ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ 9-ՐԴ ՄՏԱԽԱՂԵՐԸ՝ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ

Գարակէօզեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցան միջվարժարանային մտախաղերը, որոնք այս տարի 9-րդ անգամ կազմակերպուեցան։ Վարժարանի «Նատիա-Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցի երդիքին տակ տեղի ունեցան մտախաղերը, որոնց մասնակցեցան 13 միջնակարգերէ 39 աշակերտներ։ Թուրքիոյ Ուղեղի խումբի, Մտախաղերու հանդէսի եւ Խելքի միութեան կողմէ աջակցութիւն բերուած էր այս ձեռնարկի կազմակերպման համար։ Բազմաթիւ ճիւղերու մէջ նախատեսուած էին մտախաղերը, որոնց մասնակից աշակերտական խումբերը որպէս ուղեցոյց ունէին նաեւ իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիները։ Գարակէօզեան Տան տիկնանց կազմն ալ այս ձեռնարկին համար բերած էր իր աջակցութիւնը։

Մտախաղերու սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Գարակէօզեան Տան տնօրէնուհի Արուսեակ Քոչ-Մոնէ։ Դպրոցի ուսուցչուհիներէն Մարի Արզումանի հանդիսավարութեամբ գործադրուեցաւ յայտագիրը։ Թուրքիոյ Ուղեղի խումբէն Ֆաթիհ Գամէր Անտա աշակերտներուն տեղեկութիւններ փոխանցեց խաղերուն եւ կանոններուն շուրջ։

Բացման փուլէն վերջ տղաքը ամբողջական կեդրոնացումով մասնակցութիւն բերին մտախաղերուն։ Արդիւնքին խմբային դասաւորման մէջ դափնեկիր հանդիսացան՝ Տատեան, Պէզճեան եւ Գարակէօզեան վարժարանները։ Անհատական դասաւորման մէջ առաջին երեք շարքերը զբաղեցուցին՝ Ռինա Աքպաշ (Պէզճեան), Թարա Զիլման (Գարակէօզեան) եւ Գարուն Արսլան (Պէզճեան)։

Մտախաղերու աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման հանդիսութիւն։ Այս փուլին Գարակէօզեան Տան տնօրէնուհի Արուսեակ Քոչ-Մոնէ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ մասնակից բոլոր վարժարաններուն եւ աշակերտներուն համար։ Մասնակցութեան վկայականներ յանձնուեցան վարժարաններուն եւ անոնց ներկայացուցիչ ուսուցիչներուն։ Դափնեկիրները ծափողջոյններու ներքեւ ստացան իրենց մետայլները։ Յուշանուէրներ վերապահուած էին նաեւ Գարակէօզեան Տան տիկնանց կազմին եւ Թուրքիոյ Ուղեղի խումբին համար։ Տիկնանց յանձնախումբին յուշանուէրը ստացաւ Սեդա Սունէր։ Թուրքիոյ Ուղեղի խումբին եւ Գարակէօզեան Տան միջեւ փոխանակուեցան յուշանուէր։ Ներկայ էր նաեւ Մտախաղերու համաշխարհային դաշնակցութեան Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Գամէր Ալեանաքեան։

Միջվարժարանային 9-րդ մտախաղերու մրցանակաբաշխան աւարտին հատուեցաւ կարկանդակ մը եւ սարքուեցաւ ընդունելութիւն։

Երկուշաբթի, Մարտ 12, 2018