ԶՈՒԱՐՃԱԼԻ ՊԱՏԱՀԱՐՆԵՐ - 2 -

ԿՈՒՏ Կ՚ՈՒՏԵՄ

Տարի մը, ինչպէս սովորաբար մեր ամառնային արձակուրդը կ՚անցընենք Հայաստանի մէջ, վերադարձին բերինք քանի մը ծրարիկ արեւածաղիկ։ Իմ կեսուր մայրիկը՝ տիկին Քաթիան շատ սիրեց հայաստանեան արեւածաղիկը։ Մեծ բաւականութեամբ երեկոները թէ՛ կը դիտէինք հեռուստացոյց եւ թէ կ՚ուտէինք արեւածաղիկ։

Օր մը աշխատավայրէս զբօսանքի ժամուն հեռաձայնեցի տիկին Քաթիային.

-Մայրիկ ինչպէ՞ս ես, ի՞նչ կ՚ընես։

-Լաւ եմ հոգիս, ինչ ընեմ, կուտ կ՚ուտեմ։

-Ի՞նչ կ՚ընես,- զարմացած կրկին հարցուցի։

-Կուտ կ՚ուտեմ, ինչո՞ւ կը զարմանաս։

-Ուրկէ՞ գտար կուտ եւ կ՚ուտես։

-Դուք բերիք Հայաստանէն, մոռցա՞ր, ես ալ շատ սիրեցի։

-Ա՜հ, արեւածաղիկ կ՚ուտես։ Ես ալ շուարեցայ, թէ ինչպէս կրնաս կուտ ուտել…

Ահաւասիկ զուարճալի պատահար մը եւս, որ գոյացած էր արեւելահայերէնի ու արեւմտահայերէնի լեզուամտածողութեան այլազանութեան պատճառաւ։

Արդարեւ, մեր երկու հայերէններն ալ ունին «կուտ» բառը, որ կը գործածուին տարբեր իմաստներով։

Արեւելահայերէնի մէջ «կուտ» բառը կը փոխարինէ ցորենազգիներուն։ Զոր օրինակ՝ ցորեն, գարի եւ այն։ Կ՚ըսեն՝ հաւերը կուտ կ՚ուտեն կամ հաւերուն կուտ տալ…

Ըստ իս, միայն հաւը կրնայ կուտ ուտել, սակայն ոչ երբեւէ մարդը…

Սակայն եկուր ու տես, թէ չարաչար սխալեցայ։

ԺԱՄԸ ՄԷԿՈՒԿԷՍԻՆ…

Զուարճալի դէպք մը եւս պիտի պատմեմ։

Ուրեմն, առաջին անգամ իմ մայրիկը ցամաքային ճանապարհով կու գար Պոլիս մեզի այցելութեան։ Կիրակի օր մըն էր։ Հանդերձ ընտանեօք կը գտնուէինք նախաճաշի սեղանի շուրջ, երբ յանկարծ իմ հեռաձայնին անծանօթ, սակայն սպասուած հեռախօսահամարէ մը զանգ եկաւ. մայրս էր։

-Աղջիկս, ժամը մէկուկէսին պիտի հասնինք կայան։

-Հոգ մի՛ ըներ մայրիկ ճան, մենք ճիշդ ժամուն կը դիմաւորենք քեզ։

Երբ հեռաձայնը գոցեցի իմ ամուսինը հետաքրքրուեցաւ, թէ մայրիկս ժամը քանիի՞ն պիտի ժամանէ։

-Ժամը մէկուկէսին։

-Շատ լաւ, տակաւին երկու ժամ ունինք։

Այնուհետեւ հանգիստ շարունակեցինք մեր նախաճաշը։ Կէս ժամ չանցած ամուսինս յանկարծ հարցուց.

-Արեւիկ, մայրիկդ ուրկէ՞ գիտէ մեր ժամը։

-Չի գիտեր, արցախեան բարբառով ըսաւ ժամը մէկուկէսին։

-Այսինքն մեր ժամով կը նշանակէ «կէսին», ինչ որ կը նշանակէ՝ տիկին Անահիտի ժամանման մնացած է ընդամէնը կէս ժամ, այլ ոչ թէ մէկուկէս։

-Այո, ճիշդ ես, ես ժամերը շփոթեցի…

-Բնաւ ատեն չունինք, աճապարէ՛…

Մենք վայրկենապէս տունէն դուրս եկանք, վազելով նստանք մեր զուգադիպած առաջին թաքսին ու սլացանք դէպի կայան։ Երբ հասանք, նշմարեցինք, որ հանրաշարժը ժամանած է, ուղեւորները կարգով կ՚իջնեն։

Ես պահ մը մոռցայ ժամ կարդալու մեր զանազան սովորութիւնները։ Մայրիկս ի նկատի ունէր, որ 12.30-ին պիտի հասնի Պոլիս։

Իսկ 12.30-ը՝ պոլսահայերը, արցախցիները եւ նոյնիսկ հայաստանցիները այլ կերպ կը կարդան։

Եւ այսպէս, արցախցիները զայն կը կարդան որպէս՝ մէկուկէս, հայաստանցիները՝ տասներկուքն անց կէս, իսկ պոլսահայերը՝ տասներկուուկէս կամ կէս։

Եթէ ամուսինս որոշ չափով չտիրապետէր արցախեան բարբառին իմ անփութութեան՝ հայերէնները իրար խառնելու պատճառաւ մայրիկս կայանի մէջ մեզի պիտի սպասէր աւելի քան մէկ ժամ։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2019