ԳԵՂԱՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ՀՈՒՐԻ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻՆ ԳԻԾԸ ԵՒ ԳՈՅՆԸ

Հայրենիքը հողն է, քաղաքը, գիւղը, տունը, լեզուն, մշակոյթը, մարդը… Ապրելով իր հողէն հեռու, մարդը կրնայ ունենալ ազգային ձգտումներ՝ ընտրելով գրիչը, բեմը կամ վրձինը…

Հուրի Վարդանեան ծնած ըլլալով եւ ապրելով Լիբանան՝ ընտրած է վրձինը. «Վաղ տարիքիս, բոլոր պզտիկներուն պէս, ինքս ալ կը սիրէի գծել: Կը զարմանայի, երբ ուսուցիչներս յատուկ հայեացքով կը դիտէին «խծբծանքներս», կ՚ըսէ գեղանկարչուհին:

Հուրի Վարդանեանին ուսուցիչները, ծնողքն ու զինք շրջապատող մարդիկ մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են հայ եւ համաշխարհային գեղանկարիչներու աշխատանքներուն հանդէպ: Աղջնակը շարունակ լսած է Այվազովսկիի, Սարեանի, Կալենցներու, Մինասի եւ այլոց մասին, պրպտած, գտած ու հիացած է մեծ վարպետներու կախարդական վրձնի կերտուածքներով, սակայն մինչ այժմ չէ կրցած բացայայտել անոնց հանճարին գաղտնիքը:

Հուրի Վարդանեան աւարտած է Պէյրութի «Այբ թու զետ» հիմնարկին Մարալ Փանոսեանի արուեստանոցը, ապա աշակերտած եւ շուրջ տասնհինգ տարի գործակցած է լիբանանցի անուանի գեղանկարիչ Պեռնար Ռենոյին հետ: Ներքին ազատութեամբ ու անկեղծութեամբ օժտուած գեղանկարչուհին իր աշխատասիրութեամբ, նպատակասլացութեամբ ու տոկուն կամքով ստեղծած է նոյնքան ազատ ու անկեղծ, կեանքով լեցուն կտաւներ, ուր քարացած շարժման մէջ շունչ ու ոգի կայ, ուր ներկային մէջ անցեալ կայ, պահին մէջ՝ կենսագրութիւն:

Ստեղծագործող մարդը շարունակ կարիք ունի նորոգուելու, հարստացնելու իր ներկապնակը: Հուրի Վարդանեանի ներշնչանքի աղբիւրը կեանքն է, մարդկային ճակատագիրները, ժպիտը, արցունքը, կարօտը, ի վերջոյ՝ սէրը ընտանիքի, հայրենի հողի ու ազգի հանդէպ:

Երբ արուեստագէտին ներկապնակը հարուստ է, ապա պահու թելադրանքով ճերմակ կտաւի վրայ կրնան բիւրեղանալ օրուան տրամադրութիւնները. «Օրուան ընթացքին շարունակ կը փորձեմ հասկնալ ճերմակի ու սեւի միջեւ ինկած գունային քաոսը, արեւածագի ու մայրամուտի, տառապանքի ու սիրոյ, ծնունդի ու մահուան հակասական առեղծուածները…»:

Հուրի Վարդանեանի համար ընտանիքն ու արուեստը զիրար կ՚ամբողջացնեն: Միշտ լաւատես, ընտանիքին նուիրուած գեցանկարչուհին հպարտութեամբ կը պատմէ ամուսինին, զաւակներուն, թոռնիկներուն, բարեկամներուն, ընտանիքի մշտական անդամ Փոմի շնիկին եւ իր խոհանոցին մասին. «Ամէն ինչի մէջ արուեստ կայ, ամէն ինչին պէտք է սիրով վերաբերիլ, գեղագիտական ակնոցով դիտել երեւոյթները, կը գծեմ ուրախ եւ տխուր պահերուս, սակայն՝ միշտ սիրով ու լաւատեսութեամբ…»:

Հուրի Վարդանեան պարբերաբար մասնակցած է Սայտայի, Պաթրունի, Տէր Ամարի, Ֆորում տը Պէյրութի, Պատարոյի ցուցահանդէսներուն, վերջինիս քառասուն մասնակիցներուն մէջ՝ տեղ գտնելով 12 լաւագոյններու պատուաւոր ցանկին մէջ:

Գեղանկարչուհիին սեղանին վրայ են վկայականներ, գովասանագրեր, պատուոյ գրեր, սակայն մեծագոյն վկայականը այցելուներու գնահատող հայեացքներն են, ծաղիկները, ջերմ խօսքերը, ձեռքսեղմումները…

Հուրի Վարդանեան միշտ քայլ կը պահէ հայրենի արուեստագէտներուն հետ, կ՚երազէ յաջորդ ցուցահանդէսը կազմակերպել Հայաստանի մէջ. «Ոմանք կեանքի դժուարին փորձութիւններուն դիմաց կ՚ապաշխարեն՝ փորձելով սփոփանք գտնել աղօթքի մէջ, ոմանք ճամբորդելու մէջ կը գտնեն իրենց հանգիստը, ոմանք մեր պատմութեան քառուղիները կը չափչփեն՝ կշռելով մեր յաղթանակներն ու պարտութիւնները, ոմանք խօսքով, ոմանք երգով կը ներկայացնեն մեր սրբազան հայրենիքը… Ես ընտրած եմ վրձինը, կամ՝ վրձինը ընտրած է զիս, աս ալ առեղծուած է: Ապրելով օտար երկրի մը մէջ՝ մենք պարտաւոր ենք պահպանել մեր բարձր նկարագիրը, որովհետեւ իւրաքանչիւրիս միջոցով մարդիկ կարծիք կը կազմեն մեր ազգի մասին…»:

Հուրի Վարդանեանը հիացած է ներկայ սերունդով. «Տաղանդաւոր սերունդ, սակայն կեանքի պայմանները միշտ զանոնք կը մղեն օտար ափերու մէջ բախտ ու երջանկութիւն փնտռելու, մինչդեռ երջանկութեան բանալին իրենց ձեռքն է, պարզապէս չեն տեսներ զայն…»: Աշխարհը Աստուծոյ ստեղծած արուեստն է, իսկ արուեստը՝ արուեստագէտին ստեղծած աշխարհը:

Հուրի Վարդանեան շարունակ կը փորձէ ստեղծել իր ուրոյն աշխարհը. «Որքան կը փորձես բացայայտել արուեստի աշխարհը, այնքան նոր հորիզոններ կը բացուին: Կը փորձեմ այդ անսահմանութեան մէջ գտնել իմ գիծը եւ գոյնը…», կ՚ըսէ գեղանկարչուհին:

Երկուշաբթի, Մարտ 12, 2018