ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆԻ ԵՒ ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Աշխարհահռչակ գրող Ուիլիըմ Սարոյեան, 1960-ականներէն սկսեալ, գրած է ինքնակենսագրական եւ յուշագրական գործեր, որոնց մէջ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ իր «Նամակ Թէյպու փողոց 74-էն կամ մի երթար, իսկ եթէ հարկ է, բարեւէ բոլորին» գիրքը, լոյս տեսած 1969 թուականին: Այս գիրքին մէջ, ի թիւս շատերուն ուղղուած նամակներուն, ուշագրաւ նամակ մըն ալ կայ՝ ուղղուած հայ նշանաւոր բարեգործ, ձեռնարկատէր Գալուստ Կիւլպէնկեանին:

Երկու հռչակաւոր հայեր հանդիպած են Լիզպոնի մէջ. Սարոյեան, լսելով Գալուստ Կիւլպէնկեանի հռչակին մասին, օր մը, Լիզպոնի «Աւէս» պանդոկի այն սենեակէն, ուր կը բնակէր Կիւլպէնկեան, ներս կը մտնէ եւ՝ «Ես Ուիլիըմ Սարոյեանն եմ», կ՚ըսէ: Կիւլպէնկեան կը զարմանայ, քանի որ, անշուշտ, լսած էր հայ գրողին մասին, որուն հռչակը այդ տարիներուն աշխարհը գրաւած էր:

Երկու մեծերուն հանդիպումը, պատմական հանդիպում մըն էր: Այս մասին անոնց կենսագրութիւններուն մէջ շատ յաճախ չի յիշատակուիր, բայց Սարոյեանի «Նամակներ Թէյպու փողոց 74 փողոցէն» գիրքին մէջ կայ այդ հանդիպման մանրամասնութիւնները: Գիրքը գրուած է գրականութեան մէջ Սարոյեանի գործածած լեզուով՝ անգլերէնով, բայց Սարոյեան-Կիւլպէնկեան հանդիպման ընթացքին հայերէն ալ խօսուած է, ի զարմանս պանդոկի աշխատակիցներուն, որոնք մտիկ կ՚ընէին անծանօթ լեզուով խօսակցութիւնը: Կիւլպէնկեան, հարազատ զգալով Սարոյեանը, նաեւ դրամ առաջարկած է գրողին, բայց Սարոյեան, իր հպարտ բնոյթին համաձայն, մերժած է, ըսելով, որ ինք, Սարոյեան ըլլալով, կրնայ հոգալ իր ծախսերը:

Այս նամակը, ինչպէս նաեւ գիրքին մէջ տեղ գտած միւս նամակները ժամանակին թարգմանուած են արեւելահայերէնի: Բայց վերջերս գտանք նամակին նաեւ արեւմը-տահայերէն թարգմանութիւնը, որ գիրքին լոյս տեսած տարին իսկ՝ 1969 թուականին թարգմանուած եւ հրատարակուած է: Այդ տարիներուն քանի մը հոգի թարգմանած է այդ նամակները, այս մէկը Վարգդէս Ուրիշեանի թարգմանութիւնն է:

Կը ներկայացնենք Ուիլիըմ Սարոյեանի նամակը՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանին, ուր հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կան անոնց հանդիպումէն:

*

Երբ Լիզպոնի «Աւէս» պանդոկը հասայ, 1949 մայիսին, զարմացայ իմանալով թէ դուն ամբողջ առաջին յարկը կը գրաւէիր:

-Կիւլպէնկեա՞ն, ըսի պանդոկի տնօրէնին, հարուստ մա՞րդը ըսել կ՚ուզես:

-Աշխարհի ամենահարուստ մարդը, ըսաւ պանդոկին տնօրէնը: Հայ է, ինչպէս դուն ալ, կարծեմ:

Ես քառասունմէկ տարեկան էի այն ատեն եւ գէշ վիճակի մէջ, նոր ձգած ըլլալով կինս, փոքր մանչս եւ աւելի փոքր աղջիկս, հեռանալս ստիպողական դարձնելու չափ լուրջ պատճառներով: Հոգեպէս ցնցուած վիճակ մը ունէի, բանի մը պակասը հոգիիս վրայ: Կրնամ ըսել, թէ կնոջմէս եւ զաւակներէս աւելի բան մը խոյս տուած էր ինձմէ-ճշմարիտը: Յանկարծ անտուն էի, շրջապատէս կտրուած, անիմաստ: Առանց ինծի էի, առանց իմ իսկութեանս: Ոչ միայն կորսուած էի, այլեւ կտրուած, կոտրտուած: Իրականին մէջ, մեռած էի, բայց ողջ ըլլալ կը թուէի: Աւելի ողջ քանի որեւէ ատեն, չգիտնալով յաջորդ ընելիքս, ո՛ւր երթալս՝ կտորները ետ շարելու եւ ողջ ըլլալ սկսելու համար դարձեալ, ճշմարիտին մէջ:

Դուն գրեթէ տարիքիս կրկինն էիր, եւ կորովի առողջութեան մէջ: Ճաշին, յիշեցիր թէ հայրդ իննսունութ տարի ապրած է, եւ կը հաւատայիր թէ գոնէ նոյնքան մը պիտի ապրիս դուն ալ: Դրամը որ կու գար քեզի ամէն օր քարիւղի համաձայնութիւններէն՝ զորս կնքած էիր քարիւղ ուզող եւ քարիւղ ունեցող երկիրներու միջեւ՝ չդադրեցաւ վեց տարի ետք, երբ մեռար:

Դրամը կը հոսի գաղտնի գետերէ շատ մը տարբեր տեղեր, տեղէ մը, մարդու մը, եւ գետը որ քեզի կը հոսէր, շարունակեց վազել մահէդ ետքն ալ, քու հիմնարկիդ, Լիզպոնի մէջ:

Այդ շրջանին, Ռուսաստան Իրանի եւ Իրաքի վրայ ճնշում կը բանեցնէր եւ հաւանականութիւն կար այդ երկիրներուն Սովետ Միութեան մարմնին մէջ առնուելուն, եւ այդ պարագային գետերուն վազքը պիտի շեղէր քեզմէ դէպի Սովետ Միութիւն:

Մարդոց հարցում ընելու հակում ունիմ, ոչ թէ կոպտութեամբ, այլ ի սէր ճշմարտութեան, եւ ուրեմն հարցուցի քեզի, թէ նման պարագայի մը հարուածը պիտի տխրեցնէ՞ր քեզ, ու դուն պատասխանեցիր.

-Օ՜, ո՛չ, եթէ պատահի, երբեք պիտի չտխրիմ: Վնաս մը պիտի չպատճառէ ինծի, ոչ թէ որովհետեւ, յամենայնդէպս, արդէն աղքատ չեմ, այլ որովհետեւ այսպէս թէ այնպէս, անխուսափելիօրէն փոփոխութիւն կայ միշտ, եւ պատճառ մը չկայ որ ցաւիմ որեւէ փոփոխութեան համար որ ազդէ շահերուս: Այդպէսով, կրնայ նոյնիսկ լաւ բան մը եղած ըլլալ ինծի համար: Կարենամ թերեւս ժամանակ գտնել աւելի նուիրուելու արուեստին-օրինակ, ես նշանաւոր նկարներու սէր ունիմ: Եւ խնդրոյ առարկայ դրամը գործածուի թերեւս աւելի օգտակար նպատակներու, քան ինչ որ կրնամ ես ընել ներկայիս: Թէեւ մարդիկ ունիմ, որ շարունակ կ՚աշխատին ինծի եկած դրամը լաւագոյն կերպով գործածելու ձեւեր գտնել:

Աշխարհի ամենահարուստ մարդը, յամենայնդէպս ամենահարուստներէն մէկը, այս կերպ խօսելով, եւ հայերէն ու երբեմն անգլերէնով, հաճելի եկաւ ինծի, որովհետեւ հաւատացած եմ միշտ, թէ դրամը պէտք չէր որ աշխարհի մէջ քանի մը բախտաւոր անձերու երթար, այնքան ատեն որ չքաւորութիւնը կը տիրէ մարդոց մեծամասնութեան:

Կարճ, բանակցութիւններու մէջ ճարպիկութեանդ եւ բախտիդ մասին, որ հարըս-տութեանդ սկիզբը դրած էր՝ կը խօսէիր ճշմարիտ եւ սրտբաց կերպով:

Այն ատենուան իմ հարցումիս եւ հետաքրքրութեանս պատճառով, մտիկ ըրի բոլոր ըսածներդ: Դուն գաղափար չունէիր իմ վիճակէս, թէեւ կրնայիր կռահած ըլլար, թէ լուրջ հարց մը ունէի: Գիտեմ, որովհետեւ ես կը կռահեմ, եթէ որեւէ տեսակ մտահոգութիւն ունեցող մէկուն ներկայութեան գտնուիմ: Իրականին մէջ, կարեւոր չէր հայ ըլլալդ, բայց խորապէս ուրախ էի, որ էի՛ր, որովհետեւ պէտք ունէի, այսպէս ըսուած, ընտանիքի անդամ մը տեսնելու: Պէտք ունէի խօսելու մէկուն հետ, որ գրեթէ ազգականս ըլլար, մինչ քեզ հայրս չէի նկատեր, կամ այնպէս մէկը, որ կարելի ըլլար հայր համարել, բայց կը զգայի, թէ իրական կապ մը կար, կերպով մը, մեր միջեւ: Հասարակաց ոչինչ ունէինք գրեթէ, բայց իսկոյն մտերմացանք: Պատահեցաւ, որ զարմացնես զիս, եւ որքա՜ն հաճելի էր, երբ սկսար խօսիլ հայերէն գաւառաբարբառով մը, որ հասկնալը երբեք դժուար չէր ինծի համար, եւ ես աւելի ուրախացայ, տեսնելով, որ անմիջապէս կը հասկնայիր իմ պատասխաններս:

Կերպով մը երկուքս ալ անտուն-անսէր էինք, մեզի պատկանող աշխարհագրական երկիր մը չունէինք, ինչպէս ունեցած էինք երբեմն եւ անկէ ի վեր ուզած էինք ունենալ, բացի մեր երկրին այն պզտիկ մասէն, որ կցուած էր, 1920-էն ի վեր, Սովետ Ռուսիոյ:

Ստոյգը այն է, որ երկուքէս ոեւէ մէկը չէր կրնար ապրիլ այնտեղ, նոյնիսկ եթէ իրապէս ուզէինք այդպէս ընել, նոյնիսկ եթէ ունենայինք մեր սեփական, անկախ հայրենիքը: Մենք այստեղ-այնտեղ ապրող եւ աշխատող մարդեր էինք, բայց պարզ էր թէ դուն հայ էիր եւ ես հայ էի:

Ընթրիքին, արդէն, ընդունեցինք թէ այդպէս էր: Մեր լեզուն խօսեցանք, եւ ի՜նչ վայելքով:

Ուրախացայ, երբ ըսիր.

