ՈՒՄՊ ՄԸ ՓԱՐԱՏՈՒՄ

Հազարումէկ խօսքերու ու ճառերու փոխարէն այսօր կ՚ուզեմ բաժնըւիլ սուրբերու խորհուրդներով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կու գայ փարատելու եւ ուժ ու կորով նուիրաբերելու մեր տկարացած ու մոլորեալ հոգիներուն:

Ծանրագոյն ժամանակներ կ՚ապրինք յատկապէս մենք՝ հայերս: Ժամանակը մեծ արագութեամբ կը սլանայ անհաղորդ ուղղութեամբ: Օրէ օր ա՛լ աւելի կը համոզուիմ, որ մեր միակ փրկութիւնը ապաշխարութեան մէջ է: Քայլ առ քայլ պիտի երթանք դէպի կատարելութիւն, իսկ այդ ճանապարհը գտնելու համար մեզի օգնելու կու գան հետեւեալ խորհուրդները.

Ինչպէ՞ս պատասխանել դառնացած, բարկացած կամ յիմար մարդու մը. միմիայն բարի գործերով: Գիտեմ դիւրին չէ: Ես նոյնպէս տակաւին չսորվեցայ: Եկէ՛ք միասնաբար փորձենք: Թերեւս մեծ ցանկութեան պարագային, պէտք է որ ստացուի: Այս մէկը ամենախրթինն է դէպի կատարելութիւն տանող ճանապարհին: Իսկ թէ ինչո՞ւ պէտք է բարի գործերով պատասխանել. «Որովհետեւ Աստուծոյ կամքը այն է, որ բարեգործները պապանձեցնեն անխելք մարդոց տգիտութիւնը» (Ա. Պտ 2:16): Այսինքն բարի գործերով պապանձեցուցէք դիմացինի տգիտութիւնը, ի հեճուկս անոնց հետ վիճելու:

Վիճաբանիլը ոչ մէկ օգուտ պիտի տայ, ընդհակառակը՝ ա՛լ աւելի պիտի նպաստէ դառնութեան ու բարկութեան սրացումին: Դիմացինը պիտի սկսի պաշտպանուիլ, այլ ոչ թէ շուարիլ ու ականջալուր ըլլալ: Բարի գործերը, համբերութիւնը, խոնարհութիւնը ունին շատ մեծ զօրութիւն իրենց մէջ եւ վերջաւորութեան միշտ կը յաղթեն:

«Համբերութեամբ կրենք ուրիշներու անմտութիւնը, անհասկացողութիւնը, անարգանքը, բարկութիւնը եւ անհոգութիւնը»:

Աղօթքէ առաջ անհրաժեշտ է յիշել մեր ոչնչութեան մասին ու սգալ մեր մեղքերու համար, այն փրկարար է անմահ հոգիի համար: Սակայն ով չափազանց ողբայ իր պղծութեան համար, եւ, հետեւաբար, չյուսայ Տիրոջ ողորմութեան վրայ, այդպիսին, իբրեւ բարի պատրուակով, դեւերը կրնան ենթարկել ծայրագոյն տխրութեան ու անյուսութեան առ Աստուած, ընդհուպ հասցնելով ինքնասպանութեան: Դեւերու այսպիսի յարձակումը պէտք է ետ մղել՝ ըսելով. «Ճիշդ այսպիսի մեղաւորի մը համար, ինչպիսին ես եմ, Տէր Աստուած իջաւ երկինքէն երկիր ու խաչի մահը կրեց բոլորի եւ մասնաւորապէս ինծի համար» («Վանական ուսմունք» գիրքէն)։

 Հետեւեցէք սուրբերու օրինակին եւ մի՛ յանձնուիք: Յուսահատութիւնը մեծագոյն մեղքն է:

 Աստուածաբանելը լաւ է: Սակայն աւելի լաւ է, երբ մարդ ինքզինք կը մաքրէ Աստուծոյ համար: Լռութիւնը մարդը կը մօտեցնէ Աստուծոյ եւ կարծես երկնային հրեշտակ կը դարձնէ: Ոչ մէկ բան այդքան կ՚աջակցի ներքին խաղաղութեան, որքան լռութիւնը:

Աւելի լաւ է սորվիլ, քան չիմանալով սորվեցնել:

Սովորաբար անոնք լաւ կը խօսին, որոնք քիչ կը խօսին:

Խօսէ այն ատեն, երբ լռութիւնը անօգուտ է:

Անմիտ մարդու խօսքերը կը նմանին ծովու աղմկոտ ալիքներուն, որոնք անընդհատ կը խփեն ափերը, սակայն չեն կրնար ջրել առափնեայ բոյսերը:

Աւելի լաւ է շատ լսել, քան շատ խօսիլ, քանզի շատախօսութիւնով մեղքերէ չես խուսափիր:

Վախցի՛ր դատարկախօսութենէ, ինչպէս վայրի գազաններէն ու գիշատիչ թռչուններէն, քանզի անոնք կ՚ոչնչացնեն սուրբ կեանքի արդիւնքները:

(Սուրբ Գրիգոր Աստուածաբան)

«Քու խնդիրներուդ համար մի՛ վշտանար: Անոնց մէջ մի՛ փակուիր: Անոնց շուրջը շարունակ մի՛ պտտիր: Ազատէ՛ ատոցմէ եւ յառաջացիր՝ բոլոր ուշադրութիւնդ նուիրելով քու գործին, այսինքն՝ այն բանին, թէ Քրիստոսի սիրոյն ինչպէս կրնաս արժանի ըլլալ՝ ճանաչելով ու պահելով Անոր պատուիրանները:

«Քրիստոսի պատուիրանները պահած ատեն կը տեսնես, որ քու բոլոր խնդիրները կը լուծուին ինքնըստինքեան եւ դուն մտած ես Քրիստոսի անստեղծ եկեղեցիի դրախտը, զոր կը սկսի այս կեանքէն»: (Սուրբ Հայր Պորֆիրիոս):

«Մերձաւորէդ սէր մի՛ պահանջեր, քանզի այն պահանջողը կը խռովի, եթէ զայն չստանայ: Աւելի լաւ է, դուն ինքդ սէր ցուցաբերէ մերձաւորիդ հանդէպ ու կը խաղաղիս: Այդպիսով նաեւ մերձաւորիդ մէջ սէր պիտի արթնցնես քու անձիդ նկատմամբ» (Սուրբ Աբբա Տորէթէոս):

 «Դրամ սիրող քրիստոնեան կռապաշտ է: Մարդկային փառք սիրողը՝ սատանայի զինուոր է: Մարմնաւոր կիրքերուն անձնատուր եղողը՝ մեղքի ու սատանայի ծառայ» (Հոգեշահ գիրքերէն):

«Որչափ աշխարհէն հեռու, այնքան Տիրոջը մօտ» (Սուրբ Գրիգոր Աստուածաբան):

«Ահաւասիկ այն մեղքերը, որոնք կը գործուին Սուրբ Հոգիի դէմ՝

Չափէ շատ յոյս ունենալ Տիրոջ ողորմածութեան վրայ:

Յուսահատութիւն՝ սեփական փրկութեան հանդէպ:

Ակնյայտ ընդդիմութիւն՝ հաստատուած ճշմարտութեան եւ Ուղղափառ հաւատքի մերժում:

Տիրոջմէ ստացեալ հոգեւոր բարիքներու համար մերձաւորին նախանձիլը:

Մեղքերու մէջ յարատեւելը ու չարութեան մէջ քարանալը:

Մինչեւ կեանքի վերջ ապաշխարութեան ու զղջումի մասին չհոգալը» (Հոգեշահ գիրքերէն):

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2022