ԱՐՏԱԳԱՂԹ ԵՒ ՃԱԿԱՏԱԳՐԵՐ
Արցախեան հակամարտութենէն առաջ Հայաստանի տարածքին բնակած են մեծ թիւով ատրպէյճանցիներ: Արցախեան պատերազմին յաջորդած հայ-ատրպէյճանական լարուած իրադրութեան հետեւանքով ատրպէյճանական համայնքը լքած է Հայաստանի տարածքը։ Սակայն Հայաստանի պատմութեան մէջ եղած է շրջան մը, երբ նոյնպէս ատրպէյճանցիներու տեղափոխում տեղի ունեցած է Հայաստանէն, որ սակայն գաղթ չէր, այլ ժամանակի իշխանութիւններուն քաղաքական որոշումը: Այդ էր նիւթը միջնադարագէտ Մերուժան Կարապետեանի՝ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի մէջ տեղի ունեցած դասախօսութեան, որ կը կրէր «Ատրպէյճանցիներու արտագաղթը Խորհրդային Հայաստանէն՝ 1949-1952 թուականներուն» խորագիրը:
Այս մասին Մերուժան Կարապետեան նիւթեր հաւաքած է Պաքուի, Մոսկուայի արխիւներէն, օգտուած է նաեւ Երեւանի կարգ մը արխիւներէն: Իբրեւ ուսումնասիրութեան նիւթ ծառայած են նաեւ նոր շրջանի դիւանները:
Ան պատմեց, որ 1948-1952 թուականներուն, Խորհրդային Միութեան ղեկավարութիւնը, ընդառաջելով Ատրպէյճանի ղեկավարութեան դիմումին, Ատրպէյճան տեղափոխած է Հայաստանի մէջ մշտապէս բնակող ատրպէյճանական բնակչութեան զգալի հատուած մը (մօտ 44168 մարդ, որմէ 9 հազարը յետագային ետ վերադարձած է) եւ ապահովուած է դրացի հանրապետութեան անհրաժեշտ աշխատուժով։ Մերուժան Կարապետեան շեշտեց, որ ատրպէյճանցիներու տեղափոխութիւնը որեւէ հակաատրպէյճանական բնոյթ չէ ունեցած եւ իրականացուած է ժամանակի ոգիին համահունչ, կամաւոր-հարկադրական եղանակով։
Պատմութենէն ծանօթ է, թէ ինչպէս Խորհրդային Ատրպէյճանի մէջ հայերը կազմած էին ամենէն մեծ ազգային խումբը, ինչպէս նաեւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ ամենամեծ ազգային խումբը ատրպէյճանցիներ եղած են: Անոնք Հայաստանի մէջ ունեցած են թատրոն, մամուլ, ձայնասփիւռային հաղորդումներ, ստեղծած են իրենց ազգային մշակութային ժառանգութիւնը, նոյնպէս հայեր Ատրպէյճանի մէջ մեծ մշակոյթ ստեղծած են, հայկական թերթեր հրատարակած են, հայկական կառոյցներ հիմնած են…
1948-1952 թուականներուն, ատրպէյճանցիներու տեղափոխումը Հայաստանէն ոչ մէկ կապ ունի հայ-ատրպէյճանական բախումներուն հետ, այդ մէկը եղած է տնտեսական եւ այլ նպատակներով, սակայն, ինչպէս Մերուժան Կարապետեան յայտնեց, Ատրպէյճանի ներկայ ղեկավարութիւնը բնակչութեան այս տեղաշարժը միշտ ներկայացուցած է որպէս «բռնագաղթ եւ ցեղասպանութիւն», խեղաթիւրած է պատմական ճշմարտութիւնը եւ հայերու ու Հայաստանի բարոյական կերպարը ստուերելով, փորձած է արդարացնել սեփական այլատեացութիւնը։
Հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու պատմութիւնը լրջօրէն չէ ուսումնասիրուած, հիմնական նիւթը կը մնայ բաց, ակադեմական ամբողջական հետազօտութիւն մը չկայ, եւ Մերուժան Կարապետեանի ուսումնասիրութիւնը, որ չորս-հինգ տարուան ժամանակաշրջանի մը կը վերաբերի, քայլ մըն է այդ բացին մէջ:
Ներկաներուն Մերուժան Կարապետեան տեղեկացուց, որ ատրպէյճանական ղեկավարութիւնը արցախեան շարժումէն ետք բազմիցս յայտարարած է, թէ հայերը ատրպէյճանցիները երեք անգամ ցեղասպանութեան ենթարկած են՝ առաջին անգամ, իբրեւ թէ 1918-1920 թուականներուն, ապա՝ 1948-1952 թուականներուն, իսկ վերջինը կը վկայակոչեն 1988 թուականը: Անոնք ատիկա կոչած են բռնարտաքսում եւ ցեղասպանութիւն: Եթէ այս մէկը իննսունականներու կիսուն ատրպէյճանցի գիտնականներու մակարդակով կը յայտարարուէր, ապա Մերուժան Կարապետեան տեղեկացուց, որ այսօր արդէն պետական մակարդակով է այդ քարոզչութիւնը:
Ան ներկաներուն ցոյց տուաւ Հայտար Ալիեւի կայքէջը, ուր այդ մասին կայ յատուկ բաժին մը, որ իբրեւ թէ հայերը ատրպէյճանցիները իրենց երկրէն արտաքսած են, ատրպէյճանցիներ ազգային զտումներու ենթարկած են եւ այլն… Այս մասին Ատրպէյճանի մէջ կը գործեն հարիւրաւոր կայքէջեր, գիտնականներ աշխատութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ կը նուիրեն այս շինծու նիւթին:
Ան չբացառեց, որ այսօր ատրպէյճանցիներու հայատեացութեան պատճառներէն մին ալ այդ է, որ շարունակ խօսուած է այն մասին, թէ հայերը ոչնչացուցած են ա-տըրպէյճանցիները:
Ատրպէյճանցի հրապարակագիրները թէզ մը զարգացուցած են, որ խորհրդային ազգերուն մէջ ատրպէյճանցիները միակն էին, որ ենթարկուած էին բռնագաղթի, այն ալ՝ հայերու կողմէ: Անոնք միշտ ըսած են, թէ իրենց բոլոր դժբախտութիւններուն պատճառը հայերն են եւ պէտք է պատժուին: Այսօր ալ այդ թէզը կը գործէ իբրեւ ատրպէյճանական պաշտօնական տեսակէտ:
Մերուժան Կարապետեան թիւեր ներկայացուց Հայաստանի մէջ ազէրի բնակչութեան մասին, այդ թիւերը տարբեր եղած են զանազան տարիներու, իսկ իր՝ գիտնականին ուսումնասիրութիւնը ընդգրկած է 1939-1959 թուականներու ժամանակահատուածը, երբ 1939 թուականին Հայաստանի մէջ բնակած են 130 հազար, իսկ 1959 թուականին՝ շուրջ 107 հազար ատըր-պէյճանցի:
Մերուժան Կարապետեան չորս տարիներու՝ 1949-1952 թուականներուն տեղի ունեցածը, այսինքն մեծ թիւով ատրպէյճանցիներու տեղափոխումը եւ յետագային անոնց մէկ մասին վերադարձը յատուկ գործողութիւն անուանած է, եւ ինք չի գիտեր, թէ ի՛նչ ուժեր ձեռնարկած են այդ յատուկ գործողութեան, բայց հակած է կարծելու, որ Ատրպէյճանը չէ, որ ձեռնարկած է, բայց Ատրպէյճան զգալիօրէն օգտուած է այդ իրավիճակէն: Այդ երկիրը այդ գործողութեան արդիւնքին հսկայական ներդրումներ ստացած է միութենական պիւտճէէն, որ հարստացուցած է իր տնտեսութիւնը: Միւս կողմէ ալ Հայաստանէն դուրս տարուած է մարդկային աշխատուժի եւ ազգային հարստութեան մեծ քանակութիւն, որմէ օգտուողը կրկին Ատրպէյճանը եղած է: Ատրպէյճանցի բնակչութեան մեծ մասը տեղաբաշխուած է ոչ թէ Կուր-Արաքսի հարթավայրին վրայ, ինչպէս նախատեսուած էր, այլ 1921 թուականին Ա-տըրպէյճանին բռնակցուած հայկական հողերու վրայ:
Յատկանշական է, որ Ատրպէյճան գաղթելէ եւ Հայաստանէն հարստութիւն դուրս տարուելէ ետք, բաւական մեծ թիւով ատրպէյճանցիներ վերադարձած են Հայաստան՝ առանց պաշարի, այնտեղ ձգելով իրենց գոյքն ու անասունները, եւ Հայաստան ստիպուած միջոցներ ստեղծած է՝ այդ մարդիկը կրկին ապահովելու համար:
Ըստ Մերուժան Կարապետանի, 1948-1951 թուականներուն Խորհրդային Հայաստանէն ատրպէյճանցիներու տեղափոխումը Ատրպէյճան՝ երբեք երկու ազգերու միջեւ բախումի հետեւանք չէր, հայերն ու ատրպէյճանցիները շատ վայրերու մէջ իրարմէ կը բաժնուէին ցաւով եւ նոյնիսկ փաստաթուղթերու մէջ նշուած է այդ մասին: Օրինակներ եղած են, որ Հայաստանի տեղական ղեկավարութիւնը յաճախ նաեւ արգելք հանդիսացած է, որ իրենց շրջաններուն մէջ բնակած ատրպէյճանցիները երթան:
Մերուժան Կարապետեան տեղեկացուց, որ իր հետազօտութիւնը նպատակ չէ ունեցած պատասխանելու ատրպէյճանցիներուն։ «Ես գիտնական եմ, ուսումնասիրութիւններ կ՚ընեմ հայ ժողովուրդի պատմութեան այս կամ այն փուլին մասին, ես կ՚արձանագրեմ վիճակը, ուշադրութիւն կը հրաւիրեմ», ըսաւ ան:
Ատրպէյճանցիներու վերաբնակեցումը համընկած է Մեծ Ներգաղթի տարիներուն, երբ բազմաթիւ սփիւռքահայեր ներգաղթեցին Հայաստան: Դահլիճէն շատեր հարցումներ ուղղեցին Մերուժան Կարապետեանին, թէ՝ արդեօք ներգաղթը եւ ատըր-պէյճանցիներու տեղափոխումը կապուա՞ծ էին իրարու, եւ արդեօք, նպատակ կա՞ր ներգաղթած սփիւռքահայերով բնակեցնել ատրպէյճանցիներուն ձգած գիւղերն ու տուները։ Մերուժան Կարապետեան նախընտրեց չխօսիլ այդ մասին, ատիկա համարելով քննարկման համար շատ բարդ նիւթ, եւ չփափաքեցաւ այդ երկու նիւթերը կապել իրարու:
Ամէն պարագայի, ան վստահ է, որ այդ տեղահանութեան մէջ լաւ բան մը չկար, մարդկային ճակատագրերու հետ գործ ունէին, ինչ որ լաւ հետեւանքներու չէր կրնար յանգեցնել:
Այս տեղահանումին նուիրուած են բազմաթիւ յօդուածներ, աշխատութիւններ՝ Ատրպէյճանի մէջ, Արցախեան շարժումէն ետք մանաւանդ այս նիւթը քննարկման առարկայ դարձած է, երկու կողմէն ալ եղած են մեկնաբանութիւններ, սակայն Մերուժան Կարապետեան ընդգծեց, թէ պատմական այս հանգամանքին ցարդ ամբողջական գնահատական չէ տրուած:
Ըստ պատմաբաններու ուսումնասիրութիւններու, հայաստանաբնակ ատրպէյճանցիներուն թիւը աճած է Երեւանի խանութեան գոյութեան տարիներուն։ 1879 թուականին պարսկական լուծէն ազատած ռուսահպատակ Հայաստանի մէջ կը բնակէին 313 հազար ատրպէյճանցի. այդ անունին տակ կը համրէին նաեւ Իրանի Արեւմտեան Ատրպէյճան երկրամասի պարսիկ բնակչութիւնը, այդ երկրամասի թուրքերը եւ շուրջ 50 հազար քիւրտ եւ եզիտի։ Հակառակ 1918-1920 թուականներու հայ-ատրպէյճանական լարուած յարաբերութիւններուն՝ Հայաստանի Դեմոկրատական Հանրապետութեան մէջ բնակած է շուրջ 12 հազար ատրպէյճանցի։ Հայաստանի ատրպէյճանական համայնքի բնակչութիւնը վերստին աճած է Հայաստանի խորհրդայնացումէն յետոյ։ 1949-1952 թուականներուն տեղի ունեցած ատրպէյճանցիներու տեղահանութենէն եւ անոնց վերադարձէն յետոյ 1970 թուականին անոնց թիւը, ըստ մարդահամարի տուեալներու, 148 հազար էր: Հայաստանի մէջ կը հրատարակուէին ատրպէյճանալեզու պարբերականներ, որոնք կը կրէին «Ռանջբար» եւ «Զենգի» խորագիրները: Նմանապէս, խորհրդային տարիներուն Երեւանի մէջ ստեղծուած է ատրպէյճանական աշխատաւորական ակումբ, իսկ յետոյ նաեւ՝ ատրպէյճանցի կիներու ակումբ։ Աւելի վաղ՝ 1928 թուականին հիմնադրուած է Երեւանի ատրպէյճանական պետական շրջիկ թատրոնը, որ Ատրպէյճանէ դուրս գործող միակ ազգային թատրոնն էր։ Ան նաեւ առաջին ոչ-հայկական ազգային թատրոնն էր Հայաստանի տարածքին: 1989 թուականէն յետոյ թատրոնը իր գործունէութիւնը շարունակած է Պաքուի մէջ՝ Ատրպէյճանի տրամաթիքական թատրոնին կից թատերական սթիւտիոյէն ներս, իսկ 1994 թուականին Ատրպէյճանի այն ժամանակուայ նախագահ Հայտար Ալիեւի հրամանագրով թատրոնը դարձած է պետական:
Հայաստանի մէջ կը գործէին ատրպէյճանալեզու դպրոցներ… Ատրպէյճանցիները Հայաստանի մէջ խաղաղ եւ անվրդով կը բնակէին մինչեւ Արցախեան շարժումը. 1988 թուականին իրավիճակը կտրուկ փոխուեցաւ եւ աստիճանաբար սկսան դատարկուիլ Հայաստանի ատրպէյճանական գիւղերը: Ատրպէյճանցիներ մեծ հոսքերով լքեցին Հայաստանը՝ ազգամիջեան բախումներու թիրախ չդառնալու համար: Հայաստանի ատրպէյճանաբնակ գիւղերու անուններն ալ ժամանակի ընթացքին փոխուեցան հայկականի: Այսօր, Հայաստանի պաշտօնական վիճակագրական տուեալներով, Հայաստանի մէջ ատրպէյճանցի չկայ, սակայն որոշ ոչ-պաշտօնական տուեալներով, Հայաստանի տարածքին տակաւին մնացած են ատրպէյճանցիներ, որոնք կը բնակին հայկական ընտանիքներէն ներս, ամուսնացած են հայերու հետ եւ կը վարեն հայկական կեանք:
ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Բոլոր տեղահանութիւնները, բնակավայրերէն հեռանալը, ըլլան ատոնք քաղաքական կամ այլ պատճառներով, զգացական մեծ կողմ ունին եւ մարդկային զանազան ճակատագրեր կը պարունակեն: Ինչպէս Ատրպէյճանէն Հայաստան տեղափոխուած, այնպէս ալ Հայաստանէն Ատրպէյճան փոխադրուած մարդկային ճակատագրերու մասին բազում պատմութիւններ կան: Ատոնցմէ մին ալ հայկական Ձիւնաշող եւ ատրպէյճանական Քերքենճ գիւղերու մասին է: 1989 թուականին այս երկու գիւղերու բնակիչները համաձայնութեամբ մը փոխանակած են իրենց տուները՝ Հայաստանի Ձիւնաշող գիւղի ատրպէյճանցիները տեղափոխուած են ատրպէյճանական Քերքենճ, իսկ Քերքենճի հայերը եկած են հայկական Ձիւնաշող: Դժուար եղած է այդ մարդոց համար լքել իրենց պապենական տուները, սակայն քաղաքական իրավիճակի պահանջը եղած է այդ մէկը: Տեղի ունեցած է ամբողջական գիւղերու փոխանակում, բնակիչները փոխանակած են տուներու բանալիները, եւ միմեանց խոստացած են չքանդել գիւղերու մէջ եղած կառոյցները եւ մանաւանդ՝ գերեզմանները: Մինչ օրս այս գիւղերու բնակիչները պահած են իրարու տուած խոստումը եւ փոխադարձաբար կը խնամեն գերեզմանները: Այսօր, երբ կապի միջոցները աւելի հասանելի են, գիւղի բնակիչները լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր կը փոխանակեն միմեանց գերեզմաններու, տուներու մասին: Ձիւնաշողը կը գտնուի Հայաստանի Լոռիի մարզը՝ մարզկեդրոն Վանաձորէն 52 քմ. հիւսիս-արեւմուտք։ Ան տեղակայուած է Սառնաղբիւր գետի ափին՝ ծովի մակարդակէն 1590 մեթր բարձրութեան վրայ։ Հոն յաճախ կ՚այցելեն լրագրողներ, արտասահմանցի լուսանկարիչներ եւ վաւերագրողներ՝ այս մարդկային պատմութեան ծանօթանալու համար: Պատրաստուած են վաւերագրութիւններ, ժապաւէններ՝ տունէ տուն փոխադրուած հարիւրաւոր բնակիչներու կեանքի մասին, որոնք լուռ ու անկորուստ համաձայնութիւն մը կնքած են: Նմանապէս նաեւ ատրպէյճանական գիւղը դարձած է հետաքրքրութեան առարկայ եւ հոն նոյնպէս արտասահմանցի լրագրողներ կ՚այցելեն: Երկու գիւղերու բնակիչները կը պատմեն խաղաղութեան անհրաժեշտութեան եւ մարդկային համակեցութեան կարիքի մասին, որ կը խախտէ պատերազմը՝ իր դաժան օրէնքներով: Անոնք իրենց համար գտած են հայ-ատրպէյճանական բախումի լուծման բանալին՝ հաստատելով, որ նաեւ ժողովրդական դիւանագիտութիւնը շատ պարագաներու կրնայ դռներ բանալ:
ԱՆՋՆՋԵԼԻ ՀԵՏՔ
Հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու մասին խօսելու ատեն անհնար է շրջանցել հայերու մեծ դերակատարութիւնը՝ Ատրպէյճանի մայրաքաղաքը՝ Պաքուի մէջ: Կասպից ծովու ափին փռուած հնագոյն այդ քաղաքին մէջ հայերը ձգած են հարուստ անցեալ ու ժառանգութիւն:
Համացանցային հարթակի վրայ կը գործէ baku.am կայքէջը, որ հարուստ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ հայկական Պաքուի մասին: Չորս լեզուներով պատրաստուած այս շտեմարանը հասցէագրուած է բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են հայկական համայնքներու եւ Պաքու քաղաքի պատմութեամբ: Հարուստ նիւթերով յագեցած կայքը պատրաստողները զայն կարեւորած են նաեւ Ատրպէյճանի քաղաքացիներու ու մանաւանդ՝ երիտասարդներու համար, քանի որ կայքը հիմնաւոր տեղեկութիւն կը պարունակէ Պաքու քաղաքի պատմութեան մէջ հայերու թողած ո՛չ միայն հարուստ մշակութային, այլ նաեւ՝ քաղաքակրթական աւանդի մասին: Նոր սերունդի ատրպէյճանցիներու համար այս կայքը այլընտրանքային տեղեկատուական աղբիւրի նշանակութիւն ունի:
Առհասարակ, վերջին տարիներուն Ատրպէյճանի իշխանութիւններու որդեգրած քաղաքական արդիւնքին եւ երկրի մէջ խօսքի ազատութեան սահմանափակումի լոյսի ներքոյ արգիլուած է որեւէ յիշատակում՝ Ատրպէյճանի եւ, մասնաւորապէս, Պաքուի պատմութեան մէջ հայերու դերի մասին: Այս առումով այս հարթակի վրայ ներկայացուած նիւթերը նաեւ կը բացայայտեն Պաքուի պատմութեան մոռցուած կամ արգիլուած էջերը: Եւ, ինչպէս կը նշեն կայքը պատրաստողները, ան երբեք ազգայնական կիրքեր բորբոքելու նպատակ չի հետապնդեր, այլ հակառակը՝ հնարաւորութիւն կու տայ ճանչնալու անցեալը եւ ապահովելու երկու դրացի ժողովուրդներու խաղաղ համակեցութիւնը՝ ապագային:
Առաջին էջերով baku.am կայքը կը ներկայացնէ Պաքուի պատմութիւնը, հինգերորդ դարէն մինչեւ Խորհրդային Միութեան փլուզումը, որմէ ետք ան դարձած է անկախ Ատրպէյճանի մայրաքաղաքը: Այդ ամբողջ ընթացքին կարելի է տեսնել հայ գործարարներու ունեցած դերը՝ քաղաքի տնտեսական զարգացման մէջ, սկսեալ 1800-ական թուականներէն: Այս քաղաքին մէջ գործած են հայ գործարարներու սերունդներ, որոնք ոչ միայն ծովային ճամբով, այլ նաեւ ցամաքային ուղիներով առեւտուրը զարգացուցած են Պաքուի մէջ, հիմնած են գործարաններ, թափ հաղորդած են քարիւղի արդիւնաբերութեան, ունեցած են սեփական ծովային փոխադրամիջոցներ, եւ եղած է ժամանակ, երբ քարիւղի ողջ տնտեսութիւնը եղած է հայերու ձեռքը: Դրամատնային ասպարէզի զարգացման գործին մէջ նոյնպէս մեծ եղած է հայերու դերը: Եւ, տնտեսական կեանքէն բխեալ ալ, ռուսական եւ եւրոպական գովազդային ծանօթ ընկերութիւններու լիազօր ներկայացուցիչները Պաքուի մէջ առաջինը եղած են հայ գործարարները, որոնք իրենց ձեռքը առած են նաեւ գովազդային գործը: Անցեալ դարասկիզբի թերթերու էջերու մէջ այդ ամէնը արտացոլուած է եւ անվիճելիօրէն երկրի պատմութեան մէկ մասը կը կազմէ: Միաժամանակ հարուստ է Պաքուի մէջ լոյս տեսած հայ մամուլի ցանկը. կան թերթերու եւ ամսագրերու անուններ, որոնք հայ մամուլի պատմութեան անքատկելի մասն են, եւ որոնք նոյնինքն՝ Պաքուի մէջ լոյս տեսած են:
19-րդ դարու 70-ականներէն սկսեալ հայութիւնը իր տեղը զբաղեցուցած է նաեւ Պաքու քաղաքի մշակութային կեանքէն ներս: Քաղաքի հայ համայնքի շնորհիւ Պաքուի մէջ զարգացում ապրած է մանաւանդ թատրոնը: baku.am կայքը մանրամասն կը նկարագրէ Պաքուի թատերական կեանքը, երբ 1870 թուականին հայ մեծահարուստ Ն. Կրասիլնիկեանի տունին մէջ սկսած է գործել Աւագ Գրիգորեանցի՝ իրապաշտական դպրոցի սաներէն կազմուած դերասանական խումբը: Հրապարակուած են հայկական թատերական հանդէսներ, գործած են աշխատանոցներ:
1864 թուականին հիմնուած է Պաքուի հայոց Մարդասիրական ընկերութիւնը, որու ջանքերով 1870 թուականին բացուած է Պաքուի առաջին հայկական տպարանը: Այստեղ Թիֆլիզի «Էնֆիէճեան» տպարանէն բերուած տառանիշերով տպագրուած է «Հնդկացւոց անցքը անմարդաբնակ կղզիներու մէջ» գիրքը թարգմանութեամբ՝ Աւագ Գրիգորեանի (1872թ.), «Սոխակ Հայաստանի» երգարանի 4 պրակները (1874թ.), «Գօշ Մխիթար, Ողիմպիանու եւ Եզովբոսի ընտիր առակները»՝ Խորէն Քհնյ. Միրզաբէկեանի թարգմանութեամբ (1878թ.), 1874 թուականին գործած են «Մալֆաեանցի եւ ընկ.», 1876 թուականին՝ Ղասաբեանցի տպարանները:
Պաքուի կեդրոնը այսօր ալ կանգուն են պատմական շէնքեր, որոնք ժամանակին հայապատկան եղած են: Ատոնք եղած են թէ՛ բնակելի տուներ, թէ՛ գանձատուներ, ծննդատուներ, բանուորական աւաններ, կրթական կառոյցներուն ծառայած շէնքեր:
Յատկանշական է, որ 1911-1918 թուականներուն Պաքուի գլխաւոր ճարտարագէտը հայ եղած է՝ Պաեւ մականունով: Անոր նախագծով 1913 թուականին կառուցուած են Մայիլեաններու թատրոնի շէնքը, (այժմ՝ Պաքուի օփերայի եւ պալէի թատրոնը), հիւանդանոցային աւան, կարգ մը դպրոցներ, յայտնի գործիչներու բնակելի տուները, երկաթուղիի կայարան, վիրաբուժական հիւանդանոց, Արմէնիքէնտի ամբողջական թաղամաս մը, որ անոր անունով կոչուած է Պաեւի եւ այլն:
Կայքին մէջ կան արժէքաւոր պատմական լուսանկարներ, որոնք ցոյց կու տան հայերու եզակի դերը եւ այն դերակատարումը, որ անջնջելի է Պաքուի կեանքին մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