-Սպասարկողները, որոնք վճարուած են ուզածներս տալու անգլերէնով, ֆրանսերէնով, փորթուգալերենէով եւ ուրիշ լեզուներով, պիտի շփոթին այսօր: Աշխարհի վրայ քիչ մարդիկ հայերէն լեզուն կը խօսին: Քիչ ետք պիտի տեսնես սպասարկողներուն պետը, որ մեր սեղանը կու գայ իբր թէ պատառաքաղ մը շտկելու կամ գինի լեցնելու, բայց իրականին մէջ մեզ մտիկ ընելու եւ մեր խօսակցութիւնը հասկնալու համար՝ պիտի զարմանայ, թէ այս ինչ լեզու է:

Թուրքերէն եւ արաբերէն խօսիլս շատ լսած է, բայց երբեք հայերէն խօսիլս չէ լսած: Իր զարմանքը իմ ուրախութիւնս պիտի ըլլայ, բայց ինք երբեք պիտի չգիտնայ ուրախանալուս պատճառը:

Եւ ճիշդ այնպէս, երբ մարդը գինի լեցնելու համար մեր սեղանին մօտեցաւ, ըսիր.

-Շարունակենք հայերէն խօսիլ, կ՚ուզեմ որ հայերէն խօսուիլը լսէ:

Ես, պարզապէս ընդառաջելու համար, ըսի.

-Բայց ան գիտէ թէ դուն հայ ես, եւ պիտի հետեւցնէ թէ հայերէն կը խօսինք, այնպէս չէ՞:

Եւ դուն ըսիր.

-Աղէկ, մեր հայերէն խօսած ըլլալը գիտնալը բան մըն է, եւ ինչ խօսիլը հասկնալը՝ բոլորովին ուրիշ բան մը: Մարդը դրամ կը ստանայ տեղէ մը, իմ ամէն մէկ խօսքս տեղ հասցնելու համար: Բայց ի՞նչ տեղեկութիւն կրնայ ծախել այս անգամ:

Իսկ ես ըսի.

-Կրնայ անշուշտ ըսել թէ Ամերիկայէն եկած հայ մը քեզի հետ ընթրեց այսօր, բայց որեւէ գործի վերաբերեալ հարց չծեծուեցաւ-պարզապէս կերան, խմեցին եւ հայերէն խօսեցան:

Յետոյ, սպասարկողներուն պետը ստիպուեցաւ ետ երթալ, իր հսկողութեան տեղը:

Մենք յաջորդ օրն ալ միասին ընթրեցինք եւ բազմաթիւ անգամներ ալ ճաշեցինք, եւ դուն սկսար կասկածիլ թէ բան մը կար, որովհետեւ ամէն օր հոն էի, եւ ամէն օր թաքսիով կէսօրէ ետք եւ դարձեալ ամէն գիշեր՝ Էսթօրիլ գազինոն կ՚երթայի եւ կը խաղայի-շահելո՛վ եւ կորսնցնելով, ե՛ւ շահելով, ե՛ւ կորսնցնելով, բայց միշտ-խմելով: Եւ անշուշտ սիրուն կիներ կային տեղ մը տանելիք, այնպէս որ խաղի, խմիչքի եւ կիներու միջեւ որոշած էի հոգ չընել այլեւս: Շատ լաւ էր: Հոգս չէր թէ մեռած եմ, անտուն եմ, կորսուած եւ քառասունմէկ տարեկան:

Չեմ գիտեր թէ ինչպէս իմացած էիր, բայց օր մը, ընթրիքին, ըսիր.

-Լիզպոն բնակած ամբողջ տարիներուս երբեք ոտք չեմ դրած Էսթօրիլի գազինօն: Եթէ պատահի որ դրամի պէտք ունենաս, հաճիր իմացնել ինծի:

Խոստովանիմ, շշմած էի երկու պատճառներով: Նախ որ գիտէիր թէ այնքան կը մսխեմ գազինոյին մէջ, ու յետոյ, հակառակ ատոր, կ՚ուզէիր օգնել ինծի-նոյնիսկ դրամով: Բայց ես Սարոյեան մըն եմ: Ես ինքզինքս կը հոգամ: Սխալներ կ՚ընեմ, բայց ես կը վճարեմ անոնց համար: Չեմ կրնար դրամ ընդունիլ ուրիշներէ որեւէ պատճառով կամ նպատակով: Ըսի.

