Զ. Խաչատուրը եւ Մենք
Եթէ աշակերտ ըլլայի այսօր, 21-րդ դարուն, ճարտարարուեստի ահաւոր առատութեան մէջ ինկած, ստիպուած լողալու կամ երբեմն ալ առատախեղդ ըլլալու, ժամանակ պիտի ուզէի՞ տրամադրել հայերէն սորվելու. ասկէ առաջ սակայն՝ դասարանին մէջ պիտի ուզէի՞ մտիկ ընել ժամանակավրէպ ուսուցչուհիներու ժամանակավրէպ դասաւանդումները, ուզէի իսկ, պիտի կարենայի՞ դիմադրել ձանձրոյթիս եւ անոր հետեւող անխուսափելի «քունս կու գա՜յ…»ին: Անշուշտ, այսօր մեր դասագիրքերն ալ, դասատուներն ալ հեռու են ժամանակավրէպ ըլլալէ, սակայն տակաւին չեն կրնար մրցակցիլ արեւմտեան աշխարհի դասաւանդումի կերպերուն եւ միջոցներուն հետ:
Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»ի ա՛յս անգամուան ընթերցումս այլ տպաւորութիւն ձգեց վրաս: Ուղղակի, մորթիս վրայ զգացի Աբովեանի արիւնող վէրքը, որ «լաց ու սուգ» կը պատճառէր իրեն եւ մազերը «պոկել» կու տար, որովհետեւ աշակերտները «էս օտար լեզուքը աւելի էին սիրում, քանց մերը»: Ուրեմն այն հեռո՜ւ օրերէն իսկ, հայերը իրենց աշխատասիրութեան կողքին ունէին նաեւ հռչակը, թէ մեր «ազգը ուսումնասէր չի, կարդալը նրա համար շատ բան չի արժի», ըստ Եւրոպային:
«… քսան-երեսուն տարուց աւելի է որ սիրտս կրակ է ընկել, այրւում է …»: Հիմա, 21-րդ դարուն, այս անհաւատալի արագութեան դարուն կրկի՞ն քսան-երեսուն տարի պէտք է սպասել, որ մեր այս կացութեան, կամ մեր լեզուի կացութեան դարման մը գտնուի: Բայց մեր տղոց օտար լեզու սիրելը շատ բնական կը գտնէ մեր սիրելի Խաչատուրը, որովհետեւ, կ՚ըսէ «նրանք կարդում էին … է՛ն բաները, որ մարդի սիրտը կարող էին գրաւել. սրտի բաներ էին. ո՞վ չի սիրի: Բայց մեր լեզւումը թէ էսպէս բաներ ըլին՝ թող աչքս հանեն: Է՛լ ինչո՞վ էրեխին քո լեզուն սիրել տաս …»:
Շան գլուխը հոն թաղուեր ու հոն ալ մնացեր է կարծես, գրեթէ երկու դարէ ի վեր: Ինչո՞վ, ինչպէ՞ս սիրցնել մեր լեզուն: Այլ խօսքով՝ լեզուն սիրելը տուեալ մը չէ, որ երախային հետ կը ծնի եւ բնականաբար, անոր ֆիզիքական աճին հետ կ՚աճի: Սիրելն ու սիրցնելը - ինչպէս է պարագան բոլոր սէրերուն - աշխատանքի կը կարօտին, բոյսի մը պէս խնամքի կը կարօտին՝ ջրել, գուրգուրալ, հողը դարձնել, եթէ պէտք է փոխել եւ այլն: Եւ կը շարունակէ Աբովեան իր խօսքը վէպին մասին. «Մէկ Բարեկենդանի՝ աշակերտներս որ բաց թողի, սկսեցի՝ ինչ որ երեխութիւնիցս լսած-տեսած բան գիտէի, տակ ու գլուխ անել: Վերջը իմ ջիւան Աղասին միտս ինկաւ, նրա հետ հարիր քաջ հայ տղերք. շատը դեռ սաղ-սալամաթ, իսկ Աղասին՝ աղքատ ու մեռած, նրա սուրբ գերեզմանին ղուրբան … Նրան ընտրեցի»: Այդ թուականին իսկ, գրական նոր մօտեցումներէն շատ առաջ, Աբովեան կու տայ կենդանի օրինակը (կենդանի՝ վէպին կենդանութեամբ) աշխատանքի կարեւորութեան, ներշնչումէն աւելի կամ ներշնչումի կողքին: Աբովեանի օրերուն խնդիրը գրաբարն էր. «… լեզուս փակ էր, ձեռս պակաս … Մեր գրքերը գրաբար էին … խնդրէի, աղաչէի էլ՝ լեզուս մարդ չէր իմանայ»:
Այսօր ի՞նչ է մեր հարցը, ինչո՞ւ մեր աշակերտները չեն սորվիր, լաւ, շատ լաւ չեն սորվիր իրենց լեզուն, որ խորքին մէջ մայրենին պէտք էր ըլլար, բայց որ արդէն չէ, դժբախտաբար: Իսկ եթէ փորձենք այս հարցը չկեդրոնացնել հայերէնի վրայ, փորձենք դիտել այսօրուան աշակերտին, մանաւանդ հայ աշակերտին կեցուածքը այլ նիւթերու հանդէպ, կեցուածքը ընդհանրապէս դպրոցէն ներս, թերե՞ւս հոն գտնենք մեր հարցումին, մեր այսօրուան տագնապին պատասխանը: Այսօր աշակերտներուն մօտ կայ ընդհանուր անտարբերութիւն մը, որուն աղբիւրը դժուար չէ գտնել: Ժամանակին մեծմայրերուն հէքեաթները կային: Յետոյ եկան Տիզնիի հէքեաթային ֆիլմերը, իրենց գեղեցիկ երաժշտութեամբ, նոյնիսկ «Ֆանթազիա»ն, որ դասական երաժշտութիւնը մօտ կը բերէր փոքրերուն: Այսօր ի՞նչ կը դիտեն մանր տղաքը հեռատեսիլէն, երբ մայրերը կ՚ըսեն՝ «գնա՛ թէլէվիզիոն դիտէ»: Երբ աչքի առջեւ կ՚ունենանք թէ ի՛նչ կը դիտեն անոնք, կը զարմանանք որ … չեն խենթանար ցուցադրուղ այդքան խենթութեան եւ բրտութեան մէջ: Այս՝ մէկ: Երկրորդին համար փոքրիկ առակ մը պիտի պատմեմ միայն. Դատաւոր մը եւ իր զաւակը ոտքով կը ճամբորդեն: Ճամբուն վրայ կը տեսնեն այգեպան մը, որ կաղնիի մատղաշ ճիւղ մը կը կտրէ եւ հեռուն տեղ մը կը տնկէ: Դատաւորը կը բարկանայ. -Ինչո՞ւ կտրեցիր այդ թարմ ոստը: Եւ այգեպանը կ՚ըսէ. -Թո՛ղ անձրեւ իջնէ վրան, թո՛ղ դիմանայ կարկուտի հարուածներուն, թո՛ղ հասկնայ թէ ի՛նչ են հովն ու փոթորիկը. եթէ այս բոլորին դիմանայ, տէ՛ր դատաւոր, կ՚ապրի եւ կ՚աճի: Թէ ոչ, ուրիշի շուքին տակ, ճիւղը կաղնի չի դառնար … Երրորդը, որ աւելի կարեւոր կը թուի, այն է, որ մեր բոլոր զաւակները իրենց բոլոր ուզածները ՁՐԻ կը ստանան, իրենց բոլոր ցանկութիւնները անմիջապէս կ՚ունենան, իրենց բոլոր փափաքները կը կատարուին: Բայց կեանքի մէջ ձրի բան չկայ: Պիտի վճարես անպայմա՛ն: Պիտի վճարես դրամով, աշխատանքով, հոգիով. բայց պիտի վճարես: Իսկ երբ աշակերտ ես, պիտի վճարես սորվելով: Եթէ նոր բջիջային կ՚ուզես, պէտք է կիսամեակին բարձր նիշեր ունենաս: Եթէ կ՚ուզես ամանորի խրախճանքին երթալ, նախ պէտք է սենեակդ կոկես եւ պարտականութիւններդ գրես: Եթէ կ՚ուզես ապագային յաջող մարդ ըլլալ, մանկուց պիտի սորվիս դիմացինդ յարգել, ո՛վ որ ալ ըլլայ ան: Որովհետեւ ըսուած է՝ երախաներուն սնունդ եւ ապահով տուն միայն պէտք է տալ. մնացածին համար ի՛նք պէտք է աշխատի: Կրնա՞նք այսքանը ընել իբրեւ ծնողք, մենք ալ մեր բաժինը վճարելով, ունենալու համար կիրթ եւ աշխատասէր զաւակներ, որոնք ոչ միայն իրենց բոլոր դասերը, այլ նաեւ հայերէնը սիրով սորվին:
ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