160-ԱՄԵԱԿ ԳԷՈՐԳ (ԺՈՐԺ) ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ

Մենք՝ հայերուս համար խիստ նուիրական մականուն մըն է Ազնաւուրը: Ամբողջ աշխարհ գիտէ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրը, որուն փառքը կը շարունակուի նոյնիսկ իր մահէն ետք եւ հայ երգիչը այլեւս դասուած է աշխարհի անմահ մեծերու կարգին:

Բայց Ազնաւուր մականունը կրող կայ ուրիշ նշանաւոր հայ մը, որուն մասին քիչ տեղեկութիւններ յայտնի են: Ահաւասիկ, օրացոյցը կը յուշէ, որ 160 տարի առաջ Կ.Պոլսոյ մէջ ծնած է հայ բուսաբան Գէորգ Ազնաւուրը: Առցանց համայնագիտարանը (Ուիքիփետիան) ընդամէնը երկու տող ժլատ տեղեկութիւն կը հաղորդէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ծնած եւ մեծ ներդրում ունեցած հայ մասնագէտին մասին, որ իր կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, եղած է Ֆրանսայի Բուսաբաններու ընկերութեան անդամ, 1896-ին։ Նկարագրած է 93 անուն նոր բոյսեր եւ Կ.Պոլսոյ բուսաշխարհի ուսումնասիրութեան նուիրուած անոր ձեռագիր աշխատութիւնները կը պահուին Էտինպուրկի համալսարանի բուսաբանութեան բաժնին մէջ։

Այս աղքատիկ տեղեկութենէն զատ Գէորգ (Ժորժ) Վինսընթին մասին աւելին չգտանք հայկական նորագոյն աղբիւրներուն մէջ, օգնութեան հասան անցեալ դարու կէսին տպագրուած գիրքերն ու ամսագրերը, որոնք ժամանակին նիւթեր պատրաստած են Ազնաւուրին մասին, անդրադարձած անոր գիտական գործունէութեան եւ համաշխարհային գիտութեան մէջ ունեցած ներդրումին:

Մէկ բան պարզ է, որ Գէորգ Ազնաւուր իր կեանքը նուիրած է Կ.Պոլսոյ բուսաշխարհին, եւ այսօր բուսաբանութեան մէջ վաղուց արդէն ծանօթ շատ բուսատեսակներու առաջին նկարագրողը ինք է:

Ազնաւուրները առհասարակ, կը սերին Վրաստանէն, հին գերդաստանէ մը: Ծանօթ է, որ նոյն վայրէն կը սերի նաեւ Շարլ Ազնաւուրին հայրը՝ Միշա Ազնաւուրեան: Որեւէ տեղեկութիւն չկայ անոնց կապին մասին: Կը նշուի, որ Գէորգ Ազնաւուրին հօր անունը Վիգէն է եւ չի բացառուիր, որ օտար աղբիւրներու մէջ Ժորժ Վինսընթ Ազնաւուր անունով ծանօթ բուսաբանին Վինսընթ անունը կապ մը ունի հօր Վիգէն հայերէն անունին հետ:

Վիգէն Ազնաւուրեան (1807-1871թթ.) աշխատած է գանձապահ-հաշուակալ: 1849 թուականին ամուսնացած է Թագուհի Մարուշեանին հետ, որ Պոլսոյ նշանաւոր ընտանիքէ հայուհի մըն էր: Գէորգ եղած է անոնց աւագ զաւակը, ըստ եկեղեցական արձանագրութեան՝ Ազնաւուրեան: Իր կրթութիւնը ստացած է Կալաթասարայ լիսէն: Թրքերէնէ ու հայերէնէ զատ տիրապետած է ֆրանսերէնի, լատիներէնի եւ յունարէնի: Ան հետաքրքրուած էր աստղագիտութեան մէկ ճիւղով՝ աստղաբաշխութեամբ, կը սիրէր բուսաբանութիւնը, բայց նաեւ հետաքրքրութիւններ ունէր երաժշտութեան հանդէպ:

Հայկական «Կենսաբանական հանդէս»ը, 1970-ականներուն նիւթեր թարգմանած է Ֆրանսայի Բուսաբաններու ընկերութեան հրապարակած տեղեկագիրէն, ուրկէ կը գիտնանք, որ Գէորգ Ազնաւուր, 1885 թուականէն սկսեալ՝ 24 տարեկանին, սկսած է հաւաքել Կ.Պոլսոյ շրջակայքի բոյսերը եւ կազմած՝ չորցած բոյսերու գիրք մը:

Սէրը դէպի իր շրջապատի բուսաշխարհը զայն մղած է մէկ կողմէն հարստացնելու իր բուսարան հաւաքածոն, միւս կողմէն ձեռք ձգելու համապատասխան գրականութիւն եւ կարճ ժամանակուայ ընթացքին դառնալու հարուստ բուսարանի եւ գրադարանի տէր:

1896 թուականին Ազնաւուր անդամ կը դառնայ Ֆրանսայի Բուսաբաններու ընկերութեան, որ 1854 թուականին հիմնուած ընկերութիւն մըն է եւ մինչեւ օրս կը գործէ: Ազնաւուր այդ հեղինակաւոր կազմակերպութեան անդամ կը մնայ մինչեւ իր կեանքին վերջը:

Իր առաջին գիտական յօդուածը կը հրատարակէ այդ ընկերութեան տեղեկագրին մէջ: Ֆրանսայի Բուսաբաններու ընկերութիւնը կը թուայնացնէ իր տեղեկագրերը եւ ընկերութեան կայքէջին վրայ կարելի է տեսնել նաեւ Ազնաւուրի յօդուածներուն յղումները եւ մանաւանդ շեշտուած են այն նոր տեսակները, որոնք յայտնաբերած է ան:

1885 թուականէն մինչեւ իր մահը՝ 1920 թուականը, երեսունվեց տարի շարունակ, Ազնաւուր անընդմէջ աշխատած է: Կ.Պոլսոյ մէջ զայն կը ճանչնային եւ կը գնահատէին: Ան սերտ յարաբերութիւններ ունեցած է օտար բուսաբաններու հետ, նամակագրութիւն պահած է մանաւանդ եւրոպացի մասնագէտներու հետ, որոնց օրը օրին փոխանցած է իր նոր յայտնագործութիւններուն մասին:

Կը նշուի նաեւ, որ 1897-1915 թուականներու միջակայքին Գէորգ Ազնաւուր ոչ միայն Կ.Պոլսոյ շրջակայքի բուսական աշխարհը ուսումնասիրած է, այլեւ զանազան առիթներով այցելած է այլ վայրեր եւ զմայլած Քոնիայի, Մարզուանի, Ռիզէի, Վանի, Արարատի եւ Եգէական ծովու կղզիներու բուսականութեամբ եւ իր գիտական եզրակացութիւնները՝ տասնինն յօդուածներով, ֆրանսերէնով հրատարակած է Ֆրանսա, Հունգարիա, Զուիցերիա եւ Գերմանիա:

Ազնաւուրին յայտնաբերած 93 նոր բոյսերը բաղկացած են 44 նոր տեսակներէ, 4 նոր ենթատեսակներէ, 37 նոր տարատեսակներէ եւ 8 նոր ենթատարատեսակներէ: Տեղակագիրը կը նշէ, որ Ազնաւուրին անուանակոչած 44 նոր տեսակներէն 22-ը կը պատկանին Իսթանպուլի բուսաշխարհին, 9-ը՝ Վանի, 6-ը՝ Արարատի, 4-ը՝ Քոնիայի, 1-ը Տերենտէի, 1-ը՝ Մարզուանի շրջակայքին եւ 1-ն ալ՝ Սիրա կղզիին:

Իր գիտական գործունէութեան սկզբնական շրջանին ան նկատած է, որ Իսթանպուլի բուսականութիւնը գրեթէ չուսումնասիրուած, կուսական բնագաւառ մըն է, ուստի ան իր ամբողջ եռանդն ու կարողականութիւնը ներդրած է «Իսթանպուլի բուսաշխարհ» աշխատութեան հրապարակման:

Սակայն 11 նոյեմբեր 1920 թուականին, 59 տարեկանին, Ազնաւուր կը մահանայ եւ կիսատ կը մնայ գործը: Անոր շիրիմը կը գտնուի Իսթանպուլի Շիշլիի հայ կաթողիկէներու գերեզմանատան մէջ:

Հայաստանի «Կենսաբանական հանդէս»ը, Ազնաւուրին նուիրուած իր յօդուածին մէջ, հիմնուելով թրքական եւ ֆրանսական աղբիւրներու վրայ, կը գրէ, որ անոր մահէն ետք շատ տխուր ճակատագրի կ՚արժանանայ հայ երիտասարդ գիտնականին կողմէ ամբողջ կեանքին ընթացքին հաւաքուած չոր բոյսերու գիրքը: Նախ անոր բնակարանը կը զաւթուի եւ, իր ազգականներու վկայութեամբ, խնամքով եւ մասնագիտօրէն չորցուած 20 հազար բոյսերու պատկերագիրքը, անոր հարուստ գրադարանն ու հրապարակման համար գրեթէ պատրաստ «Իսթանպուլի բուսաշխարհը» ուսումնասիրութիւնը կը մնան այնտեղ: Ատկէ երկու տարի անց, «Magyar Botanikai Lapok» բուսաբանական ամսագիրը (Պուտափեշտ) հաղորդելով Ազնաւուրին մահուան մասին, կը գրէ, թէ Իսթանպուլի բուսական աշխարհին մասին անոր հինգ հատորանի աշխատութիւնը եւ 15 հազար նմոյշներէ կազմուած իրական բոյսերու գիրքը դարձած է Իսթանպուլի Ռոպերթ քոլէճին սեփականութիւնը:

1945 թուականին ֆրանսական բնագրին հիման վրայ կը սկսի հրատարակուիլ աշխատութեան թրքերէն թարգմանութիւնը:

Նոյն թուականին Իսթանպուլի համալսարանի բնագիտական-ուսողական բաժնի ամսագրին մէջ լոյս կը տեսնէ Ազնաւուրի աշխատութիւններէն մէկը՝ «Պողազիչիի ու անոր շրջակայքի բուսականութիւնը» խորագրով, բայց ցաւալիօրէն՝ այլ հեղինակի անունով: Յօդուածը ստորագրած էր Ազնաւուրի բարեկամներէն մին, որուն ան ժամանակին նուիրած էր բոյսերու օրինակներ, սակայն նոյն այդ յօդուածը 1918 թուականին Ազնաւուրի անունով ուրիշ ամսագրի մէջ տպուած էր, եւ 1918 թուականէն 27 տարի ետք տպուած յօդուածը այլ անունով վերատպելը կեղծարարութեան բացայայտ փաստ մըն է, որ ամրագրուած է գիտական աշխարհին մէջ:

Շատ տարիներ անց, Ազնաւուրի հաւաքած բոյսերը հանգրուանած են Էտինպուրկի համալսարաններէն մէկուն մէջ՝ Թուրքիոյ բուսականութիւնը ուսումնասիրող տոքթոր Տէյվիսի ու անոր աշխատակիցներու գիտական օճախէն ներս:

Երբեմն համացանցային գիտական էջերուն վրայ կը յայտնուին անոնց լուսանկարները, որոնց վրայ անպայման կցուած է Ժորժ Վինսընթ Ազնաւուր անունը: Բուսագիրքէն քանի մը լուսանկար կը ներկայացնենք նիւթին կից:

…ՆԱԵՒ ԳԱԲԻԿԵԱՆԸ

Գէորգ Ազնաւուրի անունն ու վաստակը ներկայացնելու զուգահեռ յիշենք նաեւ հայ նշանաւոր այլ բուսաբան մը՝ Կարապետ Գաբիկեանը, որուն 160-ամեակը նոյնպէս կը լրանայ այս տարի: Գաբիկեան եւ Ազնաւուր գործած են նոյն շրջանին եւ ուսումնասիրած՝ գրեթէ նոյն տարածքի բոյսերը եւ երկուքն ալ կեանքէն հեռացած են 1920-ականներուն, Ազնաւուր՝ 1920 թուականին, իսկ Գաբիկեան՝ 1925 թուականին: Սակայն, ի տարբերութիւն Ազնաւուրի, Գաբիկեան ազգագրագէտ եւ բառարանագիր մը ըլլալով, իր բոլոր ուսումնասիրութիւնները կապած է հայաշխարհին, հայ մշակոյթին եւ հայոց պատմութեան:

1912 թուականին «Իզմիրեան» գրական մրցանակը կը շնորհուի Կարապետ Գաբիկեանի «Հայ բուսաշխարհ» ձեռագիր աշխատութեան, որ երկար ժամանակ մնացած էր ձեռագիր վիճակի մէջ եւ միայն 1968 թուականին, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի նիւթական օժանդակութեամբ, Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբեանց տպարանին մէջ լոյս կը տեսնէ այդ մեծածաւալ աշխատութիւնը եւ իր արժանի տեղը կը գրաւէ հայ բուսանունները ներկայացնող այնպիսի պատմական երկերու կողքին, ինչպիսին Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի «Հայբուսակ»ն է:

Կարապետ Գաբիկեան ծնած եւ հիմնականօրէն գործած է Սեբաստիա: Իր կեանքի վերջին տասնամեակը անցուցած է Հալէպ, ապա Երուսաղէմ՝ աշխատելով հայկական դպրոցներու մէջ որպէս հայոց լեզուի, պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցիչ։

Հայ մշակոյթի ուսումնասիրման անոր շնորհակալ գործը մինչեւ այսօր ալ արժէքաւոր պատմական սկզբնաղբիւր է մասնագէտներուն համար, որոնք զանազան առիթներով իրենց ձեռքը կ՚առնեն ոչ միայն Գաբիկեանի «Հայ բուսաշխարհը», այլեւ՝ «Բառգիրք սեբաստահայ գաւառալեզուի» գիրքն ու ի վերջոյ անոր «Եղեռնապատում…»ը:

«Հայ բուսաշխարհը» կը ներկայացնէ հիմնականօրէն Սեբաստիոյ տարածքին աճող վայրի եւ մշակելի բոյսերու հայկական անուններու հաւաքածոյ: Բոյսերու անուններէն զատ գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ բոյսերուն առընչուող զանազան եզրոյթներ, ասոյթներ, բառեր, որոնք գործածուած են Սեբաստիոյ եւ անոր շրջակայքի գիւղերուն մէջ բնակող հայերուն կողմէ։

Գիրքին ներածական մասին մէջ Գաբիկեան մանրամասնօրէն կը նկարագրէ իր այդ աշխատութեան ստեղծման պատմութիւնը, գիրքը կազմելու հիմնական սկզբունքները, բոյսերու անուններուն ծագումն ու նշանակութիւնը եւ բազմաթիւ օրինակներ կը բերէ հին Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող ծառապաշտութեան եւ բուսապաշտութեան վերաբերեալ։

Աշխատութեան մէջ տեղ գտած են նաեւ բոյսերուն առընչուող ժողովրդական աւանդոյթներ, շատ լաւ նկարագրուած է Սվասի բնութիւնն ու եղանակը, որոնք կը նպաստեն, որ հոն բուսական աշխարհը բազմազան եւ ինքնատիպ ըլլայ:

Մասնագէտներ միշտ զարմանալի նկատած են այն հանգամանքը, որ մասնագէտ բուսաբան մը չըլլալով, Կարապետ Գաբիկան քաջօրէն գիտակցած է, որ միայն անունները թուարկելը բաւարար չէ եւ շրջած է գիւղերը, գրի առած նաեւ գիւղացիներուն կողմէ գործածուող անունները եւ ան նոյնպէս, ինչպէս Ազնաւուր, կազմած է բոյսերու հաւաքածոյ: Ֆրանսայէն ստացած գիրքերուն միջոցով ճշգրտած է այդ բոյսերուն լատիներէն եւ ֆրանսերէն անունները:

Հետաքրքրական հանգամանք մը. ինչպէս Ազնաւուր տպագրուած չտեսաւ իր «Իսթանպուլի բուսաշխարհը» գիրքը, այնպէս ալ Գաբիկեան իր կեանքին գործը տպագիր վիճակին մէջ չվայելեց: Բայց ի տարբերութիւն Ազնաուրին, որ ամուսնացած չէր եւ զաւակ չունէր, Գաբիկեանի ընտանիքը հետամուտ եղաւ այդ գործին եւ «Հայ բուսաշխարհը» հրատարակութեան պատրաստած եւ յառաջաբանն ալ գրած է իր որդին՝ Տ. Կիւրեղ Ծ. Վարդապետ Գաբիկեանը:

Հայ երկու բուսաբաններու ներդրումը մեծ է թէ՛ հայոց պատմութեան, թէ՛ համաշխարհային գիտութեան մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2021