ԼԵԶՈՒՆԵՐԸ՝ ՀԻՆ ԵՒ ՆՈՐ
Լեզուն բնութեան եւ հասարակութեան զարգացման պատմութեան ամենանշանակալից երեւոյթներէն մէկն է, առանց որու անհնար է պատկերացնել կեանքի ընթացքը: Լեզուն հետեւաբար նաեւ մարդու ամենակարեւոր նուաճումն է կենդանական աշխարհէն անջատուելու ճանապարհին:
Մեզ՝ հայերուս համար անգնահատելի է մեր լեզուն, որ աշխարհի հնագոյն լեզուներէն մէկն է եւ մեր ազգի պահպանման, զարգացման միակ գրաւականը, մեր ինքնութեան ցուցիչը: Դարերու ընթացքին մենք երկար ժամանակ չենք ունեցած պետութիւն, պետականութիւն, կրած ենք հազար ու մէկ դժուարութիւններ, ենթարկուած հալածանքներու, սակայն երբեք չենք կորսնցուցած մեր լեզուն, աւելի կառչած ենք անոր, իբրեւ գանձի եւ դժուարութիւններու մէջ մեզի առաջ տանող փարոսի:
Հայագիտութեան մէջ եղած են անձնուրաց նուիրեալներ, որոնք իրենց կեանքը նուիրուած են հայերէնի ուսումնասիրութեան եւ աշխարհի լեզուներու մէջ հայերէնի տեղ ու դերին: Միաժամանակ անոնք հայերէնը թէ՛ աւելի սիրելի դարձուցած են հայերուն եւ թէ ալ ներկայացուցած զայն օտարներուն: 2024 թուականի տարեվերջին կեանքէն հեռացաւ հայ ժամանակակից հռչակաւոր լեզուաբաններէն մէկը՝ փրոֆեսէօր Լալիկ Խաչատրեան: Գիտնականը իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հայերէնի ուսումնասիրման, դասաւանդման հարցերուն եւ իր մշակած միջոցները ներդրուած են դպրոցներու, համալսարաններու, կրթական կեդրոններու մէջ: Լալիկ Խաչատրեան հեղինակ է բազմաթիւ դասագիրքերու, մենագրութիւններու, բառարաններու, շուրջ 170 յօդուածի, որոնք նուիրուած են հայոց լեզուին, լեզուի դասաւանդման կանոնականութեան, հայերէնի եւ այլ լեզուներու տիպաբանութեան տարաբնոյթ հարցերուն, ինչպէս նաեւ լեզուաբանական նորագոյն ուղղութիւններուն։
Լալիկ Խաչատրեանի հրատարակած վերջին գիրքը «Լեզուաբանական եզրոյթներու ուսումնական բառարան»ն է, որմէ հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը ներկայացնենք լեզուներու մասին.
