ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԵՐԵՔ ԺՈՂՈՎՆԵՐՆ ՈՒ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ-ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐԸ (Ը.)

ԺԲ) ԱՆԻԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԺՈՂՈՎ

Երբ Պետրոս Կաթողիկոս Ձորովանքէն Անի կը վերադառնար, հրաման կը տրուի, որ ձերբակալեն զինք՝ իբրեւ կասկածելի մէկը յունական կայսրութեան ծառայող։ Այդ ժամանակ աթոռը պարապ չթողելու համար, Սանահին վանքի վանահայր Դէոսկորոսը կաթողիկոս կ՚օծուի։ Պետրոս Կաթողիկոս մէկ տարի եւ հինգ ամիս արգելափակուած կը մնայ, որուն ընթացքին հայրապետական պաշտօնը Դէոսկորոս կը վարէ։ Մ. Օրմանեան կ՚ըսէ. «Հարկաւ օրինաւոր չի համարուիր այս ընտրութիւնը եւ ոչ ալ աստուածային հրաման կը նկատուի»։ Հետեւաբար, Օրմանեան Պատրիարքը հակաթոռ կը նկատէ զինք։

Ժամանակ մը ետք, արքունիքը կը համաձայնի Պետրոսը վերստին կաթողիկոսական գահ բարձրացնել։ Այս ընթացքին Պետրոս Կաթողիկոս կը պահանջէ, որ ապօրինի կերպով եւ բռնութեամբ կատարուած արարքը օրինական ձեւ ստանայ, իսկ ժողովը ինք ըլլայ որոշում կայացնողը։ Ուստի, Պետրոս Կաթողիկոս ժողովի կը հրաւիրէ բոլոր եպիսկոպոսները, ինչպէս նաեւ, Աղուանից ծերունի Յովսէփ Կաթողիկոսը, որ ժողովին նախագահն էր, որպէսզի արդար իրաւունքը հաստատուի։

Ժողովը կը գումարուի 1038 թուին, Յովսէփ Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Անի քաղաքին մէջ։ Հայոց ամենափառաւոր ժողովներէն մէկը կը նկատուի սա, որուն մասնակցած են 4000 հոգեւորականներ ու աշխարհականներ, ինչպէս կը վկայէ Մատթէոս Ուռհայեցի։ Ըստ մեզի՝ այս մէկը չափազանցուած թիւ մըն է եւ կամ գրչագրական սխալէ ծագած վարկած մը։ Մ. Օրմանեան զայն «թուատառի սխալմուն» կը կոչէ։

Ժողովի ընթացքին Դէոսկորոսի գործերը եւ անոր հայրապետական աթոռ բարձրացած ըլլալուն անկանոնութիւնը կը քննուին, որմէ ետք Պետրոս Կաթողիկոս դարձեալ գահ կը բարձրանայ։

Երբ ռամիկ ժողովուրդը այս հրահանգը կը լսէ, առանց թագաւորական հրամանին սպասելու, Յայտնութեան օրը, ջրօրհնէքի ընթացքին Դէոսկորոս Կաթողիկոսին վրայ կը յարձակին, որուն գլուխէն հայրապետական քօղը կը քաշեն ու կը պատռեն, Եկեղեցիէն դուրս կը հանեն եւ քաղաքէն կը վռնտեն, որմէ ետք զինք Սանահինի վանքը կ՚աքսորեն։                         

Ժողովին սահմանած որոշումները

Ժողովին կաթողիկոսին առընչութեամբ զանազան սկզբունքներ կը հաստատուին.    - Առաջին՝ կաթողիկոս ընտրելու եւ գահընկէց ընելու իրաւունքը տրուած է միմիայն ազգային ժողովին։

- Երկրորդ՝ ազգային ժողովներուն պէտք է նաեւ հոգեւորականներ մասնակցին։

- Երրորդ՝ թագաւորը եւ նախարարները առանց ժողովին արտօնութեան իրաւունք չունին կաթողիկոսը գահընկէց ընելու։

- Չորրորդ՝ ժողովը իրաւունք ունի նզովելու ոեւէ մէկը, ըլլայ անիկա թագաւոր, կաթողիկոս կամ պարզ հոգեւորական։

- Հինգերորդ՝ թագաւորը եւ նախարարները պէտք է ժողովի վճիռներուն հնազանդին։

- Վեցերորդ՝ ժողովը բացառաբար տեղի կ՚ունենայ առանց կաթողիկոսի նախագահութեան, երբ յիշեալ ժողովը կը գումարուի կաթողիկոսական ընտրութեան եւ կամ կաթողիկոսին գործերուն քննութեան համար։

- Եօթներորդ՝ երբ կաթողիկոսը բացակայ է, ժողովին աւագագոյն եպիսկոպոսը կը նախագահէ։

- Ութերորդ՝ կաթողիկոսը առանց քննութեան գահընկէց չընել, յատկապէս թագաւորին մէկ հրահանգով, որովհետեւ մեղադրանքները պէտք է փաստերով ու տուեալներով ըլլան։

- Իններորդ՝ ժողովը իրաւունք ունի կաթողիկոսը գահընկէց ընելու։

ԺԳ) ՀՌՈՄԿԼԱՅԻ ԺՈՂՈՎԸ

Ժողովը գումարուած է 1179 թուին, Գրիգոր Տղայ Կաթողիկոսի օրով։ Ժողովին մասնակցած են Աղուանից կաթողիկոսը, 32 եպիսկոպոսներ, բազմաթիւ վարդապետներ, վանականներ, երէցներ, սարկաւագներ եւ մեծամեծ իշխաններ, որուն ընթացքին կը հաստատուի յունաց կայսրին եւ պատրիարքին ուղարկուելիք նամակի բովանդակութիւնը՝ հայոց դաւանութեան վերաբերեալ։

