«ԱՆՈՒՆՍ ԱՐԱՄ Է» ԳԻՐՔԸ
«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է յատկանշական նոր գիրք մը։ Ամերիկահայ աշխարհահռչակ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի նշանաւոր գործը՝ «Անունս Արամ է»ն ընթերցողներուն թրքերէնով կը մատուցուի նորովի։ Առաջին անգամ 1940-ին հրատարակուած այս գործը անգլերէնէ թարգմանած են Իրմա Տոլանօղլու-Չիմէն եւ Յովհաննէս Քըլըչտաղը՝ «Aram Derler Adıma» անունով։ Գործը հրատարակութեան պատրաստած է Սօսի Տոլանօղլու։ Արէտ Կըճըրի կողմէ պատրաստուած կողքին վրայ օգտագործուած է Տիգրան Գույումճեանի արխիւէն դիմանկար մը։
Ուիլիըմ Սարոյեան որդին էր Պիթլիսէն Միացեալ Նահանգներ գաղթած ընտանիքի մը։ 1908-ին ան ծնած էր Գալիֆորնիոյ մէջ։ Տասնհինգ տարեկանին լքած էր դպրոցը։ «Անունս Արամ է»ն կը ցոլացնէ անոր մանկութեան տարիները, ընտանիքին, դպրոցին եւ հարեւաններուն վերաբերեալ դիտարկումները։
«Արաս»ի կողմէ թարգմանուած այս գիրքը՝ հետագային աշխարհահռչակ գրող մը դարձած Սարոյեանի ամենայատկանշական գործերու շարքին կը դասուի։