ԼԵԶՈՒ
Բազմաթիւ լեզուներու տիպեր գոյութիւն ունին: Մինչ որոշ լեզուներ դուրս կու գան գործածութենէն՝ զայն կրողներու թիւի նուազեցման կամ լիովին անհետացման պատճառով, կը ստեղծուին նոր լեզուներ, որոնք իրենց մէջ կ՚ընդգրկեն արդի ժամանակներու ազդեցութիւններն ու փոխազդեցութիւնները: Լեզուն մշտապէս փոխակերպուող, ապրող, շնչող երեւոյթ մըն է եւ նորարարութիւնները այլեւս մերժելի չեն ինչպէս արդէն գոյութիւն ունեցող լեզուներու, այնպէս ալ՝ նոր ստեղծուողներու պարագային:
Այդ սկզբունքով ալ լեզուները կը բաժնուին երկու խումբի՝ ողջ (կենդանի) եւ մեռած լեզուներու։ Մասնագէտներ տակաւին չեն յստակեցուցած, թէ քանի լեզու կայ աշխարհի երեսին, քանի որ որոշ լեզուներու, բարբառներու միջեւ եղած տարբերութիւնները երբեմն պայմանական կ՚ըլլան: Բայց աշխարհի մէջ մօտաւոր կը հաշուըւի շուրջ հինգ հազար լեզու, որոնց մէկ մասը ապրող է, միւս մասը՝ մեռած: Մեռած լեզուներուն մէջ են հին յունարէնը, հին հայերէնը (գրաբարը), հին սլաւոներէնը, աքքատերէնը, բաբելերէնը, շումերերէնը, թրակերէնը, սկիւթերէնը եւ այլն։
Մեռած լեզուներն ալ իրենց կարգին կը բաժնուին բացարձակ մեռած լեզուներու եւ յարաբերականօրէն մեռած լեզուներու:
Բացարձակ մեռած լեզուներ կրած հանրութիւնը պատմականօրէն չկայ այլեւս: Իսկ յարաբերականօրէն մեռած լեզուներ կրող հանրութիւնը կայ, սակայն անոր լեզուն ժամանակի ընթացքին վերափոխուած է, ձեռք ձգած է նոր որակ, որ զգալիօրէն կը տարբերի նախորդ վիճակէն: Այդպիսի լաւ օրինակ է գրաբարը՝ հին հայերէնը:
Մեռած լեզուները՝ որպէս ծիսական-պաշտամունքային լեզուներ, երբեմն կը պահպանուին կենդանի գործածութեան ձեւով, իբրեւ ծիսական լեզուներ:
Ծիսական լեզուները առհասարակ յատուկ են հասարակութենէն մեկուսացած կրօնա-քրմական դասին։ Այդ լեզուները սովորաբար կ՚արտայայտուին հասարակութեան անհասկանալի բառապաշարի առկայութեամբ։
ԱԶԳԱՄԻՋԵԱՆ ԼԵԶՈՒ
Աշխարհի լեզուներէն մօտ երեք հարիւրը ունին գրային համակարգ եւ կը ծառայեն իբրեւ զանգուածային հաղորդակցման միջոց, շուրջ երկու հարիւրը կը սպասարկեն մէկ միլիոն եւ աւելի բնակչութիւն ունեցող երկիրներու։ Մասնագէտներ փաստած են, որ միշտ տուեալ լեզուով խօսող մարդոց եւ տուեալ ազգութեան ներկայացուցիչներուն քանակը չի համապատասխաներ: Այդ մէկը կը վերաբերի մասնաւորապէս անգլերէնին, սպաներէնին եւ արաբերէնին։
Սովորաբար իւրաքանչիւր լեզու՝ իբրեւ հաղորդակցման կարեւորագոյն միջոց, կը սպասարկէ ցեղային որեւէ հանրութեան։ Այդպիսի գործառոյթ ունին հայերէնը՝ հայերուն համար, ռուսերէնը՝ ռուսներուն համար, անգլերէնը՝ անգլիացիներուն համար եւ այլն։ Սակայն տուեալ հանրութեան սպասարկող լեզուն իր բուն գործառոյթէն զատ կարող է ձեռք բերել նաեւ լրացուցիչ, ոչ պակաս կարեւոր գործառոյթ։ Այսինքն որոշակի հանրութեան մը լեզու կարող է սպասարկել ցեղային տարբեր այլ հանրութեան մը։ Լեզուի հասարակական-ընդհանրական դերը կ՚աճի այն պարագային, երբ զայն ձեռք կը բերէ գրաւոր-գրական լեզուի կարգավիճակ։ Անոր տարածումը կը սկսի իրականանալ ոչ միայն անմիջական հաղորդակցական կարիքներու պահանջով (հիմնականը՝ առեւտրական, տնտեսական, քաղաքական շփումներու ճանապարհով), այլեւ մշակութային կապերու ընդլայնման միջոցով (գրականութիւն, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ եւ այլն)։ Լեզուի տարածուածութեան շրջանակներուն ընդլայնումը կը յանգեցնէ այն բանին, որ զայն կը սկսի կատարել լրացուցիչ գործառոյթ՝ դուրս գալով ցեղային հանրութեան մը սպասարկելու շրջանակներէն։ Այդպէս մէջտեղ կու գան ազգամիջեան հաղորդակցութեան եւ միջազգային (համաշխարհային) լեզուներ, որոնք կը կատարեն միջնորդ լեզուի դեր։
Ազգամիջեան կը նկատուի այն լեզուն, որ աշխարհագրական որոշակի տարածքի վրայ կը ծառայէ իբրեւ հաղորդակցման միջոց՝ զանազան ազգերու, ազգութիւններու եւ ցեղային խումբերու համար։ Աշխարհագրական միեւնոյն տարածք ըսելով պէտք է նկատի ունենալ այն հանգամանքը, որ որոշ ժողովուրդներ կարող են ապրիլ մէկ տարածաշրջանի մէջ եւ ըլլալ հարեւաններ։ Ազգամիջեան լեզուներու կարիքը ի յայտ եկած է ժողովուրդներու մշտական շփումներու հետեւանքով, յատկապէս երբ կը ձեւաւորուին բազմազգ պետութիւններ։ Ազգամիջեան լեզուի կարգավիճակ ունի ռուսերէնը, որով այսօր կը հաղորդակցուին նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքին ապրող հարիւրէ աւելի ազգեր։
Հայերէնը ազգամիջեան լեզուի դեր կը կատարէ Հայաստանի մէջ ապրող հայերու եւ փոքրամասնութիւններու՝ յոյներու, հրեաներու, եզիտիներու, քիւրտերու, ասորիներու եւ այլոց համար, վրացերէնը՝ Վրաստանի մէջ ապրող վրացիներու, հայերու, օսերու, աբխազներու, յոյներու եւ ուրիշներու համար եւ այլն:
Ազգամիջեան լեզուն կարող է աշխարհագրական աւելի մեծ տարածքներ ընդգրկել՝ դուրս ելլելով մէկ երկրի սահմաններէն. այդպիսի լեզու է անգլերէնը, որ կը ծառայէ ոչ միայն Մեծն Բրիտանիոյ, այլեւ Գանատա, ԱՄՆ եւ այլ երկիրներ ապրող հանրութիւններուն։ Սպաներէնը կը սպասարկէ Լատինական Ամերիկայի երկիրներու գերակշիռ մասի հանրութիւններուն։ Իսլամական աշխարհին մէջ ազգամիջեան լեզուի դեր կը կատարէ արաբերէնը եւ այլն։
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԼԵԶՈՒ
Ազգամիջեան լեզուներէն կը զանազանուին միջազգային լեզուները։ Հին աշխարհին մէջ եւ միջին դարերուն միջազգային լեզուները ունեցած են տարածաշրջանային բնոյթ (անոնց գործածութիւնը սահմանափակուած է որեւէ տարածքով, եւ գործածած են հասարակական որոշակի խումբեր), ունեցած են գործառական նեղ ոլորտ (յաճախ կիրառուած են գրաւոր հաղորդակցման համար) եւ այլն։ Հին Հնդկաստանի մէջ եւ պուտտայական երկիրներու մէջ միջազգային լեզուի դեր կատարած է սանսքրիտը, Հին Արեւելքի ժողովուրդներու համար՝ չինարէնը, Առաջաւոր Ասիայի երկիրներու մէջ զանազան դարաշրջաններու մէջ գործածուած են շումերերէնը եւ աքքատերէնը։ Հելլէնական աշխարհին մէջ ընդհանուր լեզու էր յունարէնը, Հռոմէական կայսրութեան տարալեզու երկիրներու մէջ ընդհանուր լեզու էր լատիներէնը։ Միջնադարեան Եւրոպայի մէջ հին յունարէնն ու լատիներէնը կը կատարէին միջազգային լեզուներու դեր։
