ՍԻՊԻԼԻՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլի արձանագրած վերելքը կը շարունակէ արձագանգ գտնել զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Վերջին օրերուն «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի երաժշտական քննադատ Նայիմ Տիլմէնէր դրուատիքով արտայայտուեցաւ Սիպիլի մասին։

Նայիմ Տիլմէնէր հինգ աստղով գնահատած է Սիպիլի՝ մեներգիչ Անտրէ Սիմոնեանի հետ մեկնաբանած «Քեզ եմ երգելու» երգը։ Յօդուածագիրը Սիպիլի մասին արտայայտուած է ըստ հետեւեալի. «Մաքրամաքուր, իւրայատուկ ձայն մը, որ առաջին անգամ լսողը, կարծես, կը բարձրացնէ վեր՝ ամպերու վրայ…»։

Նայիմ Տիլմէնէր ընդգծած է, որ Սիպիլ հասած է Ֆէրիգիւղի Վարդանանց երգչախումբի շարքերէն։ Ան վերյիշած է նաեւ «Աթաթիւրք» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երգչախումբի ունեցած ելոյթներէն մին, որու ընթացքին Սիպիլ որպէս երգակից հանդէս եկած էր յայտնի անունի մը՝ Նիւքհէթ Տուրուի հետ։ Յօդուածագիրը նշած է, որ Սիպիլ ներկայիս միջազգային իրերայաջորդ փառատօններու կը մասնակցի եւ արտասահմանի մէջ երաժշտասէրներու մեծ հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2017