ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ՈՍԿԵԳՈՐԾԸ
Հայ ոսկերիչ Պետրոս Սեւաճեանի պատրաստած ոսկեայ սկուտեղ-մատուցարանը ցուցադրուած է Լոնտոնի թագաւորական ընտանիքի նստավայրին՝ Պաքինկհամ պալատին մէջ: «Պի. Պի. Սի.»ն կը տեղեկացնէ՝ յղում կատարելով Լոնտոնի Թագաւորական հաւաքածոյի կայքէջին:
Անցնող օրերուն այս լուրը լայնօրէն տարածուեցաւ եւ անգամ մը եւս առիթ դարձաւ խօսելու առասպելական ոսկեգործի մը մասին, որուն ընտանիքը Օսմանեան կայսրութենէն Եթովպիա տեղափոխուած եւ հարուստ կենսագրութիւն ունեցած է ափրիկեան այդ երկրին մէջ: Պաքինկհամ պալատին մէջ սկուտեղը ներկայացուած է ի թիւս Էլիզապէթ Բ. թագուհիին մատուցուած բացառիկ նուէրներու կարգին, որ աշխարհի ամենէն երկար գործող միապետի տիտղոսը ստացած է իր երկարեամեայ կառավարման տարիներուն:
Եթովպիոյ վերջին կայսրը՝ Հայլէ Սելասիէ ինք էր, որ Էլիզապէթ Բ. թագուհիին Եթովպիա այցելութեան ժամանակ նուիրած էր այս սկուտեղը: Թագուհիին ստացած բացառիկ նուէրներուն ցուցահանդէսը թագաւորական պալատին մէջ բաց պիտի մնայ մինչեւ Հոկտեմբերի 1-ը: Այցելուները հնարաւորութիւն ունին տեսնելու բացառիկ ձեռակերտ աշխատանքներ, որոնք երկիրներու նախագահներ, յատուկ ընծայագրերով նուիրաբերած են Մեծն Բրիտանիոյ թագուհիին:
Ոսկերիչ Պետրոս Սեւաճեան եղած է եթովպական Հայլէ Սելասիէ Ա. կայսրի պալատին ոսկերչական իրերու մատակարարը մինչեւ 1974 թուականը, երբ երկրին մէջ պետական յեղաշրջում տեղի ունեցաւ:
Ուղղանկիւն, 50/80 չափի սկուտեղը պատրաստուած է Եթովպիոյ հարաւային հանքերէն հանուած մաքուր ոսկիէ, ափսէին բռնակները նոյնպէս զուտ ոսկի են, իսկ ափսէին մէջտեղը ոլորուն սաղարթներն ու ծաղիկները կը ներկայացնեն ռոքոքօ սեթեւեթեւալ ոճը, որ բնորոշ է թագաւորական պալատներուն եւ շքեղութեան: Մատուցարանին մէկ ծայրը պատկերուած է Եթովպիոյ կայսրական թագը, իսկ միւս կողմը՝ բրիտանական թագը։ 14 քիլօ կշռող ափսէին կեդրոնը կայ գրութիւն մը, ուր արձանագրուած է թագուհիին ստացած նուէրին թուականը, վայրը եւ նուիրատուին անունը՝ Եթովպիոյ հռչակաւոր կայսրը, որուն անունը առաջին անգամ չէ, որ հայերուն հետ կ՚առընչուի:
Հայլէ Սելասիէն Պետրոս Սեւաճեանին շատ մը այլ դիւանագիտական նուէրներ եւս պատուիրած է, ինչպէս նաեւ՝ կայսերական պատուանշանը, Սողոմոնի կնիքին մեծ խաչի դրոշմը, Եթովպիոյ Մեծ Խաչին աստղը, Եթովպիոյ աստղը եւ Շեպայի թագուհիին շքանշանը, որոնք հայ ոսկերիչը ոսկիով եւ ազնիւ մետաղներով ձուլած եւ փորագրած է:
