ՊՏՈՅՏ ՄԸ ՊՈԼՍՈՅ ԹԱՂԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Պոլիսն ու հայը բարեկամ են հին ժամանակներէ ի վեր։ Նախկին Պոլսոյ հայկական ուրուագիծը՝ ի համեմատ ներկայիս, տասնամեակներու, դարերու յարափոփոխ ժամանակաշրջանին, գրեթէ անճանաչելիօրէն փոխուած է։ Հին պոլսահայերը հայախօս էին, գերազանց կը տիրապետէին հազարագանձ ոսկեղնիկ հայոց լեզուին։ Երկրի պաշտօնական լեզուն՝ թրքերէնը, հայոց համար երկրորդական էր։ Հայերը ունէին կցկտուր, արեւմտահայերէնի առոգանութեամբ արտայայտուած գրեթէ ոչ սահուն թրքերէն խօսակցութիւն։ Անցեալ ու նախանցեալ դարերուն Պոլսոյ հայաշատ բանուկ թաղամասերէն էին՝ Գումգաբուն, Օրթագիւղը, Սամաթիան, Կէտիկփաշան, Գատըգիւղը, Պէշիկթաշը, արեւմտահայ յայտնի բանաստեղծ, գրող՝ «Սկիւտարի սոխակ», Պետրոս Դուրեանի ծննդավայրը՝ Սկիւտարը եւ դեռ շա՜տ ուրիշներ…
Այսօր պատկերը այլ է։ Թէեւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանն ու Մայր եկեղեցին, Պէզճեան վարժարանը եւ ուրիշ կրթական հաստատութիւններ ու կալուածներ կը գտնուին Գումգաբուի մէջ, սակայն պատմական այս թաղամասը այլեւս դադրած է հայահոծ ըլլալէ։ Ներկայիս Գումգաբուն վերածուած է փախստականներու, զանազան ազգերու՝ արաբներու, քիւրտերու, սուրիացիներու, խափշիկներու համար ընդհանուր, բազմազգ կեդրոնատեղիի մը։ Հարկ է նշել, որ պատմական հայկական սա յայտնի թաղամասին մէջ այժմ ապաստանած են նաեւ մեծ թիւով հայաստանցիներ։ Անոնք հայրենիքի կարօտը սրտերուն մէջ՝ 15-20 տարիէ ի վեր բռնած են դէպի Թուրքիա կամ այլուր արտագնայ աշխատանքի ուղին։ Իսթանպուլի մէջ հաստատուած հայաստանցիները կը կատարեն զանազան ծանր ու թեթեւ աշխատանքներ. քրտնաջան աշխատանքի շնորհիւ՝ իրենց հանապազօրեայ հացը կը վաստկին։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի միահամուռ ջանքերով քանի մը տարի առաջ Գումգաբուի մէջ հայաստանցի երեխաներուն համար բացուեցաւ «Հրանդ Տինք» վարժարանը, որ կը գործէ Հայաստանի դպրոցներու կրթական ծրագրերուն համահաւասար։
Բաց աստի, հայրենակիցներէս ոմանք, նախկին հայաշատ թաղամասին մէջ, առեւտուրի ասպարէզէն ներս որոշակի յաջողութիւններու հասած են։ Գումգաբուի փողոցները պտըտած ատեն երբեմն կը հանդիպիս հայաստանցիի մը խանութի, ուր գովազդային պաստառի վրայ առեւտուրի կեդրոնի անունը հայերէնով գրուած է։ Սա քանի մը հայկական բա՛ռը, Մեսրոպեան անգին գոհարնե՛րը իրենց փայլով ու ջերմութեամբ՝ միտքդ ու հոգիդ կը լուսաւորեն։ Մտազբաղ ու մտահոգ դէմքիդ անմիջապէս արեւ կը ծագի։ Քանի մը վայրկեան՝ նոյնիսկ ժամ, մտովի Հայաստան կը տեղափոխուիս։ Սիրտդ ու հոգիդ կը վխտան ուրախութենէն։ Մարմինդ՝ Պոլիս, հոգիդ՝ հայրենեայց հողին մէջ։ Նմանատիպ ապրումներէ ետք ամենէն դժուարը՝ իրականութիւն վերադառնալն է. օտարութեան մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայ զիս շատ լաւ կը հասկնայ։
