ԲԱՐՁՐԱԿԱՐԳ ՍՊԱՍԱՐԿՄԱՆ ՎՆԱՍՆԵՐԸ

Պարոն Արտաշէսի ճամբուն վրայ կը գտնուի դէպի երկինք խոյացող, շքեղագոյն շինութիւն մը, որ իր իւրայատուկ արտաքինով անտարբեր չի ձգեր անցորդները։ Անկարելի է սա բարձրայարկ սքանչատես կառոյցի քովէն անցնիլ ու չնկատել զայն։

Ինչպէս բոլոր մարդիկ, պարոն Արտաշէսն ալ նոյնպէս ամէն անգամ տունդարձի ճամբուն կը զմայլէր անոր ժամանակակից ճարտարապետութեամբ։

Օր մըն ալ, երբ վաթսունամեայ տղամարդը կը կատարէր իր ամէնօրեայ հերթական զբօսանքը, որոշեց բաւարարել իր հետաքրքրասիրութիւնը. ան համարձակօրէն հատեց սա առինքնող շինութեան շեմը։ Պարոն Արտաշէսի առջեւ բացուեցաւ նոր աշխարհ մը, որ բնաւ կապակցութիւն չունէր իր գիտցածի, ճանչցածի հետ։

Գլխաւոր մուտքէն տասն մեթր անդին կը գտնուէր խորհրդատուական կէտը, ուր իրենց հին ու նոր յաճախորդներուն կը սպասէին՝ խնդումերես, բարետես արտաքինով ու չափազանց քաղաքավար երիտասարդ աշխատակիցներ։ Պարոն Արտաշէս մօտեցաւ անոնցմէ մէկուն.

-Բարեւ ձեզ, ես կը բնակիմ ձեր հաստատութեան հարեւանութեամբ։ Գրեթէ ամէն օր, քանի մը անգամ կ՚անցնիմ սա գեղեցիկ շինութեան առջեւէն։ Այսօր որոշեցի ներս մտնել ու հետաքրքրուիլ ձեր առաջարկած ծառայութիւններով։

-Բարեւ ձեզ պարոն, ուրախ ենք ձեզ տեսնելով մեր երկրի լաւագոյն մարզական համալիրին մէջ։ Բարի եկաք։ Մեր հաստատութեան խորհրդատուներէն մին շուտով կը մօտենայ ձեզի ու կը ծանօթացնէ մեր մատուցած ծառայութիւնները։ Իսկ մինչ այդ կը խնդրեմ, որ տեղաւորուիք յարմարաւէտ բազմոցին,- ըսաւ աշխատակիցներէն մին եւ սիրալիր ու բարեհամբոյր կերպով պարոնին ուղեկցեցաւ դէպի սպասման սրահ։

Սպասման սրահ կոչածն ալ ընդարձակ տարածութիւն մըն էր, կահաւորուած դասական ոճով, ուր կը հնչէր հռչակաւոր երգահաններու ստեղծագործութիւնները։ Նմանատիպ տրամադրող անկիւնի մը մէջ մարդ կրնայ սպասել թէկուզ քանի մը ժամ։ Այստեղ ուրիշ յաճախորդներ ալ կային, մարզական հագուստներով ու պայուսակներով։ Անոնք թերեւս կա՛մ կանուխ եկած էին մարզուելու, կամ ալ պարզապէս մէկու մը կը սպասէին։

Երկու վայրկեան անց մօտեցաւ խորհրդատուներէն մին, նախապէս ներողութիւն խնդրեց սպասցնելու համար, այնուհետեւ սիրով պատասխանեց պարոն Արտաշէսի հարցումներուն.

-Ինչպիսի՞ ծառայութիւններ կը մատուցէք,- բարեհամբոյր հարցուց պարոնը։

-Շնորհակալ եմ, որ կը հետաքրքրուիք մեր աշխատանքով։ Մենք ունինք արհեստավարժ ու սիրողական լողի պարապմունքներ։ Գերժամանակակինց սարքերով յագեցած մարզասրահներ, եոկայի, փլաթեսի, հայկական, արդի, լատինամերիկեան պարերու խմբակներ, բռնցքամարտի, թենիսի, ոտնագնդակի, պասքեթպոլի, վոլէյպոլի արհեստավարժ ու սիրողական պարապմունքներ, ինչպէս նաեւ ձիարշաւարան եւ այլն։ Բոլոր պարապմունքները նախատեսուած են թէ՛ մեծերու, թէ՛ փոքրերու համար։ Ունինք նաեւ յատուկ ընտանեկան ծրարներ։ Մեր հաստատութեան երդիքին տակ համախմբուած են երկրի լաւագոյն մարզիչները, որոնք կը հանդիսանան ախոյաններ զանազան մարզական բնագաւառներու մէջ։ Մեր մարզահամալիր կը յաճախեն պատուարժան մարդիկ, մշակոյթի, պետական ու քաղաքական նշանաւոր դէմքեր։