Հայ ոսկեգործին բազում այլ աշխատանքները կը պահպանուին Եթովպիոյ կայսերական թանգարանին, այլ երկիրներու ցուցասրահներուն մէջ. ինչպէս՝ Ուաշինկթընի կեդրոնը՝ Ազգային ծառուղիին վրայ գտնուող Լինքոլնի յուշահամալիրին մէջ կը պահուի Պետրոս Սեւաճեանի պատրաստած արծաթէ ծաղկեպսակը: Մեծ թիւով գործեր ալ կը փայփայուին Պետրոս Սեւաճեանի ժառանգներուն քով, որոնք նախանձախնդութեամբ եւ իբրեւ գանձ կը պահեն իւրաքանչիւր մանրուք, որ կը վերաբերի իրենց հօր: Պետրոս Սեւաճեանի զաւակներէն է Անայիս Սեւաճեան, որ անգլիացի հռչակաւոր գրող Շէյքսփիրի տուն-թանգարաններէն մէկուն՝ Շէյքսփիրի հայրական տան տնօրէնն է, Շեյքսփիրի ծննդավայր Սթրաթֆորտ Էյվընի մէջ: Միւս զաւակը՝ Ռուպինա Սեւաճեան, գիրքերու հեղինակ է: Պետրոս Սեւաճեան երկու զաւակ եւս ունի: Անոնք առցանց թանգարան մը ստեղծած են, ուր կը ցուցադրեն Սեւաճեան ընտանիքին պատկանող ոսկերչական գանձեր, հազ-ւագիւտ պատմական լուսանկարներ, կը ներկայացնեն յուշեր՝ աշխարհի բոլոր ծայրերէն, որ կը վերաբերի իրենց հօր:
Պետրոս Սեւաճեանի անունը կապուած է նաեւ Եթովպիոյ մէջ ապրած այն նշանաւոր հայերու անունին, որոնք ձեւով մը դեր ունեցած են այդ երկրին մէջ:
Պետրոս Սեւաճեան ծնած է 1918 թուականին, իր ընտանիքը Այնթէպէն նախ Աթէնք, ապա Եթովպիա տեղափոխուած է: Իր հայրը՝ Աւետիս Սեւաճեան, եղած է յաջողակ առեւտրա-կան եւ արդիւնաբերական գործիչ, որ վերջնականապէս կայք հաստատած է Եթովպիոյ մէջ, ուր Ատիս Ապապայի նշանաւոր դպրոցներէն մէկուն՝ Թեպերի Մակոնէն դպրոցին մէջ, մինչեւ դեռահաս դառնալը, ուսանած է Պետրոս Սեւաճեան: Այս դպրոցին մէջ ան հանդիպած է իր կեանքի ուղեկից ընկերներուն, որոնք եթովպական ընտրախաւի ներկայացուցիչները դարձած են յետա-գային: Պետրոս Սեւաճեան, ընտանիքի գործը՝ առեւտուրը իր սիրտով չնկատելով, կապեր փնտռած է այդ ժամանակ կայսեր հետ աշխատող հայ ոսկերիչի մը՝ Նիկողոս Ճիդտէճեանին հետ եւ յայտնած է ոսկերիչ դառնալու իր ցանկութեան մասին:
