ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ ԼԻԼԻԹ ԶՕՀՐԱՊԵԱՆ. «ԵՐԵԽԱՆԵՐԸ ԻՆԾԻ ՀԱՄԱՐ ՀԱՐԱԶԱՏ ԵՆ»
1990-ական թուականներէն սկսեալ՝ աշխարհի ամենահին ու յայտնի քաղաքներէն մին՝ Պոլիսը, որ Վոսփորի նեղուցով իրարմէ կը բաժնէ Եւրոպան ու Ասիան։ Այս քաղաքը ինչպէս բազմաթիւ ազգերը, այնպէս ալ իր գեղեցկութեամբ ու խորհրդաւորութեամբ դիւթած է հայաստանցիները։
Աւելի քան քսան տարի առաջ հայաստանցիները սկսան հաստատուիլ երբեմնի հայկական խոշոր մշակութային խառնարան հանդիսացող պատմական քաղաքի՝ Թուրքիոյ նախկին մայրաքաղաքի մէջ։ Մեծաւ մասամբ, յետպատերազմեան հոլովոյթին, կեանքի դժուար պայմաններն էին, որոնք ստիպեցին հայուն ժամանակաւորապէս կամ ընդմիշտ լքել հայրենի օրրանը։
Հանապազօրեայ հացի ետեւէն ինկած հայաստանցին հասաւ Պոլիս։ Սկսաւ կատա-րել զանազան աշխատանքներ՝ տան մաքրութիւն, ծերերու եւ երեխաներու խնամք, առեւտուր, գործաւորութիւն եւ այլն։ Սակայն, միշտ չէ, որ Պոլիսը իր գիրկը բացաւ մի միայն հայաստանցի գործաւորներուն առջեւ. բացառութիւններ ալ եղան։
Ոմանց սիրոյ թեւերը հասցուց Պոլիս, ոմանց կրթութեան ծարաւը, ոմանց ալ աշխարհ տեսնելու անյագ փափաքը։ Առաջին իսկ հայեացքէն, սիրոյ թեւերով Իսթանպուլ հասնողները գլխապտոյտ սիրահարուեցան ո՛չ միայն իրենց սիրեցեալներուն, այլեւ առինքնող քաղաքին։ Ահաւասիկ, անոնցմէ մին է Գարակէօզեան վարժարանի նորեկ անգլերէնի ուսուցչուհի՝ Լիլիթ Զօհրապեան, որ քանի մը տարի առաջ հաստատուեցաւ Պոլիս։
Եւ այսպէս՝ Լիլիթ Զօհրապեան ծնած է 18 մայիս 1991 թուականին, Երեւան։ Կարինէ Յարութիւնեան եւ Պետրոս Զօհրապեան ամոլի երկու զաւակներէն մին է Լիլիթը։ Ունի եղբայր մը՝ Վահէ։ Իր ծնողներու արմատները հօր կողմէ կը հասնին Հայաստանի Սիւնիքի մարզի Սիսիան քաղաք։ «Իմ հայրը եօթ տարեկան էր, երբ հանդերձ ընտանեօք Գորայք (Փազարչայ) գիւղէն փոխադրուեցան Երեւան։ Այնուհետեւ՝ Սպանտարեանի ջրամբարի կառուցման պատճառաւ՝ գիւղը 3 քիլօմեթր տեղափոխուեցաւ դէպի հիւսիս-արեւմուտք։ Փաստացի այսօր մեր գիւղին, մեր պապենական տան տեղը կառուցուած է ջրամբար», կը մէջբերէ Լիլիթ։ Մօր կողմէն արմատները կը հասնին Տաւուշի մարզի Սեւքար գիւղ։ Անոր նախնիները կը հանդիսանան հայրենի գիւղի հիմնադիրներէն մին։
Լիլիթ Զօհրապեան լեզուաբան մըն է։ Աւարտած է Երեւանի «Պրիւսով» լեզուաբանական համալսարանի անգլերէն բաժինը։ Կը տիրապետէ՝ ռուսերէն, անգլերէն եւ իտալերէն լեզուներուն։
IVS Եւրոպական կամաւորական ծրագրի շրջանակներէն ներս՝ որպէս կամաւոր, ութ ամիս աշխատած եւ ուսանած է Իտալիոյ մէջ։ Լեզուներու իմացութեան պատճառաւ իր առջեւ բացուեցան լայն դռներ։ Ունի աշխատանքային հարուստ փորձառութիւն։ Աշխատած է զանազան ասպարէզներու մէջ։ Որպէս ընկերային ցանցերու մասնագէտ, երկու տարի աշխատակցած է «Արմենիա» հեռուստաընկերութեան։ Այնուհետեւ՝ «AIESEC Armenia» ծրագրով աշխատանքի անցած է Թուրքիոյ մէջ։ Ներկայիս կը բնակի Պոլիս։
Ուրեմն անցնինք մեր զրոյցին։
-Սիրելի Լիլիթ, ինչպիսի՞ մանկութիւն ունեցաք։
-Կրնամ ըսել, թէ ես ունեցած եմ շատ ուրախ մանկութիւն։ Իմ մանկութեան ամենավառ յիշողութիւնները կապուած են Լոռիի մարզին։ Իմ մօրաքոյրը այնտեղ ունէր ամարանոց մը, ուր ես տասն տարի շարունակ կ՚անցընէի իմ ամառնային արձակուրդները։
-Կը պատմէ՞ք AIESEC ծրագրի մասին։
-Քանզի Հայաստանէն Թուրքիա աշխատանք գտնելը դիւրին գործ մը չէ, մասնաւորապէս ինծի պէս երիտասարդուհիի մը համար, որ բնաւ ծանօթ չէ Թուրքիոյ աշխատաշուկային. բաց աստի, պատկերացում չունիմ, թէ ինչպէս պիտի վստահիմ մարդոց։ Այդ իսկ պատճառաւ ես դիմեցի AIESEC ծրագրի օգնութեան, որ աշխարհի աւելի քան 120 երկիրներու մէջ ունի գրասենեակներ։ Ծրագիրը փորձի փոխանակման ապահով ու անվտանգ դաշտ կը ստեղծէ իր երիտասարդ անդամներուն համար։ Ծրագրի միջոցաւ ես աշխատանքի անցայ Իսթանպուլի տեղական մանկապարտէզներէն մէկուն մէջ, ուր աշխատեցայ մէկուկէս տարի։ Այնուհետեւ տարի մը աշխատեցայ քոլէճի մը մէջ։ Իսկ այս տարի սեպտեմբերէն սկսեալ՝ ի ուրախութիւն ինձ, որպէս անգլերէնի ուսուցչուհի աշխատանքի ընդունուեցայ Գարակէօզեան վարժարանին մէջ։
-Ո՞ր հովը ձեզ հասցուց Թուրքիա։
-Սէրը։ 2015 թուականին տեղի ունեցած Համահայկական խաղերու ընթացքին ծանօթացայ իմ խօսեցեալի՝ Շանթ Զինճիրի հետ։ Աւելի քան տարի մը մենք շփուեցանք համացանցի, տեսակապի միջոցաւ։ Քանի մը անգամ ես եկայ Պոլիս, իսկ ան՝ Երեւան։ Սակայն երկուստեք քաջ կը գիտակցէինք, որ հեռաւորութեան վրայ հնարաւոր չէ ձեւաւորել առողջ յարաբերութիւններ։ Մեզմէ մէկը ստիպուած էր զոհողութիւն ընել եւ լքել իր երկիրը։ Եւ այդ մէկը վիճակեցաւ ինծի։
-Իսկ Շանթի մէջ ի՞նչ բան գրաւեց ձեզ, որ դուք անձնուրաց հետեւեցաք անոր։
-Անոր պարզութիւնն ու անկեղծութիւնը։ Շանթը օժտուած է բոլոր այն յատկութիւններով ու բնաւորութեան գիծերով, զորս ես բարձր կը գնահատեմ հակառակ սեռի մօտ։ Բաց աստի, ան ինծի պէս բարձրահասակ է։ Քանզի Հայաստանի մէջ մեծաւ մասամբ տղամարդիկ միջահասակ են, մեծ մայրս միշտ կը կատակէր. «Բաւ է հասակ նետես, քեզի ինչպէս փեսացու պիտի գտնենք»։ Նմանատիպ կատակներ Շանթին ալ պատահեր է։
-Ինչո՞ւ որոշեցիք հաստատուիլ Թուրքիա, այլ ոչ Հայաստան։
-Եթէ անկեղծ ըլլամ, Շանթը Հայաստանի մէջ գտաւ աշխատանք։ Սակայն աշխատավարձը բաւականաչափ չէր, որպէսզի մենք կրնայինք հոգալ մեր վաղուայ օրը։ Այդ իսկ պատճառաւ որոշեցինք, որ աւելի լաւ էր իմ տեղափոխուիլը։
-Ձեր ընտանիքը, մասնաւորապէս ձեր ծնողները ինչպէ՞ս արձագանգեցին Թուրքիա բնակելու ձեր որոշման։
