէ ատաղձագործի աշկերտ ըլլայիր, հիմա արդէն վարպետ եղած կ՚ըլլայիր եւ շաբաթական մէկ մէճիտիէ կը բերէիր տուն:

Պոլիս Սմբատ Դաւիթեան անուն մարդ մը կար, որ անգործ ուսուցիչներուն գործ հայթայթող գրասենեակ մը ունէր: Ուսուցիչ ուզող դպրոցները եւ գործ փնտռող ուսուցիչները իրեն կը դիմէին: Գործը գլուխ եթէ գար, ինք ուսուցիչէն անոր առաջին ամսաթոշակը կը ստանար իբրեւ միջնորդչէք, դպրոցէն ալ՝ որոշ գումար մը:

Դիմեցի Դաւիթեանին եւ անոր ներկայացուցի Կեդրոնականի վկայականս ու Գարագաշէն եւ Ուսումնական Խորհուրդէն ստացած վկայագիրներս: Շատ ուրախացաւ եւ յայտնեց թէ Նազիլլիի մէջ հայերէնի ուսուցիչի պաշտօն մը կայ, ամսական 5 ոսկի վճարով, եւ թէ քանի մը օրուան պէտք ունի վերջնական կարգադրութիւն մը ընելու համար:

Նազիլլին Իզմիրի մօտ քաղաք մըն է, նշանաւոր՝ իր թուզով: Քիչ մը հեռու էր, բայց վճարումը գոհացուցիչ էր: Ընդունեցի առաջարկը:

Վերջնական պատասխանի սպասած ատենս հանդիպեցայ Միհրան Աբիկեանին: Բարեւեցի եւ յայտնեցի թէ գործ գտած եմ Նազիլլի:

-Ի՞նչ կարիք կայ այդքան հեռուները երթալու,- պատասխանեց,- Չոռլուն 4 ժամուան ճամբայ է: Պատասխան ստացած եմ արդէն: Ես քեզ Չոռլու պիտի ղրկեմ:

Գացի Մոստիչեանին եւ հարցուցի, թէ երկու առաջարկներէն ո՞ր մէկը յարմար կը գտնէր ինծի համար:

-Ո՛չ մէկը,- պատասխանեց,- Կեդրոնականի նախակրթարանին մէջ հայերէնի ուսուցիչ մը պէտք է: Ամսականը 3 ոսկի է: Միւս կողմէ Գատը գիւղի դպրոցին մէջ ալ հայերէնի դասեր կու տաս ամսական 2 ոսկի վճարով:

Այսպէս սկսայ ուսուցչական պաշտօնս 1893 թուականի աշնան: Ամբողջ կեանքիս ընթացքին ուսուցչութիւն ըրի:

ՏԱՐԲԵՐ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐ

Ղալաթիայի թաղային դպրոցէն, որ Կեդրոնականի նախակրթարանն էր, եւ Սամաթիայի Արամեան երկսեռ վարժարանէն բոլորովին տարբեր յիշատակներ ունիմ: Զարմանալի է որ առաջինէն շատ քիչ բան կը յիշեմ, երկրորդէն պահած յիշատակներս ալ աւելի անձերու կը վերաբերին, քան դէպքերու:

Ղալաթիայէն պահած միակ յիշատակս հետեւեալն է.

Կէսօրէ ետք մը, երբ դասարանը կ՚աշխատէինք, յանկարծ աշակերտները ոտքի ցատկեցին, «երկրաշա՜րժ» պոռացին ու փախան դուրս: Նոյն բանը ըրին յաջորդ դասարանի աշակերտները: Ես ոչ մէկ ցնցում զգացի, բայց ստիպուեցայ դուրս ելլել:

Քովի դասարանի ուսուցչուհին մարած ինկած էր գետին: Քանի մը մեծ աշակերտներ եւ ես գրկեցինք զինք եւ դուրս հանեցինք: Սանդուխը, որ ուղղահայեաց պէտք է ըլլար, հորիզոնական դարձած էր: Ուսուցչուհին բակ տարինք, եկեղեցիին առջեւ, ուր ժողովուրդ հաւաքուած էր:

Սիրքէճիի կայարանը դիմեցի եւ շոգեկառքով մօրաքրոջս տունը գացի: Մօրաքրոջս տունը վնասուած չէր: Զարմանալի է որ երկրաշարժը վնասած էր միայն հարուստներուն. քարաշէն մեծ տուները քանդուած էին, իսկ փայտաշէն խրճիթները կանգուն մնացած էին: Գամը դուրս եկած էր գերանէն եւ ետ տեղը մտած:

Մենք քանի մը տարիէ ի վեր Սարը Եար կը բնակէինք: Շոգենաւը առի եւ գացի տուն: Հազիւ հասած էի, հայրս դէմս ելաւ ե բարկացած հարցուց.

-Մինչեւ հիմա որտե՞ղ էիր:

Պատմեցի պատահած դէպքը եւ ըսի թէ մօրաքրոջս տունը ոչ մէկ վնաս կրած էր:

Կը յիշեմ որ Երեքշաբթի օր մըն էր, որովհետեւ «Հայրենիք» օրաթերթը յօդուած մը տպած էր եւ մէջբերած թրքերէն ժողովրդային առած մը՝ «սալը սալլանըր», այսինքն «Երեքշաբթին կը շարժի»:

Գատը գիւղէն կը յիշեմ տնօրէնը, քանի մը ուսուցիչ, աշակերտներ եւ աշակերտուհիներ:

Վերակացուին անունը մոռցած եմ, բայց արտաքին տեսքը եւ բնաւորութիւնը լաւ կը յիշեմ: Բարձրահասակ, լայնաթիկունք, շէկ մօրուքով մարդ մըն էր, որուն ամբողջ խօսակցութիւնը կատակ էր: Նոյնիսկ ամենէն լուրջ խօսքը: Բայց առանց ծիծաղի:

Ուսուցչական խումբին մաս կը կազմէր Ռուբէն Որբերեան բանաստեղծը, որ Եթովպիա գնաց, մեծ հարստութիւն ձեռք բերաւ ու դարձաւ ազգային բարերար:

Աշակերտները տանելի էին, բայց աշակերտուհիները՝ շփացած եւ անպատկառ: Մանաւանդ բարձրագոյն դասարանի աղջիկները, որոնք ինձմէ մեծ էին: Այն ատեն ես 17 տարեկան էի: Բոլոր ուսուցիչներն ալ օձիք կը թօթուէին: Ես, տգեղ պատանի, մէկ աչքս ծուո, չէի վախնար իրենցմէ: Անթերի պարտականութիւններ կը պահանջէի, խիստ պատիժներ կու տայի չաշխատողներուն: Ի վերջոյ վերակացուն ինձմէ խնդրեց, որ ա՛լ աղջիկներուն բաժինը չերթամ:

Աշակերտուհիներուն մէջ կար նիհար ու ճղճիմ աղջիկ մը, որ աշխատասէր ու պարտաճանաչ էր: Բոլորս ալ կը սիրէինք զինք, որովհետեւ Պետրոս Դուրեանի եղբօր աղջիկն էր: Բանաստեղծը երկու եղբայր ունէր. Եղիշէն, որ նախ Պոլիսի, ապա Երուսաղէմի պատրիարք եղաւ եւ Ագրիպպասը, որ փաստաբան էր: Աշակերտուհին աղջիկն էր Ագրիպպասին:

1910-ին Եղիշէ Պատրիարքին այցելութեան գացի: Բարձրահասակ, հոյակապ տիկին մը սուրճ բերաւ ինծի: Պատրիարքը հարցուց.

-Կը ճանչնա՞ք զինք:

-Ոչ,- պատասխանեցի:

-Ձեր աշակերտուհին է, եղբօրս աղջիկը: Մեր պաշտամունքին առարկայ դարձած նիհար ու փոքրիկ աղջիկն էր:

ՍԱՆԱՍԱՐԵԱՆԻ ՈՒՍՈՒՑԻԶ

Ամառուան արձակուրդին սկիզբը, Մոստիչեանը իր քով կանչեց զիս եւ ըսաւ.

