ՀՌՈՄԷԱՑԻՆԵՐՈՒ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԱՍԻՆ
Հին Հռոմը չի սահմանափակուիր միայն փիլիսոփաներով, կլատիաթէօրներով եւ թատրոններով: Հռոմէացիները իրենցմէ յետոյ շատ գաղտնիքներ թողած են, իսկ որոշ հռոմէական սովորոյթներու մասին չեն գրուած նոյնիսկ պատմութեան գիրքերու մէջ: Այս մասին ահաւասիկ ուշագրաւ տեղեկութիւններ կը ներկայացնենք հռոմէացիներու կեանքին մասին:
- Հռոմէացիները կ՚ըմպէին կլատիաթէօրներու արիւնը: Հին Հռոմի մէջ սովորութիւն ունէին խմելու սպաննուած կլատիաթէօրներու արիւնը՝ հաւատալով, որ այդ ձեւով կը տիրանան անոնց ուժին, զօրութեան:
- Հռոմէացիները երիտասարդ չէին մահանար: Թէեւ կեանքի միջին տեւողութիւնը Հին Հռոմի մէջ կը կազմէր քսանհինգ տարի, շատեր կ՚ապրէին մինչեւ խոր ծերութիւն: Իսկ ընդհանուր մահացութեան քսանհինգ տարին պայմանաւորուած էր ծննդաբերութեան ժամանակ երիտասարդ կանանց մահացութեամբ, ինչպէս նաեւ երախաներու մահուան բազմաթիւ դէպքերով:
- Հաստ յօնքերը խելքի նշան էին: Հռոմի մէջ կանանց շրջանակներէն ներս կը գնահատուէին հաստ յօնքերը, ինչ որ բարձր մտաւորականի նշան կը համարուէր:
- Մանիշակագոյնը հարուստներու գոյնը կը համարուէր: Հին Հռոմի մէջ սովորութիւն ունէին անծանօթները դիմաւորել՝ ըստ հագուստի, աւելի վերջ, ըստ հագուստի գոյնի։
- Ատամնաբուժութիւնը մեծ պահանջարկ ունէր: Հին Հռոմի մէջ ատամնաբոյժներ կային, իսկ հռոմէացիները բաւականին մեծ խնամքով հոգ կը տանէին իրենց ատամներուն:
- Թոյն խմելու սովորութիւն կար: Ք. Ե. առաջին դարէն սկսեալ՝ հռոմէացի կայսրերը ամէն օր ոչ մեծ քանակութեամբ թոյն ընդունելու աւանդոյթ սահմանած էին՝ մարմնի դիմադրականութիւն ձեռք բերելու նպատակով:
- Հռոմէացի կանայք կը ներկէին իրենց վարսերը: Սկզբնապէս ներկուած վարսերը թեթեւ վարքի նշան կը համարուէր, սակայն կայսրերէն մէկուն կինը նորաձեւ դարձուց տարբեր գոյնի կեղծամներ կրելը, իսկ աւելի վերջ նաեւ վարսերը ներկելը:
- Հռոմէացիները օճառ չէին գործածեր: Անոնք ամէն օր լոգանք կ՚առնէին, սակայն օճառ չէին օգտագործեր: Անոր փոխարէն անոնք իւղերով կը պատէին իրենց մարմինը։