ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ՝ ՍՓԻՒՌՔԻ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ
Այս օրերուն շատ կը խօսուի Հայաստանի վերջին քաղաքական բուռն զարգացումներուն սփիւռքի մասնակցութեան մասին: Մասնաւորապէս՝ Սփիւռքի նախարարութեան լուծարման հարցին շուրջ սփիւռքի կարծիքը նկատի չառնելը, Հայաստանի պետական օրհներգի փոփոխութեան խօսակցութիւնները առանց սփիւռքի մասնակցութեան տանիլը եւ այլն, որոշ վրդովմունքի տեղի տուած են թէ՛ սփիւռքահայերու, թէ՛ սփիւռքի հետ առընչուող մտաւորականութեան մօտ: Ահաւասիկ, այս մտահոգութիւնները նկատի առնելով, Երեւանի մէջ լոյս տեսնող «Ազգ» օրաթերթը քննարկում մը նախաձեռնած էր՝ «Հայաստանի քաղաքական կեանքէն ներս սփիւռքի դերակատարութեան հարցին շուրջ» խորագրեալ։ Քննարկումը տեղի ունեցաւ Երեւանի «Թէքէան» կեդրոնին մէջ, ուր ներկայ էին սփիւռքի լուծարուող նախարարութեան պաշտօնեաներ, որոնք տակաւին կը շարունակեն սփիւռքի հետ տարուող աշխատանքը, մինչեւ նախարարութեան վերջնական լուծարումը: Անոնց հետ քննարկման եկած էին պետական, քաղաքական, կուսակցական եւ մասնագիտական ոլորտներու ներկայացուցիչներ, գիտնականներ, պատմաբաններ, արուեստագէտներ, մամուլի ներկայացուցիչներ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը: Կը ներկայացնենք այդ հանդիպման ներկաներուն խօսքերն ու մտահոգութիւնները, որոնք կը վերաբերին սփիւռքի հարցերուն:
Ներկաները կարեւորութիւն տուին մանաւանդ «Ազգ» թերթի կողմէ կազմակերպուած այս նախաձեռնութեան, նկատի ունենալով, որ իր ժամանակին «Ազգ»ը լրագրութեան, հրապարակախօսութեան նոր մշակոյթ բերած էր Հայաստան:
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ - «ԱԶԳ» ԹԵՐԹԻ ԽՄԲԱԳԻՐ
Ես այս պահուն յիշեցի Լեռ Կամսարի մէկ խօսքը, որ քիչ մը զաւեշտով կ՚ըսէ՝ հայկական հարցը գոյութիւն ունեցած է հայ ժողովուրդի ծագումէն առաջ: Ինծի կը թուի, որ սփիւռքի հարցը՝ սփիւռքին առընչուող հարցերը, գոյութիւն կ՚ունենան այնքան ատեն, որքան գոյութիւն կ՚ունենայ հայ ժողովուրդը: Այդ մէկը՝ սփիւռքի գոյութիւնը, մեր թէ՛ դժբախտութիւնն է, թէ՛ առաւելութիւններէն մէկը:
Այս հանդիպումը նախաձեռնած ենք, որովհետեւ վերջին շրջանին ծագած են քանի մը շեշտուած խնդիրներ, որոնք անհրաժեշտաբար կարիքն ունին քննարկուելու, խորհրդակցութեան ենթարկուելու եւ չեմ ըսեր՝ դիրքորոշուելու, բայց որեւէ լուծում առաջարկելու: Այդ հարցերէն մէկը, իմ կարծիքով, վերջին շրջանին Հայ Եկեղեցւոյ դէմ ընդվզումն է, մեր ազգային եկեղեցւոյ հիմերը խարխլելու փորձերը: Ես չէ, որ այս լսարանին պիտի բացատրեմ, թէ մեր եկեղեցին ոչ միայն հոգեւոր, այլ նաեւ ազգային իմաստով ի՛նչ նշանակութիւն ունի: Երկրորդ հարցը այն է, որ սփիւռքի հետ առընչուած, սփիւռքով զբաղող մինչեւ հիմա մեր ունեցած պետական մարմինը չենք գիտեր, թէ ինչպիսի շարունակութիւն պիտի ունենայ: Ես նախարարութեան, նախարարական դրուածքին դէմ եղած եմ, բայց այդ մէկը սեփական կարծիքս է:
Երրորդ մտահոգութիւնը կապուած է սփիւռքահայութեան անվտանգութեան հարցին: Այս առումով անցեալ տարի Սպանիոյ մէջ դէպքեր եղան, այս տարի՝ Գերմանիոյ, Քարատաղի մէջ, չեմ բացառեր, որ այդպիսի դէպքեր նաեւ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունենան: Ասոնց ետին պէտք է տեսնել կազմակերպուած գործունէութիւն մը՝ սփիւռքը թուլցնելու, հիւրընկալ երկիրներու մէջ սփիւռքահայերը ներկայացնելու որպէս անվստահելի տարրեր: Ուստի մենք քննարկումներու պիտի սկսինք այս հարցերուն շուրջ:
ԱՐՄԱՆ ԵՂԻԱԶԱՐԵԱՆ – ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱՄՊԻՈՆԻ ՎԱՐԻՉ, ՊԱՏՄԱԲԱՆ
Ես պատմական ակնարկ մը կը ներկայացնեմ, թէ ինչպիսի իրադարձութիւններու բերումով ստեղծուեցաւ Սփիւռքի նախարարութիւնը: Անկախութեան առաջին տարիներուն սփիւռքի հանդէպ մօտեցումը այնքան ալ որոշակի չէ եղած: Մէկ կողմէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը ստեղծուէր, միւս կողմէ կուսակցութիւններուն հանդէպ վերապահ դիրքորոշում կար: Յետոյ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան, նախագահ Քոչարեանի օրով սկսան Հայաստան-սփիւռք խորհրդաժողովները եւ այդ խորհրդաժողովներուն ընթացքին սկսան քննարկուիլ, թէ ինչպիսին պիտի ըլլայ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու համակարգող կառոյցը: Զանազան մարմիններ ըս-տեղծուեցան՝ գործակալութիւն, կոմիտէ, յետոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը նախարարութիւն ստեղծելու հարց բարձրացուց խորհրդաժողովներէն մէկուն ընթացքին, բայց Քոչարեան դէմ էր, ըսելով, որ կարիք չկայ նախարարութեան: 2008 թուականին ստեղծուած նախարարութիւնը դէպքերու զարգացման հետեւանքն էր, երբ հայրենիք-սփիւռք կապերու որակին բարձրացման հետ անհրաժեշտութիւն կար բարձրացնել պետական գերատեսչութիւնը. ստեղծուեցաւ նախարարութիւնը, նաեւ միջազգային ասպարէզի մէջ այսպիսի պետական բարձրագոյն մարմիններ կը ստեղծուէին՝ սփիւռքի գծով: Այսինքն նաեւ միջազգային փորձը նկատի առնուած է նախարարութիւնը ստեղծելու ժամանակ: Հիմա ետքայլ կը կատարուի, կը դադրի նախարարութեան գործունէութիւնը, պատճառաբանելով, թէ պէտք է աւելի արդիւնաւէտ դարձուին հայրենիք-սփիւռք կապերը: Ժամանակը ցոյց կու տայ, թէ որքան արդիւնաւէտ կ՚ըլլան, յուսանք՝ այդպէս ալ կ՚ըլլայ:
ԱՇՈՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԿԱԴԵՄԻՈՅ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԿԱՃԱՌԻ ՏՆՕՐԷՆ, ՊԱՏՄԱԲԱՆ