1938 թուականին Պետրոս Սեւաճեան մեկնած է Իտալիա՝ Միլանօ, ոսկերչական եւ արծաթագործական արուեստի գաղտնիքները սորվելու եւ վերադառնալով սկսած է գործակցիլ Նիկողոս Ճիտէճեանին հետ: Վերջինս արդէն տարիքը առած էր եւ Սեւաճեան անոր գործը ստանձնած է՝ 1946 թուականին հիմնելով Պ.Ա. Սեւաճեան անունով իր արհեստանոցը: Ան բազում պատուէրներ ունէր թագաւորական ընտանիքէն, սակայն իր մշտական պայմանագիրը կայսեր հետ էր, որ հայ ոսկեգործին կը պատուիրէր ոսկեզօծ կոճակներէն մինչեւ կնիքներ, աստղեր, խորհրդանիշներ, անուանական դրամներ, նուէրներ…
1950-ին ան ուղղակի նշանակուցաւ կայսերական տան ոսկեգործ եւ մինչեւ Եթովպիոյ յեղաշրջումը կատարեց իր գործը՝ անունը դրոշմած պահելով կայսերական իրերուն՝ իր պատրաստած իրերուն վրայ կնքելով՝ «Պատրաստուած է Եթովիպիոյ մէջ, Պ.Ա. Սեւաճեան»:
Ան ամուսնացած էր Ծովինար Սեւաճեանին հետ, որ Խարթում, 1928 թուականին ծնած հայուհի մըն էր եւ մահացաւ երեք տարի առաջ՝ 2014 թուականին: Իսկ ինք՝ ոսկերիչ Պետրոս Սեւաճեան մահացած է 1977 թուականին:
ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԿԱՊԵՐ
Հայոց կապը Եթովպիոյ հետ ընդհանրապէս եղած է իւրայատուկ:
Իրարմէ հազարաւոր մղոններ հեռու գտնուող Եթովպիան եւ Հայաստանը լեզուներով տարբեր են, բայց մասնագէտներ վկայած են, որ հայերէնի ու եթովպական ամհարա լեզուի այբուբեններուն մէջ իրարու շատ նմանող տառեր կան: Միեւնոյն ժամանակ եթովպական Ուղղափառ միաբնակ եկեղեցին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ կարգ մը այլ եկեղեցիներու հետ կը կազմէ Արեւելեան հնագոյն եկեղեցիներուն ընտանիքը: Բայց միայն այդ չէ հայերուն եւ եթովպացիներու սերտ կապեր ըլլալուն գաղտնիքը. հայեր մեծ դերակատարութիւն ունեցած են ժամանակակից Եթովպիոյ պատմութեան մէջ, իսկ այդ կապերը եկած են հինէն, շուրջ երկու հազարամեակ հեռուէն: Մինչեւ Հայլէ Սելասէի իշխանութեան վերջաւորութիւնը երկրին մէջ հնչող Եթովպիոյ ազգային օրհներգի երաժշտութեան հեղինակը տեղւոյն հայկական համայնքէն Գէորգ Նալպանտեանն էր, որ օրհներգի եղանակ ստեղծելու պատուէրը ստացած է նոյնինք կայսր Հայլէ Սելասիէէն։ Կայսրը Երուսաղէմ կատարած իր այցելութեան ընթացքին Մեծ Եղեռնի հետեւանքով որբացած եւ Երուսաղէմի հայոց Սուրբ Յակոբեանց տաճարին մէջ ապաստանած քառասուն հայ որբերը մայրաքաղաք Ատիս Ապապա հրաւիրած է եւ անոնցմով կազմած է Եթովպիոյ կայսերական փողային նուագախումբը։ Այս երեխաները ծանօթ են իբրեւ «Աբպա լիճոճէ», որ ամհարերէնով «Քառասուն մանուկ» կը նշանակէ:
Այդ հետաքրքրական դրուագը պատմութեան մէջ ծանօթ է հետեւեալ կերպով.