-Իմ ծնողները շատ բացասական արձագանգեցին իմ որոշման։ Քանզի հայրս էութեամբ աւելի մեղմ է, ի վերջոյ համակերպուեցաւ։ Իսկ մայրս մեծ դժուարութեամբ ընդունեց իմ որոշումը։ Նոյնիսկ որոշ ժամանակ ինծի հետ չխօսեցաւ։ Գիտեմ, որ անոնք ինծի համար կ՚ուզեն ամենալաւը։ Սակայն անոնք իմ մարմինի, իմ հոգւոյն մէջ չեն։ Չեն կրնար զգալ այն, ինչ որ ես կը զգամ… Առհասարակ, իմ ծնողները շատ ծանր կը տանին ինծի հետ բաժանումը։ Նոյնը տեղի ունեցաւ երբ ես գացի Իտալիա ուսանելու։ Անոնք այն ատեն ալ կողմնակից չէին։
-Այս ընթացքին Հայաստան այցելեցի՞ք։
-Հնարաւոր բոլոր առիթները կ՚օգտագործեմ Հայաստան այցելելու համար։ Տարին մէկ-երկու անգամ կ՚երթամ։ Շատ կը կարօտնամ ծնողքս ու հայրենիքս։
-Կրնա՞ք համեմատել կեանքի պայմանները Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մէջ։
-Թուրքիոյ մէջ կեանքի որակը առաւել բարձր է։ Հայաստանը տակաւին շատ երիտասարդ է։ Պատերազմ յաղթահարած երկիր մըն է ու տակաւին ունի լուծման կարօտ հարցեր։ Սովետական Միութեան փլուզումէն ետք երկիրը անել վիճակի մը մէջ էր. աշխատանք չկար, լոյս ու բնական կազ չկար։ Մարդիկ մեծ դժուարութեամբ կը հոգային իրենց հանապազօրեայ հացի խնդիրը։ Մինչեւ այսօր ալ հայ ժողովուրդի համար դժուարութիւնները կը շարունակուին. գործազրկութիւն, ցած աշխատավարձ եւ այլն։ Աղքատութեան շեմը կը շարունակէ մնալ բարձր։ Խորհրդային Հայաստանի փլուզումէն վերջ, կարծես մարդոց հոգւոյն մէջ բոյն հիւսած է անասելի տխրութիւն մը, որ կը շարունակէ մինչ օրս հետապնդել մեր ժողովուրդը։ Պոլսոյ մէջ մարդիկ կ՚ապրին աւելի թեթեւ ու անհոգ։ Զոր օրինակ, պոլսահայ տնային տնտեսուհիները թէպէտ չեն աշխատիր, սակայն իրենց թոյլ կու տան մաքրութեան համար դիմել օգնականի։ Անոնցմէ ոմանք իրենք զիրենք կը պահեն «թագուհի»ի պէս, որուն կարելի չէ հանդիպիլ Հայաստանի մէջ։ Հայաստանցի կինը թէկուզ դրամ ալ ունենայ, երբեւէ չի խորհիր մաքրութեան կին կանչել։ Ան ինք կը մաքրէ իր տունը։ Երկրի տնտեսական ծանր վիճակը բաւականաչափ ազդած է մարդոց վրայ։ Հայաստանի մէջ մարդիկ կը խորհին իրենց փորը կուշտ, տուները տաք պահելու մասին, իսկ այստեղ մարդիկ պարզապէս կը վայելեն կեանքը։
-Ինչպիսի՞ զգացումներ ունեցաք, երբ առաջին անգամ ոտք դրիք Թուրքիա։
-Քանզի երկու հարեւան պետութիւններու՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ «երկաթէ վարագոյրներ» կան քաշուած, եւ մենք իրարմէ լուր չունինք. ժամանակակից Թուրքիոյ վերաբերեալ մեր աղքատիկ տեղեկութիւններն ալ կը քաղենք հեռուստացոյցի միջոցաւ, ան ալ շատ յաճախ քաղաքական նիւթերու վերաբերեալ։ Այդ իսկ պատճառաւ այստեղ ամէն բան ինծի համար շատ հետաքրքրական էր։ Բաց աստի, ինձմէ առաջ, իմ երկու ընկերուհիները եկած էին Թուրքիա։ Անոնք բաւական լաւ արտայայտուեցան երկրի մասին։ Խօսեցեալս Շանթը նոյնպէս մինչեւ իմ գալը, կը պատմէր Թուրքիոյ մասին։ Այսինքն ոչ մէկ բացասական զգացում ունեցայ։
