«ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ»

Շար­ժան­կա­րա­յին ա­րուես­տի մեծ պաս­տառ­նե­րուն վրայ է հայ­կա­կան նոր շար­ժան­կար մը՝ «Վար­դա­պե­տի լռու­թիւ­նը»: Հայ­րե­նի բե­մադ­րիչ Վի­գէն Չալտ­րա­նեա­նի նոր աշ­խա­տանքն է՝ Կո­մի­տա­սի մա­սին: Շար­ժան­կա­րը Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տի մա­սին նոր բա­ցա­յայ­տում­նե­րու ճա­նա­պարհ կը բա­նայ. ար­դեօք խե­լա­գա­րուա՞ծ է Կո­մի­տաս, թէ պար­զա­պէս լռած է…

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն հայ­կա­կան շու­կա­յի մէջ նկա­րա­հա­նուած տաս­նեակ ա­ժա­նա­գին ու զուար­ճանք տա­րա­ծող շար­ժան­կար­նե­րու կող­քին նման լուրջ բո­վա­նդա­կու­թեամբ ժա­պա­ւէ­նը խիստ ող­ջու­նե­լի է, եւ ի­րա­պէս, ըն­դու­նե­ցաւ ըստ ար­ժան­ւոյն թէ՛ մաս­նա­գէտ­նե­րու, թէ՛ հան­դի­սա­կա­նի կող­մէ: Պար­զա­պէս Հա­յաս­տա­նի մէջ մաս­նա­գի­տա­կան ա­րուես­տի մա­մուլ գո­յու­թիւն չու­նի եւ այս շար­ժա­պատ­կե­րի մա­սին քննար­կում­նե­րը եւ առ­հա­սա­րակ, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ստեղ­ծուած ա­րուես­տի այլ գոր­ծե­րու մա­սին մաս­նա­գի­տա­կան գնա­հա­տա­կան­նե­րը մնա­ցած են կա՛մ բա­նա­ւոր խօս­քի սահ­ման­նե­րու մէջ կ՛ամ լոյս տես­նող թեր­թե­րու աղ­քա­տիկ է­ջե­րու նեղ­լիկ լու­սանցք­նե­րուն վրայ կամ ալ պար­զա­պէս՝ հա­մա­ցան­ցա­յին կայ­քէ­ջե­րու մէջ: Յու­սանք՝ օր մը Հա­յաս­տա­նի մէջ լոյս կը տես­նէ ա­րուես­տի մաս­նա­գի­տա­կան պատ­շաճ ու ծան­րակ­շիռ մա­մուլ եւ թե­րեւս յե­տա­դարձ կեր­պով ա­մէն ինչ հա­ւա­քուի այդ մա­մու­լին մէջ՝ ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րուն ա­ւան­դուե­լու հա­մար:

Բե­մադ­րիչ Վի­գէն Չալտ­րա­նեա­նի «Վար­դա­պե­տի լռու­թիւ­նը» ժա­պա­ւէ­նին անդ­րա­նիկ ցու­ցադ­րու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Դեկ­տեմ­բե­րի 25-ին, Ե­րե­ւա­նի «Մոս­կուա» շար­ժան­կա­րի սրա­հին մէջ: Ժա­պա­ւէ­նը սկսած է նկա­րա­հա­նուիլ 2014 թուա­կա­նի աշ­նան։ Նկա­րա­հա­նում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցած են Հա­յաս­տան՝ Արզ­նիի, Ե­րե­ւա­նի եւ ար­տա­սահ­մա­ն՝ Ֆրան­սա­յի, Չի­նաս­տա­նի մէջ: Ժապաւէնին ե­րաժշ­տու­թեան հե­ղի­նակն է Վա­չէ Շա­րա­ֆեան:

Ժապաւէնին հե­րո­սը ժա­մա­նա­կա­կից ծանօթ գրող մըն է եւ Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի Լրագ­րու­թեան բա­ժան­մուն­քի դա­սա­խօս: Ան մտա­սե­ւե­ռուած է Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տի մա­սին վէ­պի ստեղծ­ման վրայ: Վէ­պին ճշմար­տա­ցիու­թիւն հա­ղոր­դե­լու նպա­տա­կով հե­րո­սը կը փոր­ձէ անց­նիլ իր գրա­կան կեր­պա­րի տա­ռա­պան­քի ու­ղի­նե­րով: Հիմ­նուե­լով պատ­մա­կան փաս­տե­րու, ար­խի­ւա­յին նիւ­թե­րու, հո­գե­բա­նա­կան վար­կած­նե­րու վրայ՝ հե­րո­սը կը փոր­ձէ բա­ցա­յայ­տել Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տի կեն­սագ­րու­թեան փա­րի­զեան շրջա­նը, պար­զա­բա­նել Վիլ-Ժուիֆ մե­կու­սա­րա­նին մէջ մեծ հա­յոր­դիին կեան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ա­ռեղ­ծուա­ծը…

