Բացառիկ աշխատանք՝ գիւղական համայնքներուն մէջ
Պոլսահայ, այժմ՝ ամերիկաբանկ գիտնական եւ գործարար Կարօ Արմէնի հետ ծանօթացանք հռչակաւոր դաշնակահար՝ Շահան Արծրունիի միջոցաւ: Մինչ այդ, անշուշտ, տեղեակ էինք մեծ բարերարի, գիտնականի եւ գործարարի գործունէութեան մասին թէ՛ Միացեալ Նահանգներէն ներս, եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ: Մօտէն ծանօթանալով Կարօ Արմէնին հետ, եւ համեմատելով անոր ունեցած մարդասիրական մեծ գործունէութիւնը, հիացանք անոր պարզ ու անմիջական մարդկային խառնուածքով, մարդու բարութեան, աշխարհի զարգացման եւ կեանքի հանդէպ լաւագոյնին ուղղուած անոր միտքերով ու ջանքերով:
Կարօ Արմէն ծնած է Պոլիս, 1953 թուականին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ հայկական դպրոցներէն մէկուն մէջ: Տասնեօթ տարեկանին մեկնած է Միացեալ Նահանգներ, ուր զինք սիրով ընդունած է հայ ընտանիք մը, զոր այսօր երախտիքով կը յիշէ Կարօ Արմէն, իբրեւ առաջին օժանդակողը իր ամերիկեան կեանքի առաջին քայլերուն:
Ուսումը ստացած է Նիւ Եորքի «Քուրինճ» գոլէճին մէջ, իսկ Բնագիտական տարրաբանութեան (քիմիաբանութեան) տոքթորականի աստիճանին տիրացած է Նիւ Եորքի քաղաքային համալսարանի «Շրջանաւարտներու կեդրոն»ին մէջ:
Որպէս գիտաշխատող, ան անմիջապէս աշխատանքի նշանակուած է Լոնկ Այլընտի Պրուքուէյն ազգային տարրալուծարանին մէջ, բայց բաժնետոմսերու շուկայով տարուած` Կարօ Արմէն հեռացած է տարրալուծարանէն եւ աշխատանքի անցած Ուոլ Սթրիթի մէջ որպէս «Ի. Էֆ. Հաթըն» ընկերութեան առողջապահական հարցերու վերլուծաբան: Հոն ձեռք ձգած փորձին հիման վրայ ալ ստեղծած է իր անձնական առողջապահական ընկերութիւնը:
Իր մօր տառապանքները՝ քաղցկեղի ճիրաններուն մէջ, մղած են Կարօ Արմէնը ուսումնասիրելու նուաստացուցիչ այդ հիւանդութիւնը դարմանելու ուղիները եւ 1994 թուականին ան իր գործընկերոջ՝ հնդիկ Փրոֆ. Պարմոտ Սրիվաստավայի հետ պատերազմ յայտարարած է քաղցկեղի դէմ եւ հիմնած «Անթիճենիքս» կենսաարուեստագիտական (Biotechnology) ընկերութիւնը, որուն համանախագահն ու գործադիր տնօրէնն է ան: Միաժամանակ 2002-2004 թուականներուն «Էլան» կենսադեղագործական ընկերակցութեան խորհուրդի տնօրէնն էր:
Նախքան «Անթիճենիքս»ը, Կարօ Արմէն հիմնադրած է դրամական կառավարման, կենսաարհեստագիտական եւ դեղաբանական ընկերութիւններով մասնագիտացած «Արմէն Փարթնըրզ» ընկերութիւնը: Բացի այդ, հայ գիտնականը 1993 թուականին ստեղծած է «Իմունէքս Լետըրլի» ուռուցքաբանական կեդրոնը:
2002 թուականին «Էրնթս եւ Եանքը» Կարօ Արմէն ճանչցած է «Տարուան կենսաարհեստագիտական ձեռնարկատեր», իսկ 2016 թուականին ան արժանացած է Միացեալ Նահանգներու «Տարուան ներգաղթեալ ձեռներէցը» մրցանակին:
Ամերիկաբնակ գիտնական-գործարարը Հայաստանի հետ իր գործունէութեան սկսած է 2000-ականներու սկիզբը:
2003 թուականի Օգոստոսին ան Հայաստանի մէջ կը գտնուէր յատուկ առաքելութեամբ մը: Ըլլալով յաջողակ գործարար մը, ան ի մտի ունէր այն մտածումը, թէ ինչպէ՞ս կրնայ օգտակար ըլլալ դժուար ժամանակներ ապրող Հայաստանին: Ճիշդ այդ նպատակով ալ ան 2000 թուականին, Նիւ Եորքի մէջ հիմնած էր «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը (COAF)՝ խորին համոզում ունենալով, որ երկրին ապագան երախաներու ձեռքերուն մէջ է, եւ որ անո՛նց պէտք է ուղղուին հիմնական ջանքերը: Հիմնադրամը արդէն իսկ օժանդակութիւն տրամադրած էր զանազան դպրոցներու ու մանկատուներու, ականազերծման ծրագիր իրականացուցած էր Արցախեան հակամարտութեան ընթացքին ականապատուած տարածքներուն վրայ: Ինք՝ Կարօ Արմէն, այս ամէնը բաւարար չէր նկատած ու Հայաստան գացած էր՝ տեսնելու, թէ ինչպէ՞ս կարելի է իր ստեղծած հիմնադրամի գործունէութեամբ աւելի մնայուն ու շարունակական ներդրում ունենալ Հայաստանի մէջ:
