ՏՆՕՐՀՆԷՔ

Ճշմարիտ քրիստոնեայի տունը պէտք է օրհնուի:

Տնօրհնէքը, ինչպէս կը վկայէ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին, հիմնադրուած է յարուցեալ Փրկչի կողմէ: Աւետարանի վկայութեամբ, Սուրբ Զատիկի երեկոյեան յարուցեալ Քրիստոս փակ դռներու միջով մտաւ Վերնատուն, ուր հաւաքուած էին աշակերտները, եւ օրհնեց անոնք (Յովհաննէս 20. 19-20):

Տակաւին առաջին դարէն սկսեալ առաքեալները, հետեւելով Քրիստոսի օրինակին, Անոր լոյս ծննդեան ու հրաշափառ յարութեան բարի լուրը աւետելու եւ օրհնելու համար կ՚այցելէին հաւատացեալներու տուները: Այսօր ալ անոնց հետեւորդները՝ քահանաները, առաքելական նախանձախնդրութեամբ, Սուրբ Ծննդեան ութօրեակին ու Սուրբ Յարութենէ մինչեւ Հոգեգալուստ, կ՚այցելեն իրենց համայնքի հաւատացեալ զաւակներու տուները եւ աւետիսը բերելով՝ կ՚օհնեն զանոնք եւ անոնց տուները:

Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին հաստատած է տնօրհնէքի արարողութեան երեք կարգ.

Սուրբ Ծննդեան, Սուրբ Յարութեան եւ նորակառոյց բնակարանի օրհնութեան:

Տնօրհնէք կը կատարուի նաեւ այն ժամանակ, երբ տունի մէջ կը խախտուի խաղաղութիւնը, կամ կը զգացուի չար ուժերու ներկայութիւն: Համաձայն Սուրբ Եկեղեցիի հայրերու՝ տան խաղաղութիւնը կը խափանուի ընտանիքի պարագաներու անխոհեմ ու քրիստոնեային անվայել կեանք վարելու պատճառաւ: Իսկ տունի մէջ չար ուժերու առկայութիւնը ոչ միայն վերը նշած պատճառներու, այլեւ կախարդութեան արդիւնք է: Ընտանիքի պարագաներէն մէկը, դիմելով մոգի մը, կախարդի մը, կը վնասէ թէ՛ իրեն, թէ՛ իւր հարազատները եւ թէ իր տունը: Թէ՛ նախկինին եւ թէ այսօր այդ կախարդութիւնները խափանուեցան ու կը խափանուին միայն Յիսուս Քրիստոսի ամենայաղթ սուրբ զօրութեամբ: Հոգեւորականներու կողմէ զօրաւոր աղօթքներու ընթերցմամբ ու տնօրհնէքի միջոցաւ: «Եւ ի վերջոյ, զօրացէք Տիրոջմով եւ Անոր ամենակարող զօրութեամբ: Ձեր վրայ առէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէսզի կարենաք ընդդիմանալ սատանայի հնարքներուն» (Եփեսացիներ, 6. 10-11):

Տնօրհնէքի կարգը

Սուրբ Ծննդեան տօնի առթիւ կատարուող տնօրհնէքի ժամանակ, իբրեւ ադամորդիի ֆիզիքական գոյութեան երեք հիմնական տարրեր, քահանայի կողմէ կ՚օրհնուի տան հացը, ջուրն ու աղը:

Սուրբ Ծննդեան տնօրհնէքի ժամանակ քահանան, մտնելով տուն, կու տայ ծննդեան աւետիսը, կ՚երգէ Սուրբ Մովսէս Խորենացիի՝ այդ օրուան նուիրուած «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» շարականը եւ Սուրբ Ղուկասի Աւետարանէն կ՚ընթերցէ Քրիստոսի ծննդեան վերաբերող հատուած մը: Այնուհետեւ, Սուրբ Աւետարանով ու խաչով կ՚օրհնէ ընտանիքի պարագաները, տան բարիքները՝ հացը, աղը (որպէս խաղաղութեան, մաքրութեան ու բարեպաշտ կեանքի խորհրդանիշ) եւ ջուրը (որպէս մկրտութեան խորհրդանիշ): Այնպէս, ինչպէս Քրիստոս աշխարհ գալով օրհնեց ջուրը, երկիրը եւ անոր պտուղները, որոնք նախապէս անէծքի տակ էին Ադամի պատճառաւ: Ապա քահանան օրհնեալ ջուրով խաչաձեւ կը ցօղէ տան պատերը, կը խնկարկէ տունը եւ ընտանիքի պարագաներու համար Տիրոջմէ կը խնդրէ պահպանութիւն ու օրհնութիւն:

Սուրբ Յարութեան տօնին քահանան տնօրհնէքի արարողութեան ժամանակ կ՚երգէ Ներսէս Լամբրոնացիի «Այսօր յարեաւ ի մեռելոց» զատկական շարականը: Ապա Սուրբ Մատթէոսի Աւետարանէն կ՚ընթերցէ Քրիստոսի համբարձումին վերաբերող այն հատուածը, ուր Յիսուս Իր առաքեալներուն կու տայ իշխանութիւն եւ կը ղրկէ զանոնք աշակերտ դարձնելու բոլոր ազգերուն ու մկրտելու Սուրբ Երրորդութեան անունով. ուսուցանելով պահել այն բոլորը, ինչ որ պատուիրած է Ինքը: Իսկ վերջաւորութեան ալ կ՚ըսէ. «Եւ ահա Ես ձեզի հետ պիտի ըլլամ միշտ՝ մինչեւ աշխարհի վախճանը» (Մատթէոս, 18. 16-20):

Սուրբ Զատիկին բացի ջուրէն, աղ ու հացէն՝ որպէս Քրիստոսի մարմնի խորհրդանիշ, կ՚օրհնուի նաեւ գինին ու հաւկիթը, քանզի Հայ Եկեղեցին մինչեւ Համբարձում կը կատարէ տնօրհնէքը, այդ իսկ պատճառաւ պարտադիր չէ, որ հաւկիթները ըլլան ներկուած ու խաշուած: Ըստ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի՝ հաւկիթը օրինակն է աշխարհի, դեղնուցը կը խորհրդանշէ երկիրը, սպիտակուցը՝ ջուրերը, թաղանթը՝ օդը, իսկ կեղեւը՝ երկինքը:

Կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի արիւնը, իսկ կարմիր ներկուած հաւկիթը՝ Քրիստոսի արեամբ աշխարհի փրկուիլը: Այնուհետեւ, քահանան օրհնեալ ջուրով խաչաձեւ կը ցօղէ տան պատերը եւ կ՚օրհնէ տունը:

Նորակառոյց բնակարանի, տնօրհնէքի արարողութեան քահանան կ՚երգէ Սուրբ Սահակ Պարթեւի հոգեգալստեան «Այսօր երկնայինքն ուրախանան» շարականը: Սուրբ Ղուկասի Աւետարանէն կ՚ընթերցէ «Յիսուս եւ Զաքէոս մաքսապետը» (19. 1-10) հատուածը: Կ՚աղօթէ «Տէր Աստուած ամենակալ» շարականը եւ ինչպէս Սուրբ Ծննդեան ու Յարութեան տնօրհնէքի ժամանակ, կը խնկարկէ նորակառոյց բնակարանը: Օրհնեալ ջուրով խաչաձեւ կը ցօղէ տան չորս կողմը: Տնօրհնէքի արարողութեան վերջին, որպէս օրհնութեան եւ առատութեան նշան, քահանան տան բնակիչներուն կու տայ նշխար մը: Այն սրբութեամբ պէտք է պահուի ալիւրի մէջ կամ մէկ ուրիշ վայելուչ տեղ մը:

Տնօրհէքը ուրախութեամբ ու օրհնութեամբ կը լեցնէ տուներն ու ընտանիքները: Այսօր բաւական դժուար է, մասնաւորապէս մեծ քաղաքներու մէջ, որ քահանաները այցելեն բոլորի տուները եւ կատարեն տնօրհնէք: Ուստի, անհրաժեշտ է, որ մարդիկ իրենք այցելեն եկեղեցի եւ դիմեն քահանային տնօրհնէքի կատարման համար:

«Եթէ Տէրը տունը չշինէ, ի զուր կը չարչարուին զայն շինողները: Եթէ Տէրը քաղաքը չպահպանէ, ի զուր կը հսկեն պահապանները անոր» (Սաղմոս, 126.1):

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 13, 2022