«Վար­դա­պե­տի լռու­թիւ­նը» շար­ժան­կա­րը հա­ւա­նա­բար մեծն Կո­մի­տա­սի մա­սին նկա­րա­հա­նուած միակ գե­ղա­րուես­տա­կան շար­ժան­կարն է, եւ այդ ա­ռու­մով ար­դէն ար­ժէք ու­նի: Նիւ­թը Կո­մի­տա­սի լռու­թիւնն է, մեծ ե­րաժշ­տա­հա­նի այդ խորհր­դա­ւոր ի­րա­վի­ճա­կի շուրջ կը ծա­ւա­լուին շար­ժան­կա­րի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը: Գլխա­ւոր հե­րո­սը՝ Էտ­կար Նո­վենց ա­նու­նով ճանչ­ցուած գրող մըն է, որ միա­ժա­մա­նակ դա­սա­խօս է Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի Լրագ­րու­թեան բաժ­նին մէջ ու սե­ւե­ռուած է մէկ միտ­քի վրայ՝ վէպ գրել Կո­մի­տա­սի մա­սին: Ա­նոր մեծ­հայ­րը, ըստ շար­ժան­կա­րի նիւ­թին, կո­մի­տա­սա­գէտ ե­ղած է եւ ան մեծ­հօր­մէն ժա­ռան­գած է բնա­կա­րան մը, ո­րու մէջ հսկա­յա­կան նիւ­թեր, գիր­քեր կան Կո­մի­տա­սի մա­սին: Հե­րո­սը ձեռք կը ձգէ Կո­մի­տա­սի մա­սին ա­ւե­լի մեծ թի­ւով է­ջեր, գիր­քեր, վկա­յու­թիւն­ներ, մաս­նա­ւոր այդ նպա­տա­կով կը մեկ­նի Փա­րիզ, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նայ գտնել Վիլ-Ժուի­ֆի հո­գե­բու­ժա­րա­նի մէջ Կո­մի­տա­սի անց­ու­ցած օ­րե­րու մա­սին նիւ­թեր: Առ­հա­սա­րակ, Վիլ-Ժուի­ֆի հո­գե­բու­ժա­րա­նի ար­խի­ւը ար­գի­լուած է նկա­րա­հա­նել, բայց այս ժա­պա­ւէ­նը պատ­րաս­տող նկա­րա­հան­ման խում­բին յա­ջո­ղուած է ո­րոշ դրուագ­ներ նկա­րա­հա­նել Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տի հի­ւան­դու­թեան պատ­մու­թե­նէն, ժա­պա­ւէ­նին մէջ ի ցոյց դնել նա­մակ­ներ, բնա­գիր ձե­ռագ­րեր: Այ­ցե­լած եւ նկա­րա­հա­նած են այն մաս­նա­շէն­քը եւ հի­ւան­դա­սե­նեա­կը, ուր Կո­մի­տաս Վար­դա­պետ իր կեան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րը ան­ցու­ցած է: Փա­րի­զեան նշա­նա­ւոր այդ հի­ւան­դա­նո­ցը հա­զա­րա­ւոր հի­ւանդ­ներ ու­նե­ցած է, սա­կայն, ինչ­պէս ծա­նօթ է, հի­ւան­դա­նո­ցի պար­տէ­զին մէջ միայն մէկ կի­սանդ­րի կայ եւ այն ալ Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տի կի­սանդ­րին է:

Ժա­պա­ւէ­նին մէջ Կո­մի­տա­սի մա­սին վէպ գրել փա­փա­քող գրո­ղի՝ Էտ­կար Նո­վեն­ցի դե­րը կը խա­ղայ հայ­րե­նի ծա­նօթ դե­րա­սան, Ե­րե­ւա­նի Հա­մազ­գա­յի­նի թատ­րո­նի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Վար­դան Մկըրտչեան, որ լա­ւա­գոյնս կը մարմ­նա­ւո­րէ իր հե­րո­սը: Շար­ժան­կա­րին ըն­թաց­քին ան կը փոր­ձէ մտնել նոյն կեր­պա­րին մէջ, ինչ որ ու­նե­ցած է իր գրե­լիք վէ­պին հե­րո­սը: Կ՚եր­թայ հո­գե­բու­ժա­րան եւ տնօ­րէ­նին կ՚ա­ռա­ջար­կէ ո­րոշ ժա­մա­նակ մը ապ­րիլ հո­գե­բու­ժա­րա­նին մէջ, որ­պէս­զի փոր­ձէ զգալ այն ա­մէ­նը, ինչ որ վստա­հա­բար տա­րի­ներ ա­ռաջ զգա­ցած է մեծն Կո­մի­տա­սը: Հե­րո­սը հի­ւան­դի հա­գուս­տով կը մնայ հո­գե­բու­ժա­րա­նը, կ՚ու­տէ հի­ւանդ­նե­րուն հետ, կը քնա­նայ, ա­նոնք գրո­ղը կ՚ըն­կա­լեն իբ­րեւ ի­րենց բախ­տա­կից մէ­կը...

Հա­կա­ռակ որ դէպ­քե­րը եր­բեմն ետ կ՚եր­թան դէ­պի ան­ցեալ, բայց շար­ժան­կա­րի հե­րոս­նե­րը մեր ժա­մա­նակ­նե­րու մար­դիկ են, ժա­մա­նա­կա­կից մտա­ւո­րա­կան մըն է Էտ­կար Նո­վենց, որ կը հա­լա­ծուի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ, քա­նի որ, իր ու­սա­նող­նե­րը Բաղ­րա­մեա­նի ցոյ­ցե­րուն մաս­նակ­ցած են: Այս ձե­ւով նաեւ հայ մտա­ւո­րա­կա­նի՝ միշտ հալա­ծուած ճա­կա­տա­գի­րը կ՚ե­րե­ւի: Սա­կայն Էտ­կար Նո­վենց պայ­քա­րող մըն է, ան չի ընկր­կիր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու հա­լա­ծան­քէն եւ այն դժուա­րու­թիւն­նե­րէն, ո­րոնք սո­վո­րա­բար կը հան­դի­պին իր ճա­նա­պար­հին:

Շար­ժան­կա­րի բե­մագ­րու­թեան հե­ղի­նա­կը Վի­գէն Չալտ­րա­նեանն է։ Բե­մագ­րու­թեա­ն մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցած է նաեւ ար­ձա­կա­գիր Ռու­բէն Յով­սէ­փեան: Հե­ղի­նակ­նե­րը շեշ­տադ­րած են այն հան­գա­ման­քը, թէ ին­չո՞ւ այդ­քան եր­կար եւ յա­մա­ռօ­րէն լռած է Կո­մի­տա­ս Վար­դա­պետ:

Վար­դա­պե­տի լռու­թիւ­նը ի­րա­կա­նու­թեան մէջ մեծ հա­նե­լուկ մըն է, քա­նի որ ըստ մաս­նա­գէտ­նե­րու, հո­գե­կան խան­գա­րում ու­նե­ցող մար­դիկ, կամ մտա­գար­նե­րը ան­պայ­ման կը խօ­սին, կ՚ա­ղա­ղա­կեն, բան կը կ՚ը­սեն, եւ լռու­թիւ­նը չէ ա­նոնց հի­ւան­դու­թեան նշա­նը: Կո­մի­տա­սի պա­րա­գա­յին այդ­պէս չէ ե­ղած. ինչ­պէս ծա­նօթ է՝ մեծ Վար­դա­պե­տը տա­րի­նե­րով լռած է, մեր­ժած է հա­ղոր­դակ­ցիլ մար­դոց, բժիշկ­նե­րուն եւ այ­ցե­լու­նե­րուն հետ, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ախ­տո­րո­շուած է իբ­րեւ հո­գե­կան հի­ւանդ եւ հա­մա­պա­տաս­խան բու­ժում ստա­ցած է: Մին­չեւ հի­մա ալ մաս­նա­գէտ­նե­րուն հա­մար յստակ չէ, թէ ին­չո՞ւ ան ոչ մէկ բառ կը խօ­սէր, թէ­կուզ եւ ան­հե­թե­թու­թիւն ար­տա­յայ­տե­լու հա­մար ոչ մէկ բառ ը­սած է: Կան վար­կած­ներ, ըստ ո­րոնց Կո­մի­տա­սը հո­գե­բու­ժա­րան տե­ղա­փո­խուե­լու կա­րիք չու­նէր, եւ ան մտա­գա­րու­թեամբ չէ տա­ռա­պած: Այս հար­ցին շուրջ Վի­գէն Չալտ­րա­նեա­նի ժա­պա­ւէ­նին մէջ կան բա­ւա­կա­նին լուրջ ակ­նարկ­ներ եւ հար­ցադ­րում­ներ: Այդ մա­սին վեր­ջերս սկսած են խօ­սիլ նոյ­նիսկ կո­մի­տա­սա­գէտ­ներ, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ա­ւան­դա­կան կո­մի­տա­սա­գի­տու­թիւ­նը ան­շուշտ, այն պնդումն ու­նի, թէ Վար­դա­պե­տը խե­լա­գա­րած է եւ կորսն­ցու­ցած՝ իր յի­շո­ղու­թիւնն ու խել­քը: Շար­ժան­կա­րը մաս­նա­գէտ­նե­րը կը մղէ մէկ այլ հա­յեաց­քով նա­յիլ Կո­մի­տա­սի հի­ւան­դու­թեա­ն եւ վե­րաքն­նել ա­նոր կեան­քի փա­րի­զեան շրջա­նը, որ կարճ ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը չէր եւ շատ հար­ցե­րու պա­տաս­խան կրնայ տալ:

«Վար­դա­պե­տի լռու­թիւ­նը» շար­ժան­կա­րը նաեւ վե­րա­դարձ է դէ­պի Կո­մի­տա­սը ու ա­նոր ե­րաժշ­տու­թիւ­նը։ Ժա­պա­ւէ­նին մէջ հնչող կո­մի­տա­սեան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը նոր սե­րուն­դի հան­դի­սա­կա­նին կը յի­շեց­նէ, որ մենք պէտք է ապ­րինք այն ար­ժէ­քա­յին հա­մա­կար­գին մէջ, ո­րուն հա­ւա­տա­րիմ ե­ղած է Կո­մի­տաս, ո­ր ստեղ­ծած է ինք՝ Կո­մի­տա­սը:

Շար­ժան­կա­րի գլխա­ւոր հե­րո­սու­հին Ե­րե­ւա­նի Հա­մազ­գա­յի­նի թատ­րո­նի ե­րի­տա­սարդ դե­րա­սա­նու­հի Ա­նի Ղա­զա­րեանն է, որ կը մարմ­նա­ւո­րէ Սօ­նա­յի դե­րը: Սօ­նան շատ զգաց­մուն­քա­յին կեր­պար մըն է, ո­րուն կը հան­դի­պի Էտ­կար Նո­վենց եւ կը սի­րա­հա­րի: Սօ­նա ա­նու­նը պա­տա­հա­կան չէ ընտ­րուած։ Ան Կո­մի­տա­սի նշա­նա­ւոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն՝ «Սօ­նա եա­ր­»ի ա­նունն է: Ա­նի Ղա­զա­րեան, մաս­նա­ւոր այս շար­ժան­կա­րին մէջ նկա­րա­հա­նուե­լու հա­մար, բե­մադ­րի­չի պա­հան­ջով, սափ­րած է իր եր­կար վար­սե­րը եւ ճա­ղատ գլու­խով նկա­րա­հա­նուած է իր դե­րին մէջ: Ժա­պա­ւէ­նին մէջ ան բա­ւա­կան հմա­յիչ կեր­պար մըն է, որ ան­կեղծ ու գրա­ւող խա­ղով հան­դէս կու գայ եւ իր ա­ռա­ջին դերն է նման խա­ղար­կա­յին մեծ ժա­պա­ւէ­նի մը մէջ:

 «Վար­դա­պե­տի լռու­թիւ­նը» շար­ժան­կա­րին մէջ կը խա­ղան նաեւ Վա­չէ Շա­րա­ֆեա­ն, Ստե­փան Շա­քա­րեա­ն, Ֆոր­շ, Ար­տօ Խա­չա­տու­րեա­ն եւ այլ ծա­նօթ ա­նուն­ներ:

Ար­դէն սրահ­նե­րու մէջ պաս­տառ­նե­րու վրայ ցու­ցադ­րուող շար­ժան­կա­րը նկա­րա­հա­նուած է 100-ա­մեա­կի պե­տա­կան յանձ­նա­խում­բի նիւ­թա­կան օ­ժան­դա­կու­թեամբ եւ ըստ էու­թեան, 100-ա­մեա­կի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու գե­ղա­րուես­տա­կան եզ­րա­փա­կում­նե­րէն մին է: Յանձ­նա­խում­բը այս շար­ժան­կա­րի նկա­րա­հան­ման հա­մար տրա­մադ­րած է 85 մի­լիոն դրամ: Ժա­պա­ւէ­նի ար­տադ­րու­թեա­ն մաս­նակ­ցած է նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին շար­ժա­պատ­կե­րա­յին կեդ­րո­նը, իսկ հիմ­նա­կան քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տան­քը ի­րա­կա­նաց­նո­ղը «Շարմ» ըն­կե­րու­թիւնն է: Վեր­ջերս «Շարմ» ըն­կե­րու­թիւ­նը յայ­տա­րա­րած է, թէ «Վար­դա­պե­տի լռու­թիւ­նը» շար­ժան­կա­րը կը պատ­րաս­տուի ներ­կա­յաց­նել Օս­քար մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան:

