ես ձեզ կ՚ողբամ

ես ձեզ կ՚ողբամ

ներշնչանքի արգանդաջուրերու

մէջ խեղդուած

մարմնաւորման զարկերակներու

օղակները

ձեր պարանոցները երբեք չեն պարուրած

իմ չգրուած բանաստեղծութիւններ

որ յաւերժ կախուած պիտի մնայիք

յիշողութեանս անդունդներու

խորութիւններուն վրայ

ես ձեզ կ՚ողբամ

ՅԱԿՈԲ  ՆԱԼՊԱՆՏ  ՏԼՏԼԵԱՆ

Մոսկուա, 4 Նոյեմբեր, 2015

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2016