Միջին դարերուն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ միջազգային լեզուներու դեր կատարած են արաբերէնը եւ պարսկերէնը, սլաւոնական երկիրներու մէջ՝ հին սլաւոներէնը։ Միջազգային լեզուի յաւակնող լեզուն կ՚որոշուի արտալեզուական (քաղաքական, տնտեսական, մշակութային) եւ լեզուական գործօններով (լեզուի գործառական ենթահամակարգերու զարգացածութիւն, ճիւղային եզրոյթաբանութեան առկայութիւն եւ այլն)։
18-րդ դարէն սկսած՝ միջազգային լեզուներու գործառոյթ սկսած են ձեռք բերել ֆրանսերէնը, անգլերէնը եւ գերմաներէնը, 20-րդ դարուն՝ ռուսերէնը։ Համաշխարհային լեզուներու համար բնութագրական է անոնց դերի իրաւական ամրակայումը, որպէս «պաշտօնական» կամ «աշխատանքային լեզուներ» ընդունուիլը միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ (ՄԱԿ, ԻՒՆԷՍՔՕ)։
Այսպէս, խոշորագոյն միջազգային կառոյցի՝ Միցեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ), պաշտօնական կամ աշխատանքային լեզուները վեցն են՝ անգլերէն, սպաներէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն (հնդեւրոպական լեզուաընտանիք), արաբերէն (սեմական լեզուաընտանիք), չինարէն (չին-թիպեթական լեզուաընտանիք)։ Այդ լեզուները ընդգրկուած են աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներու հանրակրթական դպրոցներու եւ համալսարաններու ուսումնական ծրագիրներուն մէջ եւ կ՚ուսուցանուին որպէս օտար լեզուներ։
ՀՈԳԵԼԵԶՈՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Լեզուի ուսումնասիրութեան որոշ հարցեր կ՚առընչուին ճշգրիտ գիտութիւններուն եւ անոնց միջոցով նաեւ կ՚ուսումնասիրուի լեզուն: Այդ ճիւղերէն է հոգելեզուաբանութիւնը, գիտակարգ, որ կ՚ուսումնասիրէ մարդու խօսքի ձեւաւորման գործընթացները, խօսքային գործունէութիւնը, խօսքի ընկալումն ու ձեւաւորումը՝ լեզուի համակարգի բաղադրիչներուն համապատասխան։ Այս գիտակարգը կը վերամշակէ խօսքային գործունէութեան կաղապարներն ու մարդու խօսքային գործունէութեան հոգեֆիզիքական հիմունքները։
Հոգելեզուաբանութիւնը միաժամանակ կը դիտարկէ խօսքի սերումը, ձեւաւորումն ու ընկալումը որպէս մարդու գործունէութեան մասնաւոր դրսեւորում, որ պայմանաւորուած է անձի հոգեբանութեամբ եւ գիտակցականութեամբ, ինչպէս նաեւ տարաբնոյթ արտալեզուական (հասարակական) գործօններով։ Ուսումնասիրութեան առարկայով այս ճիւղը մօտ է լեզուաբանութեան, իսկ հետազօտութեան կերպով՝ հոգեբանութեան։ Հոգելեզուաբանութիւնը կը ջանայ պատասխանելու շարք մը հարցերու, լուծելու որոշ խնդիրներ, որպէսզի լուծէ նաեւ որոշ լեզուաբանական հարցեր, ինչպէս՝ լեզուական ունակութիւններու զարգացում, զանգուածային լրատուամիջոցներու խօսքային ազդեցութեան առանձնայատկութիւններու բացայայտում, արտախօսքային զուգորդութիւններու ուսումնասիրում, անհատի հոգեբանական գործունէութեան փորձարարական հետազօտութիւն՝ լեզուի իւրացման ընթացքին, նախադպրոցականի եւ դեռահասներու խօսքային դաստիարակութեան եւ թերախօսական խնդիրներ, ճարտարագիտական (օդաչուական եւ տիեզերական) հոգեբանութեան հարցեր, դատաբժշկական հոգեբանութեան խնդիրներ եւ քրէագիտութիւն, խօսքարգելութեան եւ ուղեղի խօսքային