ՊԱԼԵԱՆՆԵՐՈՒ ԿՈԹՈՂԸ
Ընթացիկ օրերուն, Երեւանի մէջ ներկայացուցեցաւ «Հայոց ազգին պարտէզի գանձերը. Պալեաններ» գիրքը, որ պատկերազարդ ու ինքնատիպ աշխատութիւն մըն է՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործող Պալեան ճարտարապետական գերդաստանի նախագիծերով կառուցուած բացառիկ շինութիւններուն մասին: Այդ շինութիւններուն կարգին են պալատական, ռազմական կառոյցներ, բնակելի տուներ, մզկիթներ, դղեակներ, ամարանոցներ, մենաստաններ, ջրամբարներ, հայ համայնքին համար շինուած եկեղեցիներ, հիւանդանոցներ եւ այլ պատմական արժէք ներկայացնող ճարտարապետական կառոյցներ:
Այս գիրքը կազմած եւ խմբագրած է Հայաստանի Ալեքսանդր Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկի գլխաւոր գիտական քարտուղար Աշոտ Հայկազուն Գրիգորեան, որ Երեւանի մէջ հանդիպում մը կազմակերպած է եւ լրագրողներուն ներկայացուցած՝ գիրքին ստեղծման նախապատմութիւնն ու գաղափարը:
Աշոտ Գրիգորեան ճարտարապետութեան տոքթոր եւ փրոֆեսէօր է, իր բազմամեայ ճարտարապետական գործունէութեան ժամանակ ան 1990 թուականին հիմնադրած է Հայաստանի ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկը եւ մինչեւ անցեալ տարի՝ 2016 թուականը ղեկավարած է զայն։ Պալեաններու նախագծած շէնքերուն մասին հատորը Աշոտ Գրիգորեանի միակ գիրքը չէ, ան հեղինակ է ճարտարապետութեան, քաղաքաշինութեան մասին բազում ուսումնասիրութիւններու, հրատարակութիւններու, գիրքերու, որոնք կը պատմեն հայ մշակոյթի եւ ճարտարապետութեան մասին: Միեւնոյն ատեն ճարտարապետը ինքն ալ նախագիծերու հեղինակ է եւ աւելի քան յիսուն նախագիծեր իրականացուցած է Հայաստանի զանազան քաղաքներուն մէջ. Երեւան, Աբովեան, Մասիս, Աշտարակ, Մեծամօր, Ծաղկաձոր, Պարի (Իտալիա), Իսթանպուլ (Թուրքիա), Քալինինկրատ (Ռուսաստան), 1990-2014 թուականներուն ընթացքին ցուցահանդէսներու ձեւաւորումներ կատարած է Երեւան, Վանաձոր, Գորիս, Աշտարակ, Ստեփանակերտ, Կրենոպլ, Աթէնք, Վենետիկ, Պարի, Մոսկուա, Լիզպոն, Մոնրէալ, Սթրազպուրկ, Պրաթիսլաւա, Օթթաուա, Քէպէք եւ այլուր: Անուանի ճարտարապետին ստեղծագործութիւնները կը գտնուին Ռուսաստանի, Էսթոնիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Գանատայի, Միացեալ Նահանգներու մասնաւոր հաւաքածոներուն մէջ։
Պալեաններուն մասին գիրքը, ինչպէս Աշոտ Գրիգորեան նշեց հանդիպման ընթացքին, ունի նախապատմութիւն մը, 1990-ականներէն սկսեալ Ալեքսանդր Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան թանգարանը մեծ աշխատանք կը տանի Սփիւռքի հայ ճարտարապետներու ստեղծագործութիւններու արխիւներու ստեղծման ուղղութեամբ եւ այդ ժամանակ սկսած են ուսումնասիրել նաեւ Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ հայ ճարտարապետներուն արխիւները եւ պարզած են, որ այնտեղ գործող անուանի Պալեան ճարտարապետները յայտնի եղած են իբրեւ իտալացիներ եւ ոչ՝ հայեր եւ մեծ բաց մը գոյութիւն ունեցած է անոնց գործունէութեան ուսումնասիրութեան առումով:
Ճիշդ է, ինչպէս նշեց Գրիգորեան, Հայաստանի մէջ գիտէին, որ անոնք հայեր են, հակառակ անոր որ Հայաստանի մէջ ալ քիչ նիւթ կար անոնց մասին, բայց Թուրքիոյ եւ այլ վայրերու մէջ իբրեւ հայ չէին ճանչնար զանոնք: Պալեաններուն արխիւը, բաւական երկար փնտռելէ ետք, Աշոտ Գրիգորեանի ղեկավարած հիմնարկը զայն գտած է Իտալիոյ մէջ, եւ գնելէ ետք, դարձեալ բաւական դժուարութիւններով տեղափոխած է Հայաստան եւ այդպէս ալ կազմուած է Պալեաններու մասին գիրքը, ուր առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուած են 212 նախագիծ, 167 լուսանկար, այդ կարգին՝ 18 պոլսահայ լուսանկարիչներու աշխատանքներ:
Աշոտ Գրիգորեան շեշտեց, որ Պալեաններու արխիւին մէջ եղած են անոնց գործերուն բոլոր նախագիծերը, որ հարուստ նիւթ եղած է ուսումնասիրողներուն համար:
Նախ անոնց առջեւ հարց մը յառաջացած է, թէ Պալեանները ի՞նչ պայմաններու տակ յայտնուած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ, եւ արդեօք անոնցմէ առաջ եղա՞ծ են ուրիշ հայ ճարտարապետներ: Եւ այդ պրպտումներուն շնորհիւ է, որ յայտնաբերած են, թէ Պալեաններէն առաջ ալ մենք ունէինք բազմաթիւ հայ ճարտարապետներ եւ քարագործ վարպետներ, որոնք Իսթանպուլի մէջ աշխատած են: Անդրադարձած են նաեւ ճարտարապետ Քոճա Սինանի գործունէութեան, որ Աշոտ Գրիգորեանի բնորոշմամբ, կը նկատուէր Թուրքիոյ թիւ մէկ ճարտարապետը: «Նոյնիսկ չանդրադառնալով անոր ազգութեան, բայց մեր համոզմամբ ան իսկապէս հայ էր, մենք ապացուցած ենք, որ Սինանի ստեղծագործութիւնները, որոնք հիմնականօրէն մզկիթներ են, կառուցուած են բագարանատիպ եկեղեցւոյ յատակագիծի հիման վրայ: Այդ մէկը կը նշանակէ, թէ Սինան շատ լաւ գիտէր հայկական միջնադարեան ճարտարապետութիւնը եւ վերցուցած է հիմնական առանցքային նորարարութիւնները եւ ստեղծած էր ծանօթ մզկիթները», ըսաւ Աշոտ Գրիգորեան:
Երբ Պալեաններուն արխիւը հասած էր Հայաստան, մասնագէտները ոգեւորուած էին եւ կը կարծէին, թէ շատ արագ կրնան ուսումնասիրել եւ նիւթերը հրապարակել։ «Բայց երբ սկսանք աշխատանքի, հասկցանք, որ այդ մէկը բաւական բարդ գործ մըն է: Արխիւային փաստաթուղթերուն մէջ գրութիւնները գրուած էին ֆրանսերէն, օսմաներէն, թրքերէն, հայատառ թրքերէն, արեւմտահայերէն, որոնց մեծ մասը անընթեռնելի էր: Այս փաստաթուղթերը 100 եւ աւելի տարի որեւէ ձեւով