ՇԱՀԱՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ԿՈՄԻՏԱՍԸ (ԿՈՄԻՏԱՍ-150)
Հայ իմաստասէր, երաժիշտ, մանկավարժ, հոգեբան, գեղագէտ եւ գրող Շահան Պէրպէրեան, որդին Ռեթէոս Պէրպէրեանի, մեծ համարում ունեցած է Կոմիտաս Վարդապետի անձին եւ գործին հանդէպ, եւ կը դասուի նշանաւոր կոմիտասագէտներու շարքին:
Շահան Պէրպէրեան մտաւորական ընտանիքի մէջ հասակ նետած ու փոքր տարիքէն շփում ունեցած է արեւմտահայ մտաւորականութեան հետ, յատկապէս Պոլիսէն Եւրոպա գացած եւ ուսումը շարունակելու տարիներուն: Զանազան առիթներով Պէրպէրեան իր դասախօսութիւններուն նիւթ ընտրած է Կոմիտասի կեանքին ու գործին արժեւորումը: 22 մարտ 1928 թուականին, Գահիրէի Ժողովրդային սրահին մէջ Հայ գեղարուեստասիրաց միութեան կազմակերպած 1928 տարեշրջանի Ա. դասախօսութեան, Պէրպէրեան դասախօսած է Կոմիտաս Վարդապետին մասին: Կոմիտասի մասին ան շարունակած է գրել երաժիշտին մահէն ետք:
1936 թուականին Երուսաղէմի Հայ երաժշտական միութեան նախաձեռնութեամբ կը կազմակերպուի սգահանդէս մը՝ ի յիշատակ նորոգ վախճանեալ Կոմիտաս Վարդապետին: Օրուան բանախօսն էր Շահան Պէրպէրեան: Բանախօսութիւնը կը տպուի «Սիոն»ի յաջորդական երկու թիւերուն մէջ՝ «Կոմիտաս Վարդապետ-անձը եւ գործը» խորագրով: Այս բանախօսութիւնը տպուած է Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթին մէջ, իսկ Պուքրէշի Կոմիտասի երաժշտական միութիւնը, Կոմիտասի տարեդարձին առիթով, դասախօսութիւնը գրքոյկի վերածած է: Հակառակ փոքր ծաւալ ունենալուն՝ գրքոյկը այսօր ալ կը նկատուի Կոմիտասի մասին գրուած լաւագոյն գործերէն, որուն մէջ Շահան Պէրպէրեան լիովին պատկերած է Կոմիտասը՝ իր ամբողջական կերպարին մէջ: Երկու մեծերուն հանդիպումը կայացած է Փարիզի մէջ: Շահան Պէրպէրեան երաժիշտ Մարգարիտ Պապայեանէն հրաւէր ստացած է իր բնակարանը գտնուելու, ուր պիտի ծանօթանար Հայաստանէն եկած երաժշտութեան վարպետ՝ Կոմիտաս Վարդապետին: Շահան Պէրպէրեան, յետագային խոստովանած է, որ այդ հանդիպումին թերահաւատօրէն գացած է. «Եկաւ վարդապետը, գեղեցիկ չէր: Նոյնիսկ պիտի ըսեմ հակառակը՝ իր սեւ երկայն ռըտէնկոթին բռնազբօսիկ պաշտօնականութեանը մէջ: Իր ոսկրոտ դէմքով ինծի կը յիշեցնէր Սոկրատի ոեւէ դիմաքանդակը:
«Պահ մը վերջը, սակայն, երբ տրուեցաւ ինծի լսել իր մատներուն տակ յառնող առաջին ներդաշնակութիւնները դաշնամուրին ու մանաւանդ իր արձակած առաջին երկարաձիգ կանչերը մեր ամեհի ու քաղցր լեռներէն կարծես փրթած՝ խորհեցայ վերստին Սոկրատին մասին, բայց այս անգամ Պղատոնի այն էջին վերյիշումով, ուր Պղատոն զայն կը նմանեցնէ աթենացի քանդակագործներու աշխատանոցներուն մէջ տեսնուող այն մեծ, տգեղ ու տարօրինակ «Սիլէն»ներու քանդակներուն, որոնք պահոցներ են սակայն, կ՚ըսէ, որ երբ բացուին՝ աստուածներու վեհօրէն գեղեցիկ արձանիկներ ի յայտ կը բերեն: Այս մարդը, խորհեցայ, Սոկրատին պէս աստուածային ոգիի իջեւան մըն էր իր այդ կերպարանքին ետեւ», գրած է Շահան Պէրպէրեան Կոմիտասին հետ իր հանդիպումին մասին:
Անոնց առաջին իսկ հանդիպման ժամանակ կը կայանայ հոգիներու տիեզերական միասնութիւն մը, որ կը մնայ յաւիտեան: Իսկ Շահան Պէրպէրեանի Կոմիտասի մասին յօդուածը, երաժիշտին մահէն ետք գրուած լաւագոյն գործերուն առաջին կարգին կը դրուի եւ որու առաջին բաժինը ան խորագրած է «Մեծ Կորուստը», իսկ միւս բաժինները՝ «Տեսաբանը», «Յօրինողը», «Խմբավարը», «Երգիչը», «Անձը»:
«Կոմիտաս ոչ եւս է: Ահա՝ որ, բանաստեղծին բառերով, «ինչպէս որ ըստ ինքեան՝ յաւիտենութիւնը զայն կը փոխէ»: Մահը եկաւ վերջապէս եւ իր ախտէն՝ որ զինքը տարիներէ ի վեր այլակերպած էր, զինք իր հանճարէն բաժնելով ու իբր քայքայանջատ, տարտղնուած էութիւն շարունակելով պահել սակայն մեր խեղճ ու անզօր կարեկցութեան աչքերուն դիմաց, մահը եկաւ ազատելու զինքը…
«Հիմա կրնանք կանգ առնել իր առջեւ. կանգ առնել ինչպէս յաճախ պէտք է ընենք, ու խեղճօրէն մարդկային նկատմունքներէն վեր ու ազատ՝ զուտ հոգեկան իր դիմագծին մէջ զինքը դիտել…», գրած է «Մեծ կորուստը» բաժնին մէջ:
Շահան Պէրպէրեան իր յօդուածին մէջ մանրամասն կերպով քննած է Կոմիտասը իբրեւ տեսաբան, յօրինող, խմբավար, երգիչ, իսկ յօդուածի աւարտին վեր հանած է Կոմիտասի անձը:
Դաշնակահարուհի Աղաւնի Մեսրոպեանի յուշերուն մէջ Կոմիտասի եւ Շահան Պէրպէրեանի մտերմութեան մասին կը կար-դանք.