-Քեզ պիտի ուղարկեմ Գաբրիէլ էֆէնտի Նորատունկեանին: Ինչքան մանր-մունր աշխատանքներ ունիս, հաւաքէ՛, տար իրեն ցոյց տուր: Հետը յարգանքով խօսէ, պատկառելի անձ է: Մաքուր հագուստներ հագի՛ր, արտաքինիդ ուշադրութի՛ն դարձուր:

Որոշուած օրը գացի: Ժամէ մը աւելի հարցաքննելէ ետք զիս, Գաբրիէլ էֆէնտին յաջորդ շաբթուան մէջ ժամադրութիւն տուաւ: Քանի մը անգամ այսպէս տեսակցութիւններ ունենալէ ետք հետս, յայտնեց թէ Կարինի Սանասարեան վարժարանին համար հայերէնի ուսուցիչի կարիք կայ եւ թելադրեց գրաբար դիմում մը գրել Կարապետ Եզեանցին, որ Սանասարեանի բարերարն էր: Դիմումը գրեցի եւ ատեն մը ետք պատասխան ստացայ: Ընդունուած էի իբրեւ գրաբարի ուսուցիչ, ամսական 8 ոսկի վճարով: Իբրեւ ճանապարհածախս պիտի ստանայի 10 ոսկի: Ուրախութիւնս մեծ էր. բարձր ռոճիկ ունէի, պատուաւոր տեղ պիտի երթայի:

Մտադրեցի ամբողջ տարին դրամ խնայել եւ յաջորդ տարի երթալ Փարիզ ուսանելու:

Ինքնութեան թուղթս առի եւ գացի Բարձրագոյն դուռ՝ անցագիրի դիմում ներկայացնելու: Պաշտօնեաները առին ինքնութեան թուղթս, երեսիս նայեցան եւ հարցուցին.

-Դուք 18 տարեկա՞ն էք:

-Այո:

-18 տարեկան էք, հա՞,- ըսին հեգնանքով: Ինքնութեան թուղթս կեղծ կը համարէին, որովհետեւ աւելի մեծ կը կարծէին զիս:

Հեռուն, սրահին խորը, ծեր մարդ մը նստած էր: Ի նպաստ ինծի միջամտեց.

-Նորածիլ մօրուքին մի՛ նայիք. անպայման ուսուցիչ կամ քահանայ ըլլալ կ՚ուզէ եւ մօրուք ձգեր է: 18 տարեկանէն աւելի չի կրնար ըլլալ:

Անցագիրս պատրաստեցին: 16 Յուլիս 1894-ին մեկնեցայ Տրապիզոն, ուր հասայ 3 օրէն: Յետոյ կարաւանով ճամբայ ինկայ դէպի Կարին եւ տեղ հասայ 10 օրէն: Կարին մնացի տարի մը:

Դպրոցի վարչութիւնը առանձին սենեակ յատկացուց ինծի եւ կարգադրեց որ դպրոցը ճաշեմ: Ամսականէս 2 ոսկի կրճատեցին այս նպատակով: Այսպէսով ես տնային հոգերէն բոլորովին ազատ մնացի եւ ամբողջովին նուիրուեցայ սորվելու եւ սորվեցնելու աշխատանքին: Օրուան բոլոր ժամերուն համար դասացուցակ մը կազմած էի եւ պարտաճանաչ աշակերտի պէս կը հետեւէի անոր, լեզուներ կը սորվէի եւ բանասիրական աշխատանքներ կը կատարէի:

Կեդրոնականի աշակերտ եղած ատենս կազմած էի արդէն հայերէն արմատներու ամբողջական ցանկը: Զանազան աղբիւրներէ գտնելով հայերէնին համապատասխան օտար ձեւերը աւելցուցի անոնց վրայ: Յետոյ, նոր բառարաններ կարդալով, նոր համեմատութիւններ ալ գտայ: Ի վերջոյ ունեցալ 300 էջնոց արմատական բառարան մը: Սանասարեան վարժարանը ունէր 40 ձեռագիր հատորներ: Անմիջապէս սկսայ կազմել անոնց ցուցակը եւ իբրեւ առաջնորդ ունեցայ «Հանդէս Ամսօրեայ»ի մէջ տպուած ձեռագիրի նկարագրութիւններ:

Իբրեւ ուսուցիչ շատ պարզ եւ ընկերական էի: Տեսուչները -Սանասարեանը 3 տեսուչ ունէր - նկատելով որ ես մեծ աշակերտներուն վրայ ազդեցութիւն չեմ կրնար ունենալ, որոշեցին աւելի տարիքոտ հայկաբան ուսուցիչ մը ունենալ եւ հրաւիրեցին Յակոբ Գուրգէնը: Բարձր դասարանները յանձնեցին անոր, փոքր դասարանները ձգեցին ինծի: Ունէի նաեւ հայոց պատմութեան դասեր, բայց գաղտնի, որովհետեւ պետութիւնը արգիլած էր: Շաբաթը երկու օր ալ վերակացուի պաշտօն ունէի: Խնդրեցի, որ գեղագրութեան դասերն ալ ինծի տան: Այդ ժամերը կ՚օգտագործէի ուղղագրութիւն սորվեցնելու համար: Այդ ժամանակ ես գտած էի ուղղագրական քանի մը օրէնքներ. Ե-ի եւ է-ի օրէնքը, րէ-էն եւ ղատ-էն ետք ջ, իսկ ռա-էն եւ խէ-էն ետք չ գրելու օրէնքը, է-ի, վ-ի, ու-ի կանոնները: Օրինակներ կու տայի արտագրելու եւ օրէնքը կը բացատրէի:

Կարին կեցութեանս ընթացքին աղիքներու բորբոքում ունեցայ եւ ծանրօրէն հիւանդացայ: Ինձմէ գաղտնի կը պահէին, բայց յետոյ իմացայ, որ վիճակս անյուսալի եղած է: Հիւանդանոցին մէջ սենեակ մը յատկացուցին ինծի, ուր ամբողջ ամիս մը պառկեցայ: Զիս դարմանող բժիշկը Տիգրան Բրուտեանն էր, Սանասարեան վարժարանի դեղագործը:

Անմոռանալի է տեսուչ Աբուլեանի կնոջ՝ տիկին Նուարդի վերաբերումը: Վստահ ըլլալով որ ես անպայման պիտի մեռնիմ՝ կը մտածէր վերջին օրերս իր անուշ խօսքերովը քաղցրացնել: Ամէն օր, եւ օրական քանի մը անգամ, կ՚այցելէր ինծի: Աղէկնալէս ետք ալ ոչ ոք զգուշացուց զիս թէ ծանր բաներ պէտք չէ ուտեմ, օր մը լաւ ապուխտ կերայ: Յաջորդ օրը հիւանդութիւնը կրկնուեցաւ: Նոյն դարմանումը եւ տիկին Նուարդի նոյն գուրգուրանքը փրկեցին զիս:

Վերադարձի օրերս երբ մօտեցան, սկսայ մտահոգուիլ աշխատութիւններուս համար: Թրքական գրաքննութիւնը ամէն թուղթի կտորէ կը կասկածէր: Սանասարեանի ձեռագիրներու ցուցակը թղթատարով ուղարկեցի Վիեննա եւ տեղ հասաւ: Բայց բառարանին վրայ կը դողայի: Կրնար կորսուիլ: Որոշեցինք ընդօրինակուած օրինակ մը ունենալ անկէ: Մտերիմ աշակերտներ մասերու բաժնեցին բառարանս եւ սկսան արտագրել: Կարծեմ մէկ օրուան մէջ գործը վերջացուցին: Մէկ օրինակը հետս առի, միւս օրինակը թղթատարով ուղարկեցի Պոլիս:

1895-ի ամառը դարձեալ Պոլիս էի: Երկու տարի աշխատելով բաւական գումար խնայած էի: Կրնայի անով երկու տարի ապրիլ Փարիզ: Երրորդ տարուան գումարը պիտի տար ընկերս՝ Համբարձում Թոռնեանը, որ երկու տարիէն Երկրագործական վարժարանը աւարտած պիտի ըլլար եւ լաւ ռոճիկով պաշտօնի մտած:

Պատրաստուեցայ Փարիզ մեկնելու:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2020