ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կը ներ­կա­յիս կը նշէ իր հիմ­նադ­րու­թեան 60-ա­մեա­կը։ Այս յո­բե­լեա­նին առ­թիւ ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մաս­նա­ւոր գի­տա­ժո­ղով մը, ո­րու ըն­թաց­քին հեր­թա­կան ան­գամ գնա­հա­տա­կան տրուե­ցաւ բա­րե­յի­շա­տակ ազ­գա­յին բա­րե­րար Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­նի կող­մէ ծա­ւա­լուած գոր­ծու­նէու­թեան։

Գի­տա­ժո­ղո­վը գլխա­ւո­րե­ցին Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան, Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գահ Ռա­դիկ Մար­տի­րո­սեան եւ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սուչ Ա­րամ Սի­մո­նեան։ Ներ­կայ էր նաեւ «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բաժ­նի վա­րիչ Ռազ­միկ Փա­նո­սեան։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան այս առ­թիւ յայտ­նեց, թէ այս գի­տա­ժո­ղովը ա­ռիթ մըն է՝ վեր առ­նե­լու հա­մար Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­նի կեանքն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ո­րոնք տա­կա­ւին ամ­բող­ջու­թեամբ յայտ­նի չեն հայ հա­սա­րա­կու­թեան։ «Ան կեան­քի ըն­թաց­քին այն­պի­սի գոր­ծի մը սկսաւ, այն­պի­սի աշ­խա­տանք մը տա­րաւ, որ նոյ­նիսկ իր մա­հէն վերջ կը շա­րու­նա­կուի Կիւլ­պէն­կեա­նի գոր­ծը եւ ըն­դա­մէնը եր­կու տա­րի վերջ մենք ձե­զի հետ միա­սին պի­տի նշենք այս մեծ հայ­րե­նա­սէ­րի ծննդեան 150-ա­մեա­կը», ը­սաւ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան։

Ա­կա­դե­մի­կոս Ռա­դիկ Մար­տի­րո­սեան ընդգ­ծեց Կիւլ­պէն­կեա­նի կա­տա­րած աշ­խա­տան­քը ան­ցու­մա­յին փու­լի մէջ։ «1990-ա­կան­նե­րուն, երբ կրթու­թեան, գի­տու­թեան, տնտե­սու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ կա­յին հսկա­յա­կան դժուա­րու­թիւն­ներ եւ մեր ու­նե­ցա­ծը զար­գաց­նե­լու հա­մար աղ­բիւր­ներ չկա­յին, մե­զի օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րեց «Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կը», ը­սաւ Մար­տի­րո­սեան եւ ա­ւել­ցուց, որ մեծ ե­ղած է այս հիմ­նար­կին դրած ա­ւան­դը նաեւ խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րուն։

Յո­բե­լե­նա­կան գի­տա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին զե­կոյց­նե­րով հան­դէս ե­կան Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ պատ­մու­թեան կա­ճա­ռէն Վահ­րամ Ղա­րա­խա­նեան եւ Ե­դուարդ Մել­քո­նեան, ինչ­պէս նաեւ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի Պատ­մու­թեան ֆա­քիւլ­թէի տե­սուչ Է­դիկ Մի­նա­սեան։

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ նա­խա­րա­րու­թեան շէն­քի մեծ դա­հ­լի­ճի եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուած այս գի­տա­ժո­ղո­վին զու­գա­հեռ ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցուե­ցաւ նաեւ Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­նի յի­շա­տա­կին։ Այս­պէս, այս գի­տա­ժո­ղո­վին մաս­նա­կից­նե­րը մայ­րա­քա­ղա­քի Օ­ղա­կա­ձեւ զբօ­սայ­գիի Բա­րե­րար­նե­րու ճե­մու­ղիին վրայ ծա­ղիկ­ներ թո­ղե­ցին Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­նի յու­շար­ձա­նին մօտ։

Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ընդգ­ծեց, որ Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­նի ծննդեան 150-ա­մեա­կի յո­բե­լեա­նին ըն­դա­ռաջ կա­րե­ւոր կը հա­մա­րուի ա­նոր ար­խիւ­նե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թիւնն ու դա­սա­կար­գու­մը, ժա­ռան­գու­թեան կա­տա­րե­լա­պէս գնա­հա­տու­մը։ Անդ­րա­դառ­նա­լով «Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի 60-ա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան ար­դիւնք­նե­րուն՝ Ռազ­միկ Փա­նո­սեանն ալ նշեց, որ ի­րենց աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ յատ­կան­շա­կա­նը մար­դուժ պատ­րաս­տելն է, կրթել՝ ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2016