ՀԱՅ ՄԵԾ ՅՕՐԻՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԳԻՐՔ

Mc2 հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է «Musikimize Renk Katanlar» անուանեալ գիրքը, որու հեղինակն է Ահմէտ Ֆեւզի Օքէր։ Այս գիրքը ձօնուած է հայ յօրինողներու, որոնց մասին տրուած են կենսագրական տեղեկութիւններ։ Հեղինակը յառաջաբանին մէջ նշած է, որ մեծ հայ երգահանները գործնական ձեւով ծանօթացնելու նպատակով պատրաստած է այս գործը։

Ահմէտ Ֆեւզի Օքէր այս գործին մէջ ներկայացուցած է բազում անուններ՝ Համբարձում Լիմոնճեանէն սկսեալ մինչեւ Մեծն Կոմիտաս։ Յօրինողները ծանօթացնելու առընթեր հեղինակը կանգ առած է նաեւ երաժշտական կալուածէ ներս արուեստագէտներու միջեւ յարաբերութիւններու եւ սերունդէ սերունդ ժառանգութեան փոխանցման վերաբերեալ մանրամասնութիւններու վրայ։

Գիրքը զարդարուած է կարգ մը յօրինողներու լուսանկարներով եւ անոնց ստեղծագործութիւններու ձայնագրութիւններով։

Ուրբաթ, Յունուար 12, 2018