ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. «ՎԵՐՋԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՄԱՐԴՈՑ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ»

Պօղոս Առաքեալ իր աշակերտ՝ Տիմոթէոսին ուղղած երկրորդ նամակին մէջ հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ «վերջին ժամանակներու մարդոց  նկարագիրը»:

«Սա՛ եւս գիտցիր, թէ վերջին օրերուն դժուար ժամանակներ պիտի գան, որովհետեւ մարդիկ պիտի դառնան անձնասէր, դրամապաշտ, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներուն անհնազանդ, ապերախտ, սրբութիւնները ոտնակոխող, տմարդի, անգութ, չարախօս, անհանդուրժող, դաժան, բարիին թշնամի, մատնիչ, անպատկառ, գոռոզ եւ աւելի հեշտանքը սիրող՝ քան զԱստուած: Երեւութապէս աստուածապաշտ են անոնք, բայց խորքին մէջ չեն հաւատար աստուածպաշտութեան զօրութեան: Զգուշացի՛ր անոնցմէ: Անոնց մէջ կան նաեւ այնպիսիներ, որոնք տունէ տուն կը մտնեն եւ իրենցմով կը հրապուրեն մեղքերով ծանրաբեռնուած եւ զանազան ցանկութիւններէ բռնուած թեթեւաբարոյ կիները, որոնք միշտ կ՚ուզեն գիտնալ, բայց երբեք ճշմարիտ գիտութեան չեն հասնիր» (Ա. Տմ 3.1-7):

Շա՜տ ծանօթ չըսելու համար հարազատ նկարագրութիւն մըն է, որ մեզմէ շատեր այսօր ո՛չ միայն կը կարդանք այդ մասին, այլեւ՝ ականատեսը կը դառնանք այդ բոլորին:

Մարդկային այսօրուան ընկերութիւնը շեղած է իր մարդկայնութեան վսեմ եւ ազնիւ ճանապարհէն, ու յայտնուած է ահաւոր դարձդարձիկ ճանապարհներու մէջ: Մարդիկ, ի զուր ջանքեր կը գործադրեն ապահովութեամբ դուրս գալու այդ վիճակէն: Ի զուր, կ՚ըսեմ, որովհետեւ մեր կատարած ճիգերը զուտ մարդկային ուժերով է, որ կը գործադրենք, առանց դիմելու ամէն տեսակի հարցեր լուծող եւ ցանկացած դժուարութիւն փոշիացնող Ամենազօր Աստուծոյ: Արդի՞ւնքը. նորանոր սայթաքումներ եւ խարխափումներ, նորանոր վայրագութիւններ եւ անկարգութիւններ, նորանոր անհաւատութիւններ ու անբարոյականութեան դրսեւորումներ, նորանոր խաչակրութիւններ Խաչեալին դէմ:

Փորձենք անդրադառնալ Սրբազան Առաքեալին յիշածներուն մէկ առ մէկ:

Դժուար ժամանակներ պիտի գան. Առանց Աստուծոյ եւ Աստուծմէ դատարկ կեանք մը անպայմանօրէն իր դիմաց կ՚ունենայ դժուար ժամանակներ: Պահ մը մտափոխուինք դէպի Հին Կտակարան: Հրեայ ժողովուրդը Աստուծոյ հետ իր դարաւոր փորձառութեան ժամանակ, ամէն անգամ երբ Աստուծմէ հեռանար, անպայմանօրէն կը հանդիպէր դժուարութիւններու, նեղութիւններու եւ կոտորածներու, սակայն, երբ վերադառնային Աստուծոյ եւ կամ Աստուծոյ ձայնը լսելի դառնար անոնց, հակառակ գոյութիւն ունեցող դժուարութիւններուն, հեշտութեամբ կը կարողանային յաղթահարել զանոնք: Նոյնը կը վերաբերի Նոր Կտակարանի ժամանակաշրջանին: Մտաբերենք Առաքեալները, երբ առանձին լիճին մէջէն կ՚անցնէին, փոթորիկ բարձրացաւ, սարսափեցան, սակայն երբ Քրիստոս յայտնուեցաւ անոնց կողքին, ամէն ինչ խաղաղեցաւ: Նոյնն է պարագան այսօրուան մարդուն. այնքան ատեն որ մենք մեզ Աստուծմէ հեռու կը պահենք, մենք մեր կեանքի ընթացքին է, որ կը դժուարացնենք պարզապէս, մինչ երբ մեր կեանքը Աստուծոյ յանձնած ըլլանք եւ Անով ապրինք մեր առօրեան, ապա հակառակ ունեցած դժուարութիւններուն՝ որոնք իւրաքանչիւր հաւատացեալի կեանքին անբաժան մասնիկներն են, մեր կեանքը կը վերածուի քաղցրութեան, ուրկէ աստուածային անուշաբոյր բուրմունք կու գայ:

Մարդիկ պիտի դառնան՝

Անձնասէր. անձնասիրութիւնը մարդ արարածին մեծագոյն թշնամին է: Տէր Յիսուսին հարցուցին, ո՞րն է մեծագոյն պատուիրանը: Ան պատասխանեց. «“Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սիրտովդ, ամբողջ հոգիովդ եւ ամբողջ մտքովդ”: Ասիկա է մեծագոյն եւ կարեւորագոյն պատուիրանը: Երկրորդը ասոր նման է. “Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս”» (Մտ 22.37-39). անձնասիրութիւնը արդարեւ հակառակ է աստուածային այս մեծագոյն պատուիրանին:

Դրամապաշտ. Սուրբ Յովհան Մանդակունի Հայրապետը այսպէս կը գրէ արծաթսիրութեան մասին. «Ի՞նչ է արծաթսիրութիւնը. արծաթսիրութիւնը՝ անհաւատութիւն, անյուսութիւն, անգթութիւն, անողորմութիւն, ագահութիւն, արհամարհութիւն, անբարի ստութիւն, անձնահաճութիւն, եւ Աստուծոյ պատուիրաններուն չնայիլ է»:

Ամբարտաւան. ամաբարտաւանութիւնը Տիրոջ զայրոյթն ու հակառակութիւնը կը գրգռէ, որովհետեւ Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք. «Տէրը հակառակ է ամբարտաւաններուն, մինչ շնորհք կու տայ խոնարհներուն» (Առ 3.34: Յկ 4.6):

Հպարտ. հպարտութեան պատճառով Արուսեակը, որ հրեշտակներուն մէջ ամենէն գեղեցիկն էր, մերկացաւ իրեն շնորհուած աստուածային գեղեցկութենէն եւ նողկալի դարձաւ: Նոյնն է պարագան հպարտ մարդուն, որ Աստուծոյ պատկերով ու նմանութեամբ ստեղծուած ըլլալու հանգամանքը ոտնակոխելով, կը կորսնցնէ իր աստուածային պատկեր ունենալու հանգամանքը եւ կը վերածուի գազանի: Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին կը գրէ. «Հպարտութիւնն ու նախանձն էին, որ սատանան աստուածանալու ցանկութեան մղեցին, եւ հիմա ալ կը ջանայ բոլոր մարդոցմէ երկրպագուիլ»։

Հայհոյիչ. հայհոյութիւնը մարդս տգեղցնող երեւոյթներէն մէկն է, որով մարդ կ՚եղծանէ իր էութիւնը: Յովհաննէս Երզնկացին կ՚ըսէ. «Բերանը, որով Աստուծոյ անունը կը խոստովանիք եւ կը հաղորդուիք, մաքուր պահեցէք հայհոյանքներէ եւ աղտոտ խօսքերէ, եւ Աստուծոյ ստեղծած լեզուն սատանայի գործիքի մի՛ վերածէք»:

Ծնողներուն անհնազանդ. Տասնաբանեայ պատուիրաններուն հինգերորդը, կ՚ըսէ. «Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ, որպէսզի բարիք գտնես, երկար ապրիս բարեբեր այն երկրին վրայ, որ Տէր Աստուած քեզի պիտի տայ» (Ելք 20.12): Այսօրուան ազատամտութեան ախտը, որով սատանան եւ իր արբանեակները կուրցուցած են մարդոց աչքերը, իրենց ամենէն զօրաւոր յարձակումները կը գործեն ծնող-զաւակ յարաբերութեան քայքայման վրայ, որովհետեւ երբ այդ յարաբերութիւնը չկայ, այլ խօսքով ծնողներու խնամատարութիւնը եւ զաւակներու հնազանդութիւնը, ապա դիւրութեամբ կարելի է կառավարել զաւակները եւ տանիլ ցանկացած հոսանքով: Այն ինչ Տէրը յստակ կերպով կը շեշտէ՝ հայրն ու մայրը պատուելու մասին, եւ կու տայ այդ հնազանդութեան ու յարգանքին վարձատրութիւնը՝ որպէսզի բարիք գտնես:

Ապերախտ. մենք մեր ապերախտութեան պատճառով զրկուեցանք երանական դրախտէն եւ անկէ դուրս արտաքսուեցանք: Աստուած, երբ մարդը ստեղծեց, զինք տէր ու իշխան կարգեց ամէն ինչի, սակայն հրամայեց, որ մարդ միայն մէ՛կ ծառի չմօտենայ: Մարդը, սակայն, իրեն վսստահուած այդ իշխանութեան նկատմամբ ապերախտ գտնուելով, չհնազադեցաւ Աստուծոյ հրամանին, որով եւ զրկուեցաւ իր ունեցածէն իսկ: Սուրբ Օգոստինոս Երանելին հրաշալի կերպով կը ներկայացնէ ապերախտութեան ինչութիւնը, գրելով. «Տէր, երբ մէկը ստեղծես եւ ապերախտ ըլլայ Քեզի՝ արժանի կ՚ըլլայ դժոխքի, իսկ երբ ապերախտ ըլլայ զինք փրկելուդ համար՝ նոր դժոխք մը պէտք է բացուի անոր դիմաց»:

Սրբութիւնները ոտնակոխող. այսօր խղճի ազատութիւն շղարշի լոզունգին ետին ամէն տեսակի սրբութիւններ կ՚ոտնակոխուին: Սուրբը՝ անսուրբ, անսուրբը՝ սուրբ, մաքուրը՝ անմաքուր, անմաքուրը՝ մաքուր որպէս կը ներկայացուի: Եւ այս բոլորը յանուն ինչո՞ւ, յանուն մարդկային մեր սին փառասիրութեան գոհացումին: Այսօրուան մարդուն համար սրբութիւնն ու անոր ընկալումը կը դառնայ իր անձին, իր եսին, իր շահին շուրջ, եւ այդ պատճառով ալ սրբութիւնները կ՚ոտնակոխուին:

Տմարդի, անգութ. այսօրուան մարդը իր տմարդութեամբ ոչինչով կը տարբերի շուրջ երկու հազար տարիներ առաջ Տէր Յիսուսը խաչ հանող հրեաներէն, կամ հռոմայեցի այն զինուորներէն, որոնք անտանելի չարչարանքներով չարչարեցին զԻնք: Եւ այդ տմարդութեան պատճառով է, որ այսօր աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ կը շարունակուին վայրագութիւններն ու բարբարոսութիւնները անզէն եւ անօգնական մարդոց հանդէպ:

Չարախօս. չարախօսութեան պատճառով ի՜նչեր ըսէք չի կատարուիր այսօր աշխարհով մէկ: Քանի՜ քանի տուներ, մարդկային յարաբերութիւններ, ընկերային կապեր եւ այլն կը քանդուին եւ ահաւոր վնասներ կը պատճառեն: Ինչո՞ւ. որովհետեւ մենք մեր լեզուին չե՛նք կրնար տիրապետել: Յակոբոս Առաքեալ կ՚ըսէ. «Ո՛չ ոք կրնայ հնազանդեցնել մարդկային լեզուն, որ չար է, անզսպելի եւ մահացու թոյնով լեցուն: Անով կ՚օրհնենք մեր Տէրը եւ Հայրն Աստուած, եւ դարձեալ անով կ՚անիծենք մարդիկը, որոնք Աստուծոյ նմանութեամբ ստեղծուած են» (Յկ 3.8-9):

Անհանդուրժող, դաժան. անհանդուրժողութիւնն ու դաժանութիւնը իրարու ընկերն են, որոնք միասնաբար կը քայլեն: Հոն ուր անհանդուրժողութիւն կայ, այնտեղ անպայմանօրէն կայ եւ դաժանութիւն: Դաժանութիւնը, բնականաբար, միայն ֆիզիքական առումով պէտք չէ հասկնալ, որովհետեւ մենք շատ յաճախ մեր լեզուի դաժանութեամբ շատ աւելի ցաւ կը պատճառենք մեր նմանին, քան՝ ֆիզիքական դաժանութեամբ: Իսկ անհանդուրժողութեան հիմքը՝ անձնասիրութիւնն է, այսինքն՝ մեր անձէն դուրս ոչինչ ընդունիլն ու ըմբռնելը:

Բարիին թշնամի. մարդուն բարիին թշնամի ըլլալու հանգամանքը կը կայանայ անոր մէջ, որով մարդ չի՛ ճանչնար բարին, չի՛ գիտեր, թէ ի՞նչ է բարին, եւ բնականաբար երբ չես ճանչնար ու չես գիտնար, ի վիճակի կը դառնաս ամէն տեսակի թշնամութիւն եւ չարիք սերմանելու անոր նկատմամբ:

Մատնիչ. առանց Աստուծոյ ապրող մարդը ամէն ինչի ատակ է, ընդ որում եւ մատնութիւն: Յուդան, որ Տէր Յիսուսի տասներկուքէն մէկն էր, եւ ականատես դարձած էր իր Տիրոջ կատարած բազմաթիւ հրաշագործութիւններուն, սակայն իր հաւատքի տկարութեան եւ յողդողթութեան պատճառով երեսուն արծաթի փոխարէն մատնեց իր Աստուածը: Այսօր մենք միթէ նոյնը չե՞նք ըներ, նոյն ձեւով չե՞նք վարուիր:

Անպատկառ, գոռոզ. 17-րդ դարուն ապրած ֆրանսացի փիլիսոփայ եւ բարոյախօս՝ Ժան տը Լապրույէր կը գրէ. «Անպատկառութիւնը մինչեւ վերջին կէտ հասցուածը ինքնասիրահարուածութիւնն է: Ինքնասիրահարուած մարդը կը յոգնեցնէ, կը ձանձրացնէ, կը զզուեցնէ. անպատկառը՝ կը վանէ, կը դաժանացնէ, կը ջղայնացնէ, կը վիրաւորէ»: Յատկութիւններ, որոնք կարելի է գտնել առանց Աստուծոյ ապրող մարդու կեանքին ու առօրեային մէջ: 

Եւ աւելի հեշտանքը սիրող՝ քան զԱստուած. այսօրուան մարդը կը գանգատի, կը բողոքէ ըսելով, թէ եկեղեցական արարողութիւնները, պատարագները երկար են, ձանձրանալի, սակայն նոյն մարդը իր օրուան կէսը, չըսելու համար ամբողջութիւնը կ՚անցընէ ժամանցի վայրերու, խաղասրահներու եւ խաղահրապարակներու, ճաշարաններու եւ ըմպելարաններու մէջ, չեմ խօսիր հեռատեսիլի, համակարգիչի, հեռախօսի, եւ այլնի մասին:  

Երեւութապէս աստուածապաշտ են անոնք, բայց խորքին մէջ չեն հաւատար աստուածպաշտութեան զօրութեան: Զգուշացի՛ր անոնցմէ. ինչքա՜ն շատցած են անոնք, որոնք այսօր Աստուծոյ անունով կը խօսին, սակայն զԱստուած չեն ճանչնար: Ինչքա՜ն մեծ է թիւը անոնց, որոնք Աստուծոյ մասին, անոր ամենակարողութեան մասին կը խօսին, սակայն Աստուծմով չեն ապրիր: Իրենք զիրենք սուրբ եւ առաքինի կը ցուցնեն, բայց խորքին մէջ չեն հաւատար իրենց իսկ ըսածներուն եւ քարոզածներուն: Մարդոց հաճութիւնը շահելու համար Աստուածաշունչը կը յարմարեցնեն իրենց առօրեային եւ այդպէս ալ կը սորվեցնեն իրենց հետեւորդներուն, փոխանակ սորվեցնելու հնազանդիլ, հետեւիլ եւ յարմարիլ Աստուածաշունչին: Առաքեալը իր աշակերտին ընդմէջէն մեզմէ իւրաքանչիւրին կ՚ուղղէ ազդարարութիւնը՝ զգուշացի՛ր անոնցմէ:

Անոնց մէջ կան նաեւ այնպիսիներ, որոնք տունէ տուն կը մտնեն եւ իրենցմով կը հրապուրեն մեղքերով ծանրաբեռնուած եւ զանազան ցանկութիւններէ բռնուած թեթեւաբարոյ կիները, որոնք միշտ կ՚ուզեն գիտնալ, բայց երբեք ճշմարիտ գիտութեան չեն հասնիր. վստահաբար մեզմէ շատերուն դռները զարնուած են եւ երբ բացած ենք, հանդիպած ենք մարդոց, որոնք եկած են մեզի «բարի լուրը», «Աստուծոյ սիրոյ մասին», «Անոր ողորմութեան, մարդասիրութեան եւ ամենակարողութեան մասին» խօսելու… Շատեր, որոնց համար Աստուած հեռուն կանգնած էութիւն մըն է, դիւրութեամբ կուլ տուած են սատանային այդ խայծը եւ փոխանակ իրենց մեղքերով ծանրաբեռնուած եւ զանազան ցանկութիւններէ բռնուած կարգավիճակը թեթեւցնելու, ա՛լ աւելի խորացած են մեղքի կեանքին մէջ, արհամարհելով եւ անպատուելով աստուածային շնորհքն ու մարդասիրութիւնը: Այդպիսիները, ինչպէս Առաքեալը կ՚ըսէ՝ երբեք ճշմարիտ գիտութեան չեն հասնիր:

Խորհրդածենք այս երեւոյթներուն մասին եւ մենք մեզ ինքնաքննութեան ենթարկենք, տեսնելու համար, թէ մենք ո՞ւր ենք, եւ խնդրենք Ամենաբարին Աստուծմէ, որպէսզի մեզի իմաստութիւն եւ քաջութիւն շնորհէ, կարենալ մնալու Իր կամքին մէջ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

5 փետրուար 2022, Վաղարշապատ 

Շաբաթ, Փետրուար 12, 2022