Ցաւոտ վայրէջքէ մը ետք, աչքերդ տամկացած, հոգիդ վշտաբեկ կը շարունակես ճամբադ։ Շատ յաճախ փողոցներուն մէջ կը հանդիպիս հայաստանցիի մը։ Անոր հայերէն խօսուածքը ականջներուդ հասած ատեն՝ հոգիդ կը շոյուի։ Հայաստանցիներէն զատ, Գումգաբուի մէջ քիչ թիւով պոլսահայեր կ՚ապրին։ Այսօր պոլսահայութեան մեծամասնութիւնը, ինչպէս նաեւ բազում հայաստանցիներ հաստատուած են Շիշլի, մասնաւորապէս Ֆէրիգիւղ, Քուրթուլուշ թաղամասին մէջ։ Մեծաթիւ պոլսահայեր կ՚ապրին նաեւ՝ Պաքըրգիւղ, Գատըգիւղ, Եշիլգիւղ, Սամաթիա…
Իսկ հիմա, եկէ՛ք պտոյտ մը կատարենք պոլսահայերու հիմնական թաղամասերէն՝ Քուրթուլուշի մէջ։
Քուրթուլուշը՝ ինչպէս Իսթանպուլի գրեթէ բոլոր թաղամասերը, բազմազգ է։ Այստեղ երկրի տէրերէն զատ, քով քովի՝ դրացնութեամբ կ՚ապրին բազմաթիւ ազգեր՝ յոյներ, հրեաներ, ասորիներ, հայութեան ստուար հատուած մը, արաբներ, իրանցիներ, ռուսեր, եւրոպացիներ, խափշիկներ… Ազգերու ցանկը անվերջանալի է։
Քուրթուլուշը խոշոր՝ անծայրածիր թաղամաս մըն է՝ իրարու նմանող, նեղլիկ փողոցներով, մէջ մէջի շէնքերով։ Հին ու նոր բազմազան ու բազմապիսի շէնքերու ստուարութեան պատճառաւ, յարկաբաժնէդ կապոյտ երկինքն անգամ չես կրնար տեսնել։ Միակ բանը, որ պարզ կ՚երեւի՝ դրացիիդ հանդիպակաց տունն է։ Այլեւս այցելութեան երթալու կարիք չունիս, քանզի դէմ դիմաց շէնքերու միջեւ հեռաւորութիւնը տասն մեթր անգամ չկայ։ Կրնաս տունդ նստիլ ու հանգիստ դրացիիդ հետ զրուցել։ Իսկ եթէ շատ հետաքրքրասէր անձ մըն ես՝ բազկաթոռիդ նստած, անզէն աչքով կրնաս դրացիիդ առօրեայ կեանքին հետեւիլ։ Նեղլիկ փողոցները քայլած ատեն, պահ մը կը թուի, թէ ուր որ է շէնքերը վրադ պիտի փլչին։
Քուրթուլուշի կիզակէտը կը հանդիսանայ՝ նոյնանուն պողոտան։ Հոս գիշեր թէ ցերեկ խառնաշփոթ բազմութիւն մը կայ։ Կարծես ամբոխները խելագարած անդադար հոս ու հոն կ՚երթան կու գան։ Յաճախ պողոտայի մայթերուն՝ անանցելիութեան պատճառաւ՝ մարդկային երթեւեկ կը գոյանայ։ Ամէն մարդ աճապարանք մը ունի ու որեւէ տեղ կը շտապէ։ Ստուարախիտ բազմութեան մէջ զանազան ազգութեամբ, գոյնով ու տեսքով մարդոց կը հանդիպիս։ Թէեւ այս յոգնեցուցիչ ժխորին, Քուրթուլուշի պողոտան ունի ինքնատիպ համ ու հոտ, ընդգծուած իւրօրինակութիւն։
Ի համեմատ նեղլիկ փողոցներուն, պողոտան լայնարձակ է՝ կառուցապատուած վեց-եօթ, երբեմն նոյնիսկ ութ յարկանի բնակելի շէնքերով ու շինութիւններով։ Հայեացք մը նետած ատեն՝ իրարու նմանող, բազմաբովանդակ շէնքերուն մէջ կը հանդիպինք նախանցեալ դարերէն կանգուն մնացած, այժմ՝ պատմական հնութիւն համարուող, յունական ճարտարապետութեան յատուկ նրբութեամբ կառուցուած կառոյցներու, որոնց փայլքին տակ ստուերացած, անշուք կը կենան հին ու նոր շէնքերը։
