«ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՎԵՐՆԱԳԻՐ ՄԸ ԳՏՆԵԼՈՒ ՄԷՋ»…
Թէեւ հելլէնական առասպելաբանութեան մէջ գեղեցկութեան դիցուհին՝ Աֆրոտիթէն կը ծնի ծովու փրփուրէն, սակայն աւելի կանուխ շրջանին հին յոյները կը հաւատային, թէ ան՝ «գեղեցկութիւնը» կը յառաջանայ թարախէն: Այսինքն՝ ցաւէն, ցաւի յոռեգոյն տեսակէն:
Ասատուր աւելի կը խորանայ հարցին մէջ: Ան համամարդկային խժդժութիւններէն ծնած մորմոքն ու «բզկտուած» յիշողութիւնը որդեգրելէ ետք, կը յանձնուի ենթագիտակիցի «թելադրանքներուն» ու կը փորձէ թափանցել մարդկային ներաշխարհին մինչեւ յատակները, ուր անհատի տագնապներն ու եռեւեփումները զինք կ՚առաջնորդեն դէպի քաոսային ոլորտներ, ուրկէ սկիզբ կ՚առնեն իր ստեղծագործութիւնները ու կը բացուին մեր ժամանակներու վրայ՝ իբրեւ տանջանքի մէջ ջրդեղուած գեղեցկութիւն:
Այո՛, Ասատուրի մօտ գեղեցիկը կը ծնի քաոսէն, աւելի ճիշդը՝ աւերուած ու քաոսի վերածուած քաղաքակրթութեան հետքերէն, որոնց լքուած մնացուկները ո՛չ միայն ուշադրութեան ու գուրգուրանքի կ՚արժանանան Ասատուրի կողմէ, այլեւ ամենայն երկիւղածութեամբ ան կը հաւաքէ զանոնք ու բծախնդրութեամբ եւ ներդաշնականօրէն կը վերադասաւորէ կամ խնամքով կը կուտակէ իբրեւ սրբազան յուշ կամ մասունք:
Այս մէկը վերադարձ մը չէ դէպի աշխարհի եւ կամ առհասարակ տիեզերքի քաոսային վիճակ, այլ խորասուզում մը՝ մարդ էակին ներաշխարհին մէջ, ուր ապագային հանդէպ անորոշութիւնն ու անվստահութիւնը թափ կ՚առնեն, հոգեկան աւերումները կը բազմապատկուին ու կը վերածուին քաոսի: Մարդկային ներաշխարհի քաոսը պեղելու, զայն կարգաւորելու եւ անկէ մարդկային անձեռնմխելի, անհպելի արժէքները դուրս բերելու եւ դրսեւորելու ճիգն է Ասատուրի ստեղծագործական կեանքը: Ան իր արուեստով կը փորձէ փրկել բանական էակի՝ գլխագիր ՄԱՐԴՈՒ արժանապատուութիւնն ու ԵՍ-ը՝ զայն գեղարուեստականօրէն արժեւորելու համար: Ի վերուստ ստեղծագործելու տենչով «անիծուած» այս արուեստագէտը սկզբնական շրջանին երբ դիմանկարներ կը գծէր, կը փորձէր թափանցել տարբեր անհատականութեան տէր բնորդներու էութեան մէջ… դրսեւորելու համար անոնց անձեռնմխելի մարդկային արժանիքները: Ընթացքին ան բացայայտեց քաոսային վիճակը կեանքին, որ լաւապէս դրսեւորուած կը թուի ըլլալ անոր 1967-ին իրագործուած «Խառնաշփոթութիւն» (Vages) գծանկարին մէջ: Հոս, անզուսպ փոթորիկի մը իբրեւ հետեւանք, կատղած ալիքներու քմայքին յանձնուած է փիւնիկեան նաւակ մը (որ աւելի խաղալիքի տպաւորութիւն կը ձգէ)՝ քաղաքակրթութեան հետքը, գուցէ ինքը՝ գլխագիր ՄԱՐԴԸ, որուն ճակատագիրը վտան-գըւած է ու անորոշ: Նոյնաբնոյթ շարք մը ստեղծագործութիւններէ ետք, 1969-ին Ասատուր կը սկսի պատկերել իր «Poupée»ներու կերպարները, որոնք թէ՛ բովանդակութեան եւ թէ ոճային առումով անկիւնադարձային նշանակութիւն կ՚ունենան իր ստեղծագործական կեանքին մէջ: «Դիահերձուած պուպրիկ»նե-րու մարմիններէն ու գլուխէն դուրս կը ժայթքին քաղաքա-կըրթութեան մնացուկները, լքուած ու անտեսուած առարկաներ, ինչպէս՝ գիրքեր, գնդակներ, տուփեր, օղակներ, եռանկիւններ, ինչպէս նաեւ՝ դիմակներ: Այս վերջինները կարճ ժամանակի մէջ կը վերածուին առանձին ստեղծագործութիւններու, որոնց ուսերուն եւ գլուխներուն վրայ այս անգամ խնամքով շարուած կ՚երեւին քաղաքակրթութեան այլ հետքեր, ինչպէս՝ ժամացոյցներ, նետասը-լաքներ, փողեր, գիրեր, թուանշաններ, դրօշակներ, խրճիթներ, բուրգեր եւ այլն: Եթէ տառապած պուպրիկներու պարագային (որոնք խրտուիլակներու տպաւորութիւն կը ձգեն մեր վրայ), ներսէն դէպի դուրս «կ՚արտաքսեն») քաղաքակըր-թութեան մնացուկները, ապա դիմակները այն գործօններն են, որոնք առիթ կու տան արուեստագէտին խորանալու մարդու հոգեկան ներաշխարհին մէջ, ուր ան ձեռք կը բերէ «այն կարողութիւնները», որոնք «աչքին կը թոյլատրեն մտիկ ընել, իսկ ականջին՝ տեսնել ու լռութեան ձայները բռնել», ինչպէս կը խոստովանի ան զրոյցի մը ընթացքին:
Եթէ պուպրիկներու պարագային Ասատուր անոնց մարմինները կը դիահերձէր, ապա դիմակներու պարագային կը սկսի մարդու հոգեկան ներաշխարհի անթեղուած ծալքերը բանալ եւ «լռութեան ձայները բռնել»: Ակամայ ստեղծուած այս պարապութիւնը կը լեցուի տեսիլքներով: Հո՛ս ի յայտ կու գայ, որ Ասատուր կը ստեղծագործէ ենթագիտակիցի մղումին տակ եւ բնականաբար նաեւ՝ դժուարութիւն կ՚ունենայ մեկնաբանելու եւ նոյնիսկ խորագրելու իր ստեղծագործութիւնները, որոնցմէ շատեր անուն չունին, ուրիշներու անունները կրնան պայմանական ըլլալ, իսկ անոնցմէ մէկն ալ ուղղակիօրէն խորագրած է «Դժուարութիւն՝ խորագիր մը գտնելու մէջ»: Անոր ստեղծագործութիւններուն վերլուծման բանալին այս «դժուարութիւններուն» մէջ է: Ինչպէս որ ան ստեղծագործելու ընթացքին կը յանձ-նըւի իր ներքին տարերքին, այնպէս ալ իր ստեղծագործութիւններու ընկալումը ու մեկնաբանումը կը վստահի ակնդիրի ենթագիտակից աշխարհի ըմբռնողութեան ու կարողականութեան:
Հոգեվերլուծութեան ենթակայ դիմակներու շարքէն ետք Ասատուրի արուեստը մէկ կողմէ կը սկսի գունաւորուիլ եւ միւս կողմէ՝ անոր տեսադաշտը կ՚ընդլայնի ու կը տարածուի դէպի քաղաքային տեսարաններ ու բնանկարներ՝ հասնելու համար մինչեւ անջրպետ, ուր միջոցին մէջ կը սկսին ճախրել ու ծփալ ձեւազեղծուած մարդկային մարմիններ, որոնք յաճախ լարախաղացներու տպաւորութիւն կը ստեղծեն:
Խորհրդային կացութաձեւի պայմաններու տակ Փարաճանով, յանձինս ժողովուրդին, ոչխարներու հօտ մը կը մտցնէր եկեղեցի: Իսկ Ասատուր մարդուն կը պատկերէ միջոցին մէջ խրտուիլակներու նման, որոնք սակայն հանդէս կու գան իբրեւ հոգեկան աւերներէն «փրկուած» բանական էակներ՝ շրջապատուած սրբազան յիշատակներով:
Հոս ակամայ ի յայտ կու գայ յանձնառու ստեղծագործողը, որ խարանելէ ետք մարդկային խիղճը մարդը կը դնէ մարդկայնութեան պատասխանատուութեան տակ:
Ասատուրի կերպարները իրենց միջավայրով ենթակայ չեն տարածութեան եւ ժամանակի մաշումին: Անոնք կը վերաբերին բոլոր ժամանակներուն (երբեմն տիեզերքի մէջ), բոլոր տեսակի միջավայրերու մէջ, սակայն կը բացուին ու կը տարածուին մեր ժամանակին վրայ:
Ասատուրի համար կենսականը գիծի արտայայտչականութիւնն է, ուր գոյնի բացակայութիւնը զգալի չի դառնար: Ան կը պատկանի փարիզեան դպրոցին, սակայն որքան որ առաւ ու ներշնչուեցաւ անկէ, գուցէ եւ աւելի տուաւ անոր, որովհետեւ անոր ներշնչման աղբիւրները կը հասնին մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք, մինչեւ ճաբոնական բնանկարներն ու պուտտայական սրբանկարները:
Արեւելքի ծնունդ այս արուեստագէտը թէեւ տեղ մը եւ չափով մը ներշնչուած կը թուի ըլլալ նաեւ Պրաքի եւ Փիքասոյի խորանարդապաշտութենէն, սակայն ան խորանարդապաշտ մը չեղաւ:
Եթէ իր տեսիլքները գերիրապաշտական հակումներ կը դրսեւորեն, Խուան Միրոյի կամ Փոլ Քլէի նման, ապա ան հեռու մնաց դասական գերիրապաշտութենէ:
Եթէ անոր կերպերն ու գիծերը որոշ չափով կ՚առըն-չըւին Քանտինսեքիի եւ Մոնտրիանի հետ, ապա չմնաց նաեւ անոնց վերապաշտական սահմաններէն ներս:
Այս բոլորէն վեր, Ասատուր գերիրապաշտ ոլորտներու վրայ անհեթեթի զգացողութեան տէր ստեղծագործող մըն է, ունի ինքնատիպ լեզուամտածողութիւն ու ինքնուրոյն ոճ, որ կարելի է անուանել ասատուրական: Անոր արտայայտչաձեւերը շփոթելի չեն ուրիշներու հետ, եւ այդ պատճառով ան փարիզեան դպրոցի ուրոյն երակներէն մէկը կը համարուի:
Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ կը գնահատուի միջազգայնօրէն, ու գործերը ժամանակակից բազմաթիւ թանգարաններու մէջ կը ներառուին ու կը շարունակեն հետաքրքրել համաշխարհային չափանիշով բազմաթիւ արուեստաբաններ ու արուեստի կեդրոններ:
ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