ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԲԱՑԱՌՈՒՄԸ՝ ՄՍԵԼՈՒ ՊԱՏՃԱ՞Ռ
Որպէս ընկերային էակ՝ մարդիկ կը ծնին խումբերով եւ կը շարունակեն իրենց կեանքը՝ որպէս որոշ խումբերու անդամներ: Հետեւաբար, ընկերային յարաբերութիւններու մէջ ընդունուած ըլլալը եւ խումբերուն մասնակցիլը հիմնական շարժառիթն ու կարիքն է, որ կը դիտարկուի բոլոր մշակոյթներու մէջ:
Միւս կողմէ, ուրիշներու կողմէ չընդունուած ըլլալը եւ պատկանելիութեան կարիքը չբաւարարելը իրավիճակ մըն է, որ մենք յաճախ կը հանդիպինք հասարակական կեանքէ ներս: «Ընկերային բացառումը», որ կը ներառէ անտեսուած եւ մերժուած ըլլալու հասկացութիւնները, անհատներու վրայ կը յառաջացնէ շարք մը վարքային, յուզական, ճանաչողական եւ ֆիզիքական ազդեցութիւններ։
Ընկերային բացառումը պատճառ կը դառնայ որոշ անհատներու կամ խումբերու կողմէ հնարաւորութիւններու, բնակարանի, աշխատանքի, առողջութեան, քաղաքացիական, ժողովրդավարական գործընթացներու մասնակցութեան եւ հաւասար դատավարութեան իրաւունքի նման միջոցներու համակարգուած մերժումին:
Ընկերային բացառման կամ քաղաքացիական իրաւունքներէն զրկուելու հետեւանքով յառաջացած օտարումը կրնայ կապուած ըլլալ մարդոց ընկերային դասի, սեռի, մաշկի գոյնի, կրօնի, կրթական մակարդակի, մանկութեան յարաբերութիւններու, կենսամակարդակի կամ հագուկապի ոճի հետ: Խտրականութեան նման բացառելու ձեւերը կրնան կիրառուիլ նաեւ հաշմանդամներու, փոքրամասնութիւններու, թմրամոլներու, տարեցներու կամ երիտասարդներու նկատմամբ: Իւրաքանչիւր անձ, որ կը հակասէ հասարակութեան ընդունած չափանիշներուն, կրնայ ենթարկուիլ ընկերային բացառման անորոշ կամ ակնյայտ ձեւերուն։
Այս մասին կատարուած ուսումնասիրութիւնները նպատակ ունին ներկայացնելու այն հետազօտութիւնները, որոնցմով բացայայտուած է բացառման երեւոյթը՝ ընկերային հոգեբանական տեսանկիւնէն: Ըստ այդ ոլորտէն ներս կատարուող կարգ մը ուսումնասիրութիւններու, հաշուի պէտք է առնել նաեւ տուեալ շրջանի գրականութիւնը։ Բացառման երեւոյթը սկիզբին գրականութեան մէջ քննարկուած է հայեցակարգային եւ պատմականօրէն, այնուհետեւ նշուած են այն հիմնական մեթոտները, որոնք կիրառուած են նշեալ խումբերու կարգ մը անդամները բացառման ենթարկելու համար եւ անոնց հետեւանքները: Յետոյ կը նշուին տեսական հանգամանքներ։
Հետաքրքրական է, որ կարգ մը ուսումնասիրութիւններ ապացուցած են, թէ ընկերային բացառման կամ մեկուսացման ենթարկուած անձը կրնայ յաճախ մսիլ։ Սա առաջին հայեացքով պարզապէս կրնայ թուիլ զգացական արձագանգ, բայց այդպէս չէ: Որովհետեւ, որպէս մարդիկ՝ մենք անցուցած ենք դարեր, որոնց ընթացքին ընկերային մեկուսացումը կը նշանակէր նաեւ կրակէն հեռու մնալ եւ կրակի շուրջ հաւաքուելու իրաւունքէ/ծէսէն զրկուիլ։ Որպէս հաւաքաբար ապրող էակներ՝ մարդիկ գոյատեւման հնարաւորութիւններու ծաւալը բազմացնելու համար պէտք է փորձեն ետ չմնալ հաւաքականութիւններէ, որպէսզի չբաժնուին «երամէն» եւ «գայլերու» որս չդառնան:
Ի հարկէ, քիչ մը օտարուիլը չի նշանակեր անմիջական մահ։ Բայց գուցէ այս պատճառով էր, որ մենք աւելցուցինք հասարակութեան յարմարուելու մեր ջանքերը, որովհետեւ լրիւ բացառուած ըլլալը կը նշանակէր սառիլ եւ բացարձակապէս մնալ առանց աջակցութեան: Այն ժամանակ լրջօրէն կը նուազէին մեր գոյատեւման հնարաւորութիւնները:
Մսիլը, որ մեր նախնիներու մօտ զգացուած է կրակի մօտ մնալու անկարողութենէն, սա այսօր ալ մեր բոլորին կրնայ ազդանշան ուղարկել՝ ընկերային բացառման պարագային։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