-Սիրելի Լիլիթ, ինչպէ՞ս յարմարեցաք տեղւոյն պայմաններուն, նոր մշակոյթին ու սովորոյթներուն։
-Երբ փոխադրուեցայ Թուրքիա, առաջին տարին բնակեցայ Աթաշէհիրի մէջ՝ հայկական միջավայրէն հեռու։ Ինծի համար շատ դժուար էր։ Մեկուսացած էի, միայն կ՚երթայի աշխատանքի ու կը վերադառնայի տուն։ Երկրորդ տարըունէ սկսեալ փոխադրուեցայ Ֆէրիգիւղ եւ շատ երջանիկ եմ, քանզի կը գտնուիմ հայկական համայնքի կիզակէտին։ Առաւօտեան պատուհանէս կը լսուի եկեղեցւոյ ղօղանջները։ Փողոցը քալած ատեն յաճախ ականջիս կը հասնի հայերէն խօսքը։ Այստեղ ես շատ հանգիստ եւ ուրախ եմ, կարծես իմ տունի մէջ ըլլամ։ Քանզի իմ հացը, դեղօրայքը եւ այլն կը գնեմ հայերու պատկանող խանութներէ։
-Ինչպիսի՞ն են ձեր յարաբերութիւնները պոլսահայ ձեր տարեկիցներու հետ։ Կրցա՞ք ընկերանալ։
-Այստեղ շատ քիչ ընկերներ ունիմ, ընդամէնը երկու հոգի, ան ալ իմ առաջին աշխատած դպրոցէն։ Ես քանի մը անգամ փորձեցի պոլսահայ հասակակիցներուս հետ ընկերանալ, շփուիլ, սակայն իմ բոլոր ջանքերը մնացին ապարդիւն։ Այստեղ գրեթէ բոլորի մօտ հայերէնը բաւական տկար էր։ Անգլերէնին ալ լաւ չեն տիրապետեր։ Նոյնիսկ եթէ կը տիրապետեն, կարծես կը ծուլանան խօսելու, անոնց աւելի յարմար է խօսիլ թրքերէն, որուն ալ ես չեմ տիրապետեր։ Եւ այսպէս, լեզուներու տարբերութեան պատճառաւ չկրցանք գտնել ընդհանուր եզրեր։ Անկեղծ ըսած՝ քիչ մը վշտացած եմ անոնցմէ։
-Կը խորհի՞ք Հայաստան վերադառնալու մասին։
-Ի հարկէ, Հայաստան վերադառնալը մեր գլխաւոր նպատակն է։ Սակայն յայտնի չէ թէ ե՛րբ։ Թերեւս մէկ կամ երկու տարի յետոյ։
-Գո՞հ էք իսթանպուլեան ձեր կեանքէն։
-Նիւթական առումով գոհ եմ։ Այստեղ ինծի միմիայն կը պակսի մարդկային շփումը։ Մշակութային կեանք ալ չունիմ։ Հայաստանի մէջ ես գրեթէ ամէն օր կը տեսակցէի ընկերներուս հետ։ Ամիսը երկու-երեք անգամ կը յագեցնէի իմ մշակութային ծարաւը. կ՚երթայի շարժանկարի սրահներ, զանազան համերգներու, թատրոններ եւ այլն։ Այստեղ իմ առօրեան լեցուն ու հետաքրքրական չէ։ Ես ձեւով մը կը փորձեմ լրացնել զայն, սակայն միշտ չեմ յաջողիր։
-Քիչ մըն ալ խօսինք պոլսահայ ու հայաստանցի յարաբերութիւններու մասին։ Ինչպիսի՞ն է ձեր կարծիքը այս հարցին շուրջ։
-Անշուշտ պոլսահայերու եւ հայաստանցիներու միջեւ կան տարբերութիւններ, ինչ որ շատ բնական է։ Մարդիկ զանազան միջավայրերու մէջ ծնած ու մեծցած են ու կը կրեն զանազան մշակոյթներու եւ սովորոյթներու ազդեցութիւնը։ Այստեղ, ի հարկէ, տեսանելի է թրքական մշակոյթի ու լեզուի ազդեցութիւնը հայոց վրայ, մասնաւորապէս շեշտուած է ճաշացանկի, խմիչքի գործածման ու լեզուի մէջ։ Մենք ալ՝ հայաստանցիներս, աւելի քան եօթանասուն տարի մասն կազմելով Խորհրդային Հայաստանին, մինչեւ այսօր մեր վրայ կը կրենք որոշ չափով ռուսական ազդեցութիւնը, ինչ որ նոյնպէս բնական է։
-Պոլսահայերու մէջ ի՞նչ բան ձեզ գրաւեց ու ի՞նչ բան հիասթափեցուց։
-Պոլսահայերը շատ ջերմ են ու ժպտերես։ Շատ կը սիրեն հաճոյախօսիլ, զոր օրինակ՝ «քեզ տեսանք աւելի ուրախացանք» եւ այլն։ Հիասթափեցնող ոչ մէկ բան տեսայ։ Սակայն ես քիչ մը անհանգիստ կ՚ըլլամ պոլսահայերու ձեւապաշտութենէն, ցուցամոլութենէն։ Զոր օրինակ՝ հարսանիքներու, կնունքներու ժամանակ սահմանուած կանոնները։ Կ՚ըսեն թէ, հարսանիքի ժամանակ երկու անգամ պարտադիր պիտի փոխես հագուստդ։ Եկեղեցի աւելի զուսպ հագուստով պիտի մտնես, իսկ խնջոյքին՝ երեկոյեան զգեստով եւ այսպէս շարունակ…
-Ինչպիսի՞ն է ձեր կարծիքը պոլսահայերու մասին։
-Թէպէտ շատեր կը փնովեն պոլսահայերը, թէ ինչու անոնք կը շարունակեն Թուրքիոյ մէջ ապրիլ, սակայն ես այդ կարծիքին չեմ։ Ի տարբերութիւն աշխարհասփիւռ մեր հայութեան, օրինակ՝ ռուսահայերուն, որոնք անմիջապէս կը ձուլւին տեղացիներուն հետ, պոլսահայը կը շարունակէ պահել իր լեզուն ու մշակոյթը։ Դիւրութեամբ չի ձուլուիր։ Այս բոլորի վառ ապացոյցն է տեղւոյն հայկական դպրոցները, եկեղեցիները, մշակութային կեդրոնները… Պոլսահայը արժանի է ակնածանքի։
-Ո՞րն է ձեր նախընտրելի ուտելիքը կամ ճաշատեսակը։
-Շատ կը սիրեմ «չիղ քէօֆթէ», «պաքլաւա»։ «Ձիթաիւղով տոլմա»ն բնաւ չհաւնեցայ։ Քանզի երբ կ՚ըսեն տոլմա, ես կը պատկերացնեմ՝ իւղալի, մսալի, աղը տեղը, թթու սալորով պատրաստուած, միսով ուտելիք մը։ Իմ մայրիկի, տատիկի տոլման տարբեր է։ Երբ ես այստեղ առաջին անգամ «ձիթաիւղով տոլմա» համտեսեցի, շուարեցայ, թէ ինչպէս մարդիկ այս քաղցր ճաշը կրնան տոլմա կոչել։ Մէկ խօսքով՝ Հայաստանի տոլման ինծի համար ուրիշ է։ Այստեղ շատ քիչ իւղ, շաքար ու աղ կը գործածեն, ինչ որ ինծի համար անսովոր է։
-Ձեր կարծիքով՝ հայաստանցիներն ու պոլսահայերը կենցաղային ինչպիսի՞ տարբերութիւններ ունին։
-Մենք՝ հայաստանցիներս ժամը եօթէն վերջ չենք ընթրեր։ Մինչդեռ պոլսահայերը կ՚ընթրեն ժամը ութին կամ ութէն վերջ։ Ժամը ութին կամ իննին ընթրելը շատ վատառողջ է։ Քնանալէ քանի մը ժամ առաջ պէտք է ոչինչ ուտել։ Իսկ ինչ կը վերաբերի աղին, ուրեմն սարեցի մարդիկ աւելի շատ աղ կը գործածեն։ Այս մէկը կախեալ է տուեալ անձի մարմնական պահանջէն. օրինակ՝ քրտնող մարդիկ շատ աղ կ՚օգտագործեն, որովհետեւ քրտինքի միջոցաւ աղը իրենց մարմնէն դուրս կ՚ելլէ։
-Ինչպիսի՞ն էին ձեր առաջին տպաւորութիւններն ու զգացումները, երբ սկսաք աշխատիլ հայկական վարժարանի մը երդիքին տակ։
