ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼ ՓԱԼՄԻՐԱՆ
Ամբողջ աշխարհէն շուրջ վաթսուն կազմակերպութիւն իր օգնութիւնը առաջարկած է սուրիական Փալմիրա քաղաքի պատմական յուշարձաններու վերականգնման հարցին, յայտնած է Հոմսի նահանգապետ Թալալ էլ Պարազի: «Պատմական յուշարձաններու պահպանութեան վարչութիւնը գնահատած է վնասը եւ կը համագործակցի բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ։ Այս պահուն ստացուած են օգնութեան առաջարկներ շուրջ վաթսուն կազմակերպութիւններէ, քանի որ այդ յուշարձանները կը համարուին անգնահատելի մեր քաղաքակրթութեան համար», ըսած է Էլ Պարազի: Ան նշած է, որ գումարը, որ կը պահանջուի վերականգնման աշխատանքներու իրականացման համար, դեռ հնարաւոր չէ եղած ապահովել, սակայն կառավարութիւնը կը յատկացնէ բոլոր անհրաժեշտ միջոցները:
Փալմիրայի պատմական տեսքի վերականգնման առաջին քայլը պէտք է ըլլայ քաղաքի ականազերծումը: Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ մօտ ապագային բնակիչները կը կարողանան վերադառնալ Փալմիրա։
Մինչ այդ, Սուրիոյ կառավարական զօրքերը վերջերս վերականգնած են պատմական Փալմիրա քաղաքի նկատմամբ վերահսկողութիւնը: Ազատագրման գործողութիւնները ընթացած են Ռուսաստանի օդատիեզերական ուժերու աջակցութեամբ: Փալմիրան, որու աւերակները Սուրիոյ մէջ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան վեց վայրերէն մէկն են, հսկողութեան տակ կը գտնուէր 2015 թուականի Մայիսի կէսերէն սկսեալ։
Միւս կողմէ, Սուրիոյ Հոմս նահանգին մէջ գտնուող հինաւուրց Փալմիրա քաղաքէն յայտնաբերուած է Փալմիրայէն գողցուած պատմամշակութային արժէք ներկայացնող հինգ յուշարձան: Իշխանութիւնները զանոնք գտած են Փալմիրայի էլ-Մալէֆ թաղամասէն ներս գտնուող տուներէն մեկուն մէջ` թաղուած: «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը, գրաւելով սուրիական Փալմիրա քաղաքը, ոչնչացուցած էր շարք մը կարեւոր նշանակութիւն ունեցող յուշարձաններ, իսկ որոշներն ալ փորձած էր վաճառել սեւ շուկայի մէջ: