ԿՐԹԱԹՈՇԱԿՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՄԷՋ

Կէ­տիկ­փա­շա­յի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ե­րէկ ա­ռա­ւօտ 2015-2016 շրջա­նի սկիզ­բին բաժ­նեց այս տա­րուան կրթա­թո­շակ­նե­րը, ո­րոնք կը յատ­կա­ցուին «Փա­լա­քա­շեան» հիմ­նար­կի մի­ջոց­նե­րով։ Այս տա­րի մեր հա­մայնք­էն 75 ե­րի­տա­սարդ­ներ ստա­ցան կրթա­թո­շակ։ Ա­նոնց­մէ 28-ը հա­մալ­սա­րա­նա­կան է։ Մնա­ցեալ 47-ը՝ նա­խակր­թա­րա­նէն մին­չեւ լի­սէ։

Կրթա­թո­շա­կա­ռու ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ե­րէկ ա­ռա­ւօտ Կէ­տիկ­փա­շա­յի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ի­րենց ծնող­նե­րուն հետ մաս­նակ­ցե­ցան Ս. Պա­տա­րա­գի, զոր մա­տոյց Տ. Զա­ւէն Քհնյ. Պը­չաք­ճեան։

Յա­ւարտ ա­րա­րո­ղու­թեան ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ նա­խա­ճա­շի սե­ղան մը, Տէր Հօր գլխա­ւո­րու­թեամբ։ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Յա­րու­թիւն Շան­լը եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին կրթա­թո­շա­կա­ռու ա­շա­կերտ­ներն ու ի­րենց ծնող­նե­րը։

Ա­տե­նա­պետ Յա­րու­թիւն Շան­լը այս առ­թիւ հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը, ո­րու ըն­թաց­քին ընդգ­ծեց, որ այս տա­րուան 75-ին փո­խա­րէն պի­տի փոր­ձեն յա­ջորդ տա­րի կրթա­թո­շակ տան 100 ա­շա­կեր­տի։ Յա­րու­թիւն Շան­լը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի ե­րի­տա­սարդ­նե­րը մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րեն հա­մայն­քա­յին կեան­քին։

Ա­ւե­լի վերջ 75 ա­շա­կերտ­նե­րը ստա­ցան ի­րենց կրթա­թո­շակ­նե­րը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2015