Ո՛չ պատերազմին, ո՛չ արիւնաՀեղութեան

7 Հոկ­տեմ­բեր, 2016-ին, Ե­րե­ւա­նի Զուարթնոց օ­դա­կա­յա­նին մէջ վայ­րէջք կա­տա­րեց Fly Dubai օ­դա­յին ըն­կե­րու­թեան օ­դա­նա­ւը, որ ի թիւս այլ ու­ղե­ւոր­նե­րու, Ե­րե­ւան կը հասց­նէր ե­րեք հա­լէ­պա­հայ ըն­տա­նիք­ներ, ո­րոնք պա­տե­րազ­մի սար­սափ­նե­րը շալ­կած նախ Լի­բա­նան, ա­պա Հա­յաս­տան հա­սան… Քէ­հէեան, Գաս­պա­րեան եւ Ժամ­կո­չեան ըն­տա­նիք­նե­րու յու­զու­մը նկա­տե­լի էր ոչ միայն զա­նոնք դի­մա­ւո­րող­նե­րու, այ­լեւ՝ նոյ­նիսկ օ­դա­կա­յա­նի սպա­սաս­րա­հին մէջ կանգ­նող բո­լոր մար­դոց հա­մար: Օ­դա­կա­յա­նին մէջ զա­նոնք կը դի­մա­ւո­րէին ծա­նօթ­ներ ու ազ­գա­կան­ներ, «Հա­լէ­պ» հայ­րե­նա­սի­րա­կան, բա­րե­սի­րա­կան, հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան  ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ո­րոնք ալ հո­գա­ցած էին ա­նոնց միա­կող­մա­նի տոմ­սի նիւ­թա­կան ծախ­սե­րը:

Սեպ­տեմ­բե­րի 30-էն ի վեր Հա­լէ­պի մէջ պա­տե­րազ­մա­կան սրուած ի­րա­վի­ճա­կէն ետք այս ե­րեք ըն­տա­նիք­նե­րը Հա­լէ­պէն Հա­յաս­տան ոտք դնող ա­ռա­ջին ան­ձերն են, ո­րոնք ան­ձամբ կրցան պատ­մել այն սար­սափ­նե­րը, ո­րոնք Հա­լէ­պի բնակ­չու­թեան հետ ապ­րե­ցաւ տե­ղւոյն հա­յու­թիւ­նը: Մէկ շաբ­թուան ըն­թաց­քին հա­լէ­պա­հայ հա­մայն­քը եօ­թ զոհ եւ տա­սնէ ա­ւե­լի վի­րա­ւոր­ներ ու­նե­ցաւ, քան­դում­ներ ու նիւ­թա­կան զգա­լի կո­րուստ­ներ: Ե­ղան մար­դիկ, ո­րոնք վայր­կեա­նի մը մէջ կորսն­ցու­ցին ըն­տա­նի­քի ան­դամ­ներ, նաեւ՝ տուն ու խա­նութ եւ ի­րենց զա­ւակ­նե­րու կեան­քին գնով, ցա­ւօք այս­պէս վճա­րե­ցին Հա­լէպ մնա­լու եւ դի­մա­նա­լու գի­նը:

2011 թուա­կա­նէն ի վեր Սու­րիոյ մէջ ծայր ա­ռած պա­տե­րազմն ու ա­նոր պատ­ճա­ռած մարդ­կա­յին ու այլ կո­րուստ­նե­րը գրա­ւած են ամ­բողջ աշ­խար­հի ու­շադ­րու­թիւ­նը, մերթ ընդ մերթ նաեւ հա­յու­թեան հա­յեաց­քը ամ­բող­ջու­թեամբ կ­­՚ուղ­ղուի դէ­պի Հա­լէպ, որ կը կրէ պա­տե­րազ­մի ա­մե­նէն ծանր հա­րուած­նե­րը. ա­ւե­լի քան չորս տա­րիէ ի վեր հա­յաբ­նակ շրջան­նե­րը կը յայտ­նուին կրա­կի տակ:

Այ­սօր նոյն­պէս հա­յու­թեան հա­յեաց­քը ուղ­ղուած է դէ­պի Հա­լէպ: Սպա­սու­մով, յու­զու­մով, սրտի թրթի­ռով, յա­ճախ՝ ան­կա­րո­ղու­թեան ան­յու­սա­լի զգա­ցու­մով… Զա­նա­զան հար­թակ­նե­րու վրայ, մա­մու­լի է­ջե­րուն մէջ, սրճա­րան­նե­րու հան­դի­պում­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն կամ պար­զա­պէս իբ­րեւ ա­ռօ­րեայ մտա­հո­գու­թիւն, կը քննար­կուի Սու­րիա մնա­ցած հա­յու­թեան ճա­կա­տա­գի­րը՝ ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ Մայր Գա­ղութ կո­չուող սու­րիա­հայ հա­մայն­քը: Ար­դեօք ճի՞շդ է հա­յե­րը տե­ղա­փո­խել ի­րենց ապ­րած վայ­րէն, թէ՞ պար­զա­պէս հե­ռուէն կամ մօ­տէն հե­տապն­դել զա­նոնք, որ­պէս­զի դի­մա­նան պա­տե­րազ­մի չար­չա­րանք­նե­րուն, մին­չեւ ա­ւար­տի ա­ղէ­տը եւ սու­րիա­հա­յու­թիւ­նը շա­րու­նա­կէ իր նախ­կին կեան­քը: Բայց ե՞րբ կ­­՚ա­ւար­տի պա­տե­րազ­մը... Կ­­՚ե­րե­ւի՞ ար­դեօք վերջ մը, յու­սադ­րող, լոյս ցոյց տուող վերջ մը... Այս պա­հուն նոյ­նիսկ փոր­ձա­ռու վեր­լու­ծա­բան­ներ շուա­րած են այս հար­ցում­նե­րուն առ­ջեւ: Կեան­քը՝ իր դա­ժա­նու­թեամբ, պա­տե­րազ­մը իր օ­րէնք­նե­րով վա­ղուց յաղ­թած է տե­սա­կան ու վեր­լու­ծա­կան բո­լոր միտ­քերն ու կան­խա­տե­սում­նե­րը:

 Սու­րիոյ մէջ, այ­սօր, ոչ-պաշ­տօ­նա­կան տուեա­լներով 20 հա­զար հայ կայ, ո­րոնց­մէ 6-7 հա­զա­րը Հա­լէ­պի մէջ են, իսկ մնա­ցեա­լը կը բնա­կին այլ քա­ղաք­նե­րու եւ շրջան­նե­րու մէջ՝ ինչ­պէս Դա­մաս­կոս, Թար­թուս, Լա­թա­քիա, Քե­սապ եւ այլուր: Ըստ Սու­րիոյ Խորհր­դա­րա­նի հա­յազ­գի ե­րես­փո­խան Ժի­րայր Ռէի­սեա­նին՝ Հա­լէ­պի մէջ հա­յու­թիւ­նը պատ­րաստ չէ ամ­բողջո­վին տե­ղա­հանուիլ եւ տե­ղա­փո­խուիլ Հա­յաս­տան: Այս միտ­քը Ժի­րայր Ռէի­սեան ար­տա­յայ­տած է օ­րերս մա­մու­լին տուած իր հար­ցազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին, նշե­լով, որ հա­կա­ռակ հրթի­ռա­կո­ծում­նե­րուն եւ զո­հե­րուն, սու­րիա­հա­յե­րը խու­ճա­պի մէջ չեն, եւ ա­նոնք ո­րոնք կ­­՚ու­զեն Հա­յաս­տան եր­թալ՝ կ­­՚եր­թան, ա­ռանց ոե­ւէ խո­չըն­դո­տի: Զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով ալ սու­րիա­կան հա­մայն­քա­յին ղե­կա­վար­ներ ար­տա­յայ­տուած են, որ սու­րիա­հա­յու­թեան տարհ­ան­ման ծրագ­րեր չու­նին, եւ սու­րիա­հա­յու­թիւ­նը պէտք է շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ հա­մայն­քին մէջ, պա­հե­լով հա­մայն­քա­յին կա­ռոյց­ներն ու կի­սե­լով սու­րիա­կան հայ­րե­նի­քի այս օ­րե­րու ճա­կա­տա­գի­րը, այն­պէս ինչ­պէս կի­սած է լաւ ու բա­րե­բեր օ­րե­րուն:

Մէկ կող­մէն կ­­՚ու­րա­խա­նաս, մէկ կող­մէն ալ կը զար­մա­նաս, թէ ինչ­պէ՞ս այ­սօր ա­ղէ­տա­հար Հա­լէ­պի մէջ կը շա­րու­նա­կեն գոր­ծել ազ­գա­յին, հա­մայն­քա­յին, միու­թե­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներն ու կա­ռոյց­նե­րը: Մար­դիկ սու­գէն ել­լե­լով, կը տօ­նեն ի­րենց ու­րախ ա­ռիթ­նե­րը: Նոյ­նիսկ օ­րերս Թարգ­ման­չաց տօն նշած են փլած քա­ղա­քին մէջ, «Գան­ձա­սա­ր­»ի յա­ւե­լուած ման­կա­պա­տա­նե­կան «ԿԿՈ­Ւ»ն հ­­րա­տա­րա­կուած է՝ Կեան­քը կը շա­րու­նա­կուի...

Հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի մօտ Հա­լէ­պի գլխա­ւոր հիւ­պա­տո­սու­թեան ձե­ռամբ, Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ պա­տուոյ գի­րով պար­գե­ւատ­րուե­ցան հա­լէ­պա­հայ վար­ժա­րան­նե­րու կրթա­կան մշակ­ներ եւ վար­չա­կան ծա­ռա­յող­ներ։

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը նոյն­պէս, ինչ­պէս կը տե­ղե­կա­նանք զա­նա­զան պաշ­տօ­նեա­նե­րու յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէն, սու­րիա­հա­յու­թեան զան­գուա­ծա­յին տե­ղա­փոխ­ման ծրա­գիր չու­նի, սա­կայն պատ­րաստ է ա­ջակ­ցիլ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք կը փա­փա­քին Սու­րիա­յէն հե­ռա­նալ եւ նոյ­նիսկ կը քա­ջա­լե­րեն հե­ռա­նա­լու ո­րո­շու­մը առ­նե­լէ ետք փո­խադ­րուիլ Հա­յաս­տան եւ ոչ մէկ այլ երկ­րի գաղ­թա­կա­նա­կան ճամ­բայ բռնել:

Հա­մայն­քին կառ­չած մնա­լու եւ կեան­քը ա­մէն գնով շա­րու­նա­կե­լու յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներն ու տա­րա­ծուող միտ­քե­րը, կոչե­րը, ցան­կու­թիւն­ներն ու փա­փաք­նե­րը թէ՛ հա­լէ­պա­հայ ո­րոշ շրջա­նակ­նե­րու եւ թէ՛ Հա­յաս­տա­նի մէջ բուռն քննարկում­նե­րու տե­ղի կու տան՝ ար­դեօք ճի՞շդ է ի գին հա­մայն­քա­յին կա­ռոյց­նե­րու պահ­պան­ման մար­դոց քա­ջա­լե­րել ապ­րիլ կրակնե­րու տակ, թէ՞ ա­ւե­լի ճիշդ կ­­՚ըլ­լար ազ­գա­յին տարհ­ան­ման ծրա­գիր մը մշա­կե­լով՝ ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը գա­ղու­թէն հա­նել եւ փո­խադ­րել ա­ւե­լի ա­պա­հով վայ­րեր, ուր սու­րիա­հա­յու­թիւ­նը, իր ա­մուր ու­ժե­րուն եւ ի­մաստ­ու­թեան ա­պա­ւի­նե­լով, կրնայ նո­րէն ոտ­քի կանգ­նիլ ու շէնց­նել ո՛ւր որ գտնուի:

Հա­լէ­պա­հա­յու­թիւ­նը ար­դէն կը փո­խադ-րըւի զա­նա­զան քա­ղաք­ներ՝ Դա­մաս­կոս, Լա­թա­քիա, Թար­թուս, բայց ինչ­պէս պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քը ցոյց կու տայ, այ­սօր Սու­րիոյ մէջ ա­պա­հով չէ ո՛չ մէկ քա­ղաք եւ ո՛չ մէկ ե­րաշ­խիք կայ, որ տագ­նա­պը չի հաս­նիր նաեւ այլ վայ­րեր:

Սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մը սկսե­լուն պէս Սու­րիա­յէն հե­ռա­ցած հա­յերն ալ զա­նա­զան դժուա­րու­թիւն­ներ կը դի­մագ­րա­ւեն ի­րենց գտնուած վայ­րե­րուն մէջ՝ Հա­յաս­տան, Գա­նա­տա կամ այլ եր­կիր­ներ: Այն­պէս չէ, որ պա­տե­րազ­մի սար­սափ­նե­րէն ու զո­հուե­լու հե­ռան­կա­րէն ա­զա­տի­լը ա­մէն ինչ է: Ա­նոնք ալ ու­նին աշ­խա­տան­քի, օ­րուան հա­ցի, կրթու­թեան հար­ցեր, եւ ա­մե­նէն կա­րե­ւո­րը՝ ա­պա­գա­յի ա­նո­րո­շու­թիւ­նը կը դի­մագ­րա­ւեն:

Մա­մու­լի մէջ տպագ­րուող յօ­դուած­նե­րը, կար­ծիք­նե­րը, ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու վրայ ե­րեւ­ցող գրա­ռում­ներն ու մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը, հե­ռա­տե­սի­լէն հնչող կո­չերն ու վեր­լու­ծում­նե­րը այ­սօր սու­րիա­հա­յու­թեան ընդ­հա­նուր վի­ճա­կը ցոյց կու տան, եւ թաքց­նե­լու ոչ մէկ բան կայ:

Գա­ղու­թին մէջ կան ա­նա­պա­հով խա­ւեր, ո­րոնք ի­րենց գո­յու­թեան մի­ջոց­նե­րը ար­նա­քա­մող պա­տե­րազ­մին հետ միա­սին սպա­ռած են, կան հա­րուստ­ներ, ո­րոնք վա­ղուց դուրս ե­լած են հա­մայն­քէն, կան նաեւ հոն մնա­ցող­ներ, ո­րոնք ի­րենց մնա­լը կ­­՚ար­դա­րաց­նեն ա­մէն ձե­ւով եւ ա­մէն մար­դէ կը խնդրեն չմի­ջամ­տել ու խելք ու ճամ­բայ ցոյց չտալ:

Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի մա­մու­լը, հա­յաս­տա­նեան եւ սփիւռ­քեան միւս լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը ի­րենց դռնե­րը բա­ցած են սու­րիա­հա­յու­թեան վե­րա­բե­րող հար­ցազը-րոյց­նե­րու, յօ­դուած­նե­րու, գրա­ռում­նե­րու հա­մար: Կը ներ­կա­յաց­նենք ծաղ­կա­քաղ մը՝ այս օ­րե­րուն ա­մե­նէն շատ քննար­կուած յօդուած­նե­րէն:

Եւ ա­ւելց­նենք, որ ինչ ալ ըլ­լան կան­խա­տե­սում­նե­րը այդ յօ­դուած­նե­րուն եւ ե­լոյթ­նե­րուն, ինչ­պէս ալ հնչեն ո­մանց մե­ղադ­րանք­նե­րը, ան­գոր­ծու­թեան մա­սին տե­սա­կէտ­նե­րը, կամ կա­տա­րուած գոր­ծե­րու մա­սին գնա­հա­տա­կան­նե­րը, բո­լո­րին եզ­րա­յան­գու­մը մէկ է՝ ո՛չ պա­տե­րազ­մին եւ ո՛չ ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեա­ն:

ՇԱ­ՀԱՆ ԳԱՆ­ՏԱ­ՀԱ­ՐԵԱՆ

Մինչ, պա­տե­րազ­մի կի­զա­կէ­տին յայտ-նըւած Հա­լէ­պի մէջ, հա­մե­մա­տա­կան խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման ա­ռըն­թեր կը շա­րու­նա­կուի կազ­մա­կերպ կեան­քը հո­գե­ւոր, միու­թե­նա­կան, կազ­մա­կեր­պա­կան մա­կար­դակ­նե­րու վրայ: Երբ ող­բե­րու շար­քին միա­ցող­ներ «Հա­լէպ մարդ չէ մնա­ցա­ծ» յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դնեն, պէտք է տես­նեն նաեւ այս ի­րա­կա­նու­թիւ­նը. ա­մե­նէն ցու­ցիչ եւ ա­մե­նէն ա­ռար­կա­յա­կան թի­ւը միա­ւո­րուած դպրոց­նե­րու ա­շա­կեր­տու­թեան թիւն է, որ տրա­մա­բա­նա­կան թի­ւով բազ­մա­պատ­կուե­լու պա­րա­գա­յին, ճիշդ է՝ կը շեշ­տէ նօս­րա­ցու­մը, բայց կը շրջէ նաեւ քա­ղա­քին ա­մա­յա­ցած ըլ­լա­լը:

Մնա­ցող­նե­րը ու­նին ի­րենց ո­րո­շում­նե­րուն տար­բեր շար­ժա­ռիթ­նե­րը:

Ա­նոնք, ո­րոնք խո­րա­պէս հա­մո­զուած են, որ ի­րենք պէտք է շա­րու­նա­կեն կառ­չած մնալ ի­րենց ծննդա­վայ­րին:

Ա­նոնք, ո­րոնք կա­լուած­նե­րու եւ ինչ­քե­րու տի­րու­թիւն ը­նե­լու պար­տա­ւո­րու­թեան տակ են:

Ա­նոնք, ո­րոնք սու­րիա­կան բա­նա­կին մէջ ծա­ռա­յող զա­ւակ ու­նին:

Ա­նոնք, ո­րոնք տա­րեց եւ տե­ղա­փո­խու­թեան ի վի­ճա­կի չե­ղող պա­րա­գա­ներ ու­նին:

Ա­նոնք, ո­րոնք ո­րե­ւէ հնա­րա­ւո­րու­թիւն չու­նին:

Այս շար­ժա­ռիթ­ներն ալ պէտք է նկա­տի ու­նե­նան իբ­րեւ տրա­մա­բա­նա­կան ի­րա­կա­նու­թիւն՝ «ին­չո՞ւ տա­կա­ւին հոն կը մնա­ք»ի տե­սա­կէ­տը քա­րո­զող­նե­րը: Իսկ «ին­չո՞ւ տա­կա­ւին գա­ղու­թը կը պա­հէ­ք» ը­սող­նե­րը եւս կրնան պատ­կե­րաց­նել, որ հա­մայն­քի մնա­ցոր­դա­ցը ամ­բողջ կա­րա­ւան­նե­րով, օ­դա­նա­ւե­րով տար­հա­նե­լը նոյ­նիսկ ե­թէ ո­րո­շուի, ա­պա ի­րա­կա­նաց­նե­լը ի­րա­տե­սա­կան չէ, պարզ այն պատ­ճա­ռով, որ մար­դիկ, կամ առ­նուազն ո­րո­շա­կի հա­տուած մը ի­րենց կամ­քով ո­րո­շած են մնալ: Հե­ռու չէ հա­մո­զիչ ըլ­լա­լէն նաեւ այն տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը, որ այլ եր­կիր մեկ­նե­լու մի­ջո­ցի կա­րե­լիու­թիւն չու­նե­ցող­նե­րը նման ճգնա­ժա­մե­րուն կրնան տե­ղա­փո­խուիլ սու­րիա­կան ծո­վե­զե­րեայ քա­ղաք մը կամ Քե­սապ, ուր ան­պայ­ման տեղ­ւոյն հայ հա­մայն­քի դա­սա­ւո­րում­նե­րը ան­պատս­պար չեն ձգեր ե­կող­նե­րը, ինչ­պէս ը­րին Լա­թա­քիոյ ազ­գա­յին մար­մին­նե­րը քե­սա­պա­հա­յու­թեան:

Սու­րիոյ Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի ղե­կա­վար, Վե­րա­պա­տուե­լի Յա­րու­թիւն Սե­լի­մեա­նի հար­ցազ­րոյ­ցէն

Դժբախ­տա­բար, ռու­սա­կան եւ ա­մե­րի­կեան կող­մե­րուն մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը իր ժխտա­կան անդ­րա­դար­ձը ու­նե­ցաւ: Թէեւ չենք կրնար ը­սել, թէ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ո­րոնք մե­զի ան­յայտ են, ինչ տե­ղի ու­նե­ցած է, բայց այդ ա­մե­նէն տու­ժած է Հա­լէ­պի բնակ­չու­թիւ­նը՝ ա­ռանց խտրա­կա­նու­թեան: Քրիս­տո­նեայ, մահ­մե­տա­կան, ա­րաբ, հայ, բո­լո­րը ճգնա­ժա­մի մէջ են եւ ա­հա­զանգ կը հնչեց­նեն ա­րար աշ­խար­հին, յատ­կա­պէս՝ հզօր պե­տու­թիւն­նե­րուն եւ մար­դա­սի­րա­կան, մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ ՄԱ­Կ­-ի այն յանձ­նա­խում­բե­րուն, ո­րոնք մար­դոց ի­րա­ւունք­նե­րու հար­ցե­րով կը զբա­ղին: Այս քա­նի մը ա­միս­նե­րուն ա­րիւ­նա­լի ի­րա­կա­նու­թիւն կ­­՚ապ­րի Հա­լէ­պի ժո­ղո­վուր­դը, իսկ ա­նոնք ոչ մէկ անդ­րա­դարձ կը կա­տա­րեն, ո­րե­ւէ յայ­տա­րա­րու­թեամբ հան­դէս կու գան: Ինչ կը վե­րա­բե­րի հայ­կա­կան հա­մայն­քին, ա­պա այ­սօր քիչ մը յու­սալ­քուած է, որ բնա­կան է, ո­րով­հե­տեւ տուինք բազ­մա­թիւ զո­հեր եւ վի­րա­ւոր­ներ, ամ­բող­ջու­թեամբ փուլ ե­կան տու­ներ, շէն­քեր, խա­նութ­ներ ու գոր­ծա­տե­ղի­ներ: Այս փլու­զում­նե­րը նաեւ հո­գե­կան ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցան մեր ժո­ղո­վուր­դին վրայ: Բայց ան­կախ այս ի­րա­կա­նու­թե­նէն, այ­սօր Հա­լէ­պի մէջ կը գտնուին քա­ղա­քին ու հա­մայն­քին կառ­չած մնա­լու կա­մե­ցո­ղու­թիւն ու­նե­ցող, կո­րի­զա­յին ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող ե­րի­տա­սարդ­ներ, ըն­տա­նիք­ներ: Եւ մեր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ա­նոնց նե­ցուկ կանգ­նե­լու, մեր ժո­ղո­վուր­դի կեն­ցա­ղա­յին կա­րիք­նե­րը հո­գա­լու մէջ է նաեւ:

ՄԱ­ՆՈՒԷԼ ՔԷ­ՇԻ­ՇԵԱՆ

Բան չմնաց գրե­լիք ո­րով­հե­տեւ այ­սօ­ր-ւան զո­հե­րուն կո­րուս­տը ան­ցեալ շա­բաթ սգա­ցած էինք, դեռ ա­միս­ներ ա­ռաջ, տա­րի­ներ ա­ռաջ սգա­ցած էինք մեր նա­խորդ զո­հե­րուն հետ, վա­ղուան եւ յա­ջոր­դե­լիք օ­րե­րու զո­հե­րուն ալ մա­հը ար­դէն շա­տոնց սգա­ցած ենք... ա­ռա­ջին զո­հե­րուն հետ...

Բայց սու­գը կար­ծես ան­վերջ է, ու օ­րե­րը ա­ռա­ւել գորշ գոյն կը ստա­նան, ինչ­պէս մատ­նան­շեց այ­սօ­րուայ հրա­ժեշ­տին խօսք առ­նող քա­հա­նայ հայ­րը՝ Օ­րե­րը սեւ են, դա­գաղ­նե­րը՝ ճեր­մակ...

Ա­յո՛ դա­գաղ­նե­րը ճեփ­ճեր­մակ են, սպի­տակ, ձիւ­նաս­պի­տակ, ինչ­պէս որ մեր ժո­ղո­վուր­դի՝ հայ ազ­գի հա­ւա­քա­կան հո­գիի սպի­տա­կու­թիւ­նը կ­­՚ար­տա­ցո­լէ, որ կազ­մուած է մեր շուտ ո­գե­ւո­րուող, շուտ հիաս­թա­փուող, վերս­տին հա­ւա­տա­ցող եւ միշտ կրկին ու կրկին ապ­րիլ տեն­չա­ցող հայ ան­հատ­նե­րու ման­կու­նակ հո­գի­նե­րու միա­ցու­մէն:

Այ­սօր հա­լէ­պա­հա­յու­թիւ­նը հրա­ժեշտ տուաւ իր զա­ւակ­նե­րէն ե­րե­քին: Չեմ հասկ­նար ին­չո՞ւ կ­­՚ը­սեմ հրա­ժեշտ տուաւ... մենք այ­սօր հո­ղին յանձ­նե­ցինք ե­րեք հա­յու մար­մին­ներ, ա­նոնց հետ նաեւ մենք թա­ղուե­ցանք. այս է դառն ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, եւ որ­քան ալ դառն ըլ­լայ այս ի­րա­կա­նու­թիւ­նը ի­րա­կա­նու­թիւն ըլ­լա­լէ չի՛ դադ­րիր...

Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու զան­գակ­ներ... լուռ ա­րա­րո­ղու­թիւն եւ թաղ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րող քա­հա­նայ հայ­րե­րու սա­ռած ձայն՝ Հայր մեր, Ի վե­րին Ե­րու­սա­ղէմ, Տէր Ո­ղոր­մեա՛…

Քա­նի­՞ե­րորդ թա­ղումն է մէկ շաբ­թուայ մէջ, եւ քա­նի­՞ե­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին պի­տի լսենք մեզ­մէ եր­բեք չբաժ­նուող մօր, քրոջ, կնոջ, նշա­նա­ծի, զա­ւկի սուր ճի­չը, բա­ռեր չպա­րու­նա­կող ա­ղա­ղա­կը, որ զո­հուած հա­րա­զա­տէն նախ կը պա­հան­ջէ չեր­թալ, չհե­ռա­նալ, հո­ղին չյանձ­նուիլ եւ ա­պա կը վե­րա­ծուի գո­ռո­ցի, ան­զուսպ բո­ղո­քի. Ին­չո՞ւ.... ին­չո՞ւ... ին­չո՞ւ...

ՅԱ­ԿՈԲ ՄԻ­ՔԱ­ՅԷ­ԼԵԱՆ

Այս քա­նի­՞ե­րորդ ան­գամն է, որ ծո­վու մա­կըն­թա­ցու­թեան նման խա­ղա­ղու­թեան յոյ­սե­րը ա­փե­րէն դուրս կ՚ել­լեն, եւ քիչ յե­տոյ ետ կը քա­շուին տե­ղա­տուու­թեան նման, ա­փե­րուն վրայ խաբ­կանք ու յու­սա­խա­բու­թիւն ձգե­լով: Վե՞ր­ջը… Հինգ տա­րիէ ի վեր կրկնուող այս ձա­խող ող­բեր­գա­կա­տա­կեր­գու­թեան ա­ւար­տը պի­տի չտես­նե՞նք, վա­րա­գոյ­րը պի­տի չիջ­նէ՞ այս հա­մայ­նա­կոր­ծան տրա­մա­յին վրայ. դեռ քա­նի՞ ա­րար կայ մին­չեւ ա­ւարտ. սա­թա­յե­լա-ծնունդ խո­հա­րար­նե­րուն ե­փած­նե­րուն ինչ ըլ­լա­լը ե՞րբ պի­տի գիտ­ցուի. իսկ որ ա­մե­նա­կա­րե­ւորն է, ին­չո՞ւ Հա­լէ­պի գլխուն վրայ պի­տի դառ­նայ վեր­ջին ա­րա­րը. վեր­ջի՞ն… նո­րէ՞ն ան­տե­ղի յոյս ու հա­ւատք:

Ու դեռ կը շա­րու­նա­կուին դուր­սէն թա­փող խրատ­նե­րը, մե­ղադ­րանք­նե­րը, ափ­սո­սանք­նե­րը…. Ձե­զի չը­սի՞նք ե­լէք, ո՞ւր են մեր ղե­կա­վար­նե­րը… հա­մայն­քա­պե­տեր, կու­սակ­ցա­պե­տեր­…Ին­չո՞ւ մե­զի մտիկ չը­րիք, մենք չը­սի՞նք, որ այս­պէս ու այն­պէս:

Գի­տէ՞ք, այս բո­լոր խօս­քե­րը սկսան դդու­մի համ տալ, նոյ­նիսկ վի­րա­ւո­րել մնա­ցող­նե­րուն ինք­նա­սի­րու­թիւնն ու ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը: Կար­ծէք խե­լա­ցին ի­րենք են, մտա­հո­գը՝ ի­րենք, քա­ղա­քա­կան խա­ղե­րէն հասկ­ցող­նե­րը՝ ի­րենք, հե­ռուն տես­նող­նե­րը՝ ի­րենք… իսկ դեռ Հա­լէպ մնա­ցող­նե­րը ան­խելք են, ան­հե­ռա­տես հա­ւա­տա­ցեալ­ներ, ի­րենց ան­միտ վար­քով մահուան դէմ գա­ցող­ներ…:

Ալ կը բա­ւէ՛, ժո­ղո­վո՛ւրդ, քիչ մը հաս­կա­ցո­ղու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­ցէք, յար­գե­ցէ՛ք մնա­ցող­նե­րուն ո­րո­շում­նե­րը: Հինգ տա­րի­նե­րը բա­ւա­կան չէի՞ն մար­դոց յու­շե­լու, թէ ին­չի՛ն հետ ինչ­պէ՛ս պի­տի վա­րուին: Վստահ ե­ղէք, շատ լաւ գի­տեն եւ ձեր սրտցաւ խոր­հուրդ­նե­րուն պէտք չու­նին. իւ­րա­քան­չիւ­րը իր պա­րա­գա­նե­րուն հա­մե­մատ կը շար­ժի, միայն եր­կու բան՝ կամ չեն կրնար, կամ չեն ու­զեր. եր­րորդ տար­բե­րակ չկայ եւ այս պա­րա­գա­յին ան­տե­ղի կեր­պով յան­ցա­ւոր փնտռե­լու չէ:

Ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը քննա­դա­տող­ներ մէյ մը թող այդ ղե­կա­վա­րի փշոտ ա­թո­ռին ի­րենք նստին ու նա­յիմ, թէ ի՛նչ պի­տի կա­րե­նան ը­նել. հա­րիւ­րա­մեայ գա­ղու­թի մը ճա­կա­տագ­րին հետ խա­ղալ չըլ­լար: Կը բա­ւէ որ­քան ան­համ ու ան­հիմն բա­ներ գրե­ցիք հոս ու հոն, քիչ մը զուսպ եւ զգօն ըլ­լանք ու ցա­ւող վէր­քին վրայ աղ չցա­նենք: Ոչ ոք հե­րո­սա­նա­լու մա­սին կը մտա­ծէ, ոչ ոք կեն­դա­նի նա­հա­տա­կի լու­սապ­սակ կ՚ակն­կա­լէ իր գլխուն:

Մէկ բան միայն, երբ օգ­նու­թեան կանչ լսենք, խօսք չթա­փենք մար­դոց գլխուն, պատ­րաստ ըլ­լանք կան­չին ար­ձա­գան­գե­լու գործ­նա­կա­նօ­րէն, ան­հա­տա­պէս, հա­ւա­քա­կան, պե­տա­կան… Մնա­ցեա­լը ոչ միայն ա­նօ­գուտ է, այ­լեւ վնա­սա­կար:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2016