չէին շրջանառուած», ըսաւ Աշոտ Գրիգորեան: Սկսած են թարգմանութիւններու, դժուար ընթեռնելի հատուածներու վերծանման, եւ այսօր ամբողջական նիւթ կայ գիրքին մէջ զետեղուած, որ ոչ միայն կը վկայէ Պալեաններու հայ ըլլալուն մասին, այլեւ ցոյց կու տայ այն մեծ հետքը, զոր անոնք ունեցած են Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ տարածքին հռչակուած ներկայ ճարտարապետութեան մէջ: Այդ մէկը անշուշտ կը պատկանի մարդկութեան նիւթական ժառանգութեան եւ Պալեաններն ալ, իրենց անձերով, չեն սահմանափակուիր հայ ըլլալով, այլ կը կրեն այն մեծ քաղաքակրթական ուժը, որ տարածքաշրջանի երկիրներուն հարստութիւնն է:
Գիրքին ներկայացման ընթացքին զայն կազմող հեղինակը տեղեկացուց, որ Պալեաններուն նախագիծերով կառուցուած է Օսմանեան սուլթաններու պալատ մը՝ Տոլմապահչէ համալիրը, որ Պալեաններու քանի մը սերունդի աշխատանքն է: Պալատին պատմութենէն ծանօթ է, որ սուլթանը փափաքած է ունենալ եւրոպական պալատներուն ոչ մէկ բանով զիջող նստավայր մը, ինչ որ յաջողած են իրականացնել տաղանդաւոր հայ ճարտարապետները:
Չըրաղան, Պէյլէրպէյի պալատները նոյնպէս այս ընտանիքին նախագիծերով շինուած են, ինչպէս նաեւ՝ բազում այլ շինութիւններ, ընդհանուր առմամբ՝ աւելի քան 300 կառոյցներ:
Աշոտ Գրիգորեան նաեւ տեղեկացուց, որ Պալեանները համագործակցած են հայ մասնագէտներու հետ եւ շէնքերը կառուցելու գործին մէջ 90 տոկոսով հայերուն հետ աշխատած են: Զանազան պատճառներով այդ կառոյցներուն մէկ մասը հրդեհուած է, վերափոխուած, սակայն մեծ մասը պահպանուած է: Հեղինակը գիրքին մէջ առանձին բաժին մը յատկացուցած է նաեւ Պալեաններու պանթէոնին, ինչպէս նաեւ բաժին մը նուիրած է Պալեաններու մասին նիւթերը տրամադրողներուն: Հետաքրքրական է, որ գիրքին համար նիւթեր փնտռելու գործին մասնակցած են նաեւ թուրքեր:
«Հայոց ազգին պարտէզի գանձերը. Պալեաններ» գիրքը, ինչպէս տեղեկացանք, սեղմ տարբերակներով թարգմանուած է անգլերէնի, ֆրանսերէնի, ռուսերէնի եւ այժմ պոլսահայ համայնքի ջանքերով կը թարգմանուի նաեւ թրքերէնի: Հեղինակը կարեւոր նկատեց, ըսելով, որ գիրքը պէտք է տարածել թրքական համալսարանական, գիտական շրջանակներուն մէջ:
Իսթանպուլ կ՚այցելեն բազում զբօսաշրջիկներ եւ ըստ Աշոտ Գրիգորեանի, երբ անցնին այդ շէնքերուն քովէն եւ հիանան, պէտք է տեղեակ ըլլան, որ հայերուն ստեղծագործական միտքը ներդրուած է այդ կառոյցներու ճարտարապետական շքեղութեան մտայղացման մէջ:
«ԲՈԼՈՐՍ ԱԼ ՈՐՈՇ ՉԱՓՈՎ ՊԱԼԵԱՆՆԵՐՈՒ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴՆ ԵՆՔ»