-Շատ շնորհակալ եմ, լաւ եմ, ամէն ինչ ունիմ:

Բայց այդ նոյն գիշերը, բախտս (եթէ իրապէս նման բան մը կայ խեղդուողին համար) անհաւատալի էր, չհասկցայ թէ երբ լաւ էր, կամ երբ գէշ էր: Այնպէս որ, խաղը լմննալուն, նոյնիսկ բաւարար դրամ չունէի հոն գտնուող կիներէն մէկուն հետ հեռանալու այնտեղէն: Ուրեմն, ուղիղ՝ սենեակս, քանի կը տոլարով եւ պահուած ոսկեդրամով մը, մօտաւորապէս յիսուն տոլար արժէքով: Ու դեռ պանդոկին հաշիւը կար վճարելի: Յաջորդ օրը գազինոյին մէջ ոսկեդրամը փոխեցի, գոնէ զգոյշ խաղալու բաւարար դրամով, բայց ուշ կամ կանուխ, չեմ կրնար զգուշութեամբ ընել որեւէ բան: Սկսայ ամբողջ ունեցածս մէկ անգամէն դնել, եւ շահիլ ալ: Եւ այդպէս շարունակուեցաւ յաջորդ երկու օրերը: Ուրեմն թէ՛ պանդոկին վճարեցի եւ թէ բաւարար դրամ ունեցայ Պիարից մեկնելու, շոգեկառքով:

Բախտախաղի մասին բան պիտի չըսեմ, բացի անկէ որ կեանքիս մէկ մասը եղած է, սկիզբէն ի վեր: Խաղի մէջ շահող եղած եմ շատ անգամներ, բայց դրամի մէջ ծանր տուժող մը եղած եմ տարիներու ընթացքին: Խաղին հետ պատահող ուրիշ բաներով ալ բախտաւոր դուրս եկած եմ, գրելն ալ մէջը հաշուելով:

Մեր հանդիպումներուն ընթացքին, ճաշի եւ ընթրիքի վրայ, շատ բաներու մասին խօսեցանք, հարիւր անգամ աւելի քան այն քանի մը բաները որ կը յիշեմ այստեղ, եւ մեր վերջին ընթրիքին, շօշափեցինք ապագան, գիտնալով, որ յաջորդ առտու շոգեկառք պիտի առնէի եւ կրնայինք երկար ատեն իրարու չհանդիպիլ, եթէ երբեք հանդիպէինք: Դարձեալ ըսիր. «Եթէ որեւէ բանի պէտք ունիս, հաճիս ըսէ»: Ու դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեցի եւ ըսի թէ լաւ էի:

Պիարիցի մէջ դարձեալ խաղացի, բայց թափս կոտրուած էր, եւ եթէ շահեցաւ, այն տեսակէն էր, ուր մարդ կը համրէ եւ մէկ կողմ կը դնէ, ետքէն անհրաժեշտ բաները հոգալու համար, եւ եթէ կորսնցուցի, պզտիկ մասն էր ունեցածիս: Ուրեմն, յոռեգոյնը անցած էր:

Պիարիցը չսիրեցի: Գազինօն տաղտկալի տեղ մըն էր, խաղացողները վերապահ եւ սնափառ, եւ կարծես մէկ հատիկ կին մը անգամ չկար որ տարուիս երկրորդ անգամ դիտելու:

Շարունակեցի դէպի Փարիզ եւ իջեւանեցայ Սքրիպ: Այդպէս ընելուս պատճառներէն մէկն ալ այն էր, որ Սքրիպ ինծի համար կը նշանակէ գրող, եւ կը զգայի թէ ինքզինքս վերագտնելու եւ ամփոփելու լաւագոյն կերպն էր գրելը: Դուրս նայող սենեակ մը ունէի, եւ ինծի կը թուէր թէ գրել սկսելու համար լաւագոյնն էր-վերնայարկի սենեակ մը, շեղակի իջնող առաստաղով, ձեղնայարկի նման:

Կը յուսայի վէպ մը գրել, որովհետեւ դրամի մը պէտք ունէի, ոչ անմիջականին, այլ ապագային: Ամուսնալուծում մը որ կը մօտենար, երկու փոքր զաւակներ, եւ, եւ, եւ: Չսպասեցի: Դուրս հանեցի առձեռն գրամեքենան, թուղթ դրի քովը, թերթ մըն ալ գլանին անցուցի եւ սկսայ գրել, նոյն ատեն ուրախ որ կը փորձէի գոնէ կեդրոնանալ, թէեւ թերհաւատ յաջողութեանս: Ի՞նչ կրնայի գրել: Դժուար էր ընթացքը, բայց յարատեւեցի եւ կանգ առի հինգ-վեց օր ետք: Այլեւս չէի կրնար:

Ինչ որ գրած էի, վէպ չէր, այլ երկար պատմուածք մըն էր քու մասին, իմ մասիս եւ անունն էր «Ասորին»:

Կրտսեր քեռիս զաւակ մը ունէր, որ Փարիզ կ՚ապրէր այն ատեն իր նորապսակ կնոջ հետ եւ կարդացած էր «Հերըլտ»ի մէջ թէ այնտեղ եմ եւ կը մնամ Սքրիպ: Ուրեմն, կէսօրէ վերջ մը սենեակս եկաւ խօսելու համար: Իր ծնունդէն ի վեր կը ճանչնայի զինք, երբ տասը կամ տասնմէկ տարեկան էի: Ուրախացայ զինք անգամ մըն ալ տեսնելով եւ լսելով իր արկածախնդրութիւնները ծովային ուժի մէջ, չորս տարուան ընթացքին:

Հարցուց.

-Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ առանձին կը ճամբորդես:

Երբ յայտնեցի թէ բաժնուած էի կնոջմէս, ըսաւ.- «Ամէն ինչ կ՚ուզե՞ս պատմել ինծի»: Չէի կրնար ամէն ինչ ըսել իրեն: Այն ատեն աւելցուց.- «Ի՞նչ կը մտածես իմ ամուսնութեանս մասին»: Չէի հասկնար ըսել ուզածը, եւ այդպէս ալ ըսի իրեն: Յետոյ, շարունակեց- «Ըսել կ՚ուզեմ որ Փարիզ եկած եմ կնոջս հետ. կը փորձեմ գրել. կինս ալ կը փորձէ գրել»: «Կարծեմ լաւ կ՚ընես», ըսի:

Վար իջանք փողոց եւ քալեցինք մինչեւ իր բնակած պանդոկը, Սենի ձախին: Ձեղնայարկ մըն էր: Նստայ եւ խօսեցայ կնոջը հետ:

Յետոյ մօտակայ տեղ մը ճաշի գացինք, եւ ճաշէն ետք ձեռագիր մը հանեց ետեւի գրպանէն, բաւական ստուար ձեռագիր մը, ծալլուած, կարծես նամակատուն տարուելիք պահարանի մը մէջ դրուելու համար, եւ ըսաւ.- «Կը հաճիս կարդալ ասիկա, այստեղ իսկ, եւ լրջօրէն ըսել ինծի թէ կրնա՞մ գրել, թէ՞ պէտք է հրաժարիմ»:

Տեսակ մը կարճ վէպ մըն էր, բայց դիւրին չէր կարդալ, որովհետեւ մեքենային տառերը չէր մաքրած եւ բոլոր ձայնաւորները իրարու կը նմանէին: Յամենայնդէպս, կարդացի պատմութիւնը ուշադրութեամբ. թէեւ գէշ գրուած էր, բայց պատմութիւն մըն էր շփոթի, ցաւի, տգիտութեան, կասկածի եւ կորսուած ըլլալու վիճակի մը պատմութիւնը: Կարդացած ատենս փորձեցի մտածել, թէ ինչպէս պիտի կարենամ իր գրութեան մասին կարծիք յայտնել իրեն, իսկ ինք սիկառեթ սիկառեթի եւտեւէ կը ծխէր, հարկադրելով որ ըսեմ.- «Շատ դանդաղ կը կարդամ, չեմ ուզեր տեղ մը փախցնել, հաճիս համբերող եղիր»: Վերջապէս հասայ վերջին բառին: Ինք, գրեթէ նետուեցաւ վրաս, ըսելով.- «Շիտակը ըսէ, չեմ ուզեր, որ սուտ խօսիս»:

Չեմ կարծեր որ սուտ խօսեցայ, երբ ըսի իրեն.- «Գրութեանդ կը պակսի փորձառութիւնը, իրական ոճ չունի, բայց վնաս չունի, մի մտահոգուիր ատով, փորձառութիւն եւ ոճ կ՚ունենաս, երբ շատ գրես: Կարեւորը այն է, որ պատմութիւնը լաւ է, շատ կարեւոր, բայց դարձեալ մի գրեր այս պատմութիւնը: Վերաքննէ, սրբագրէ, կարկտէ, բայց աւելի լաւ է, որ նոյն ատեն նոր գործի մը անցնիս»:

Ըսաւ.

-Գրո՞ղ եմ ես:

Անշուշտ, այդ հարցումին յարմարագոյն պատասխանը պիտի ըլլար.

-Եթէ այդպէս հարցում մը կրնաս ընել, գրող չես:

Բայց նման բան չըսի: Ըսի- «Կարծեմ թէ այո, գրող ես: Պիտի ուզէի, որ դուն քու մէջդ գտնես եւ հաւատաս թէ այո, որովհետեւ եթէ չհաւատաս, գրածէդ յայտնի պիտի ըլլայ թէ չես հաւատար»:

Շուրջ մղոն մը քալեցինք եւ մտանք ժողովրդային թատրոն մը: Յայտագրէն ետք, մայթի սեղան մը նստանք եւ ուիսքի խմեցինք եւ սիկառեթ ծխեցինք եւ խօսեցանք:

Հիմա զարմիկիս մասին ըսելիքս հետեւեալն է- իր պատմութիւնը բաներ ունէր, որ իմ ալ պատմութեանս մէջ կային, այն պատմութիւնը որ հազիւ վերջացուցած էի՝ «Ասորին», քու մասիդ, իմ մասիս, նուն ատեն ուրիշ մարդոց եւ ուրիշ բաներու մասին, այնպէս որ, տարուեցայ մտածելու թէ զարմիկս դժուարութեան մէջ է, մեծ դժուարութեան, եւ բան մը զինք կ՚ուտէ:

Երկու տարի Փարիզ մնալէ ետք, Միացեալ Նահանգներ վերադարձան, որովհետեւ կինը յղի էր եւ կ՚ուզէր Գալիֆորնիա գտնուիլ: Օր մը, երբ իրեն հանդիպեցայ Ֆրեզնոյի մէջ, ըսաւ.

-Նոր կարդացի գիրքդ, «Ասորին եւ ուրիշ պատմուածքներ», եւ գրքին մէջ լաւագոյնը «Ասորին» է, բայց ինչո՞ւ Կիւլպէնկեանը ասորի ըրած էիր, ինչո՞ւ պատմութիւնը չկոչէիր «Հայը»:

Ըսի.

-Նոյն բանին կու գայ: Ասորիները միշտ մօտ եղած են մեզի, եւ վերջերս գրեթէ նոյնացած մեզի հետ:

-Չեմ հասկնար, ըսաւ, պատմութեան մէջ ամէն ինչ այնքան իրական է, բայց յետոյ կը պարզուի որ գրողը գլխաւոր երկու դէմքերը ասորի ըրած է, մինչ անոնք ասորի չեն, հայ են:

Բայց ուրիշ բան մըն էր ըսել ուզածը, միայն վստահ չէր թէ ինչ էր: Կը զգայի, թէ դժուարութեան մէջ էր, տակաւին դժուարութեան մէջ: Զաւակը հազիւ երկու տարեկան էր, եւ կինը ծնունդ տուած էր երկրորդի մը, եւ կը թուէր թէ այս բաները իրեն չէին տուած այն գոհացումը, որ մենք բոլորս, հայեր, ասորիներ եւ ամէն տեսակի մարդիկ կը կարծենք թէ պէտք է տան մեզի:

-Լաւագոյն պատմութիւններէդ մէկն է, ըսաւ, թերեւս լաւագոյնը որ գրած ըլլաս կամ երբեւիցէ գրես. ինչո՞ւ ասորի ընել հայը:

-Շատ լաւ, ըսի վերջապէս, կարծեմ սխալած եմ, անգամ մըն ալ չեմ ըներ:

Թնդաց՝ խնդալով եւ պոռալով.

-Ո՛չ, ո՛չ, այդ չէր ըսել ուզածս, մի՛ արասցէ, քարոզ տալ չեմ ուզեր, միայն կը փափաքէի որ եղածներուն պէս իրենց ճիշդ անունները տուած ըլլայիր:

Բայց իր գրութեան մասին չխօսեցաւ: Լսած էի թէ փորձած է այգի մը բանեցնել եւ չէ սիրած, յետոյ, ատեն մը անհաւատալի գործ մը ըրած էր, խանութի մը մէջ կօշիկ ծախելով, բայց ատկէ ալ հրաժարած էր:

Բայց, լաւ, մեզի հետ ի՞նչ կապ ունին այս բոլորը, ի՛նք: Այո՛: Ան մեզմէ էր, է, միշտ պիտի ըլլայ: Անտո՞ւն ըսեմ: Ոչ, գետինն անցնի: Կորսուա՞ծ: Ոչ, աշխարհի մէջ ոեւէ մէկէն աւելի կորսուած չէր: Իրապէս չեմ գիտեր թէ ինչ ըսեմ, բացի անկէ, որ այնքան դժուարութեան մէջ էր, որ ամբողջ տասը տարի բժշկական խնամքի համար տեղ չմնաց որ չերթայ, բայց անօգուտ: Վերջապէս ինք ուրիշ ելք մը փորձել սկսաւ հոգեբաններուն հետ, եւ յետոյ յաջողեցաւ, դժուար ճամբով, ամուսնալուծուած՝ այն ատեն, զաւակներէն հեռու՝ այն ատեն, կառքը որ շարունակ լուացած եւ փայլեցուցած էր մինչեւ որ կապոյտ պզտիկ գոհարի մը վերածուի, դանդաղօրէն ինկաւ Փիետրայի գահավէժէն, լքուած երկաթուղիի մը վրայ, պենզինի բոցերուն մէջ, ինք՝ ցատկող եւ վազող ջահ մը: Եւ տապլտկելով թանձր խոտին վրայ, ջո՜ւր պոռալով, եւ շուրջը հաւաքուածներուն համար հարցնելով աղջնակի մը՝ «թէ ինչու հոս եկած են այս մարդիկը»: Յետոյ շրջագայութեան ոստիկանին, որ բազմութեան մէջէն ճամբայ բանալով հասած էր իրեն.- «Զիս պիտի սպաննե՞ս»:

Ու ժամեր ետք, հիւանդանոցին մէջ, երբ այլեւս վրան նայուելիք բան մը չէր մնացած, շարունակեց ըսել- «Պիտի չմեռնիմ, չէ՞»: Ու մեռաւ առաւօտ կանուխ, քառասունչորս տարեկան: Աստուած ողորմի հոգւոյն:

Թերեւս սխալեցայ, ըսելով, որ մենք ասորի ենք, բայց խորքին մէջ ոչ, որովհետեւ կերպով մը աշխարհին վրայ ամէն մարդ ասորի մըն է, մնացորդը երբեմնի հզօր ցեղի մը, այժմ գրեթէ կորսուած:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2019