Հե­տաքրք­րա­կան է, որ ան­ցեա­լի ող­բեր­գա­կան դէպ­քե­րը կո­տո­րած­նե­րու, ա­րիւ­նի եւ թշնա­ման­քի տես­քով չեն ներ­կա­յա­ցուած շար­ժան­կա­րին մէջ: Այլ կայ լռու­թիւն մը, ո­րու են­թա­թեքս­թը ա­ւե­լի խո­րունկ է: Ինչ­պէս շար­ժան­կա­րին մէջ կ՚ը­սէ հե­րո­սը՝ Կո­մի­տա­սը լռեց, որ­պէս­զի աշ­խար­հը խօ­սի:

ՎԻԳԷՆ ՉԱԼՏՐԱՆԵԱՆ

Վի­գէն (Վա­ղար­շակ) Յա­կո­բի Չալտ­րա­նեա­ն ծնած է 1955 թուա­կա­նի 26 Դեկ­տեմ­բե­րին, Ե­րե­ւա­նի մէջ: Ան բե­մադ­րիչ է, դե­րա­սան, բե­մա­գիր, ար­տադ­րիչ: Կը կրէ իր սա­սուն­ցի մեծ­հօր՝ Վա­ղար­շա­կի ա­նու­նը, սա­կայն ա­րուես­տի աս­պա­րէ­զին մէջ ծա­նօթ է Վի­գէն ա­նու­նով։ Ա­ռա­ւել յայտ­նի է «Ապ­րի­լ», «Ձայն բար­բա­ռոյ­…», «Տէր ո­ղոր­մեա­», «Լռու­թեան սիմ­փո­նիա», «Քրմու­հի­ն» շար­ժան­կա­րնե­րով։ 1994 թուա­կա­նին «Ձայն բար­բա­ռոյ­…» ժա­պա­ւէ­նի հա­մար ան ար­ժա­նա­ցած է Հիւս­թը­նի հա­մաշ­խար­հա­յին շար­ժան­կա­րա­յին փա­ռա­տօ­նի «Ոս­կէ մրցան­ք­»ի­ն։ 2001 թուա­կա­նին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան հռչակ­ման 10-րդ տա­րե­դար­ձի առ­թիւ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին կող­մէ պար­գե­ւատ­րուած է «Մով­սէս Խո­րե­նա­ցի» մե­տյա­լով։ 2006 թուա­կա­նին ստա­ցած է Հա­յաս­տա­նի Շար­ժան­կա­րա­յին ա­րուես­տի միու­թեան «Ա­նա­հի­տ» մրցա­նա­կը՝ հայ շար­ժան­կա­րա­յին ա­րուես­տի մէջ մեծ ա­ւանդ ներդ­նե­լու հա­մար։ 2007 թուա­կա­նին ի­րեն շնոր­հուած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ա­րուես­տի վաս­տա­կա­ւոր գործ­ի­չի պա­տուա­ւոր կո­չում:

«Կը կար­ծեմ՝ Կո­մի­տա­սը տիե­զեր­քէն էր տրուած՝ որ­պէս «ազ­գի խիղճ», այ­սօր մենք խնդիր ու­նինք վե­րա­դարձ­նե­լու այդ խիղ­ճը, վե­րա­դառ­նա­լու դէ­պի Կո­մի­տա­սը: Ին­ծի հա­մար Կո­մի­տա­սը մշա­կու­թա­յին փրկիչ էր: Կո­մի­տա­սի լռու­թեան հետ աշ­խարհն ալ լռեց: Ժա­պա­ւէ­նին հե­րո­սը՝ Էտ­կար Նո­վենց կ՚ը­սէ. «Կո­մի­տա­սը լռեց, որ­պէս­զի օր մը աշ­խար­հը խօ­սի, եւ այ­սօր աշ­խար­հը կը խօ­սի…»», ը­սաւ Վի­գէն Չալտ­րա­նեան, երբ հարց տուին, թէ ի՞նչ է այս ժա­պա­ւէ­նին պատ­գա­մը։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2016