-Մինչեւ այսօր ես ուսուցչագործած եմ օտար դպրոցներու մանկապարտէզի բաժնին մէջ։ Գարակէօզեան վարժարանի մէջ ես բացի մանկապարտէզէն, կը դասաւանդեմ նաեւ միջնակարգ դասարաններուն։ Այժմ կը փափաքիմ պատմել իմ առաջին աշխատանքային օրուան մասին։ Եւ այսպէս, թրքական դպրոցներուն մէջ ամէն բան շատ պաշտօնական էր։ Այնտեղ ես ինքզինքս կը զգայի օտար ու պատասխանատու յստակ աշխատանքի մը համար։ Գարակէօզեանի մէջ առաջին օրը բաւական լարուած գացի դպրոց։ Պարտէզին մէջ նախաճաշի համար պատրաստած էին սեղաններ։ Կը հնչէր Կոմիտասի երաժշտութիւնը։ Ես ալ Հայաստանէն նոր վերադարձած էի։ Այս ջերմ ու հաճելի մթնոլորտէն սիրտս լցուեցաւ ուրախութեամբ։ Ամէնուր կը հնչէր հայերէն խօսքը։ Բոլորը զիրար հայերէնով կը բարեւէին։ Շատ ուրախացայ, միեւնոյն ժամանակ ինծի համար շատ տարօրինակ ու անսովոր զգացում մըն էր՝ հայկական միջավայրի մէջ ըլլալը։ Մէկ-երկու շաբաթ կը փորձէի ընտելանալ այն մտքին, թէ շուրջս բոլորը հայ են, հայերէն գիտեն, զիս որպէս օտար չեն ընդունիր։
-Ինչպիսի՞ն են կարճ ժամանակահատուածի մը ընթացքին ձեր յարաբերութիւնները աշակերտութեան հետ։
-Շատ լաւ են։ Փոքրիկներուն ալ պարզապէս կը հիանամ։ Իւրաքանչիւրին կը փորձեմ ցուցաբերել անհատական վերաբերմունք։ Ընդհանրապէս շատ կը սիրեմ երեխաները, միշտ շատ սիրած եմ իմ բոլոր աշակերտները։ Այժմ, քանի որ երեխաները հայ են, կարծես աւելի ջերմ ու մայրական սիրով կը սիրեմ։ Երբ ամենափոքրերը կը խօսին հայերէն, ես պարզապէս կը յայտնուիմ երանութեան մէջ։ Երբ երեխաները կը սիրեմ, կ՚ըսեմ. «Վա՜յ, հայ ձագուկներ», «Վա՜յ, դուն հայու ձագուկ ես»։ Միջնակարգի աշակերտներուն հետ ալ իմ յարաբերութիւնները շատ ջերմ են։ Առաջին շաբաթներու ընթացքին կը փորձէինք բացայայտել զիրար, զանոնք կը գայթակղեցնէր իմ հայաստանցի ըլլալու փաստը։
-Ո՞րն է Պոլսոյ մէջ ձեր նախընտրելի վայրը։
-«Մաչքա» ճեմապարտէզ, Գատըգիւղը, ուր կարելի է հանդիպիլ զանազան ազգութեամբ մարդոց։ Գատըգիւղը, ըստ իս՝ մշակոյթներու ու զանազան ազգերու խառնարան մըն է։
-Կա՞ն այնպիսի տողեր, որոնք միշտ կը դառնան ձեր ուղեղի մէջ։
-«Երթալը կը փրկէ», «Արի տուն»։
-Դուք քանի մը տարի աշխատելով թրքական միջավարի մէջ, ինչպիսի՞ կարծիք ձեւաւորած էք անոնց մասին։
-Մեր հարեւան ժողովուրդի՝ թուրքերու մօտ յաճախ կը տեսնեմ ազգայնամոլութիւն։ Ամէնուր տեսանելի են թրքական դրօշակներ, որոնք անդադար քեզի կը յուշեն, թէ դուն ո՛ր երկրին մէջ կը գտնուիս։ Զոր օրինակ, եթէ դուք երթաք Հայաստան, միայն պետական կառոյցներու վրայ կը նկատէք ծածանող հայկական եռագոյնը…
Ահաւասիկ, մեր հաճելի հարցազրոյցը օրիորդ Լիլիթի հետ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