Քուրթուլուշ պողոտայի գեղեցկութիւնը կ՚ընդգծուի նաեւ քով քովի շարուած՝ մեծ ու փոքր, բազմաթիւ ու բազմատեսակ խանութներու առատութեամբ։ Սրտիդ ուզածը հոս կրնաս գտնել՝ բազմաթիւ հանրախանութներ, դեղարաններ, մթերային, յուշանուէրներու, խաղալիքներու, դիմայարդարման պարագաներու, թեքնիկի, սպասքի, կահկարասիներու եւ շատ ուրիշ խանութներ… ինչպէս նաեւ ճաշարաններ, սրճարաններ, վարսայարդարներ, սափրիչներ… Պողոտայի ողջ երկայնքով շարուած խանութներուն մէջ մասնաւոր ուշադրութիւն կը գրաւեն համեմունքներու, չոր պտուղներու եւ արեւելեան անուշեղէններու յատուկ խանութները. զգլխիչ բոյր կը տարածեն։ Ամէնուր գոյներու, համերու շռայլութիւն կը տիրէ։ Ցուցափեղկերուն մէջ ախորժաբեր քաղցրեղէններու ու կարկանդակներու զանազան տեսակներ. նաեւ՝ պիստակ, նուշ, ընկոյզ, չամիչ, չիր, ծիրան, արմաւ եւ ինչե՜ր, ինչեր կան…
Կաղանդին ու զատկուան ընդառաջ, Քուրթուլուշ պողոտային վրայի խանութներու ցուցափեղկերուն շլացուցիչ տօնական տեսք կը հաղորդուի։ Իրենց արտասովոր գեղեցկութեամբ՝ անցորդներուն ուշադրութիւնը գրաւելով՝ ներս կը հրաւիրեն։ Տօնական օրերուն բոլոր Քուրթուլուշը՝ անուշաբոյր չէօրէք կը հոտի։
Հայահոծ այս թաղամասը պտըտած ատեն, գրեթէ անհնարին է չհանդիպիլ ծանօթ կամ անծանօթ հայու մը։ Բազմութեան մէջէն մերթ ընդ մերթ ականջիդ կը հասնին արեւմտահայերէն կամ արեւելահայերէն խօսուածքներ։ Երկուստեք՝ ուրախութիւն ու հպարտութիւն կը զգաս։
Պոլսահայու մը հետ շփուած ատեն, մասնաւորապէս անոր տան մէջ ջերմ հիւրընկալուելու ժամանակ, կարգ մը նմանութիւններ կը տեսնես 19-րդ դարու նշանաւոր արեւմտահայ երգիծաբան՝ Յակոբ Պարոնեանի՝ պոլսահայու տեսակն ու առօրեան նկարագրող ստեղծագործութիւններուն միջեւ։ Դարեր անցան… ժամանակները փոխուեցան, սակայն պոլսահայը պահպանեց իր ինքնատիպ դիմագիծն ու առանձնայատկութիւնները։ Միակ փոփոխութիւնը՝ 21-րդ դարուն համահունչ ըլլալն է։
Քուրթուլուշի եւ ընդհանրապէս Իսթանպուլի փողոցներն ու պողոտաները զերծ չեն նաեւ տխրահռչակ տեսարաններէ։ Մայթերուն վրայ, իրարմէ ոչ զգալի հեռաւորութեամբ կը նշմարուի մուրացիկներու շարանը։ Աղտոտութեան մէջ կորած, անխնամ, ոտաբոպիկ երեխաներ, անդամալոյծներ ու մանուկնին գրկած ողբացեալ մայրեր՝ աղերսագին ձայնով ու հայեացքով դրամ կը մուրան։
Ամէն օր՝ դէպի խմբագրատուն ճանապարհիս կը հանդիպիմ խղճիս խայթին։ Երիտասարդ մայր մը, երկամեայ անուշիկ ու գեղադէմ, գանգրահեր մանչուկը գրկին մուրացկանութիւն կ՚ընէ։ Այս տեսարանը հոգիս կը փոթորկէ։ Ամառ թէ ձմեռ, անձրեւին ու ձիւնին միշտ նոյն տեղը՝ մայթին վրայ, մանուկը գրկին կը նստի։ Ամէն անգամ երկար նայելով՝ լուռ ու վշտահարուած կ՚անցնիմ ու կ՚երթամ։ Երբեմն ալ կը փորձեմ ձեւով մը օգնել։ Օր մը մուրացիկ մայրը ինծի ձայնեց. «Ինչո՞ւ ամէն անցած ատեն, մեզի երկար կը նայիս»։ Թէեւ պատասխանը ակնյայտ է, սակայն չկրցայ տալ. պարզապէս ժպտացի ու հեռացայ։
Ահաւասիկ այսպիսին է Պոլիսը, իւր սեւ ու ճերմակ երեսներով։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