ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ԵՐԱԺՇՏԱՀԱՆԴԷՍ

Սա­մա­թիոյ «Ա­ճա­ռեան» սրա­հին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­ւե­տիս Ար­զու­մա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ման­տո­լի­նի դա­սըն­թաց­քի մաս­նա­կից սա­նե­րուն ե­րաժշ­տա­հան­դէ­սը։ Ընդ­հան­րա­պէս թա­ղի Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նը յա­ճա­խող շուրջ քսան ե­րաժշ­տա­սէր պա­տա­նի­ներ այս առ­թիւ ներ­կա­յա­ցու­ցին այս ե­ղա­նա­կին կա­տա­րուած աշ­խա­տան­քին ար­դիւն­քը։ Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին Ա­ւե­տիս Ար­զու­ման ներ­կա­յա­ցուց իր սա­նե­րը, մինչ պար­քո­վի­զիո­նով ցու­ցադ­րուե­ցան աշ­խա­տան­քա­յին շրջա­նէն դրուագ­ներ։

Ե­րե­կոյ­թի ա­ւար­տին սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի լի­սէի եւ նա­խակր­թա­րա­նի բա­ժին­նե­րու տնօ­րէ­նու­հի­նե­րը՝ Թա­լին Մա­թո­սօղ­լու եւ Ժա­նէթ Ներ­կիզ շնոր­հա­ւո­րե­ցին Ա­ւե­տիս Ար­զու­մանն ու իր սա­նե­րը։ 

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016