«Հայոց ազգին պարտէզի գանձերը. Պալեաններ» վերտառութեամբ գիրքը, ինչպէս տեղեկացանք, լոյս տեսած է ֆրանսաբնակ եղբայրներ Հրաչ-Անուշաւան եւ Յակոբ Քըրմըզեաններու հովանաւորութեամբ:
«Ուրախ եմ, որ կրցայ ճանչնալ եւ գործակցիլ «Հայճար» միութեան անդամներ՝ Նազար Պինաթլըի, Գէորգ Էօզգարակէօզի եւ Դաւիթ Այնալըի հետ: Հիացած եմ նաեւ Աշոտ Գրիգորեանի աշխատանքով: Ան շատ կարեւոր գործ կատարած է եւ արժէքաւոր գիրք հրատարակած: Մեծ պատիւ եւ ուրախութիւն են մեզի համար նման ծանօթութիւնները: Երբ ճամբայ կ՚ելլես, չես գիտեր՝ ի՞նչ կը պատահի, որո՞ւն կը հանդիպիս, որո՞նք կը յայտնուին քու ճանապարհիդ: Աստուած օգնեց մեզի, որ մեր ճանապարհին շատ կարեւոր մարդոց հետ ծանօթացանք եւ մեր ազգին կրցանք օգտակար ըլլալ: Ես յաճախ կը կրկնեմ՝ գրուած թուղթը, նոյնիսկ՝ սխալ, աւելի արժէքաւոր է, քան ճերմակը: Ես կը նախընտրեմ թուղթի վրայ բան մը գրել: Սխալ ըլլայ, կը սրբագրեմ, հնարաւոր է ան, որ կը կարենամ իմ «գրածով»ս մէկ ուրիշը վարակել:
«Նոյնը կը վերաբերի նաեւ մեր երկրին՝ Հայաստանին: Ճիշդ է՝ ժողովուրդը շատ դժուարութիւններ ունի, բայց այդ բոլորը ժամանակաւոր են: Քանի մը օր առաջ գացած էի Դիլիջանի միջազգային դպրոց, Թումօ կեդրոն: Երբ այդ ամէնը կը տեսնես, կը մտածես, որ մեր ազգի ապագան փայլուն պիտի ըլլայ: Յոյս ունիմ, որ նոր սերունդը շատ աւելի լաւ երկրի մէջ կ՚ապրի», վերջերս, այցելելով Հայաստան, հայրենի մամուլին ըսած է Հրաչ-Անուշաւան Քըրմըզեան:
Ծանօթ է, որ անցեալ տարի նաեւ Հրաչ-Անուշաւան եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբայրներու նախաձեռնութեամբ նորոգուեցաւ ու բացուեցաւ պոլսահայ յայտնի ճարտարապետներ պալեաններու ընտանեկան գերեզման-կոթողը, որ կառուցուած է Պէշիկթաշի մէջ Պալեաններու կողմէ նախագծուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ խորանին տեսքով:
Պալեաններու յիշատակը յաւերժացնելու ծրագիրն ու գերեզման-կոթողի կառուցումը անոնք իրականացուցած են Իսթանպուլի «Հայճար» միութեան, ինչպէս նաեւ հայասանցի ճարտարապետ Աշոտ Գրիգորեանի օգնութեամբ, եւ այդ աշխատանքները համընկած են Աշոտ Գրիգորեանի կողմէ գիրքի պատրաստման աշխատանքներուն:
Նախաձեռնութեան հեղինակները յայտարարած են, որ աշխատանքը մասնաւորապէս մէկ նպատակ ունի՝ որպէսզի նոր սերունդը ճանչնայ հայ մեծերը, այն մարդիկը, որոնք հպարտութիւն կրնան բերել իւրաքանչիւր ազգի։
«Երբ ստանձնած էինք այդ աշխատանքը, մեզի յաճախ կը հարցնէին. «Դուք Պալեաններու ազգակա՞նն էք»: Կը պատասխանէինք. «Ո՛չ, թէեւ բոլորս որոշ չափով Պալեաններու ժառանգորդն ենք, որովհետեւ անոնք ո՛չ թէ մէկ համայնքի կը պատկանին, այլ՝ հայ ազգին», մամուլին հաղորդած է Հրաչ-Անուշաւան Քըրմըզեան:
Ան նաեւ պատմած է իր մասին, տեղեկացնելով, որ իր հայրը ծնած է Սեբաստիա, իսկ մայրը՝ Չանաքքալէ, սակայն 1915 թուականէն յետոյ անոնց ընտանիքները հաստատուած են Պոլսոյ Սկիւտարի շրջանին մէջ: 1926 թուականին, անոր հայրը, 21 տարեկանին, այն ժամանակուայ քաղաքական իրադրութեան բերումով, որոշած է մշտական բնակութիւն հաստատել Ռումինիա, ուր ծնած են Հրաչ-Անուշաւան եւ Յակոբ Քըրմըզեանները: Յետագային եղբայրները դարձած են Պոլիս, Յակոբ Քըրմըզեան Պոլիս երեք տարի ապրած է, իսկ Հրաչ-Անուշաւան Քըրմըզեան՝ տասնմէկ տարի: Ուսանած է Իսթանպուլի Արհեստագիտական համալսարանը, այնուհետեւ որպէս սպայ, ինչպէս եւ իր եղբայրը, ծառայած են թրքական բանակին մէջ: Ամուսնացած է Պոլսոյ մէջ:
«Ես ելեկտրա-ճարտարապետ եմ, այժմ հանգստեան կոչուած եմ, եղբայրս գործարար է, Ռումանիոյ մէջ գործարան ունի: Միշտ կը մտածէինք՝ իբրեւ հայ, ինչպէ՞ս կրնանք օգտակար ըլլալ մեր ազգին: Դժբախտաբար քիչ մը կանուխ ծնած ենք, եւ քիչ մը դժուար կ՚ըլլայ Հայաստանի մէջ որեւէ գործի ձեռնարկել: Եւ այս ճանապարհով փորձեցինք օգտակար ըլլալ մեր ազգին: Իւրաքանչիւր հայ իր կարողութիւններուն չափով պէտք է փորձէ անպայման հայրենիքին օգտակար ըլլալ, որովհետեւ քու օրինակով կրնաս նաեւ յաջորդ սերունդները վարակել: Երբ այս գործին ձեռնարկեցինք եւ ըրինք, նախ պոլսահայ գաղութը մեզի ըսաւ. «Դուք մեր ամօթը սրբեցիք» : Ես անոնց կը պատասխանէի, թէ իրենք ալ շատ աւելի կարեւոր գործեր կ՚ընեն՝ կը պահպանեն Պոլսոյ հայկական եկեղեցիները, դպրոցները եւ գերեզմանատուները: Պոլսահայ համայնքը, իր առօրեայ հոգերու պատճառով, չէ յղացած Պալեաններուն նուիրուած դամբարան կառուցելու միտքը: Մենք ալ, ի յիշատակ մեր ծնողներու եւ ի սէր առ Պոլսոյ հայկական մշակոյթը, որոշեցինք նման նուէր մը ընել: Առանց այս հարցը քաղաքականացնելու՝ պէտք է յայտնեմ, որ որոշ չափով թրքական իշխանութիւններու աջակցութեամբ նաեւ յաջողած ենք այս գործը», Հայաստանի մամուլին յայտնած է Հրաչ-Անուշաւան Քըրմըզեան:
«ԱՐՇԱԿ Բ.» ՕՓԵՐԱՆ՝ ՁՕՆՈՒԱԾ ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆԻՆ
Պատմաբան Վահէ Աթանեսեան համացանցային իր մատեանի մէջ անդրադարձած է Պալեան ընտանիքին՝ իբրեւ հետաքրքրական հանգամանք ներկայացնելով նաեւ այն, որ հայ դասական առաջին օփերան՝ Տիգրան Չուխաճեանի «Արշակ Բ.»ը ծանօթ երգահանը ձօնած է Պալեան գերդաստանէն Յակոբ Պալեանին: Վերջինս մեծայարգ մեկենաս մըն էր եւ յաճախ իր տան մէջ կը կազմակերպէր պոլսահայ մտաւորականներու, արուեստագէտներու հաւաքներ, ճաշկերոյթներ: «Արշակ Բ.» օփերայի նախերգանքն ալ կատարուծ է Յակոբ Պալեանի ապարանքին մէջ, 1868 թուականին:
Պատմաբան Վահէ Աթանեսեան կը գրէ.