…Հանգուցեալ ուսուցչապետ Ռեթէոս Պէրպէրեանի համանուն գիշերօթիկ վարժարանը հիմնուած էր Պոլսոյ ասիական եզրի ծովափնեայ հայաշատ կեդրոնի մը՝ Սկիւտարի բարձունքին վրայ: Ուսուցչապետին մահէն վերջ վարժարանը շարունակուեցաւ անոր երկու չափահաս զաւակներու՝ Օննիկի եւ Շահանի գլխաւորութեամբ: Պոլսոյ յայտնի հայ մտաւորականները, որոնցմէ շատերը նոյն վարժարանի շրջանաւարտներէն էին, մասնաւոր հոգատարութեամբ շրջապատեցին Պէրպէրեան վարժարանը: Պոլիս հաստատուելու առաջին իսկ օրերէն, Կոմիտաս մօտէն հետաքրքրուեցաւ Պէրպէրեան վարժարանի երաժշտական վիճակով: Պոլսոյ մէջ Պէրպէրեան վարժարանը միշտ մնաց Կոմիտասի ամենահարազատ անկիւններէն մէկը: Սկիւտարի մէջ, դասախօսական ու համերգային իր գործունէութեան համար, Կոմիտաս միշտ նախընտրեր է Պէրպէրեան վարժարանը:
Այդ առիթներով՝ Կոմիտաս մօտէն ծանօթացաւ հանգուցեալ ուսուցչապետի չորս զաւակներուն՝ Օննիկի, Մաննիկի, Շահանի եւ Նուրհանի հետ, որոնցմէ առաջին երեքը, բացի բարձրագոյն կրթութեան տէր ըլլալէ, միաժամանակ օժտուած էին գեղարուեստական խորունկ հասկացողութեամբ, առանձնապէս երաժշտական ձիրքերով:
Նկատելով այդ հանգամանքը, Կոմիտաս խորհուրդ տուած էր Օննիկին՝ երաժշտական բարձրագոյն ուսում առնել Փարիզ: Իսկ սորպոնաւարտ երիտասարդ փիլիսոփայ Շահանն ու դաշնակահարուհի-երգչուհի Մաննիկը դարձան Կոմիտասի Պոլսոյ սիրելագոյն սաները, որոնք արժանացան Կոմիտասի մասնաւոր դասերուն:
Կոմիտասի սէրն ու յարգանքը այնքան մեծ էր իր նոր սանի՝ փիլիսոփայ Շահանի նկատմամբ, որ սկսաւ նախանձը շարժել մեր խումբ մը դաշնակահար-դաշնակահարուհիներուս: Շուտով յայտնի դարձաւ մեզի՝ Շահանի նկատմամբ Կոմիտասի ունեցած այդ արտակարգ համակրանքի դրդապատճառը: Սորպոնի մէջ Շահանի ձեռք ձգած փիլիսոփայական, հոգեբանական, գեղագիտական-երաժշտագիտական լայնածաւալ հմտութիւնը, ըստ Կոմիտասի, ոչ միայն չէին հեռացուցեր զինքը իր ժողովուրդի արուեստի պարզ ու վճիտ արտայայտութիւններէն, այլեւ, ընդհակառակը, տուեալ պարագային՝ կը նպաստէին հայ ժողովրդական երգի իսկութեան թափանցման եւ անոր արժէքաւորման:
Հիանալով Շահանի երաժշտական թափանցողութեան վրայ, Կոմիտաս յաճախ դիտել կու տար մեզի, որ ան կոչուած էր մեծ հայ երաժշտագէտ-տեսաբան մը ըլլալու: Եւ իրօք Շահանը եղաւ այդպիսին, շնորհիւ այն խորը ներգործութեան, զոր Կոմիտաս, իր դաստիարակչական ուրոյն մեթոտով ունեցաւ անոր տաղանդի զարգացման վրայ, շնորհիւ ամենօրեայ այն հոգատարութեան, որով Կոմիտաս կ՚աշխատէր անոր մէջ խորացնել ժողովրդայնութեան հակումները:
Յաճախ, երբ Կոմիտասի մօտ կ՚երթայինք իր նոր ստեղծագործութիւնները լսելու, մեզի համար սովորական էր տեսնել Շահանը, որ նստած էր իր հարազատ վարպետի մօտ, խորասուզուած կ՚ունկնդրէր անոր երգն ու նուագը՝ համապատասխան նշումներ ընելով իր ծոցատետրին մէջ:
Այդպիսի օրեր Կոմիտասի գրպանի ժամացոյցը դրուած կ՚ըլլար աչքերուն առջեւ՝ դաշնամուրի վրայ, որպէսզի Կոմիտաս կարողանար առանց խղճահարութեան իր մօտ պահել «իր լաւագոյն քննադատին»՝ մինչեւ Սկիւտարի վերջին շոգենաւի ժամը:
Նման առիթներով յաճախ Կոմիտասի մօտ հաւաքուած կ՚ըլլային Պոլսոյ ամենայայտնի երաժիշտներէն շատերը-Լանկի, Սելվելի եղբայրները, Կորպի եղբայրները, Սինանեաններ, Մակարեան եւ այլն: Օրուան նիւթի մասին արտայայտուած կարծիքներուն մէջ Կոմիտաս միշտ կը գերադասէր Շահանինը: Կը նկատէինք, որ Կոմիտաս իր ուղղումները կը կատարէր անոր դիտողութիւններուն համաձայն:
Այդպիսի օր մը մենք բախտ ունեցանք լսելու Կոմիտասի ինքնուրոյն ստեղծագործութիւններէն «Անուշ» օփերայի նախերգանքը:
Ձիւնոտ օր մը, Կոմիտաս, իր տան մէջ, մեզի համար քանի մը նոր պարերգներ կը նուագէր: Նկատեցինք, որ վարպետը սկսաւ անհանգստանալ: Մի քանի անգամ նայելէ վերջ դաշնամուրի վրայ դրուած ժամացոյցին, Կոմիտաս ի վերջոյ յայտնեց իր անհանգստութեան պատճառը: Շահանի այսքան ուշանալը արտասովոր էր…
Փոթորկախառն ձիւնը ստուերոտէր էր Կոմիտասի «շանիշիրի» լուսամուտները: Աճապարանքով վերջացնելով նուագն ու երգը, Կոմիտաս ընդոստ վազեց դէպի լուսամուտը, ուրկէ այնքան յստակ տեսած էինք Գուզկունճուքի եւ Սկիւտարի ծովեզրեայ գեղեցկութիւնները: Այս անգամ, սակայն, մենք ալ վարակուեցանք Կոմիտասի վրդովմունքէն, երբ նկատեցինք, որ հեռուն արդէն անտեսանելի էր դարձէր, իրար էին խառնուէր ծովն ու երկինքը:
Ծովու ամեհի ալիքները ահով կ՚արձագանգէին մեր ներսիդին: Կոմիտաս, թէեւ վերսկսաւ նուագել եւ երգել, բայց արդէն դժուար չէր նկատել, որ ան ամբողջովին բացակայ էր իր երգերէն ու նուագներէն:
Մէկ ժամ ուշացումով՝ ի վերջոյ ներս մտաւ ճշդապահութեան սիմվոլ դարձած մեր Շահանը՝ ձիւնէ փոքրիկ արձանի մը պէս… Անասելի եղաւ Կոմիտասի գոհունակութիւնը իր անզուգական սանին ի տես… Իրեն յատուկ փութկոտ սրտակցութեամբ վեր ցատկեց Կոմիտաս իր ճոճաթոռէն եւ մօտեցաւ Շահանին՝ անոր ձիւները թափ տալու համար: Մինչ Շահան վարպետին ներողամտութիւնը կը խնդրէր իր ակամայ ուշացման համար, իսկ մենք փութացինք դուրս բերել զինքը սպիտակ արձանի իր վիճակէն, Կոմիտաս՝ գոհ մեր վերաբերմունքէն, եւ առանձին խանդաղատանքով մը՝ դէպի իր սանը, յարեց. «Շահան ջան, թէեւս ձիւնն ու բուքը քեզ ուշացնելու եւ մեզ վախեցնելու չափ ուժեղ էին, սակայն տեսնելով այս պահուս քեզ այստեղ, պէտք է անգամ մըն ալ հաստատեմ, որ քու երաժշտական խոր հոգիդ աւելի ուժեղ է, քան բնութեան տարերքը…:
Ըլլայ ընտանեկան հաւաքոյթներու, ըլլայ իր փոքր եւ մեծ համերգներու ժամանակ, Կոմիտաս միշտ առանձնայատուկ համեստութեամբ ականջ կու տար պարզ ու հասարակ ժողովուրդի կարծիքին: Ժողովուրդը ոչ միայն մեծագոյն ստեղծագործողն էր, այլեւ ամենամեծ քննադատը՝ ամէն մէկ իսկական արուեստի: Իսկ եթէ Կոմիտաս ամենէն վեր կը դասէր իր Շահանի կարծիքը, այդ անոր համար էր, որ վերջինս նոյնպէս կը բաժնէր իր վարպետի այդ տեսակէտը, որ ան նոյնպէս արուեստի ամէն մէկ երեւոյթ գնահատելու ժամանակ կը մեկնէր նոյն այդ ելակէտերէն: Անոր լայն գիտելիքները հնարաւորութիւն էին տուէր իրեն խորապէս ըմբռնելու Կոմիտասի ուղղութիւնը, իսկ Կոմիտասի մշտական ազդումներու շնորհիւ այդ ուղղութիւնը դարձեր էր նաեւ իր երաժշտագիտական-տեսաբանական հայեացքներու բնորոշ գիծը:
Պոլսոյ մէջ չկար Կոմիտասի որեւէ համերգ - այդ ըլլար Բերայի մէջ թէ Պոլսոյ մէկ հեռաւոր արուարձանի - ուր ներկայ չգտնուէր Շահանը՝ փիլիսոփայի իմաստուն ժպիտը դէմքին, ամէն րոպէ սուզ-ւած խոհերու եւ դատումներու մէջ այնքան լուրջ ու բարեկիրթ: Շահանը, այդ տարիներուն, կարծես Կոմիտասի երկրորդ էութիւնը ըլլար: Ան ամէն տեղ կը յայտնուէր իր պաշտած վարպետին հետ, որու նկատմամբ միշտ ունէր անխորաչափելի սէր ու ակնածանք:
Առանձնապէս հոգեգրաւ տեսարան կը պարզէր մեր աչքերուն, երբ որեւէ հաւաքոյթի առթիւ՝ անզուգական վարպետն ու անոր արժանաւոր սանը, երկուքով կը մեկուսանային խումբէն, եւ միասին կը վերանային բնութեան այս կամ այն գեղեցկութենէն, Պոլսոյ կապոյտ ջուրերու այս կամ այն հմայքէն… «Այլապէս գրաւիչ է մեր հայրենիքի գեղեցկութիւնը»,- կը կրկնէր ան, նման պահերու,- «ոչ մի տեղ չեմ տեսել իմ հայրենիքի կենդանի հմայքը… ամէն րոպէ աւելի գեղեցիկ… հայ գեղջուկի երգը ձայնեղէն արտայայտութիւնն է մեր հայրենի բնութեան: Կը մաղթեմ քեզ՝ Շահան ջան, քու սեփական աչքովդ տեսնել մեր հայրենիքը, շնչել անոր առողջ օդը, ծծել անոր կենսատու արեւը…»:
Մեծ վարպետի եւ անոր ամենաարժանաւոր աշակերտի կապը փոխադարձաբար մնաց միշտ սերտ եւ սրտագին:
Իր մեծ վարպետի մահուան առաջին տարելիցին, 1936 թուին, Շահանը անգամ մըն ալ ապացուցեց, որ ինք արժանի էր Կոմիտասի առանձնայատուկ այդ վերաբերմունքին: Այդ առիթով Շահանի գրած-ծաւալով ոչ այնքան մեծ, բայց բովանդակութեամբ՝ նշանակալից «Կոմիտաս. կեանքն ու գործը» փոքր պրոշիւրը մինչեւ այսօր կը մնայ որպէս ամենախորունկ վերլուծութիւններէն մէկը՝ նուիրուած Կոմիտասի մեծ տաղանդին ու գործին, եւ ամենասրտագին երախտագիտութիւններէն մէկը՝ անոր յիշատակին ձօնուած անթիւ մեծարանքներէն…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