ԵՐԱԿԸ

Արեւային քաղաքին տակ, քաղաքը քաղաք ընող, տարբեր կէտերն անոր իրար շաղկապող ընդուղին է իր կայարաններով։ Երակն է քաղաքին. ոչ միայն շրջագայութեան ապահովման առումով, այլ կեանքի։

Երբ կը բաժնուիս երկնքի կապոյտը, յատակի դեղինն ու շէնքերու վարդագոյնը միատեղած աշխարհէն արտաքին, ու կը սկսիս իջնել վար, ընդյատակ, դէպի ընդուղի, զարմանալիօրէն կեանքին աւելի կը մօտենաս, փոխանակ հեռացած ըլլալու անկէ։

Արդ խոնաւ ու զով միջավայրին հետ վարէն վեր կը բարձրանայ ամբոխ մը արդէն, որու նմանը քաղաքի վերգետնեայ հատուածին մէջ քիչ է գտանելի։ Մարդիկ ալ, որ այնտեղ են, աւելի կեանքոտ են տեսակ մը, քան վերինները. թիւով շատ են երիտասարդները ընդհանրապէս, բայց աւելի տարեցներն ալ տարբեր շարժ մը ունին իրենց մէջ։ Պիրկ էութիւններ են գրեթէ բոլորն ալ. կամ աստիճան կը բարձրանան, կամ արագ-արագ կ՚իջնեն, կամ աւելի վարը՝ խորքը երկրին, սլացող կառքերուն մէջ՝ մետաղեայ երկաթներէն բռնուած ոտքի կենալու, ձիգ մնալու, չիյնալու ճիգ կ՚ընեն։

Եւ, ամենէն կարեւորը գուցէ, տեղ կ՚երթան։ Եւ ի՞նչ է ուրիշ կեանքը, եթէ ոչ շարժում։

Շարժում, շարժում, շարժում, եւ ամէն ինչը ինքն իրան կը գայ։ 

Կը գրէր հայ ապագայապաշտ բանաստեղծ Կարա Դարվիշը, դեռ քսաներորդ դարու առաջին քառորդին։

Երակները այս կը սնեն կարծես քաղաքը վերգետնեայ, որ անհամեմատ ջերմ է աւելի, բայց նաեւ դանդաղ, երբեմն կեանքին հակասելու չափ մեղմիկ ու սմքող՝ արեւուն տակ կիզիչ կամ քամիի հարուածին ցուրտ։

Երակի տարբեր ծերպերէն մարդիկ եռանդով դուրս կը նետուին, արեւն առնելով իրենց դէմքին, կամ քամին՝ կրծքերուն վրայ. իրարմէ բաժնուելով, տարբեր ուղղութիւններով կը հեռանան, կ՚երթան կեանքով սնելու քաղաքը մեր, որ փոքր է ու մարդաքիչ. կամ մեծ է ու մարդաշատ այնքան մը միայն, որ բաւարարէ իր գոյութիւն ունենալուն այս աշխարհի երեսին։

ԵՐԱՄ

Երեւան

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021