ՍԷՐԸ ԺԱՄԱՆԱԿ ՉԻ ՃԱՆՉՆԱՐ

Հան­րա­կառ­քի խճո­ղուա­ծու­թիւ­նը սի­րա­հար զոյ­գին հա­մար ձեռն­տու է կար­ծես: Ա­նոնք կրակ կտրած փաթ­թուած են ի­րա­րու, սի­րոյ ապ­րում­նե­րով խեն­թա­ցած ու գի­նով­ցած, կար­ծես ա­ռան­ձին են բազ­մու­թեան մէջ: Ե­րի­տա­սարդ են ա­նոնք, եր­կու­քին տա­րիք­նե­րը գու­մա­րես հա­զիւ ե­րե­սուն­հինգ մը ըլ­լայ: Սի­րոյ կիրքն ու խռո­վա­լի ապ­րում­նե­րը բո­լոր ան­կաշ­կանդ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով ակն­յայտ են: Ոչ ոք կը դի­տէ զի­րենք, ի­սկ երբ ոե­ւէ մէ­կուն նա­յուած­քը ան­գի­տակ­ցա­բար այդ կողմ իյ­նայ, ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն սի­րելն ու սի­րուի­լը տես­նե­լով կը ժպտի ու կը թե­քէ իր դէմ­քը:

Հան­րա­կառ­քը կանգ կ­՚առ­նէ, հա­սած եմ ար­դէն, խոր շունչ մը քա­շե­լով կ՚իջ­նեմ: Ին­ծի՝ ա­րե­ւելք­ցիիս հա­մար խորթ թուող այդ կեն­դա­նի սի­րա­բա­նու­թեան, հա­մար­ձակ գիր­կընդ­խառ­նու­մին զար­տու­ղի ե­րե­ւոյթ մը ըլ­լա­լուն մա­սին կը մտմտամ: Այ­գի­նե­րուն մէջ, ըն­դար­ձակ պո­ղո­տա­նե­րու նստա­րան­նե­րուն վրայ տես­նուած է, բայց այս մէ­կուն՝ չէի հան­դի­պած տա­կա­ւին:

Բախ­տա­ւո­րու­թիւն է սա­կայն վա­յե­լել ա­զա­տու­թիւ­նը զգա­ցում­նե­րու ար­տա­յայ­տու­թեան, ապ­րիլ յանդգ­նու­թիւ­նը պա­տա­նի ու ե­րի­տա­սարդ հա­մար­ձակ խռովք­նե­րու ար­տա­յայտ­ման, յա­գեց­նել այս տա­րիք­նե­րու մարմ­նի ա­ռողջ աճ­ման նպաս­տող սի­րոյ մար­մա­ջը, ապ­րիլ ա­նոր կա­րօտն ու յու­զու­մը, ու­նե­նալ տե­սակ-տե­սակ բա­րե­կա­մա­կան փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ... ի վեր­ջոյ փոր­ձա­ռու­թիւն ձեռք ձգե­լով յա­ռա­ջա­նալ դէ­պի կեան­քի յա­ջորդ հանգ­րուան­նե­րը:

Մեր մօտ չկար այս­քան հա­մար­ձա­կու­թիւն, կար սէր, սա­կայն ա­ւե­լի զուսպ, մա­կե­րե­սա­յին ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով հան­րու­թեան մէջ: Սի­րոյ հո­գե­կան ու ֆի­զի­քա­կան ապ­րում­նե­րը միեւ­նոյնն են հի­նէն ի վեր: Կը տար­բե­րի սա­կայն ժա­մա­նա­կի, բար­քե­րու, ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու, ազ­գե­րու հաս­կա­ցո­ղու­թեան մա­կար­դակ­նե­րով:

«Սի­րեմ, Նա­զիկ, ըն­քուը­նիդ, Օս­կի գը­րի­չէն քա­շած...» կը յի­շեմ յան­կարծ Յա­կոբ Օ­շա­կա­նի «Ծակ Պտու­կը» վէ­պի հե­րո­սու­հի Նա­զի­կի «մե­ղա­պարտ գե­ղեց­կու­թեա­ն» հա­մար հիւ­սուած այս գով­քը: Ա­յո,՛ մե­ղա­պարտ կ­՚ո­րա­կէ Օ­շա­կան Նա­զի­կի գե­ղեց­կու­թիւ­նը, քա­նի որ աղջ­կան մը հա­մար խա­րան էր այդ ժա­մա­նա­կին, չնա­յած՝ Նա­զի­կի գե­ղեց­կու­թիւ­նը գիւ­ղի բո­լոր ա­րու ան­դամ­նե­րու ե­րազ­նե­րուն ա­ռար­կան դար­ձած էր, սա­կայն ա­նոնց­մէ եւ ոչ մէ­կը կը հա­մար­ձա­կէր բա­ցա­յայ­տօ­րէն ար­տա­յայ­տել իր զգա­ցում­ներն ու ապ­րում­նե­րը, ան­նե­րե­լի էր այդ ա­րար­քը: Մանչ թէ աղ­ջիկ ի ծնէ նշա­նուած էին ար­դէն ծնո­ղաց եւ գիւ­ղի նա­հա­պե­տին ո­րո­շու­մով «Ժուժ­կալ ու ճա­կա­տագ­րա­կան, գե­ղա­ցին պարտ­քի մը պէս իր ան­կո­ղի­նը կ­՚առ­նէ այն աղ­ջի­կը, զոր իր ծնող­քը, իր ազ­գա­կան­նե­րը ի­րեն հա­մար ընտ­րած են, ա­ռանց իր գիտ­նա­լուն:» (էջ 25), իշ­խո­ղը նա­հա­պե­տա­կան բար­քերն ու սո­վո­րու­թիւն­ներն էին, զորս կը քննա­դա­տէ Օ­շա­կան վար­պետ գրչա­հա­ր-ւած­նե­րով: Ան կը քննա­դա­տէ մեզ­մէ մօտ մէ­կու­կէս դար ա­ռա­ջուան հայ գիւ­ղի պա­տա­նի­նե­րուն եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն բռնա­դա­տ-ւած ի­րա­ւուն­քե­րը: Սա­կայն Նա­զիկ կ­՚ապ­րի իր պա­տա­նու­թեան ու ե­րի­տա­սար­դու­թեան բո­լոր ի­րա­կան ապ­րում­ներն ու սէ­րե­րը շնոր­հիւ իր զգլխիչ գե­ղեց­կու­թեան, բայց ան­շուշտ իւ­րա­քան­չիւր յանդգ­նու­թե­նէն մա­հ-ւան մօ­տեց­նող հա­րուած մը ստա­նա­լով «Ինչ որ վան­կը, բա­ռը չի տար, չի կրնար տալ, ձայ­նը կ­՚ամ­բող­ջաց­նէ, նե­տե­լով ա­նոնց վրայ մեր սրտե­րուն այդ ան­տե­սա­նե­լի ա­րիւ­նը, որ չի վրի­պիր, կը ճամ­բոր­դէ հե­ռու­նե­րէն ու կը զգլխէ, կը խեն­թաց­նէ, կը սպան­նէ մեզ նոյ­նիսկ եր­բեմն: Ու այդ խռո­վիչ պատ­կեր­նե­րը, այդ ա­նոյշ բայց մա­հա­ցու մեղ­քե­րը ձայ­նին այ­լա­պէս կա­խարդ, այ­լա­պէս ան­դի­մադ­րե­լի շղար­շո­վը թե­ւա­ւոր, ա­ղուոր­ցած, թրթռա­գին ճամ­բայ կը գտնեն մին­չեւ հե­ռան­կեալ աչ­քե­րը պա­տա­նի սրտե­րու­ն» (էջ 38):

Կա­րե­լի չէ չհրա­պու­րուիլ, չկա­խար­դուիլ, չյափշ­տա­կուիլ Օ­շա­կա­նի բա­ռե­րով, տա­ռե­րով ու նե­րաշ­խար­հով, չզգաս­տա­նալ հե­րոս­նե­րու ապ­րում­նե­րով, ի­րե­րա­յա­ջորդ տո­ղերն ու մտքե­րը, գլո­րուած է­ջե­րով բա­ռե­րը կը վե­րա­ծուին պատ­կեր­նե­րու ու կը փո­խադ­րեն ըն­թեր­ցո­ղը այդ ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծը ապ­րե­լու հայ գիւ­ղի բար­քե­րով ու սո­վո­րու­թիւն­նե­րով հա­մե­մուած տե­սա­րան­նե­րու շուն­չը:

Նա­զի­կին մեղ­քը քա­ւե­լու հա­մար տար­բեր դա­ւեր կը լա­րուին եւ մեծ մօր կար­գադ­րու­թեամբ կ­՚ո­րո­շուի ա­նոր ա­մուս­նու­թիւ­նը այլ ե­րի­տա­սար­դի մը հետ «Նա­զի­կը ո­չինչ գի­տէր այս ա­մե­նէն: Ու չէր գի­տեր ա­նի­կա խա­ղը, ո­րուն ա­ռար­կան էր հի­մա» (էջ 207): Ան ի­րա­ւունք չու­նի ընտ­րե­լու, բայց ա­նոր մտո­րում­նե­րէն կը յստա­կա­նայ սրտին ու հոգ­ւոյն իս­կա­կան հա­կու­մը «Սա­հա՛­կը: Ու դողդ­ղա­ցին իր մի­սե­րը: Յե­տոյ ա­նոր շի­նած այդ պատ­կե­րին քո­վի­կը, կար­ծես թէ տախ­տա­կա­մա­ծին ճեղ­քե­րէն բու­սաւ միւ­սը, Թու­մա­սի՛­կը: Որ­քան նման էին ի­րա­րու: Ու եր­կու­քին վրայ, իր մտքին մէջ ար­ձա­նա­ցաւ ա­նոր պարթեւ մար­մի­նը» (էջ 209): Այդ «պար­թեւ մար­մի­նը» կը պատ­կա­նէր Զա­քա­րին, որ ման­կու­թե­նէն ո­րո­շուած իր փե­սան էր եւ որ դուրս դրաւ զինք ա­մուս­նու­թեան գի­շերն իսկ նկա­տե­լով Նա­զի­կի մա­հա­ցու մեղ­քը, բայց եւ այն­պէս Զա­քարն ալ հրա­պու­րուած էր Նա­զի­կով ու կը սի­րէր զինք: Ա­նոնց գաղտ­նի տե­սակ­ցու­թիւն­նե­րը բա­ցա­յայ­տուե­ցան ու Նա­զի­կը դար­ձաւ ան­նե­րե­լի եւ մա­նա­ւանդ գիւ­ղի բո­լոր կի­նե­րէն ա­նի­ծուած: Ան մա­հը աչ­քը ա­ռած կ­՚ո­րո­շէ փրկել իր հո­գէա­ռը եւ հոն մեռ­նիլ: Այն­քան պարզ ու հա­րա­զատ են ա­նոնք ի­րա­րու հետ, ոչ գիւ­ղի ա­տաթ­նե­րը, ոչ ա­նէծք­նե­րը, ոչ ալ պա­տե­րը ծա­կող նա­յուածք­նե­րը կը խան­գա­րեն, հե­ռու են ա­նոնք, բնու­թեան գիր­կը, կը վա­յե­լեն Աս­տու­ծոյ ու բնու­թեան պար­գե­ւած սի­րոյ ապ­րում­նե­րը ան­կաշ­կանդ, ինչ­պէս այ­սօ­րուան պա­տա­նի­ներն ու ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, եւ ինչ­պէս կ­՚ակ­նար­կէ հե­ղի­նա­կը՝ «Ի­րա­րու ե­տե­ւէ, այս­քան տա­րօ­րի­նակ այս նա­խա­դա­սու­թիւն­նե­րը՝ հե­ռու թա­տե­րա­կան ու շին­ծու ըլ­լա­լէ, կը ստեղ­ծէին Աս­տու­ծոյ այդ ա­մա­յու­թեան մէջ տե­սակ մը տուն, խոր­հուր­դի սե­նեակ մը: Ա­նոնք ի­րա­րու կ­՚ը­սեն տա­րի­նե­րով մէկ բար­ձի վրայ քնա­ցող­նե­րը միայն

-Մեռ­նիլ է նէ, մեռ­նիլ: Ա՛լ չեմ դի­մա­նա­ր» (էջ 295) Նա­զիկ կը յայտ­նէ Զա­քա­րին:

Այս­պի­սի մտո­րում­նե­րով կը հաս­նիմ հայ­րե­նի ըն­կե­րու­հի­նե­րուս հետ ո­րո­շուած հան­դիպ­ման վայ­րը, ո­րոնց հետ այ­լա­զան նիւ­թե­րուն ա­ռըն­թեր կ­՚ար­ծար­ծենք նաեւ այս նիւ­թը: Ո­մանք հա­մա­միտ կ­՚ըլ­լան զի­րենք ալ ան­հանգս­տաց­նող այս ե­րե­ւոյթ­նե­րու սան­ձար­ձա­կու­թեան, ու­րիշ­ներ ա­մէ­նուր սի­րոյ ան­կաշ­կանդ դրսե­ւո­րու­մը բնա­կան կը սե­պեն, բայց բո­լորն ալ ծնող­քի ի­մա­ցու­թեան կողմ­նա­կից են ու մի առ մի կը սկսին պատ­մել ի­րենց ե­րի­տա­սարդ կամ պա­տա­նի զա­ւակ­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին:

Թող վա­յե­լեն մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը հա­մար­ձակ սի­րոյ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ, միայն ու­նե­նան գի­տակ­ցու­թիւ­նը բա­րի յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մշա­կե­լու, չսայ­թա­քին յո­ռի ե­րե­ւոյթ­նե­րու ծու­ղա­կը իյ­նա­լով:

Վե­րա­դար­ձիս կ­՚անց­նիմ Հիւ­սի­սա­յին պո­ղո­տա­յէն, ուր յա­ճախ կը հան­դի­պիմ ար­դէն ե­րի­տա­սարդ ա­շա­կերտ­նե­րուս: Ա­հա հե­ռուէն նկա­տե­լի է ա­նոնց­մէ մէ­կը, որ մէկ թե­ւը պար­զած ու գե­ղու­հի մը գրկած կը յա­ռա­ջա­նայ իմ ուղ­ղու­թեամբ, կը նկա­տէ զիս ու կա­մաց մը ձեռ­քը կը հե­ռաց­նէ աղջ­կան ծոծ­րա­կէն, կը յար­գէ տա­կա­ւին ա­րե­ւե­լեան բար­քե­րը: Կ­՚ու­զեմ փո­խել ու­ղիս, որ չկաշ­կան­դեմ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, բայց ար­դէն ուշ է: Ե­րի­տա­սար­դը կող­քի գե­ղու­հիին հետ կը կանգ­նի մօտս, գե­ղե­ցիկ ժպի­տով մը կը բա­րե­ւէ ու կը շա­րու­նա­կենք մեր ու­ղի­նե­րը:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016