Գրիգոր Տղայ Կաթողիկոսը շարունակելով իր նախորդ կաթողիկոսներուն գործը՝ կ՚ուզէ Հայ Եկեղեցին օտար հոսանքներէ ամուր պահել։ Հետեւաբար, ժողով կը գումարէ՝ յոյներուն հետ երկարաձգուող դաւանական հարցերը լուծելու համար։

Այս ժողովը ցոյց կու տայ, թէ մեր հայրերը ինչպիսի խիստ ու վերապահ դիրքորոշում ունեցած են օտար ժողովներուն նկատմամբ։

ԺԴ) ՍՍՈՅ ԱՌԱՋԻՆ ԺՈՂՈՎԸ

Նախ պէտք է ըսել, որ այս ժողովը անվաւեր նկատուած է եւ ազգին մեծամասնութեան կողմէ մերժուած։ Ասով հանդերձ սակայն, իր կարգին, բարեկարգչական դեռ է ունեցած։

Դաւիթ Կաթողիկոս երկրին խաղաղ շրջանէն օգտուելով՝ ժողով կը գումարէ Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան համար։

Ժողովը գումարուած է 1204 թուին, Լեւոն թագաւորի եւ Դաւիթ Կաթողիկոսի օրով, որուն ընթացքին քանի մը բարեկարգչական բնոյթ ունեցող կանոններ հաստատուած են.

- Առաջին՝ պատերազմի ընթացքին շարժական Պատարագի սեղան ունենալ։

- Երկրորդ՝ Պատարագ մատուցանել սարկաւագով։

- Երրորդ՝ Պատարագ մատուցանել ողջերու եւ ննջեցեալներու համար։

- Չորրորդ՝ Աստուածածնի եւ Ս. Խաչի տօները վրացիներու հետ կատարել։

- Հինգերորդ՝ Ճրագալոյցը լուծել ձուկով ու ձէթով։

- Վեցերորդ՝ Փրկչին եւ սուրբերու պատկերները պատուել։

- Եօթներորդ՝ առանց դպրութեան աստիճանը ստանալու սարկաւագութիւն չտալ։

- Ութերորդ՝ կրօնաւորները առանձին ստացուածք պէտք չէ ունենան, այլ վանքի միաբան պէտք է համարուին։

ԺԵ) ՍՍՈՅ ԵՐԿՐՈՐԴ ԺՈՂՈՎԸ

Սսոյ Բ. ժողովը հայոց եկեղեցական ազգային օրէնսդիր վերջին ժողովն է, որ գումարուած է 1243-46-ին, Սիսի մէջ։ Ասկէ ետք մինչեւ մեր օրերը օրէնսդիր, կանոնադիր ժողով չենք ունեցած։ Կոստանդին Կաթողիկոս 1243 թուին, Հեթում թագաւորի համաձայնութեամբ եկեղեցականներ եւ աշխարհականներ Սիս կը հրաւիրէ, որպէսզի ժողով գումարեն, որուն ընթացքին 25 կանոններ կը սահմանուին։ Սոյն կանոնները կոնդակով կը հրատարակուին եւ ամբողջ հայութեան կը տարածուին՝ քայքայեալ ու անկանոն վիճակէն դուրս գալու համար։

Կոնդակէն քանի մը ուշադրութեան արժանի կէտեր կարելի է քաղել։ Նշենք, որ ասոնք սակայն կանոններ չեն համարուիր.

- Առաջին՝ ժողովին կանոնները ամբողջովին կը յայտարարուէին կաթողիկոսին կոնդակին ընդմէջէն։

- Երկրորդ՝ նկատելի է «Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց» տիտղոսը ընդհանրացած էր Կիլիկեան Կաթողիկոսութեան շրջանին։

- Երրորդ՝ ժողովը կատարուած է կաթողիկոսի հրամանով եւ թագաւորի ձեռնտուութեամբ, սակայն ո՛չ հրամանով։           

- Չորրորդ՝ թէեւ թագաւորն ու արքայորդիները կը մասնակցին ժողովին, սակայն նախագահողը կաթողիկոսը ինքն է։

Կանոնագիրքին մէջ ոչ մէկ յիշատակութիւն ունինք այս ժողովին մասին։ Ասիկա ապացոյց մըն է, որ հայոց Կանոնագիրքը վերջնական ձեւ ստացած է 1200 թուականէն առաջ։ Նոյնիսկ Սսոյ առաջին ժողովին մասին յիշատակութիւն չկայ։

 

Օգտագործուած աղբիւրներ՝                       

- Արծրունի Թովմա, Պատմութիւն Արծրունեաց Տան, Երեւան, 1978։

- Բիւզանդ Փաւստոս, Հայոց Պատմութիւն, Երեւան, 1968։

- Գալուստեան Շնորհք Արք., Համաքրիստոնէական սուրբեր, Երեւան, 1997։

- Գիրք Թղթոց, Երուսաղէմ, 1994։

- Թանգեան Ն. Վ. Մելիք, Հայոց եկեղեցական իրաւունքը, 2004։

- Խորենացի Մովսէս, Հայոց Պատմութիւն, Երեւան, 1961։

- Պատմութիւն Սեբիոս Եպիսկոպոսի, Անթիլիաս, 1990։

- Քրիստոնեայ Հայաստան հանրագիտարան, Երեւան, 2002։

- Օրմանեան Մ. Արք., Ազգապատում, Ա., Բ., Գ. Հատոր, Անթիլիաս, 2001։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

(Վերջ)

Շաբաթ, Մայիս 12, 2018