Պաշտօնապէս կայսր հռչակուելէն առաջ՝ 1916-1930 թուականներուն Հայլէ Սելասիէն, հակառակ երիտասարդ ըլլալուն, Եթովպիոյ թագաժառանգ իշխանն էր, երկրին փաստացի ղեկավարը: Անոր իսկական անունը Թաֆարի Մաքոննէն Ոլտեմիքաէ է:
1916 թուականին Եթովպիոյ փաստացի ղեկավար դառնալէ ետք, անոր իշխանութեան օրով կը սկսի երկրի զարգացումը, յառաջդիմումը: Այդ զարգացման ծրագիրներուն մէջ կայսրը մեծ տեղ կու տար մշակոյթին: Ան իր արտասահմանեան այցերուն ժամանակ անպայման ուշադրութիւն կը դարձնէր այլ երկիրներու մշակութային կեանքին եւ կը փորձէր տարրեր ներմուծել իր երկիր: 1924 թուականին Թաֆարին եւրոպական երկիրներ կատարած իր պաշտօնական ուղեւորութեան ճամբուն կանգ կ՚առնէ Երուսաղէմի մէջ, այստեղ ան կը հանդիպի Եղեռնի որբերուն: Այդ որբերն են, որոնք յետագային մեծ դեր պիտի խաղային Եթովպիոյ երաժշտական կեանքի զարգացման մէջ:
Թաֆարի Մաքոննէնի կինը՝ իշխանուհի Իթեքէ Մենէնը 1923 թուականի Ապրիլին այցելած էր Երուսաղէմ եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Եղիշէ Դուրեանին Սուրբ Յարութեան տօնի առթիւ շնորհաւորելու համար այցելած էր նաեւ հայկական թաղամաս։ Ըստ պահպանուած տեղեկութիւններուն, Եթովպիոյ իշխանուհիին կ՚ուղեկցէր եթովպահայ կին մը՝ Արաքսի Եազճեանը, որ արքունիքի մէջ կարպետագործութեան պատասխանատուն էր: Իշխանուհին Արաքսիին առաջարկով է, որ այցելած է հայկական «Արարատեան» որբանոց, ուր անոր պատուին հանդիսաւոր ընդունելութիւն կազմակերպուած է։ Իշխանուհի Մենէնի մայրը եղած է Արաքսիի դստեր կնքամայրը եւ այս բարեկամական կապը դեր ունեցած է, որ իշխանուհին վստահի իր ուղեկիցին եւ անոր հետ այցելէ նախանշուած վայրը: Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կողմէ բացուած այդ որբանոցին մէջ իշխանուհին դիմաւորած են աւելի քան 400 որբեր, որոնք մեծամասնութեամբ գրեթէ վանեցի եւ էրզրումցի պատանիներ էին: Իշխանուհին յուզուած է այդքան որբ տեսնելով եւ անոնց պատմութիւնը լսելով: Որբերն ալ զարմացած են, որ սեւամորթ իշխանուհի մը այդպէս յուզուած էր հայ մանուկներու պատմութենէն: Ան նուիրատուութիւն կատարած էր հայ երեխաներուն եւ խոստացած, որ Եթովպիոյ մէջ կը հիւրընկալէ զիրենք: Վերադառնալով, իշխանուհին ամուսնոյն պատմած է իր տեսած յուզիչ տեսարանը եւ յաջորդ տարի Երուսաղէմի մէջ Թաֆարի Մաքոննէն, երբ այցելած է Հայոց Պատրիարքարան, զինք դիմաւորողներուն մէջ եղած է «Արարատեան» որբանոցի փողային նուագախումբը՝ քառասուն հայ պատանիներէ կազմը-ւած «Ֆանֆարի խումբը»: Անոնք իրենց կատարումով գերած են իշխան Թաֆարին, եւ ան, տեղեկանալով, որ որբանոցը խնդիրներ ունի, տեղւոյն վրայ ցանկութիւն յայտնած է որդեգրել զանոնք եւ իր հետ Եթովպիա տանիլ: Որբանոցի ղեկավարութիւնը չհրաժարեցաւ առաջարկէն, մանաւանդ որ հայոց պատրիարքին հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեամբ Թաֆարի իշխանը պարտաւորուեցաւ հոգալ խումբի ճանապարհածախսը, իսկ Եթովպիոյ մէջ՝ ապահովել անոնց կեցութեան