Ես այս պահուն կ՚ուզեմ խօսիլ այն մասին, թէ հանրութեան մէջ ի՞նչ տեղ ունի մտաւորականութեան խօսքը: Ես առիթով մը ըսած եմ, որ Սիլվա Կապուտիկեանի մահէն ետք հասարակական կարծիքը կարծես մեռաւ մեր իրականութեան մէջ: Խոր-հըրդային տարիներուն երբ մտաւորականութիւնը խօսք մը կը հնչեցնէր, նոյնիսկ խորհրդային մամլիչի ներքոյ հնարաւոր էր, որ ընթացք տրուէր այդ խօսքին: Իսկ այսօր, ազատ խօսքի, ժողովրդավարութեան պայմաններուն մէջ կարող ես խօսիլ, կարծիք յայտնել, բայց՝ ոչ մէկ արձագանգ: Նախ՝ նախարարութեան փակումին մասին ըսեմ, որ սփիւռքահայ համայքները անտեղեակ էին ատկէ: Ես այդ խօսակցութիւններուն պահուն Պէյրութ էի եւ շատերը զարմացան, որ առանց իրենց հետ քննարկելու նման որոշում առնուած է: Նոյնը՝ գիտութեան ասպարէզին մէջ է. բարեփոխումներ կ՚իրականացուին եւ մենք տեղեակ չենք: Արդօեք մեր խօսքը կշիռ ունի՞, ես կը կարծեմ, որ մեր խօսքը տեղ չի հասնիր: Ես Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծման հայեցակարգային քննարկումին մասնակցած եմ եւ իմ հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ ամէն ինչ ըրած եմ, որպէսզի այդ նախարարութիւնը կայանայ: Այս տասն տարուան մէջ մենք տեսանք, որ նախարարութիւնը զգալի աշխատանք մը կատարած է: Նիւթական առումով ալ ձեռնտու քայլեր կատարած է՝ մարզական ձեռնարկներ եւ այլն կազմակերպելով. ատոնք ի վերջոյ, դրամ կը բերէին Հայաստան եւ երեխաներն ալ կը կապուէին Հայաստանին: Այսօր մենք ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի մեր մտաւորականութեան կշիռը վերականգնի եւ մտաւորականութեան հնչեցուցած խօսքը լսելի դառնայ: Այս հարցերուն շուրջ մեր կարծիքները պէտք է նկատի առնուին:
ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ - ՊԱՏՄԱԲԱՆ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը այս օրերուն յայտարարեց, որ իր աշխատակազմը կ՚ունենայ Սփիւռքի գիծով յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան մը եւ որ կ՚ըլլայ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու մէջ վարչապետի աշխատակազմին ներկայացուցիչը:
Սակայն այս յայտարարութիւններուն սփիւռքը կ՚անդրադարձնէ, որ մէկ հոգին չի կրնար այդ բարդ ոլորտը ղեկավարել եւ միանձնաբար ըլլալ սփիւռքի պատասխանատուն: Աւելի՛ն, ան պէտք է այնպիսի անձնաւորութիւն ըլլայ, որ շատ լաւ ճանչնայ թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ սփիւռքը: Եւ միայն Հայաստանը ճանչնալը կամ միայն սփիւռքը ճանչնալը բաւարար չէ, քանի որ այդ մարդը պէտք է կամուրջ ըլլայ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ:
Իշխանութեան կողմէ կը յայտարարուի նաեւ, որ սփիւռքի հարցերով միայն Սփիւռքի նախարարութիւնը չէր, որ կը զբաղէր, այլեւ մնացած բոլոր նախարարութիւնները եւ որ երբեմն աւելորդ երկուութիւն մը կը յառաջանար, զուր տեղ կը մսխուէին ֆինանսական եւ մարդկային աղբիւրները: Սակայն ակնյայտ է նաեւ, որ սփիւռքահայը որեւէ հարց ունենալու պարագային գիտէր որո՛ւն դիմել, ո՛ւր երթալ եւ իր բոլոր հարցերը ներկայացնել: Սփիւռքահայը գիտէր, որ Սփիւռքի նախարարութեան համապատասխան աշխատակիցները կրնային զբաղիլ իր հարցերով, կապ հաստատել զանազան նախարարութիւններու եւ պաշտօնեաներու հետ եւ փորձել հարցին լուծում գտնել: Իսկ հիմա, երբ նախարարութիւնը չկայ, սփիւռքահայը չի գիտեր, թէ զինք յուզող հարցերու պարագային ո՛ր նախարարութեան, ո՛ր պաշտօնեային դիմէ: Որեւէ հարցի համար Հայաստան եկած սփիւռքահայը պէտք է դռնէ դուռ իյնայ, տեսնէ, թէ ո՛վ պիտի լսէ իր հարցերը եւ փորձէ լուծում գտնել: Վերջին տարիներուն Սփիւռքի նախարարութիւնը ունէր իննսուն պաշտօնեայ եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը մէկ աշխարհագրական շրջանի պատասխանատու էր: Անոնք տարիներու ընթացքին շատ բան սորված են, ծանօթացած են սփիւռքին, ծանօթ են բոլոր համայնքներուն, կազմակերպութիւններուն, անոնց ղեկավարներուն: Իսկ դեսպան նշանակուողը ով ալ որ ըլլայ, ինչպէ՞ս կրնայ փոխարինել իննսուն հոգին: Երկիր մը, որ պատերազմական վիճակի մէջ է, կը գտնուի շրջափակման մէջ, տնտեսապէս քայքայուած վիճակի մէջ է, ունի գործազրկութեան բարձր տոկոս, եւ այդ պայմաններուն ներքոյ վարչապետին կը բարդենք նաեւ սփիւռքի հարցը, որքանո՞վ ճիշդ կ՚ըլլայ: Այսօրուան իշխանութիւնը իշխանութիւն մըն է, որ յարգանք կը վայելէ Հայաստանէն ներս եւ սփիւռքի տարածքին, եւ որու ղեկավարը առաջին իսկ օրէն կը խօսի սփիւռքի կարեւորութեան ու հայրենադարձութեան, սփիւռքէն ներդրումներ կատարելու մասին, եւ եթէ այդ իշխանութեան առաջին քայլը ըլլայ նախարարութիւնը փակել, առնուազն վատ տպաւորութիւն կը ձգէ սփիւռքահայերու ու բացասական ազդեցութիւն կը թողու անոնց հոգեբանութեան վրայ:
Այնպէս որ, իմ կարծիքով, նախարարութիւնը մէկ անգամէն փակելու փոխարէն կարելի էր նախ խնդիրը պարզաբանել ժողովուրդին, այնուհետեւ հանդիպիլ սփիւռ-քահայերու զանազան կառոյցներու հետ, յստակացնել, թէ ո՛ր կառոյցն է լաւագոյն կազմակերպական ձեւը, ապա անհրաժեշտ էր նախապատրաստել սփիւռքը այս փոփոխութիւններուն եւ այդ ժամանակ այսպիսի տարակարծութիւններու առիթ չէր տրուեր: Մէկ կողմէ շատ կը կարեւորուի սփիւռքի դերակատարութիւնը, իսկ միւս կողմէ կը գոցուի անով զբաղող կառոյցը:
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ – ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱԿԻՑ, ՊԱՏՄԱԲԱՆ
Մենք երբեմն կը մոռնանք, որ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները ունին հարիւրամեայ պատմութիւն: Նոյնիսկ պետութիւն-սփիւռք յարաբերութիւնները ունին հարիւր տարուան պատմութիւն եւ Առաջին հանրապետութեան կառավարութեան կազմին մէջ նոյնպէս գործած են բաժիններ, որոնք զբաղած են ներգաղթի, գաղթօճախներու հարցերով, Հայաստանին օգնութիւն հայթայթելով: Իսկ խորհրդային շրջանին արդէն զատ մարմիններ եղած են, իսկ տասը տարի առաջ՝ նախարարութիւն:
Նախարարութեան միջոցաւ իրականացուող սփիւռքի հետ մեր յարաբերութիւնները երեք մեծ ուղղութիւններ ունէին՝ հայապահպանութիւն, հայրենադարձութեան խթանում եւ սփիւռքեան կազմակերպութիւններու հետ կապի ապահովում, աշխուժացում, ընդլայնում: Կը կարծեմ, որ այսպիսի մեծ սփիւռք ունեցող երկիր մը պէտք է ունենայ ներգաղթի մասին օրէնք, բոլոր սփիւռքահայերը պէտք է ունենան իրենց հայրենիքին մէջ հաստատուելու իրաւունքը, պէտք է ունենան կարգավիճակ, արտօնութիւններ: Մօտ ութսուն հոգի է նախարարութեան աշխատակազմը եւ աշխատանքները չեն դադրած տակաւին, կը շարունակուին: Հայրենադարձութեան առումով ըսեմ, որ վերջին ութ-ինն ամիսներուն աննախադէպ աշխուժութիւն կայ: Հայրենադարձութիւն ըսելով ես նկատի ունիմ նաեւ դուրսը երկար տարիներ ապրած հայաստանցիները, որոնցմէ վերադարձողներ կան: Նախարարութիւնը վերջին ութ-ինն ամիսներուն Հայաստան եկողներու պաշտօնական թիւը հրապարակած է, խօսքը շուրջ 450 ընտանիքի մասին է, որոնք դիմած են, իսկ ընտանիքներու ամէն մէկուն թիւն ալ, բնականաբար, տարբեր է: Եւ անոնց մենք հիմնականօրէն քանի մը տեսակի աջակցութիւն կը ցուցաբերենք՝ մաքսային ծառայութեան հարցերը, որպէսզի անոնք իրաւունք ունենան իրենց անձնական օգտագործման գոյքը, ինքնաշարժները առանց մաքսատուրքի ներկրելու Հայաստան: Կրթական, առողջապահական, իրաւական ոլորտներու մէջ նոյնպէս անոնց օժանդակութիւն կը ցուցաբերուի: Հիմա այս աշխատանքները այսուհետեւ ի՛նչ մարմնի միջոցաւ պիտի շարունակուին, ես իմ կարծիքս ըսած եմ քանի մը անգամ: Իմ կարծիքով, Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը պէտք է ապահովէ, կազմակերպէ, քաղաքականութիւն մշակէ եւ իրականացնէ նախարարութեան կարգավիճակ ունեցող պետական մարմինը: Կրնայ ըլլալ նաեւ, որ ստոյգ նախարարութիւն չըլլայ, կառավարութիւնը ունի իր գիծը՝ ան հարց դրած է ունենալ միայն տասներկու նախարարութիւն, բայց պետական կոմիտէ կամ պետական լիազօր մարմին ունենալը նոյնպէս կարող է Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ապագան չվտանգել:
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՐԱՇԼԵԱՆ - «ՎԵՐԱԴԱՐՁ ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՏՆՕՐԷՆ
Մեր կազմակերպութիւնը մօտաւորապէս վեց տարուան կազմակերպութիւն մըն է, մենք կամաւոր կերպով կ՚աջակցինք հայրենադարձներուն, նաեւ՝ սուրիահայերուն, հայրենադարձներու ցանցը կազմուած է 6500 անդամէ։ Անցեալ տարի միայն մեզի ութ հարիւր հոգի դիմած է՝ հայրենադարձուելու կամ միջավայրին յարմարելու հարցով աջակցութիւն ստանալու համար:
Իմ կարծիքով, նախարութիւնը լուծարելու քայլերու տրամաբանութիւնը խախտած է. որպէսզի լուծարելու, կարգավիճակ փոխելու որոշում կայացուի, նախ պէտք էր հասկնալ, թէ նոր ռազմավարութիւնը ինչպէս է: Այդ նոր ռազմավարութեան հարցով պէտք է ներգրաւել սփիւռքը, որպէսզի չունենանք այն իրավիճակը, որ ունեցանք հայ-թրքական արձանագրութիւններու գործընթացի ընթացքին: Եթէ կը յիշէք՝ այդ առումով առնուած քայլերը լուրջ խնդրի եւ փաստի առջեւ կեցուցին սփիւռքը: Եւ տեղ մը նաեւ անոր զուգահեռ ստեղծուեցաւ Սփիւռքի նախարարութիւնը, որպէսզի մեղմուի ստեղծուած իրավիճակը եւ ձեւաւորէ գործակցութեան նոր ձեւաչափ: Այսինքն՝ նախ հայեցակարգն է կարեւորը, ապա կարեւոր է, որ սփիւռքը այդ հայեցակարգի ստեղծման մասնակից ըլլայ, անկէ ետք միայն կարելի է խօսիլ կառուցուածքային լուծումներու մասին: Իմ կարծիքով, պայման չէ, որ Հայաստան-սփիւռք կապերուն համար միայն մէկ կառոյց ըլլայ, կրնան ըլլալ պետական եւ ոչ-պետական մարմիններ: Այսինքն՝ այս հարցին մէջ անհրաժեշտ է պետութիւն-մասնաւոր հատուած գործակցութեան ձեւաչափ մը:
Հարց մըն ալ կայ՝ սփիւռքը միշտ կ՚ուզէ ներկայացուած ըլլալ նման կառոյցներու միջոցաւ: Իմ խորին համոզմամբ, եթէ սփիւռքի գիծով կառոյց մը պիտի ստեղծը-ւի, ապա ղեկավարներուն կէսը պէտք է եթէ ոչ սփիւռքահայ ըլլայ, ապա գոնէ հայրենադարձ ըլլայ, որովհետեւ անոնք սփիւռքէն եկած են, աւելի լաւ կը պատկերացնեն հարցերը:
ՍՈՒՐԷՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ - ԳՐԱԿԱՆԱԳԷՏ, ՀԱՅԱԳԷՏ
Մենք Սփիւռքի նախարարութեան առջեւ սկիզբէն ի վեր կրթութեան հարցը դրած ենք, մասնաւորապէս՝ արեւմտահայերէնի: Հայաստանի մէջ բարձրագոյն կրթական համակարգի մէջ արեւմտահայերէնի մասնագիտական ուսուցման մասին առաջին օրէն խօսած ենք: Բայց ոչ մէկ լուծում. նախարարութիւնը չկրցաւ նոյնիսկ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արեւմտահայերէնի թեքումով դպրոց մը ունենալ, պատրաստել մասնագէտներ: Ասիկա բարձիթողի վիճակի արդիւնք է: Մենք արեւմտահայերէնը իբրեւ լեզուական համակարգ կը ճանչնա՞նք, կ՚ընդունի՞նք՝ ոչ, ամէն տեղ կ՚ոտնահարենք լեզուական այդ միաւորին իրաւունքները եւ տակաւին կ՚ուզենք, որ սփիւռքէն գան, հոսք ըլլայ: Շատ տխուր օրինակ մը պիտի բերեմ. եկան, դպրոցի մը մէջ տեղաւորեցին սուրիահայ աշակերտներ, փորձեցին կազմակերպել ուսումնական գործընթաց մը եւ յետոյ ինքնահոսի մատնուեցաւ, դպրոցը գոցուեցաւ, աշակերտները ցրուեցան եւ ոչ մէկ պատասխան տրուեցաւ այդ տարրական հարցին առընչութեամբ: Մենք կը հաշտուի՞նք արդեօք արեւմտահայերէնի դանդաղ մահուան… ասոնք հարցեր են, որոնք լուծում պիտի գտնեն այստեղ՝ Հայաստանի մէջ, իսկ նախարարութի՞ւն կ՚ըլլայ, թէ՞ կոմիտէ՝ իր առօրեայ գործերը կը կատարէ, կը քալէ... Մենք նախ եւ առաջ լեզուի նման ռազմավարական հարցերը պէտք է լուծենք:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