-Պարոն, եթէ կը կամենաք շրջայցով մը կ՚ուզեմ ձեզ ծանօթացնել իմ թուած բոլոր մարզաձեւերուն հետ,- առաջարկեց խորհրդատուն։

Պարոն Արտաշէս ինքզինք զգաց չափազանց շոյուած, սիրով ընդունեց վայելուչ երիտասարդի առաջարկը։

-Առաջին յարկի մէջ  կը գտնուի մեր հսկայական լողաւազանը՝ 50 մեթր երկարութեամբ ու 20 մեթր լայնութեամբ։ Լողաւազանին կից կը գործէ շոգեբաղնիքը, տաք ու պաղ ցնցուղները, ուր մեր յաճախորդները կրնան պարապմունքներէ վերջ լիցքաթափուիլ։ Ահաւասիկ հանդերձասրահները՝ նախատեսուած կանանց ու տղամարդոց համար…

Այսպէս բոլոր յարկերը շրջելէ վերջ բարեհամբոյր խորհրդատուն առաջարկեց բարձրանալ սրճարան, որ կը գտնուէր ամենավերին յարկը ու այնտեղ շարունակել իրենց զրոյցը։ Ինչպէս որ հարկն է, մարզահամալիրի կողմէն հիւրասիրեց գաւաթ մը բնական հիւթ։

-Ես պարզապէս հիացած եմ։ Իմ բառապաշարը չի բաւեր արտայայտելու համար իմ ստացած տպաւորութիւնները։ Այստեղը հեքիաթի կը նմանի։

-Անսահման շնորհակալ ենք ձեզի, ձեր դրական տպաւորութիւններու համար։ Դուք կրնաք կազմել այս ամէնի մէկ մասնիկը։ Մենք խորհելով ձեր առողջութեան մասին՝ հիմնած ենք սա աշխարհը, ուր դուք կրնաք յարմարաւէտ պայմաններու ներքեւ մարզուիլ ու վարել առողջ ապրելակերպ,- նկատեց ան ու շարունակեց.

-Պարոն Արտաշէս, ներեղութիւն, դուք քանի՞ տարեկան էք։

-Վերջերս բոլորեցի իմ կեանքի վաթսուներորդ տարին։

-Կը շնորհաւորեմ ձեզ։ Կ՚առաջարկեմ ձեզի այսուհետ զբաղիլ առողջ ապրելակերպով։ Առողջութիւնը ամենաթանկն ու կարեւորն է մեր կեանքի մէջ։ Դուք կրնաք մեր մարզահամալիրին մէջ մարզուիլ մատչելի գիներով։ Այժմ ունինք յիսուն տոկոս չեղչով յատուկ ծրարներ, որոնց մէջ ներառած ենք մեր բոլոր մարզատեսակները։ Բաց աստի, ձեռք բերելով ծրարը, դուք հնարաւորութիւն կը ստանաք անվճար օգտուելու մեր բժիշկներու եւ սննդաբաններու ծառայութիւններէն։ Մինչեւ մարզումներու սկսիլը, դուք կ՚անցնիք բժշկական հետազօտութենէ։ Այնուհետեւ ամիսը անգամ մը մեր բժիշկները կը հետեւին ձեր առողջութեան։

Ահաւասիկ տարեվարձը, որ չնչին գումար մըն է առողջութեան համար։ Այժմ ես ձեզի կը տրամադրեմ քանի մը վայրկեան խորհելու համար։ Կը սպասեմ ձեր զանգին,- թուղթի մը վրայ գրելով իր հեռաձայնի թիւը, ըսաւ երիտասարդն ու հեռացաւ։

Մինչեւ տարեվարձը տեսնելը պարոն Արտաշէսը վստահաբար կ՚ուզէր այցելել սա կախարդական առողջ աշխարհը։ Սակայն թիւը բաւական բարձր էր, հաւասար իր քանի մը ամսուան թոշակին։ Ան ինկաւ մտածումներու մէջ։

Ծանր ու թեթեւ ընելէ վերջ որոշեց հրաժարիլ ծխախոտէ, քիչ մը խնայողութիւններ ընել ու վայելել առողջ ապրելակերպի բերկրանքը։

Տպաւորութիւններու ազդեցութեան տակ ան քառորդ ժամ անց հեռաձայնեց ուղեկից երիտասարդին ու խնդրեց զինք անդամագրել իրենց ակումբին։ Վարիչը անմիջապէս մօտեցաւ պայմանագիրը ձեռքին ու խնդրեց կանխավճար։

Երբ պարոն Արտաշէս լքեց վայելքներու մոլորակը, դէմքին պաղ հով մը փչելով անմիջապէս սթափեցաւ ու սարսափահար եղաւ պահի ազդեցութեան տակ կայացուցած իր վճռորոշ որոշումէն։ Ինչպէ՞ս պիտի կրնայ վճարել։

Պահ մը ուզեց վերադառնալ ու հրաժարիլ, սակայն այլեւս ուշ էր, պայմանագիրը ստորագրած էր…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2020