Կան քաղաքներ, որոնք ուրոյն մշակոյթ ունին, եւ դժուար է խօսիլ այդ քաղաքներու ազգային պատկանելիութեան մասին. օրինակ՝ Պաքուն, Թիֆլիզը, Իսթանպուլը, Օտեսան… Այս շարքին Իսթանպուլը, ինչ խօսք, ամենախայտաբղէտ, ամենագեղեցիկ ու ամենաբազմամշակութային քաղաքն է: Իսթանպուլի շատ պատմական շինութիւններ հեղինակած են մեր հայրենակիցները, յատկապէս՝ Պալեաններու հռչակաւոր տոհմը: Պալեաններու գերդաստանը, յենլով հայկական եւ բիւզանդական ճարտարապետական աւանդոյթներու վրայ, փաստօրէն, հայազգի միւս մեծահամբաւ ճարտարապետէն՝ Սինանէն յետոյ նոր շունչ հաղորդեց եւ արդիականացուց թրքական ճարտարապետութիւնն ու քաղաքաշինութիւնը: Տոհմի առաջին ներկայացուցիչը Կեսարիա քաղաքը բնակող հայազգի Պալի Քալֆան էր, որ «Հասսա» ճարտարապետական ընկերութեան կողմէ հրաւիրուեցաւ Պոլիս: Մինչ այդ վարպետ Պալին, որ ճարտարապետական կրթութիւն չունէր, Կեսարիոյ մէջ ծանօթ էր որպէս հմուտ քարագործ. գեղեցիկ շինութիւններ կը կառուցէր: Քալֆա թրքերէն կը նշանակէ ինքնուս վարպետ: Վարպետ Պալին երեք որդի ունէր՝ Գրիգորը, Սենեքերիմը եւ Պետրոսը: Անոնք փառաւորեցին իրենց եւ Պալեաններու տոհմի անունը՝ կառուցելով բազում հիասքանչ շինութիւններ՝ մայրաքաղաքին մէջ: Գրիգոր Պալեան ծնած է 1764 թուականին: Սելիմ Գ. սուլթանը զայն նշանակած է Պոլսոյ կառուցապատման պատասխանատու, «Հասսա» ճարտարապետական ընկերութեան գլխաւոր ճարտարապետ: Ան միաժամանակ սուլթանի խորհրդականն էր: Գրիգոր Պալեան կառուցած է Տաւուտ փաշայի պալատը, Ռամիի պալատը, Սելիմիյէի եւ Թաքսիմի զօրանոցները, Նուսրէթիյէ մզկիթը: Առանց չափազանցութեան, այս կառոյցներէն մանաւանդ Տաւուտ փաշայի եւ Ռամիի պալատները Պոլսոյ այցեքարտերէն կը նկատուին: Գրիգոր Պալեան մահացած է 1831 թուականին: Ան կառուցած է նաեւ Պէշիկթաշի թագաւորական եւ այլ պալատներ, նաեւ՝ Քասր-ը Ճետիտը, Թերսանէի դղեակը, Թոփհանէի մզկիթը, Գումգաբուի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, Պահչէքէօյի Վալիտէ ամբարտակը, Կեսարիոյ մէջ եկեղեցի եւ այլն: Գրիգոր Պալեանի կրտսեր եղբայրն է Սենեքերիմ Պալեանը, որ ծնած է 1768 թուականին, մահացած՝ 1833 թուականին: Ան Պոլսոյ մէջ կառուցած է 85 մեթր բարձրութեամբ Պէյազըտի աշտարակը: Առաւել աչքի ինկած է Գրիգոր Պալեանի որդին՝ Կարապետը (1800-1866): Անոր ստեղծագործութիւններու պսակն է Տոլմապահչէի պալատը, որ ունի 285 սենեակ, 43 սրահ, 43 զարդասենեակ, 6 թրքական բաղնիք: Տոլմապահչէի պալատը Օսմանեան սուլթաններու վերջին նստավայրն էր: Կարապետ Պալեան զայն կառուցած է Ապտիւլ Մեճիտ Ա. սուլթանի պատուէրով: Տոլմապահչէն 1921 թուականին դարձած է Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի նըս-տավայրը, ուր ալ ան մահացած է 1938 թուականին: Տոլմապահչէի պալատը այժմ թանգարան է, որուն մէջ ժամացոյցներու աշխատանքը դադարեցուած է եւ կ՚ազդարարէ Աթաթիւրքի մահուան ժամը: Պալատին մէջ պահպանուած են եւ կը ցուցադրուին հայ անուանի ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի նկարներու ամենամեծ հաւաքածոն: Կարապետ Պալեան իր գործունէութենէն առաջ երկար շրջագայած է Անիի մէջ՝ ուսումնասիրելով հայկական միջնադարեան ճարտարապետութիւնը, արդիականացնելով եւ կիրառելով զայն նորովի: Կարապետ Պալեանի գործերէն են նաեւ Չիֆթէ սարայլարը (Զոյգ պալատ), Չըրաղանի հին պալատը, Իզմիթի իշխանական դղեակը, Եըլտըզի հին ապարանքը, Ետիքուլէի Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցը, կից՝ Սուրբ Յակոբ, Պէշիկթաշի Սուրբ Աստուածածին, Գուրուչէշմէի Երեւման Սուրբ Խաչ, Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցիները, Տոլմապահչէի մզկիթը, նաեւ ամբարտակներ, գործարաններ եւ այլն: Ընդհանուր առմամբ ան կառուցած է 7 պալատ, 4 գործարան, մզկիթ, զօրանոցներ, 4 եկեղեցի, 2 հիւանդանոց, 3 դպրոց եւ այլ շինութիւններ: Կարապետ Պալեան աշխոյժօրէն կը մասնակցէր հայութեան հասարակական կեանքին: Ան հայոց ազգային, հոգեւոր ժողովներու անդամ էր: Հոգացած է Սկիւտարի մէջ իր կառուցած ճեմարանի ծախսերը, նիւթապէս օժանդակած է Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի շինարարութեան, որուն կից հիմնած է գիւղատնտեսական ուսումնարան: Պարգեւատրուած է թրքական կառավարութեան «Պատուոյ նշան» շքանշանով: Իսկ Կարապետ Պալեանի որդին՝ Նիկողայոսը (1826-1858), շարունակած է հօր գործը՝ զարդարելով Տոլմապահչէի պալատի ճակատի մասը: Նիկողայոս Պալեան 1845 թուականին աւարտած է Փարիզի Սեն Պարպ բարձրագոյն վարժարանի ճարտարապետութեան բաժինը: Ան մասնաւոր արուեստանոց բացած է Պոլսոյ մէջ, ուր դաս կու տար հայ որմնանկարիչներուն, քարագործ վարպետներուն: Ան նաեւ գործնական կերպով կը մասնակցէր պոլսահայերու հասարակական կեանքին: Մասնակցած է 1863 թուականին սուլթանի կողմէ հաստատուած Ազգային սահմանադրութեան մշակմանն ու քննարկմանը: Նիկողայոս Պալեան մահացած է երիտասարդ հասակին, բայց կրցած է կառուցել նաեւ Տոլմապահչէի ժամացոյցի աշտարակը, թագադրութեան սրահը, պալատական թատրոնը, Սկիւտարի Քոշուեոլուի Ատիլէ սուլթանի պալատը, Տոլմապահչէի եւ Օրթագիւղի մզկիթները: Ան նաեւ Չըրաղանի հին պալատի գրադարանի կառուցողն է եւ նոր պալատի նախագծողը:
Պալեաններու գերդաստանի ամենահռչակաւոր ու ամենաանուանի ներկայացուցիչը կը նկատուի Սարգիս Կարապետի Պալեան: Ան 19-րդ դարու Օսմանեան կայսրութեան ամենահանճարեղ ու ամենահեղինակաւոր ճարտարապետն էր, Օսմանեան կայսրութեան վերջին գլխաւոր ճարտարապետը: Ծնած է 1835 թը-ւականին՝ Պոլիս, ուսանած է Փարիզի Սեն Պարպ բարձրագոյն դպրոցի ճարտարապետութեան բաժնին մէջ, ապա՝ Էքոլ Սանթրալի արուեստի բաժինը, Փարիզի Գեղարուեստից ակադեմիան: Սարգիս Պալեան նաեւ մեծ գիւտարար էր: Ան երկու սարքի գիւտի հեղինակ է, որոնք Լոնտոնի միջազգային ցուցահանդէսին մէջ արժանացած են մրցանակի, ատոնց համար ան բրիտանական կառավարութենէն մենաշնորհ ստացած է: Մահացած է դարավերջին՝ 1899 թուականին: Սարգիս Պալեանի գործերէն աւելի քան յիսունը այսօր ալ կանգուն են եւ կը զարդարեն Իսթանպուլը՝ վեհութիւն ու նրբաճաշակ շունչ հաղորդելով քաղաքին: Իսկ Սարգիս Պալեանի հեղինակած ամենահրաշագեղ կառոյցը Չըրաղան պալատն է: Սարգիս Պալեանի գործերն են նաեւ յայտնի Եըլտըզի պալատը, Պէյլէրպէյիի պալատը, Չըրաղանի նոր պալատը, Գանտիլլիի Ատիլէ սուլթանի, Պալթալիմանըի ծովափնեայ, 12 կայսերական ու մեծահարուստներու ապարանքները, 4 մզկիթ, Պէշիկթաշի Մաքրուհեան վարժարանը, Համիտիյէի ժամացոյցի աշտարակը եւ այլն: Սարգիս Պալեան 1873 թուականին հիմնած է շինարարական մեծ ընկերութիւն մը, որ կը զբաղէր կամուրջներու եւ երկաթուղիներու կառուցման աշխատանքներով: Օսմանեան սուլթաններ շռայլօրէն պարգեւատրած են Սարգիս Պալեանը՝ իր ծառայութիւններուն համար: Պէտք է նշել, սակայն, որ հայկական միջավայրին մէջ անուանի ճարտարապետը հալածանքներու ու բանադրանքներու ենթարկուած է իր զբաղեցուցած բարձր դիրքին պատճառաւ: Հակառակ ատոր, ան սիրայօժար կ՚աջակցէր հայ համայնքին՝ դրամական միջոցներով: Մասնաւորապէս՝ իր միջոցներով կառուցած է Տոլափտէրէի Արշակունեաց եւ Վան նահանգի Մէրամէթ գիւղին վարժարանները: Ան պալատին մէջ հիւրընկալած է անուանի ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկին, որու աշխատանքներով ոգեշնչուած՝ ինքն ալ սկսած է նկարել, նաեւ հրաշալի դաշնակահար էր: Սարգիս Պալեանն էր, որ Այվազովսկին ներկայացուցած է սուլթան Ապտիւլ Ազիզին, եւ վերջինս մեծ պատուէրներով ապահոված է ծովանկարիչը: Սարգիս Պալեան կը բնակէր Պոլսոյ մօտ գտնուող իր Գուրուչէշմէի կղզեակին վրայ, ուր ալ մահացած է: Անոր եղբայրը՝ Յակոբ Պալեան (1838-1875), սուլթան Ապտիւլ Ազիզի պատուէրով կառուցած է Պէյլէրպէյիի հսկայ պալատը, որու կառուցման միաժամանակ 5 հազար գործաւոր մասնակցած է: Կառուցած է նաեւ Պէյքոզի, Սկիւտարի Քոշուեոլուի Մայր թագուհիի եւ երկու փաշաներու ապարանքները, Աքսարայի Փերթեւնիալ Մայր թագուհիի մզկիթը եւ այլ շինութիւններ: Ան նաեւ կը հովանաւորէր Իսթանպուլի հայ գործիչները, իր յարկին տակ կը հաւաքէր զանոնք: Անոր միջոցներով կառուցուած է Արեւելեան թատրոնը եւ վերակառուցուած է Օրթագիւղի Բարեսիրաց թատրոնի շէնքերը:
Ահաւասիկ, այս պայմաններու ներքոյ ալ Չուխաճեան գրած է առաջին հայ դասական օփերան, որու 150-ամեակը կը լրանայ 2018 թուականին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