ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԲԱԺԱԿԻ ՕՐԸ
Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ խանդավառ օր մը ապրեցաւ շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ։ Բաժակի օրուան աւանդական հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Կեդրոնական սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։ Զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ ապրեցան զիրար վերագտնելու հրճուանքը։ Ճաշի սեղաններուն շուրջ անոնք հաճելի զրոյց ունեցան իրարու միջեւ, վերյիշեցին իրենց աշակերտութեան տարիները, նաեւ հնարաւորութիւն ունեցան թարմ տեղեկութիւններ քաղելու դպրոցի ներկայ վիճակին շուրջ։
Հաւաքոյթին ներկայ էին Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Ղալաթիոյ Խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ իր ընկերները եւ Կեդրոնականի ընտանիքի պատասխանատուները։ Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ Արիանա Սվասլըօղլուի հանդիսավարութեամբ։ Վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարպիս Պալմումճեան, տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան եւ սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեան արտասանեցին ողջոյնի խօսքեր։ Բաժակի պահուն հանդէս եկան երիցագոյն կեդրոնականցի Խաչիկ Էրամ եւ կրտսերագոյնը՝ Սայաթ Սար։ Յայտագրին տեւողութեան դպրոցի անցեալին վերաբերեալ դրուագներ ցուցադրուեցան եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց խնամակալութեան անդամներէն Տքթ. Վարդգէս Պէյլէրեան։
Ըստ ընկալեալ սովորութեան 25-ամեայ եւ 50-ամեայ յոբելեար շրջանաւարտները ապրեցան արտակարգ ոգեւորութիւն։ 1965-1966 տարեշրջանի 50-ամեայ շրջանաւարտներէն ներկայ էին Յարութիւն Տէր-Ստեփանեան, Հրանդ Նորշէն, Սինայիր Եըլտըզ, Արեգ Էրքման, Տքթ. Վարդգէս Պէյլէրեան եւ Կարապետ Տաքէսեան։ Այս վերջինը 50-ամեայ յոբելեար շրջանաւարտներուն անունով արտասանեց սրտի խօսքը։
1990-1991 շրջանի յոբելեար շրջնաւարտներէն ներկայ էին Րաֆֆի Պօյաճը, Արի Եիւզպաշեան, Սարվէն Սրատաղ, Զաքար Տիքիճի, Ալէն Էրտավիթեան, Նուրհան Սուճեան, Սարվէն Սէրթշիմշէք, Րաֆֆի Կիւլէսէր, Սարվէն Մուրատեան, Արման Սունէր եւ Յովհաննէս Քըլըչտաղ։ Այս վերջինն ալ արտայայտուեցաւ իր շրջանաւարտ ընկերներուն անունով։
Յուշանուէրներ պատրաստուած էին նաեւ վարժարանի 2015-2016 տարեշրջանի՝ վերջին շրջանաւարտներուն համար։ Անոնց անունով ալ սրտի խօսք մը արտասանեց Արմին Թունչ։
Կեդրոնականցիները հերթական անգամ «Ապրի՛ Կեդրոնականը, ապրի՛ կեդրոնականցին» կարգախօսի բարձր տրամադրութիւնով իրականացուցին իրենց տարեկան հաւաքը՝ ժամադրուելով յաջորդ տարուան համար ու միշտ յարատեւ վերելք մաղթելով հաստատութեան։