խանգարումներու ախտորոշման ու բուժման հարցեր եւ այլն։ Այս գիտակարգի ծիրէն ներս մշակուած են նոր լեզուաբանական ուղղութիւններ՝ կապուած խօսքային գործունէութեան եւ մարդու նեարդային համակարգի գործունէութեան համապատասխանութեան ու անոնց խանգարումներուն հետ։ Ատոնցմէ է նեարդալեզուաբանութիւնը։ Ասիկա նոյնպէս արդիական ճիւղ մըն է, որ կ՚ուսումնասիրէ լեզուական կառուցուածքի ու խօսքի յարաբերակցութիւնը ուղեղի ենթագիտակցական գործունէութեան հետ։ Նեարդալեզուաբանութիւնը լեզուաբանութեան տուեալներու հիման վրայ կ՚ուսումնասիրէ մարդու կեդրոնական նեարդային համակարգի գործունէութիւնն ու գօտիները՝ կապուած լեզուագործածութեան չափանիշներու եւ ատոր խաթարման հետ։
Ըստ Լալիկ Խաչատրեանի «Լեզուաբանական եզրոյթներու ուսումնական բառարան»ի
«ՄԱՅՐԵՆԻԻ ԴԵՍՊԱՆԸ»՝ ԼԱԼԻԿ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ
Լալիկ Խաչատրեան ծնած է 1952 թուականի յունուարի 6-ին՝ Նոր Պէյազըտ: 1973 թուականին աւարտած է Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» հայկական պետական մանկավարժական կաճառի բանասիրական բաժինը: 1983-1985 թուականներուն ուսանած է Մոսկուայի օտար լեզուներու պետական դասընթացքներու մէջ։
1982 թուականէն դասաւանդած է «Խաչատուր Աբովեան» հայկական պետական մանկավարժական կաճառի հայոց լեզուի եւ անոր դասաւանդման կանոնաւորութեան ամպիոնին մէջ, 2001 թուականին այդ ամպիոնի վարիչն էր: Լալիկ Խաչատրեանի գիտական եւ մանկավարժական երկարամեայ գործունէութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ կը զբաղեցնէ 2019 թուականին իր հիմնադրած Լեզուաբանական հետազօտութիւններու աշխատանոցը, որ ան ղեկավարեց մինչեւ իր կեանքի վերջին օրը։ Այդ հետազօտական կեդրոնի հնգամեայ գործունէութեան ընթացքին կազմակերպուած են բազմաթիւ գիտաժողովներ, անուանի լեզուաբաններու մասնակցութեամբ գիտական զանազան ձեռնարկներ, տպագրուած են ժողովածուներ՝ նուիրուած լեզուաբանութեան ու անոր հիմնախնդիրներուն։
Լալիկ Խաչատրեան կրթած է մանկավարժ-լեզուաբաններու քանի մը տասնեակ սերունդ, իր աշակերտները եղած են այսօր ասպարէզին մէջ գործող գրեթէ բոլոր լեզուաբան մանկավարժները, որոնց ան փոխանցած է ժամանակակից հայոց լեզուի, գրաբարի, հայոց լեզուի պատմութեան, լեզուաբանութեան ներածութեան, ընդհանուր լեզուաբանութեան եւ լեզուի տեսութեան վերաբերեալ հիմնարար ու բազմակողմանի գիտելիքներ։
Անուանի լեզուաբանն ու վաստակաշատ մանկավարժը բազմամեայ իր գիտական, մանկավարժական գործունէութեան համար արժանացած է բազում պարգեւներու. ինչպէս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան «Ոսկեայ յուշանշանը» (2012), «Մայրենիի դեսպան» շքանշանը (2017), որ ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կողմէ՝ Սուրիոյ եւ Իրանի հանրապետութիւններու հայկական դպրոցներուն մատուցած ակնառու ծառայութիւններու համար: 2022 թուականին Լալիկ Խաչատրեան պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» պետական պարգեւով:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 01/13/2025