Արմաւիրի մարզին մէջ ծառայող Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւորականի մը առաջարկին անսալով՝ Կարօ Արմէն այցելած է մարզին ամենէն չքաւոր շրջաններէն մէկը՝ Բաղրամեանի մէջ գտնուող Քարակերտ գիւղը: Այդ գիւղին մէջ ան հանդիպած է տարեց մարդու մը եւ այդ հանդիպումն ալ կանխորոշած է այն տարածքաշրջանը, ուր «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը սկսած է իր գործունէութեան: Կարօ Արմէն տեղեկացած է, որ համայնքին մէջ աշխատատեղիներ չկան։ Մարդիկ կը գոյատեւեն հողագործութեամբ։ Համայնքի դպրոցը կիսաքանդ է, առանց պատուհաններու եւ առանց ջուրի: Կարօ Արմէն այցելած է դպրոցը ու ականատես եղած է, որ հակառակ այդ բոլոր դժուարութիւններուն՝ դպրոցը կը գործէ, իսկ տաքցնելու համար ալ քարիւղ ու գոմաղբ կը վառեն: Ան իր զրուցակիցին կը խոստանայ, որ կը վերադառնայ ու կ՚օգնէ, բայց ի պատասխան կը լսէ անոր քմծիծաղը: Շատերը տուած էին նոյն խոստումը, բայց գացած ու չէին վերադարձած:
Ի սկզբանէ, կը նախատեսուէր սահմանափակուիլ դպրոցի վերանորոգմամբ, բայց Քարակերտի խնդիրները շատ էին ու բազմազան… Յաջորդ այցելութեան, Կարօ Արմէն, գիւղացիներուն հետ հանդիպում մը կազմակերպեց, որուն ներկայ գտնուեցաւ աւելի քան եօթը հարիւր հոգի: Ընդամէնը տարի մը անց հինգ հազար (որուն հազար երկու հարիւր յիսունը երախայ) բնակչութիւն ունեցող Քարակերտին մէջ կը գործէին վերականգնուած մանկապարտէզը, դպրոցը, բոյժ-կանխարգելիչ հիմնարկը եւ համայնքային կեդրոնը: Տեսնելով այս բարեփոխումները՝ յարակից գիւղերն ալ ծրագրին մէջ ներգրաւուելու ցանկութիւն յայտնեցին: 2006 թուականէն սկսեալ հիմնադրամը սկսաւ աշխատիլ հինգ համայնքներու մէջ եւս, որոնք նմանատիպ հարցեր ունէին, բայց առաջնահերթութիւնը տրուեցաւ երախաներու կրթութեան: Համայնքներու մէջ «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը ձեռնամուխ եղաւ այդ հիմնական նպատակի ուղղութեամբ աշխատանքներուն՝ բոլոր հնարաւորութիւնները ուղղելով երախաներու ինքնազարգացման ու կայացման:
Ներկայիս «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը իր նոյն ծրագիրը կը կիրառէ տասնմէկ գիւղական համայնքներու մէջ եւ հետագային նոյնպէս ընդլայնելու մտադրութիւնը ունի:
Լոռիի մարզէն ներս «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամին կողմէ կը կառուցուի աշխարհի մէջ եզակի հաստատութիւն մը՝ ՍՄԱՐԹ կեդրոնը: Այս մէկը կրթական աւան մըն է, ուր պիտի համադրուին եւ հանգուցուին արուեստը, արհեստագիտութիւնը, լեզուները, գիւղատնտեսութիւնը, առողջ ապրելակերպը, ձեռներէցութիւնը՝ համեմուած ստեղծագործականութեամբ: Լոռին առաջին քայլն է՝ նորարարական ՍՄԱՐԹ հայեցակարգը ներկայացնելու: Հիմնադիր, Տքթ. Կարօ Արմէն հաւատացած է, որ Լոռիի մէջ ձեռնարկուող ՍՄԱՐԹ քայլերը հնարաւորութիւն կու տան հասնիլ նոյն արդիւնքին, ինչպէս է Արմաւիրի մէջ, բայց շատ աւելի արագ, աւելի մատչելի եւ առաւել արդիւնաւէտ ճանապարհով: Լոռիի մէջ նպատակին հասնելէ յետոյ ՍՄԱՐԹ ձեւաչափը տասնհինգ-քսան անգամ պիտի կիրառուի Հայաստանի գիւղական համայնքներու մէջ:
COAF հիմնադիր եւ խորհուրդի ատենապետ Տքթ. Կարօ Արմէն վստահ է, որ Հայաստանի գիւղական համայնքները չիրացուած աներեւակայելի պաշար են ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ՝ ամբողջ աշխարհի համար: Այդ պաշարը, ինչպէս իր գործունէութեան ընթացքին համոզուած է ան, մարդն է: Ան վստահ է, որ Հայաստանի գիւղերը առաջարկելու շատ բան ունին ո՛չ միայն Հայաստանին, այլեւ՝ աշխարհին առհասարակ:
Այդ առումով ՍՄԱՐԹ ինքնանպատակ կառոյց մը չէ եւ ան կը պատասխանէ Հայաստանի գիւղական բնակչութեան կարիքներուն:
Լոռիի ՍՄԱՐԹ կենդրոնի շինարարութիւնը այս պահուն թէժ ընթացքի մէջ է, եւ Կարօ Արմէն, շինարարական աշխատանքներուն ծանօթանալու համար հերթական անգամ այցելած էր Հայաստան: Կ՚ակնկալուի հիմնական աշխատանքները աւարտին հասցնել այս տարուան Նոյեմբերին:
2013 թուականին Կարօ Արմէն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ պարգեւատրուած է «Մխիթար Հերացի» մետայլով, իսկ մինչ այդ՝ 2008 թուականին Արմաւիրի մարզպետի կողմէ, բարեսիրական աշխատանքներ կատարելու համար՝ Ոսկէ մետայլով: Ամենէն առաջին շքանշանը Հայաստանի մէջ եղած է 2007 թուականին՝ Պատուոյ շքանշանը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին կողմէ:
Կարօ Արմէն իր շուրջ հաւաքած է նուիրեալ խումբ մը, որ ամէնօրեայ եռանդուն աշխատանք կը տանի թէ՛ «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամին մէջ, թէ՛ ալ եզակի ուսումնական նոր հաստատութեան՝ ՍՄԱՐԹ կեդրոնի ստեղծման ուղղութեամբ: ՍՄԱՐԹ-ի ճարտարապետը լիբանանահայ երիտասարդ ճարտարապետ Փոլ Գալուստեանն է: Փոլ Գալուստեան ճարտարապետութիւն ուսանած է A.L.B.A, Լիբանան (Académie Libanaise des Beaux-Arts), իսկ մագիստրոսի կոչում ստացած է Հարուըրտի ձեւաւորման բարձրագոյն դպրոցէն ներս: Աշխատած է Պազէլ քաղաքի Herzog and de Meuron ընկերութեան մօտ, այնուհետեւ Պէյրութի մէջ հիմնած է սեփական ընկերութիւնը: Դասաւանդած է Պոսթոնի Ճարտարապետութեան կեդրոնին մէջ եւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը: Արժանացած է Moukbel մրցանքին եւ Չափագրողներու եւ ճարտարապետներու շքանշանին: 2012 թուականին Վենետիկի պիէնալէին ընթացքին անոր ներկայացուցած «Տունը անտառի մէջ» նախագիծը՝ «Արաբ երիտասարդ ճարտարապետներ» մրցոյթի ժամանակ պատուաւոր տեղ զբաղեցուցած է:
Փոլ Գալուստեան յաճախ կ՚այցելէ Հայաստան՝ ծանօթանալու համար իր իսկ նախագծած կեդրոնի աշխատանքներուն եւ հպարտ է, որ իր ստեղագործական ներուժը կը ծառայեցնէ գիւղական համայնքներու մէջ հայ մանուկներու կրթութեան ու զարգացման:
Առաջին ՍՄԱՐԹ կեդրոնի կենսագործման համար հիմնադրամը ներդրած է շուրջ 1 միլիառ դրամ գումար: 2015 թոականի Դեկտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ կայացած դրամահաւաքը այդ նպատակը ունէր: Արդիւնքին հաւաքուած 3.7 միլիոն ամերիկեան տոլարի մեծ մասը պիտի ուղղորդուի ՍՄԱՐԹ-ի շինարարութեան եւ կայացման:
- Կարօ Արմէնի հարցազրոյցը՝ յատուկ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին թէ՛ իր մանկութեան, թէ՛ ուսանողական տարիներու, թէ՛ ալ աշխատանքի դժուարութիւններու եւ յաջողութիւններու մասին, պիտի ներկայացնենք թերթի յառաջիկայ թիւերուն մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024