ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

ՉԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

Հարցում. Տասներկու տարիէ ի վեր ամուսնացած եմ, սակայն զաւակներ չեմ ծնած: Ամուսինս այդ պատճառով կը սպառնայ ինծի ապահարզանով, եւ ատոր համար ես տանջանքի մէջ եմ… Իրաւունք ունի՞ [ամուսինս] այդպէս վարուելու: Ի՞նչ խորհուրդ կու տաք ինծի:

Պատասխան. Ամուսինդ իրաւունք չունի ամուսնալուծուելու քեզմէ չբերութեան պատճառով:

Առաջին, դուն յանցաւոր չես այդ բանին մէջ: Սուրբ Գիրքն ալ չ՚արտօներ այդ բանը: Աւետարանին մէջ ապահարզանի պատճառը շնութիւնն է. այդ բանը կը տեսնենք՝ (Մտ 5.32, 19.9: Մր 10.11: Ղկ 16.18): Ինչպէս նաեւ ամուսինները կրնան բաժնուիլ կրօնափոխութեան պարագային (Ա. Կր 7.15):

Իսկ եթէ ապահարզանը հնարաւոր ըլլար չբերութեան պատճառով, ապա հայր Աբրահամը արձակած կ՚ըլլար իր Սարա կինը:

Ան, որ մինչեւ իննիսուն տարեկան չբեր մնաց, եւ երբ Աստուած խոստացաւ իրեն, թէ զաւակ մը պիտի ծնի, ծածուկ կերպով ծիծաղեցաւ, ու ըսաւ. «Պառաւելէս ե՞տք պիտի զուարճանամ, երբ արդէն տէրս ալ ծերացած է» (Ծն 18.12):

Տակաւին, եթէ ապահարզանը հնարաւոր ըլլար չբերութեան պատճառով, Զաքարիա Քահանան ալ կրնար արձակել իր Եղիսաբէթ կինը, որ ամուլ էր, ու այդպէս մնաց մինչեւ երկուքն ալ ծերութեան տարիքին հասան (Ղկ 1.7):

Սակայն, կրնայ ըլլալ որ ամուսինդ դատարան դիմէ քաղաքացիական ապահարզան ստանալու համար, իսկ Եկեղեցին քաղաքացիական ապահարզանը չ՚ընդունիր:

Այս պարագային, ատկէ ետք Եկեղեցին անոր թոյլ պիտի չտայ կրկրն անգամ ամուսնանալու:

Իսկ եթէ ապօրինի կերպով ամուսնանայ, կամ Եկեղեցիէն դուրս ամուսնանայ, ապա Եկեղեցին զինք շնացող պիտի համարէ, որովհետեւ իր օրինական կնոջ կենդանի եղած ժամանակ ամուսնացաւ: Այս մասին Տէր Յիսուս ըսաւ. «Ով որ իր կինը աձակէ եւ ուրիշ մը առնէ՝ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ առաջինին դէմ» (Մր 10.11):

Այս պարագային ամուսինդ կը դաւաճանէ ձեր 12 տարիներու կենակցութիւնը, եւ Աստուած պիտի չօրհնէ իր ամուսնութիւնն ու զաւակներ ունենալը:

Տակաւին, ինք վստա՞հ է, որ իր (ապօրինի) կինը իրեն զաւակներ պիտի ծնի, թէ ոչ: Աւելին, վստա՞հ է, որ եթէ այս սխալ ճանապարհով զաւակ ունեցաւ, այդ զաւակը պիտի ուրախացնէ՞ զինք, թէ դառնութեան պատճառ պիտի ըլլայ իրեն իր ամբողջ կեանքին ընթացքին, քանի որ Աստուած այդպէս պիտի չձգէ իր յանցանքը՝ կնոջ դաւաճանելուն, զինք մինակ ձգելուն եւ ուրիշի մը հետ ամուսնանալուն…:

Աստուած անոր դէմ պիտի ըլլայ, որովհետեւ ան դրժեց Աստուծոյ պատուիրանը: Եկեղեցին ալ անոր դէմ պիտի ըլլայ, ու պիտի չարտօնէ անոր հաղորդուիլ եւ ո՛չ մէկ այլ եկեղեցական խորհուրդի մասնակցիլ, այնքան ժամանակ որ մեղաւոր ամուսնութեան մէջ կը մնայ: Սակայն Տէրը քեզի հետ է, մի՛ վախնար:

ՕՏԱՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԱՄՈՒՍՆԱՆԱԼԸ ՄԵ՞ՂՔ Է

Հարցում. Սուրբ Գիրքը արգիլած է օտարներու հետ ամուսնանալ, ու այս մէկը յայտնի է Հին Կտակարանին մէջ. ապա, եթէ եւրոպացիի մը, կամ ամերիկացիի մը հետ ամուսնանամ, մե՞ղք է:

Պատասխան. Հին Կտակարանին մէջ,  օտար բառը միաժամանակ կը նշանակէր «անհաւատներ», բոլոր ազգերէն, ու այս էր արգելքի պատճառը, որովհետեւ անոնք իրենց ամուսինները կը մղէին իրենց կուռքերու պաշտամունքին:

Այդուհանդերձ Աստուած Մովսէսին արտօնեց, որպէսզի ամուսնանայ եթովպիացի կնոջ հետ (Թւ 12.1): Աստուած պաշտպանեց Մովսէսը, երբ Ահարոնն ու Մարիամը քննադատեցին զինք: Հռութը Բոոսի հետ ամուսնացաւ եւ Յիսուսի նախամայրերէն մէկը եղաւ, իսկ ան [Հռութը] մովաբացի օտար կին մըն է: Ռախաբն ալ, որ օտար մըն էր՝ Երիքովէն, Յիսուսի ազգատոհմին մէջ մտած է (Մտ 1.5):