պայմանները եւ ապրուստը: Ի դէպ, նոյն թուականին «Արարատեան» որբանոցէն 250 սան տեղափոխուած է Երուսաղէմի Խաչավանք հաստատութիւնը, ուր հիմնադրուած է Խաչավանքի Վասպուրական որբանոցը։ Միեւնոյն ժամանակ որբանոցէն 250 սան մեկնած է Խորհրդային Հայաստան, 40-ը՝ Կիպրոս՝ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն։ Արարատեան որբանոցին մէջ մնացած մեծահասակ սաները կեանքի մտած են, իսկ փոքրերը տեղափոխուած են Պէյրութ՝ համալրելով Քելեկեան որբանոցը։
6 Սեպտեմբեր 1924 թուականին պատանի քառասուն երաժիշտները եւ իրենց տեսուչը արդէն Եթովպիոյ մայրաքաղաքը՝ Ատիս Ապապա էին, ուր զանոնք դիմաւորած են պաշտօնեաներ եւ հայ համայնքի անդամներ։ Ժամանման յաջորդ օրն իսկ նուագախումբի անդամները ընդունած է իրենց համար սիրելի ու ծանօթ կայսրը՝ Թաֆարին, անգամ մը եւս հաւաստիացնելով, որ ամէն ձեւով պիտի աջակցի հայ տղոց: Ան ըսած է. «Դուք իմ զաւակներս էք, երբեք բանի մը վրայ մի՛ մտածէք, ձեզի պիտի նայիմ զաւակներուս պէս»:
Այդպէսով ձեւաւորուած է Եթովպիոյ կայսերական փողային նուագախումբը: Իսկ երկրին հիմնի երաժշտութեան հեղինակ Գէորգ Նալպանտեանը (1887-1963) այդ նուագախումբի ղեկավարն էր: Գէորգ Նալպանտեանի ղեկավարութեամբ հայկական խումբը շատ արագ մեծ յարգանք ու լայն ժողովրդականութիւն սկսաւ վայելել արքունիքի եւ այլ երկիրներու մէջ:
Իշխան Թաֆարիի առաջարկով, երբ Գէորգ Նալպանտեան 1926 թուականին գրեց երկրի առաջին ազգային հիմնի երաժշտութիւնը, ան «Քառասուն մանուկներ»ուն կողմէ կատար-ւեցաւ 2 Նոյեմբեր 1930 թուականին ռաս Թաֆարիի՝ Հայլէ Սելասիէ պատուանունով որպէս կայսր թագադրման արարողութեան ընթացքին։
Մինչ այդ՝ 1925 թուականին Ամանորի առթիւ նուագախումբը երեկոյթ մը կազմակերպեց Ատիս Ապապայի մէջ եւ ողջ հասոյթը փոխանցուեցաւ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան որբանոցներու սաներուն: Հայ որբերու խնդիրներով ապրող Հայլէ Սելասիէ կայսրը ըսած է.
«Ձեր ցուցաբերած բացառիկ օրինապահութիւնը երկրին նկատմամբ խորապէս յուզած է զիս: Ես հպարտ եմ, որ հայասէր եմ: Այդ մէկը մեր ընտանեկան մօտեցումն է. հայրս նոյնպէս հայասէր էր: Ես ձեզ կը սիրեմ ո՛չ միայն որպէս այս երկրի քաղաքացիներ, ո՛չ միայն որպէս իմ ենթականեր, այլեւ՝ անոր համար, որ հայերը միշտ ջերմ վերաբերում ունեցած են Եթովպիոյ նկատմամբ: Այսօր դուք լիովին կը ցուցաբերէք Ձեր ջերմութիւնը, ինչպէս յարիր է միեւնոյն ժողովուրդի զաւակներուն»:
Եթովպացի եւ օտար մասնագէտներու համոզմամբ՝ «Աբպա լիճոճէ» նուագախումբը եւ անոր անդամները առանձնապէս նպաստած են երկրի մէջ փողային նուագախմբային արուեստի զարգացման, որմէ ալ՝ նոր երաժշտական ժանրի ձեւաւորման:
1936-1941 թուականներուն Եթովպիոյ իտալական զաւթման ժամանակ «Աբպա լիճոճէ»ի գործունէութիւնը դադրեցաւ, բայց Գէորգ Նալպանտեանը, ինչպէս նաեւ նուագախումբի այլ անդամներ շարունակեցին իրենց գործունէութիւնը նաեւ պատերազմի աւարտէն յետոյ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