ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ՃՆՇԵ՞Լ, ԹԷ ԱՐՏԱՅԱՅՏԵԼ
Ամերիկացիները յայտնի են որպէս խիզախ եւ համարձակ ըլլալով, ֆրանսացիները՝ որպէս վիպապաշտ, իսկ անգլիացիները՝ որպէս սառնասիրտ: Հաւաքականութեան մը մէջ լալը առհասարակ ողջունելի չէ, բացառութիւնները յարգելի, անշուշտ։ Անգլիացին կը պահպանէ իր սառնասրտութիւնը եւ յառաջ կը շարժի։ Որքա՞ն իրական են այս պնդումները: Ազգային գիծերը մէկ կողմ, մարդոց զգացումները չբացայայտելը, չդրսեւորելու ճիգերը զանոնք աւելի խիզա՞խ կը դարձնեն, թէ կը խանգարեն անոնց յուզական աշխարհին առողջութիւնը։
Լոնտոնի Քուին Մերի համալսարանի Զգացումներու պատմութեան կեդրոնէն Թոմաս Տիքսըն կ՚ըսէ, թէ բրիտանացիներու անարտայայտիչ, սառնասիրտ կեցուածքը իրականութեան մէջ միայն 1870-1945 թուականներու առանձնայատուկ էր։ Տիքսըն կը նշէ, որ սա յատկանիշ մըն է, որ կը պատկանի յատուկ դպրոցներու մէջ ուսանած, ուրիշ երկիրներու իշխող կայսրութիւններու աւանդութեան։ Նախապէս բրիտանացիներ աւելի հաշտ էին սեփական զգացումներու հետ։ Նոյնիսկ Վիքթորիա թագուհիի ժամանակաշրջանի պաղարիւն, անյոյզ մարդիկ աւելի զգացական էին։ Օրինակ՝ Չարլզ Տիքսըն «Թայնի Թիմ»ի նման կերպարներու տխուր կեանքի պատմութիւններով կը փափաքէր սիրտեր գրաւել։ Երբ Վիքթորիա թագուհին 1837 թուականին գահ բարձրացաւ, ժողովուրդի ծափահարութիւնները լսելով յուզուեցաւ ու բոլորին դիմաց լալ սկսաւ։
Ըստ Տիքսընի՝ բրիտանացիները սկսած են կորսնցնել իրենց սառնասրտութիւնը Երրորդ աշխարհամարտէն յետոյ եւ մարդիկ 1960-ներուն սկսան խօսիլ իրենց զգացումներուն մասին եւ աւելի հանգստօրէն դրսեւորել զանոնք։
Այնուամենայնիւ, այդ պաղարիւնութեան «ժառանգութեան» ազդեցութիւնը դեռ կը շարունակուի: «Նոյնիսկ այժմ չունինք այդ յատկութիւնը, բայց մենք կ՚ուզենք մտածել, թէ կարծես այդ մէկը դեռ կայ: Սառնասրտութիւնը դարձած է կարօտախտի առարկայ», կ՚ըսէ Տիքսըն։
Կարելի է նշել տարբեր հետազօտութիւններ, որոնք ցոյց կու տան զգացումները ճնշելու վնասները։ Սթենֆըրտի համալսարանի հոգեբանութեան դասախօս Ճէյմս Կրոս իր կատարած փորձի կամաւորներէն խնդրեց դիտել սարսափազդու ժապաւէն մը եւ կատակերգութիւն մը․ մէկ խումբէն խնդրեց զսպել իրենց զգացումները, իսկ միւսէն՝ բնականոն վարուիլ: Փորձի արդիւնքով, մարդոց վրայ վատ ազդեցութիւն գործած է զգացումները ճնշելը, որու պատճառով գործադրուած ֆիզիքական ճիգը անոնց արեան ճնշման բարձրացման պատճառ եղած է։ Յետագայ ուսումնասիրութիւններու արդիւնքով պարզուած է, թէ զգացումները ճնշելը կը թուլացնէ յիշողութիւնը եւ բեռ կը դառնայ իրենց յոյզերու հետ չհաշտուող մարդոց համար։
Իսկ ինչ կը վերաբերի բրիտանացիներուն… Հոգեկան առողջութեան բարեգործական կազմակերպութեան (MIND) տուեալներու համաձայն, 18-34 տարեկաններու միջեւ հինգ հոգիէն չորսը մտահոգուած է, իսկ մէկ քառորդը կը կարծէ, որ զգացումներու դրսեւորումը թուլութեան նշան է: Արդիւնքին նկատուած են հոգեկան առողջութեան աւելի վատ խնդիրներ. վաղաժամ մահեր, ատելութեան զգացում՝ նոյնիսկ ամենամերձաւորներու նկատմամբ։
Արեւելեան Ասիոյ երկիրներու մէջ զգացումները ճնշելը կը համարուի բնականոն, նոյնիսկ դրական յատկանիշ։
Զգացումներու ճնշումը ունի նաեւ առաւելութիւններ, թէեւ հազուադէպ է։ Օրինակ՝ 2005 թուականի յուլիսի 7-ին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած պայթումին պատճառած դժուար ժամանակներուն տոկալու եւ դիմադրելու վճռականութիւն դրսեւորել։
Զգացումները վարակիչ են։ Նման իրավիճակի մը մէջ խուճապն ու մտահոգութիւնը կրնան աւելի վատ հետեւանքներ ունենալ։ Տեսնելով, թէ ինչպէս ուրիշները կը սեղմեն իրենց ատամները, ինչպէս կը զսպեն իրենք զիրենք, կ՚ոգեւորէ նաեւ ուրիշները: Նման ընկերային աջակցութիւնը կը պաշտպանէ հոգեկան հիւանդութիւններու դէմ։
Մէկ խօսքով՝ հանգստութիւնը, սառնասրտութիւնը կրնան արդիւնաւէտ գործիք ըլլալ յուզական աշխարհի վրայ, երբ խելամտօրէն օգտագործուին: Բայց սա յաճախ լաւագոյն գործիքը չէ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