Քրիստոնէութեան մէջ անհաւատի մը հետ ամուսնութիւնը արգիլուած է։

Եթէ օտար ըսելով վերի բացատրութիւնները նկատի ունենանք, ուրեմն այդ ամուսնութիւնը արգիլուած կը համարուի, իսկ եթէ ուրիշ երկրէ մըն է, ապա հարցը կը տարբերի:

Եթէ այդ օտարը հայրենիք ունի, ու իր պաշտամունքին մէջ անկեղծ է, հաւատացեալ է, հոգեւոր է, խոր կապ ունի Եկեղեցւոյ ու անոր խորհուրդներուն հետ, ապա արգելք չկայ:

Այդպիսիի մը հետ ամուսնանալուն արգելք չկայ, որովհետեւ հաւատքի շրջագիծին մէջ է՝ ինչպէս նաեւ հոգեւոր կեանքին, ու ամուսինին վտանգ չի սպառնար, ո՛չ ալ անկէ ունենալիք զաւակներուն…   

ԱՄՈԻՍՆՈԻԹԵԱՆ ՎԵՐԱՑՈՒՄԸ

Հարցում. Ամուսնութեան վերացումի մասին կը լսենք: Ի՞նչ է ամուսնութեան վերացումը: Ի՞նչ են ատոր պատճառները: Ի՞նչ է ասոր ու ապահարզանի տարբերութիւնը:

Պատասխան. Ամուսնութեան վերացումը կը նշանակէ ամուսնութեան մերժումը ամբողջութեամբ, կարծես թէ չէ եղած:

Իսկ ապահարզանը կը նշանակէ կատարուած ամուսնութեան մը բաժանումը:

Ապահարզանի պատճառը շնութիւնն է (Մտ 5.32, 19.9: Մր 10.11: Ղկ 16.18): Կարելի է ապահարզան կատարել կրօնափոխութեան պարագային ալ (Ա. Կր 7.15):

Իսկ ամուսնութեան վերացումի պատճառները հետեւեալներն են.

1- Եթէ ամուսիններէն մէկը նախապէս ամուսնացած ըլլայ, եւ ինք կը շարունակէ կապուած մնալ ամուսնութեան մը, որ եկեղեցականօրէն չէ՛ մերկացուած:

2- Եթէ ամուսիններուն միջեւ ազգականական կապի արգելք կայ:

3- Եթէ ամուսնութիւնը ստիպողաբար եղած է. առանց համաձայնութեան կամ կամեցողութեան:

4- Եթէ ամուսիններէն մէկը խենթ է (նախքան ամուսնութիւնը), եւ չի՛ գիտեր, թէ ինչ կը կատարուի:

5- Եթէ տղամարդը կամ կինը կատարեալ հասակի չեն հասած, այսինքն՝ կատարեալ տղամարդ [ֆիզիքապէս] եւ կատարեալ կին չեն տակաւին:

6- Եթէ ամուսնութիւնը քաղաքացիական փաստաթուղթով եղած ըլլայ, առանց կրօնական արարողութիւնները կատարելու:

7- Եթէ ամուսնութիւնը խաբկանքի կամ կեղծիքի մը էական պատճառի մը համար եղած ըլլայ: Օրինակ, տղայ մը ամուսնանայ աղջիկի մը հետ՝ որպէս թէ ան կոյս է, եւ պարզուի որ այդպիսին չէ: 

ՀԱՐՈՒՍՏԻՆ ՈՒ ԱՂՔԱՏԻՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

Հարցում. Լաւ վիճակով ապրող մարդուն եւ աղքատին դատապարտութիւնը տարբե՞ր է:

Պատասխան. • Աստուած իւրաքանչիւր մարդէ հաշիւ կը պահանջէ իր ունեցած կարողութիւններուն եւ հնարաւորութիւններուն համաձայն: Ըստ անոր տրուած շնորհքին եւ ըստ իր կրած հոգեւոր պատերազմներուն: Այս բանը կը վերաբերի թէ՛ հարուստին եւ թէ՛ աղքատին:

Հարուստը թերեւս աւելիով ենթակայ է պատերազմներու, նկատի ունենալով դրամասիրութիւնը, դրամին ապաւինիլը, դրամապաշտութիւնը, եւ երկրի վրայ գանձեր դիզելու՝ փոխանակ երկինքի մէջ դիզելու, կամ ալ դրամը ծախսել ցանկութիւններու եւ աշխարհիկ հաճոյքներու վրայ: Այս բոլորի մասին Տէրը կ՚ըսէ. «Որքա՜ն դժուար է հարստութիւն ունեցողներուն համար՝ Աստուծոյ Արքայութիւնը մտնել» (Մր 10.23):

Այս բոլորով հանդերձ եղան բազմաթիւ հարուստներ, որոնք բարեգործութեան համար դրամ ծախսած են:

Իսկ աղքատը ունի այլ պատերազմներ, որոնցմէ՝ դրամ ցանկալը զորս չի գտներ, ստելը, կողոպտելը՝ դրամ ունենալու համար: Ինչպէս նաեւ տրտնջալ իր աղքատութեան համար:

Սակայն, ինք [աղքատը] եւս պէտք է իր կարիքներէն իսկ տասանորդ վճարէ ինչպէս հարուստը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2020