ԱԶԱՏ ԿԱՄՔԸ՝ ԸՍՏ ՇՈՓԵՆՀԱՈՒԷՐԻ

Մարդկութեան պատմութեան մէջ կան մտածողներ, որոնք կ՚ապացուցանեն, թէ մարդկութիւնը շարունակաբար ոստումներ կը կատարէ։ Այդ մտածողներու շարքին փիլիսոփաներ յաջորդ սերունդներու առջեւ կը բանան նոր ուղիներ, կ՚առաջարկեն սահմանները ընդլայնելու կամ ընդհանրապէս անդրանցնելու ձեւեր եւ կը ներշնչեն մտածելու եւ քննադատելու համար։ Այդ մտածողներէն մին կարելի է համարել գերմանացի յայտնի գրող եւ փիլիսոփայ Արթուր Շոփենհաուէրը։

Շոփենհաուէրի գործերը կամ տեսակէտները թէեւ բաւարար ուշադրութեան առարկայ չեն դարձած իր կեանքի տեւողութեան, սակայն անոնք մեծ ազդեցութիւն գործած են փիլիսոփայութեան, գրականութեան, նոյնիսկ գիտութեան զանազան ճիւղերուն վրայ։ Անոր գեղագիտութեան, բարոյականութեան եւ հոգեբանութեան վերաբերեալ յայտնածները ներշնչած են Ֆրիտրիխ Նիցչէի, Ալպերթ Այնշթայնի, Սիկմունտ Ֆրոյտի, Քարլ Ժունկի, Լէօ Թոլսթոյի, Թոմաս Մանի եւ այլ հեղինակաւոր անձնաւորութիւններու գործերը։

Շոփենհաուէր իւրայատուկ հայեացքով գծած է նոր հորիզոններ, որոնք երբեմն հակած են հնդկական խորհրդապաշտութեան, իսկ երբեմն ալ՝ ծայրայեղ նիւթապաշտութեան։ Հին ժամանակներէն ի վեր փիլիսոփայութեան մէջ կան տարակարծութիւններ՝ կամքի ազատութեան մասին։ Շոփենհաուէրի հիմնական մտահոգութիւնն է այն արժէքները, որոնք կը բնորոշեն մարդու յարաբերութիւնները աշխարհի հետ. արդեօք մարդկային կամքի ազատութեան հիմնաւորումը ինքնագիտակցութենէ՞ կը բխի։ Այս միանգամայն լուրջ, բարդ եւ կարեւոր հարցին պատասխանելու համար նախ եւ առաջ պէտք է յստակեցնել ազատութիւն հասկացողութիւնը։

Ազատութիւնը կարելի է համարել որեւէ խոչընդոտի բացակայութիւն։ Մարդը ստեղծուած է բոլորովին հակառակ յատկութիւններով երկու մասէ՝ մարմինէ եւ հոգիէ։ Մարմինը բնութեան մէկ մասն է, նաեւ՝ անբաժան տարրը եւ ենթակայ է անոր օրէնքներուն, գործելակերպին։ Այնուհետեւ մարմինը բնական է ու բնութեան յարիր։ Իսկ հոգիի ծագումը աշխարհէն դուրս է, հետեւաբար բնութեան օրէնքներն ու համակարգը չեն ազդեր անոր վրայ՝ ինչպէս կ՚ազդեն մարմնի վրայ։ Քանի մարդիկ հոգի ունին, անոնք ընդունակ են դուրս գալու աշխարհի եւ բնութեան սահմաններէն եւ զերծ մնալ անոնց ստրուկը դառնալէ։ Հոգին նաեւ ազատութեան երաշխիքն է։ Կ՚ենթադրուի, որ մարդ իր հոգիին շնորհիւ կը բացառուի բնութեան մէջ։ Մարդկային այս կազմուածքին՝ հոգիի եւ մարմնի համադրումին յառաջ բերած ազատութեան ընկալումը կարելի է համառօտել հետեւեալ ձեւով. մեր արարքները պէտք չէ պարտադրուած ըլլան։ Ազատ ըլլալ կը նշանակէ, թէ մեր գործողութիւնները, շարժումները կախում չունին որեւէ գործօնէ կամ հարկադրանքէ։

Շոփենհաուէր, մարդու եւ ազատութեան ընկալման մասին կը հարցնէ հետեւեալը. «Որպէս բնութեան մէկ տարրը՝ մարդ արդեօք շրջակայ միջավայրէն ազդուո՞ղ էակ մըն է, թէ ոչ բացառութիւն է բնութեան մէջ»։

Շոփենհաուէր կը պնդէ, թէ մարդիկ փափաքելու համար ստեղծուած են։ Իսկ ազատութիւն կը նշանակէ ո՛չ թէ իրականացնել մեր փափաքները, այլ՝ զանոնք կեանքի կոչել ինքնըստինքեան, առանց որեւէ գործօնի ազդեցութեան, անկախօրէն։ Ըստ իրեն, սա անհաւանական է, քանի որ մեր ցանկութիւնները յառաջ կու գան շրջակայ միջավայրի պայմաններու բերումով։ Օրինակ՝ եթէ մսինք, պէտք կ՚ունենանք աւելի հաստ հագուստի, որպէսզի տաքնանք։ Պայմաններու բացակայութեան պարագային կամք չ՚ըլլար։

Փիլիսոփայութեան մէջ միտքը, ընդհանուր առմամբ, կ՚ընկալուի՝ որպէս մարդկային կամքը ղեկավարող տարր։ Միտքը կը նկատուի որոշում տուող, ծրագրող, լաւը վատէն զատող ուժ։

Շոփենհաուէրի համաձայն՝ միտքը կը ծառայէ կամքի ստեղծած նպատակներու համար յարմար միջոցներ գտնելու։ Բանականութիւնը մարդուն տրուած է ո՛չ թէ ճշմարտութիւնը բացայայտելու համար, այլ մտածելը մարդուն շնորհուած է, որպէսզի գտնէ օգտակարը եւ գոյատեւէ ըստ այդ օգուտի։ Հետեւաբար, միտքը կը ծառայէ գոյատեւելու, նաեւ կը նպաստէ իրեն պատկանող էութեան գոյութեան:

Ուստի, ըստ գերմանացի փիլիսոփային, հոգիի եւ կամքի ազատութիւն հասկացողութիւնները յօրինուած են անհրաժեշտութեան մը արդիւնքին։ Հոգին՝ կամքի ազատութեան գետին պատրաստելու, իսկ կամքի ազատութիւնը՝ պատասխանատուութեան զգացումի համար ստեղծուած են։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Յունուար 12, 2024